Ինչպէս աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, այնպէս ալ Գահիրէի մէջ ատրպեճանական պետական քարոզչամեքենան փորձած է առաւելագոյնս օգտագործել Խոջալուի ատրպեճանական ձեռակերտ ողբերգութիւնը: Արդարեւ, անցած Չորեքշաբթի, 26 Փետրուարին, «Ալ Ահրամ» լրագրական հաստատութեան յարկին տակ, Գահիրէի ատրպեճանական դեսպանատան թաքուն աջակցութեամբ եւ քաջալերանքով կազմակերպած է քննարկումը քարոզչական զեկոյցի մը՝ «Փոքրամասնութիւններու իրաւական վիճակը միջազգային հակամարտութիւններու մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի պարագայի ուսումնասիրութիւն», զոր ներկայացուցած է քաղաքական եւ տեղեկատուական ուսումնասիրութիւններու «Էլ հիուար» կեդրոնի փոքրամասնութիւններու բաժնի պետ, Շուրայի նախկին՝ ցրուած խորհուրդի անդամ Էմատ Մահտի:
Հակահայ, պատմական փաստերը գլխիվայր շրջած բովանդակութեամբ զեկոյցին մեկնաբանութեամբ հանդէս եկած է միջազգային իրաւունքի դասախօս դր. Էլ Սայէտ Ապուլ Խէյր, մինչ զրոյցը վարած է «Էլ Տիմոքրաթէյա» հանդէսի խմբագրապետ Պեշիր Ապտէլ Ֆաթթահ: Հաւաքին ներկայ գտնուած են Գահիրէի ատրպեճանական դեսպանատան անձնակազմը, գլխաւորութեամբ դեսպան Շահին Ապտէլ Լայէֆի, ազգային կարգ մը թերթերու խմբագրապետեր, ՀՀ դեսպանութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Արդարեւ, ինչպէս հաղորդեց տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներէն բժ. Արմէն Մազլումեան, նախօրօք տեղեկանալով այս մասին, աշխատանք տարած են հայկական մասնակցութիւնն ապահովելու այդ միջոցառման, որ գրեթէ փակ եղած է: ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչի՝ կցորդ Վարդգէս Յովսէփեանի կողքին սոյն հաւաքին ներկայ գտնուած եւ ատրպէյճանցիներու համար անակնկալ կերպով մերկացուցիչ լուսաբանական խօսքով հանդէս եկած են ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի շրջանակային վարչութեան ատենապետ պ. Պերճ Թերզեան եւ եգիպտացի ծանօթ պատմաբան դր. Մոհամմէտ Ռեֆհաթ էլ Իմամ: Աւելին, անոնք արաբերէն եւ անգլերէն գիրք ալ բաժնած են՝ Ղարաբաղի եւ Սումկայիթի մասին:
Բժ. Ա. Մազլումեան իր հաղորդման աւարտին նշած է, որ «յաջողութեամբ պսակուած այս հակահարուածը կը պարտինք եւ արդիւնքն է տարիներով մեր կազմած ցանցին եւ համագործակցական վճռական ոգիին»: