Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու յայտագիր
Աթէնք
Չորեքշաբթի՝ 5 Ապրիլ 2017
Դասախօսական երեկոյ «Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը» նիւթով, երեկոյեան ժամը 7ին, «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» Կոմիտէին եւ Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Փոթորիկ» խումբի վարչութեան:
Չորեքշաբթի՝ 19 Ապրիլ 2017
Կոմիտասի երաժշտութեան համոյթ, մասնակցութեամբ Երեւանէն յատկապէս հրաւիրուած «The Gurdjieff Ensemble» հայկական ժողովրդային գործիքներու 11անդամ նուագախումբին, երեկոյեան ժամը 8ին, Աթէնքի «Παρνασσός» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ՝ Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ Հ. Յ. Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին եւ Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Դրօ» խումբի վարչութեան:
Հինգշաբթի՝ 20 Ապրիլէն մինչեւ Երեքշաբթի՝ 25 Ապրիլ 2017
Քարոզչական տաղաւարի գործունէութիւն Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, կազմակերպութեամբ՝ Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան։
Կիրակի՝ 23 Ապրիլ 2017
Կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկ՝ առաւօտեան ժամը 11ին, Աթէնքի «ΠΑΛΛΑΣ» թատերասրահէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Ատտիկէի մարզպետարանին եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին։
Պիտի յաջորդէ քայլարշաւ եւ դափնեպսակներու զետեղում Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ։
Երկուշաբթի՝ 24 Ապրիլ 2017
Հանդիսաւոր արարողութիւն՝ յարանուանութեանց պետերու մասնակցութեամբ եւ դափնեպսակներու զետեղում՝ երեկոյեան ժամը 5ին, Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ, կազմակերպութեամբ՝ Ատտիկէի մարզպետարանին եւ Հ. Յ. Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին։
Պիտի յաջորդէ բողոքի ցոյց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, կազմակերպութեամբ՝ Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան։ Հաւաքավայր՝ Սինտաղմայի հրապարակի հայկական տաղաւարին առջեւ երեկոյեան ժամը 7ին:
Թեսաղոնիկէ
Շաբաթ՝ 22 Ապրիլ 2017
Լուռ բողոքի հաւաք՝ հայկական վարժարանի աշակրետներուն կողմէ, կէսօրուան ժամը12ին, Արիսթոթելուս հրապարակին վրայ, «Ο δρόμος που δεν πέρασαν, οι φωνές που δεν ακούστηκαν» խորագրով, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Գ.Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան։
Հեծելարշաւ՝ Թեսաղոնիկէի կեդրոնէն ներս, կէսօրուան ժամը 12ին, Արիսթոթելուս հրապարակին վրայ, կազմակերպութեամբ՝ Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի վարչութեան:
Հինգշաբթի՝ 20 Ապրիլէն մինչեւ Երեքշաբթի 25 Ապրիլ 2017
Քարոզչական տաղաւարի գործունէութիւն՝ Արիսթոթելուս հրապարակին վրայ, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի վարչութեան:
Կիրակի՝ 23 Ապրիլ 2017
Կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկ՝ առաւօտեան ժամը 11։30ին Թեսաղոնիկէի «ΜΑΚΕΔΟΝΙΚΩΝ ΣΠΟΥΔΩΝ» սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանին եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին։
Պիտի յաջորդէ քայլարշաւ եւ դափնեպսակներու զետեղում՝ Գ. զօրաբանակի յուշարձանին առջեւ։
Երկուշաբթի՝ 24 Ապրիլ 2017
Արիւնատուութիւն՝ առաւօտեան ժամը 9։30-13։00, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Գ.Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան:
Հանդիսաւոր արարողութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, կէսօրուան ժամը 12ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստծուածածին եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանին եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին։
Պիտի յաջորդէ բողոքի ժողովրդային ցոյց դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի վարչութեան: Հաւաքավայր՝ Արիսթոթելուս հրապարակի հայկական տաղաւարին առջեւ, երեկոյեան ժամը 6ին։
Չորեքշաբթի՝ 3 Մայիս 2017
Վազգէն Պէրպէրեանի «Κάτω από έναν αδιάφορο ουρανό» գիրքի ներկայացում՝ երեկոյեան ժամը 8ին, Թեսաղոնիկէի «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Մարտիրոս Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան։
Քսանթի
Կիրակի՝ 23 Ապրիլ 2017
Կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկ՝ առաւօտեան ժամը 11ին, Քսանթիի «Ίδρυμα Θρακικής Τέχνης και Παράδοσης» սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մարզպետարանին, Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Միջ-Թաղային Խորհուրդին եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին։
Ծանօթ.- Առանձին յայտարարութիւններ լոյս պիտի տեսնեն յաջորդիւ:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբ