(ԱԶԱՏ ՕՐ) Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրով, աշխատանքային եռօրեայ այցելութեամբ Աթէնք կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար պրն. Կարէն Միրզոյեան։ Պրն. նախարարը Երկուշաբթի 13 Մարտ 2017ի առաւօտուն, այցելութիւններ տուաւ յունահայ կառոյցներու մօտ, ճանչնալու եւ իրազեկուելու համար գաղութի գործունէութեան ու աշխատանքներուն շուրջ։ Պրն. նախարարին կ’ընկերակցէին Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները։
Այցելութիւններ տրուեցան Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ Ազգային «Զաւարեան» վարժարանի նախակրթարանն ու մանկապարտէզը, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մանկապարտէզ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Գալփաքեան» նախակրթարան։ Բոլոր վարժարաններուն մէջ փոքրիկ աշակերտները երգեր ու արտասանութիւններ ներկայացուցին պրն. նախարարին, որ իր կարգին շնորհաւորեց տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը, իրենց տարած աշխատանքին համար։ Հաճելի անակնկալ մը վերապահուած էր «Զաւարեան» վարժարանի աշակերտներուն, որոնք կարճ ժամանակ առաջ, նամակներ ուղարկած էին Արցախի սահմաններուն վրայ ծառայող զինուորներուն։ Երիտասարդ զինուորները իրենց կարգին, գեղեցիկ բովանդակութեամբ պատասխան-նամակներ ղրկած էին աշակերտներուն, իւրաքանչիւրին համար մէկիկ-մէկիկ նամակ գրած ըլլալով։ Պրն. նախարարը նամակները յանձնեց հասցէատէր փոքրիկ աշակերտներուն, որոնք խանդավառութեամբ՝ Արցախէն անձնական նամակ ստացած ըլլալու մեծ ուրախութիւնը ունեցան։
Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան
Նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, այցելութիւն տրուեցաւ Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարան, ուր նախարար Կարէն Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան անդամներու հետ։
Սրբազան Հայրը յայտնեց յունահայ գաղութի հաստատ յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ Արցախի կողքին մշտապէս գտնուելու եւ աշխուժօրէն գործելու։ Պրն. նախարարը իր կարգին գնահատեց Սփիւռքի մէջ թափով ու մղումով տարուող բոլոր աշխատանքները, կարեւորելով բոլորի ներդրումը Արցախին ու ժողովուրդին հանդէպ։
Լուսանկար – Նախարար Միրզոյեան Արցախ ծառայող զինուորներու պատասխան-նամակները կը յանձնէ Զաւարեան վարժարանի հասցէատէր աշակերտներուն:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարի ելոյթը Աթէնքի մէջ
«Մեր հերոսական Արցախը» խորագրով համագումար եւ քաղաքական շփումներ Յունաստանի մէջ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ երկօրեայ համագումար մը կազմակերպուեցաւ Աթէնքի մէջ 13-15 Մարտ 2017ին։
Առաջին ելոյթը՝ ժողովրդական հաւաք մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի օր, 13 Մարտի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թ. եւ Ռ. Աւետիքեան» սրահէն ներս, բերնէ բերան լեցուն սրահի մը մէջ։
Երկրորդը՝ Պեղոպոնէզի համալսարանի միջազգային բաժանմունքի պաշտօնական հրաւէրով քաղաքական ելոյթ մըն է՝ որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, Չորեքշաբթի՝ 15 Մարտ 2017ին, Բանտիօ քաղաքական գիտութեանց պատկանող Փլաքա շրջանին մէջ ուսումնահաստատութեան միջազգային յարաբերութեանց խորհուրդի սրահին մէջ, աւելի՝ յոյն հասարակութեան ուղղուած եւ նախարարի խօսքի ուղղակի թարգմանութեամբ եւ նիւթ ունենալով «Կովկասի կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը ու Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ եւ ապագայի հեռանկարները»։
Կազմակերպուած երկօրեայ ելոյթները կը կրէին «Մեր հերոսական Արցախը» ընդհանուր խորագիրը։
Երկու ելոյթներուն ալ գլխաւոր խօսողը եղաւ Արցախէն յատկապէս հրաւիրուած արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան։
***
Ձեռնարկը սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական քայլերգի ունկնդրութեամբ, յուզում պատճառելով ներկաներուն։
Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Հ. Կ. Խաչի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարաններու երկսեռ աշակերտները ասմունքով ու երգով։
Անոնք խրոխտ ձայնով եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ մեկնաբանեցին հերոսական Արցախին ձօնուած յեղափոխաշունչ բովանդակութեամբ կտոր մը, ապա «Գետաշէն» մարտական երգը՝ «Արցախի դարպասն ու դու քաջ Գետաշէն»ը, օր մը մայր Հայաստանին միանալու երազով ու յոյսով։
Վիտէօի ցուցադրութիւն
Յուզում, միաժամանակ յոյս եւ ուրախութիւն պատճառող մթնոլորտի մէջ ներկայացուեցաւ Արցախեան ներկան ու ապագան պատկերող տեսաերիզ մը, որ բացարձակապէս կապ չունէր պատերազմի հետ, այլ կը հանդիսադրէր այսօրուան Արցախեան հայրենիքը իր սքանչելի բնութեամբ, վանքերով-եկեղեցիներով ու յուշարձաններով, որպէս պատմական վկան անցեալի ու ներկայի հերոսապատումներու, աւելին՝ վարժարանային կեանքը, արդիւնաբերական ու տնտեսական վերելքը (գորգ, հիւսուածեղէն, պտղառատութիւն, հիւթ, գինի, ըմպելի), տարածք այցելող զբօսաշրջութեան անհամեմատ աճ։
Այո՛, էջը դարձած է Արցախի Հանրապետութեան համար. մարդիկ այլեւս կը նային դէպի ապագայ, եկող սերունդներուն համար նոր ու խաղաղ կեանք մը պարգեւելու հեռանկարով ու տեսլականով։
«Արցախը Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք»
Վերոյիշեալ ելոյթին ընդհանուր թիւով ներկայ եղան՝ նախարար Կարէն Միրզոյեան, Հ.Հ. Յունաստանի դեսպանը, Սրբազան հայրը, Գերապայծառը, Վերապատուելին, Կրօնական դասը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն, ազգային-կուսակցական-միութենական ու յարակից մարմիններու վարչութիւններ ու ներկայացուցիչներ, ընկերներ, ընկերուհիներ։
Հայ Դատի Յանձնախումբի խօսքը
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Սերգօ Գույումճեանի խօսքով պարզուեցաւ նախարարի Յունաստան այցելութեան ծրագիրն ու նպատակը։ Այսօր Չորեքշաբթի օր, Յունաստանի խորհրդարանէն ներս ծրագրուած են քաղաքական հանդիպումներ, «Սիրիզա», «Նէա Տիմոքրաթիա», «Փասօք» եւ Համայնավար կուսակցութեանց պատուիրակութիւններու հետ։ Յաջորդաբար՝ նախարարը հարցազրոյցներ պիտի ունենայ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն հետ։
Ինչ կը վերաբերի հայկական բաժնին, Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերակցութեամբ նախարարը արդէն իսկ այցելութիւններ տուաւ գաղութային կառոյցներու, ինչպէս՝ Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարան, Հ. Կ. Խաչի Ազգային «Զաւարեան» եւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարաններու նախակրթարաններն ու «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգը, Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Արթաքի Գալփաքեան» նախակրթարանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մանկապարտէզը, ինչպէս նաեւ «Խածիքիրիաքիօ» բարեսիրական հաստատութիւնը, ուր տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալուին Արցախի փոքրիկները, որոնք ամառները Յունաստան կ’այցելեն Սիրոս կղզիին մէջ իրենց ամառնային արձակուրդը վայելելու համար։
Այցելութեանց ծիրէն ներս նաեւ՝ Նէա Զմիռնիի Եղեռնի Հայկական Յուշարձան, ապա հանդիպում շրջանի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիսին հետ։
Կարէն Միրզոյեանի ելոյթը
Պրն. նախարարը դիտել տուաւ թէ՝ Արցախի հարցը մօտաւորապէս 30 տարիներէ ի վեր կը զբաղեցնէ միջազգային հանրային կարծիքը, սկիզբ առնելով 80ական թուականներուն, երբ Ատրպէյճանէն եւ անկեալ Խորհրդային Միութենէն պատմական արդարութիւնը վերականգնելու ակնկալութեամբ՝ Արցախի հերոսական ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ իր ազգային ու պատմական իրաւունքները պահանջելու վճռականութեամբ։
Մեր այս վճռականութեան մէջ ժողովուրդը առաջին օրէն զգաց, որ առանձինն չէր ու իր կողքին ունէր Հայաստանն ու Սփիւռքը։
Այս առիթով, նախարարը երախտագիտական անկեղծ խօսք ուղղեց յունահայութեան, որ պայքարի առաջին օրէն, ցոյցերով, պահանջատիրութեամբ, նիւթապէս ու բարոյապէս կանգնեցաւ, ու մինչեւ օրս աննահանջ ոգիով կը կանգնի Արցախեան հայրենիքի ու մեր ժողովուրդի կողքին։
Յունահայութեան, ինչպէս նաե այլ հայագաղութներու այս կեցուածքը մեծ ազդեցութիւն գործած է Արցախի ժողովուրդին վրայ։
Նախարարը մատնանշեց, որ ինչ որ կ’ըլլայ Արցախի մէջ, մի՛այն տեղւոյն վրայ ապրող ժողովուրդին համար չէ, այլ Հայաստանի ու համայն հայութեան ապագային համար, քանի որ մեր սահմանները հոգեկան ու միացեալ սահմաններ են, որ բոլորիս կը պատկանին։
Այս պատերազմի թելադրականութենէն բխող իրատես պատգամը այն եղաւ, որ մենք մեր անձնազոհ հերոսներու շնորհիւ ոչ միայն յաղթեցինք, այլ պետականութիւն կազմելու ճամբուն վրայ գտնուելով համապատասխան քայլերու ձեռնարկեցինք։
Նոր Սահմանադրութիւն
Նախարարը այս առիթով խօսեցաւ Արցախի նոր սահմանադրութեան մասին, որ ժողովրդային քուէարկութեամբ վաւերացուեցաւ վերջին ընտրութիւններու ընթացքին։
Բացատրեց, թէ երկրորդ սահմանադրութիւնը չնախաձեռնուեցաւ որովհետեւ առաջինը յաջող չէր, այլ ատոր հարկը զգացուեցաւ որովհետեւ ժամանակները կը փոխուին, կը հասուննան, աւելին՝ երկիրը մուտք գործած է պետականութեան ամբողջացման գործընթացքի մը մէջ, ուստի եւ անհրաժեշտ կը նկատուէր գոհացնել պետականաշինութեան ու ամբողջացման կարիքները։ Նշեց, թէ այս նոր սահմանադրութիւնը մշակուեցաւ բոլոր կուսակցութիւններու համագործակցութեամբ, ապագային որպէս ուրոյն ու լիարժէք ուղեցոյց հասարակացօրէն օգտագործուելու հեռանկարով։
Հանրաքուէին ներկայ եղան 30 տարբեր երկիրներէ 100 դիտորդներ, որոնք հանրաքուէի աւարտին արդար ու անստուեր բնորոշեցին ընտրական ձեւակերպութեան գործընթացը։ Դիտորդները հաստատեցին, որ Արցախի ժողովուրդը նուիրուած է պետականութեան գաղափարին ու ի գին ամէն ինչի կ’ուզէ յաջողցնել այդ մէկը։
Իսկ օտար պատուիրակութիւնները, որոնք ընդունուեցան նախագահի ու իմ կողմէ՝ անվերապահ գոհունակութեամբ արտայայտուեցան անոր ժողովրդավար գործելաձեւին մասին, յայտնելով թէ Արցախի ընտրութիւնները նախանձելիք բան չունին յառաջադէմ այլ երկիրներու քուէարկութիւններէն։
Քառօրեայ պատերազմը
Շարունակելով իր զեկուցական խօսքը, յայտնեց թէ՝ Արցախը ճակատագրական օրեր կ’ապրի։ Քառօրեայ Ապրիլի պատերազմը միասնականութեան ու խիզախումի օրեր էին՝ ազատութեան ճանապարհը ընտրած ժողովուրդի մը համար, որ վճռած է չկասեցնել իր ազատագրական առաքելութեան երթը։
Մեզի հասած ամէնափոքր օգնութիւնն ալ մեծապէս գնահատուեցաւ եւ ամէն առիթ գնահատանքով նշուեցաւ։
Յատուկ յարգանքով կը նշուի ու կը վկայակոչուի մեր հերոս մարտիկներու յիշատակը։ Գործուած սխալները կը սրբագրուին ու ոչ արդիւնաւոր բաներէն դասեր կը քաղենք։
Ներկայի տուեալներով կը հաստատենք, թէ այսօ՛ր, հայ զինուորը լիովին կը վերահսկէ թշնամիի որեւէ տեղաշարժ ու ոտնձգութիւն։ Այդ մէկը յաջողցնելու համար զոհեր ունենալը անխուսափելի բան է։
Լաւ իմանանք, եզրափակեց նախարարը, պանծալի ազատութեան համար մահը զուր չէ։ Այդ զոհերու շնորհիւ է, որ այսօր Արցախ, Հայաստան ու Սփիւռք ունինք։
Շարունակելով իր խօսքը նախարարը ըսաւ, թէ մենք կը մտածենք խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի մասին։ Կը կազմակերպենք երկիրը, աշխատանքի դաշտերը կ’ընդլայնենք, շինականներուն գործի ծրագիրներ կը հայթայթենք, դպրոցները սերունդ կը պատրաստեն, տնտեսութիւնը կ’ամրապնդուի, որպէսզի Արցախեան հրաշքը կազմաւորէ ու բիւրեղացնէ մեր երիտասարդ հանրապետութիւնը։
Արցախը կը ներգրաւէ հայեր
Իր խօսքի աւարտին, նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Արցախը վերջին տարիներուն մագնիսական դաշտ դարձած է այլ երկիրներէ հայերու, որոնք կուգան հոն, կը ճանչնան, կը ներգրաւուին ու կը հաստատուին այդ հողին վրայ իրենց կեանքն ու ապագան հոն շարունակելու համար։
Այսպէս, Արցախեան հայրենիք հաստատուած են Սուրիահայեր, Յորդանանէն, Արաբական երկիրներէ, Եւրոպայի զանազան տեղերէ, ինչպէս Ֆրանսա։
Անոնք բոլորն ալ Արցախի մէջ կը գտնեն այն՝ որ ուրիշ տեղ չեն գտներ։
Հարցում — պատասխան
Իր խօսքի աւարտին, նախարարը պատասխանեց 6-7 հարցումներու, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ընկալուեցան համագումարեալ ժողովուրդին կողմէ։
Կ’ամփոփենք ու խտացած ձեւով կը ներկայացնենք անոնց բովանդակութիւնը.-
— Հարցումի մը, թէ Լաչինէն ու Վարդենիսէն զատ՝ Հայաստան-Արցախ հաղորդակցելու-ճանապարհորդելու այլ միջոցներ նախատեսուա՞ծ են, նախարարը խօսեցաւ Մարտակերտի բացուած ճանապարհին մասին, որու աշխատանքները մինչեւ աշուն աւարտած պիտի ըլլան, քանի Ստեփանակերտէն Երեւան երթալու համար եթէ 4-5 ժամ անհրաժեշտ է, իսկ շահագործման յանձնուելիք նոր ճանապարհէն հազիւ 4 ժամէն, ինչ որ հիւսիսային շրջաններու բնակիչներէն կը նախընտրուի յատկապէս իրենց արտադրութիւնները Երեւան հասցնել ու վաճառել նախատեսող գործը ամբողջացնելու համար։
— Հարցումի մը, եթէ Ստեփանակերտի օդակայանը կ’օգտագործուի, պրն. Միրզոյեան բացատրեց թէ, օդակայանը ամբողջութեամբ կը գործէ ու ներքին կարիքներ կը գոհացնէ։ Ապագային լիարժէք պիտի օգտագործուի արտասահմանեան աւելի ընդարձակ թռիչքներու համար եւս։
Այս մասին խօսուած է նաեւ Արցախի հարցով զբաղուող համանախագահներուն հետ ալ։ «Մենք հրաժարած չենք այդ ծրագրէն եւ այդ քայլին պիտի դիմենք անպայման» եզրափակեց նախարարը։
— Հարցումի մը, թէ ի՞նչ է բնակչութեան թիւը Արցախի մէջ այսօր, նախարարը ներկայացուց բնակչութեան թուային ներկայ պատկերը։
Արցախի թիւը կը կազմէ 151.000 բնակիչ։ Արտաքնայ աշխատանքի պատճառով, այդ թիւը սահմանափակուած է 140.000ի, ըստ վերջին մեր մարդահամարին։ Բնակչութիւնը դանդաղ կերպով կ’աճի, բայց կ’աճի՜։
Արցախի մէջ այլազգիներ ալ կ’ապրին, ինչպէս սլաւոնական ծագում ունեցողներ, ռուսեր, ուքրանացիներ, պելոռուսներ, ֆրանսացիներ, յոյներ՝ ծագումով պոնտոսցիներ, որոնք անցեալին մեծաթիւ համայնք մը կը կազմէին, սակայն պատերազմի պատճառով օգտուեցան յունական օրէնքներէ եւ եկան հաստատուեցան Յունաստան։ Կան նաեւ ազերիներ։
Մեր մօտ ազգային խտրականութիւն չկայ. ո՛վ որ կ’ընդունի մեր արժէքները կրնայ ապրիլ մեր մօտ։
— Հարցումի մը, եթէ Արցախի ճանաչման գործընթացը ինչպէ՞ս կը զարգանայ, նախարարը յայտնեց, թէ ճանաչումը կը կազմէ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը։
Ճանաչումի գործընթացը աւելի դիւրին կը յաջողուի եթէ երկրէն ներս խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատուի։ Մեր կարգին, կը հաւատանք, որ երկրի կայունութիւնը կրնայ ազդել Արցախի հարցի լուծման։ Իսկ լուծման գործընթացը երկարարտեւ եւ լարուած աշխատանք կ’ուզէ։
Եթէ երկրի տնտեսութիւնը բարելաւուի ու բարգաւաճի, աւելի շուտ կը հասնինք այդ նպատակին։
— Հարցումի մը, թէ լարուածութիւնը ի՞նչ ձեւով կ’ազդէ դիւանագիտական գործընթացի յառաջացման, նախարարը յայտնեց, թէ շարունակութիւնը սկսած է 2004-2005էն։
Սրուած իրավիճակին մասին յաճախ խօսած ենք միջնորդներուն հետ ու նկատել տուած իրենց որ աչք գոցելը, կամ անհասցէ կոչերը չեն նպաստեր լարուածութեան լուծման, այլ ընդհակառակը՝ կը նպաստեն սադրիչ գործողութիւններու ծաւալման։
Ի դէպ, միջնորդները համոզուած են թէ Արցախի հարցը միայն խաղաղութեան ճամբով կը լուծուի եւ ոչ թէ պատերազմով։
— Հարցումի մը, թէ ինչո՞ւ մեր դէմ գործուած յարձակումներուն, կամ խժդժութիւններուն, աւելի խիստ վերաբերում չենք դրսեւորեր, նախարարը յստակացուց, թէ պատժիչ գործողութիւններ կը գործադրուին ու կը հրապարակուին մեր կողմէ, մինչդեռ Ատրպէյճան, որ բռնատիրական երկիր մըն է, գաղտնի կը պահէ շատ բան, նոյնիսկ՝ պատժիչ արարքները չի հրապարակեր, զոհ զինուորներու ընտանիքներուն դրամ կուտայ ու կը ստիպէ, որ հրապարակաւ չխօսին։
Հայաստանի հետախուզութիւնը շատ լաւ կ’աշխատի. այլ մարմիններ ալ փայլուն գործունէութիւն կ’ունենան։
— Հարցումի մը, թէ Ապրիլեան իրավիճակը ինչո՞ւ անակնկալի մատնեց բանակը, նախարարը վերլուծեց, թէ ինչպէս կ’ընկալուի ռազմական տոքթրինը յաճախ համապատասխան պէտք է ըլլայ ռազմական կանոններու։
Ինքը՝ Ապրիլեան պատերազմը կը հաստատէ, թէ յաղթանակ մըն էր հայոց բանակին համար, իսկ այդ խօսքերը, թէ ինչո՞ւ չի վերագրաւեր գրաւուած որոշ վայրերը, դիտել տուաւ թէ անոնք վերագրաւելը կարելի է, սակայն Արցախ խաղաղութեամբ կ’ուզէ շարունակել իր կեանքը եւ ոչ թէ պատերազմով։
Կը փափաքի, որ մեր զինուորները ապրին, ընտանիք կազմեն, շարունակեն իրենց կեանքը յանուն հայրենիքի ու մարդկութեան։
Բայց գիտնանք նաեւ, որ միշտ ալ «խենթեր» կան ու շնորհիւ այդ «խենթերուն» Արցախը ազատագրուեցաւ։ Այդ իմաստով ալ կարդացէք ու սիրեցէք մեր անզուգական գրող Րաֆֆիի պատմավէպը՝ «Խենթը» ըսաւ։