(hayernaysor.am) Յունուար 19-ին Սթոքհոլմի «ABF» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի երեկոյ, որուն մասին «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին մանրամասնութիւններ հաղորդած է Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան:
Վերջինս ըսաւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն անմիջապէս յետոյ` 2007–ի Յունուարին, Սթոքհոլմի կեդրոնական հրապարակին վրայ համադրող կեդրոնը բողոքի ցոյց նախաձեռնեց, որուն ՀԿ-ի հրաւէրով մասնակցեցան ասորիներու, քիւրտերու եւ յոյներու ըմկերակցութիւնները եւ այլ շուէտական կազմակերպութիւններ: Յաջորդող տարիներուն Թուրքիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու հարցով շուէտական կոմիտէն Շուէտի մէջ յուշ-երեկոներ կազմակերպեց, որուն իր գործուն մասնակցոթիւնը ունեցաւ ՀԿ-ն:
Քանի որ այս տարի կը լրանար Հրանդ Տինքի մահուան տաս տարին, համադրող կեդրոնը որոշեց ներկայանալի կազմով մասնակցիլ յուշ-երեկոյին. շուէտահայ համայնքէն ձեռնարկին մասնակցեցան Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Շուէտի հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան, Շուէտի հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի խօսնակ եւ նախկին նախագահ, ցեղասպանագէտ Վահագն Աւետեան, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակութեան հայրապետական պատուիրակ, համայնքի հոգեւոր հովիւ տէր Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան:
Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով Տինքի ժառանգութեան` նշած է, որ Հրանդ Տինքը այն եզակի գործիչներէն էր, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտ կը խօսէր հարեւան ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան ծաւալման անհրաժեշտութեան մասին, առաջիններէն էր, որ չէր վախնար համարձակօրէն խօսելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին` համոզուած ըլլալով, որ երկու ժողովուրդները կրնան համատեղ ջանքերով յաղթահարել Ցեղասպանութեան հետեւանքները:
Ըստ ՀՀ դեսպանին, այսօր` Տինքի սպանութենէն մէկ տասնամեակ անց, անոր օրինակով ոգեշնչուած շատերը կը բարձրացնեն անոր պայքարի ջահը` յանուն ժողովրդավարութեան, Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու հաւասարութեան եւ մարդու իրաւունքներու:
Արշակ Գաւաֆեան խօսած է Տինքի սպանութեան դրդապատճառներուն մասին` շեշտելով, որ լրագրողի սպանութենէն 10 տարի յետոյ Թուրքիոյ ներքաղաքական վիճակը առաւել քաոսային դարձած է, եւ որ նմանօրինակ սպանութիւններու պարագային վայրագ, բռնատիրական կազմակերպութիւններու կամ մարդոց մօտեցումները միշտ այդպիսի պատկեր կ’ունենայ. չկարենալով յաղթել գաղափարական հակառակորդներուն` ֆիզիկապէս կ’ոչնչացնեն անոնց:
Բանախօսը աւարտին անդրադարձած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ ազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին` յիշեցնելով, որ անոր նկատմամբ ուժեղ քարկոծում եւ հալածանք կը գործադրուի: Արշակ Գաւաֆեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն իրողութեան, որ Հրանդ Տինքի դէմ կիրառուող ճնշումներն այժմ նաեւ Կարօ Փայլանի հանդէպ կը կատարուին:
Ան խնդրին շուրջ առաջարկած է` Շուէշտի եւ այլ պետութիւններու մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններուն ու կուսակցութիւններուն իրենց բողոքի ձայնը հնչեցնեն` դադրեցնելու ոտնձգութիւնները հայազգի պատգամաւորին հանդէպ: Արշակ Գաւաֆեան նշած է նաեւ, որ համացանցով աջակցութեան ստորագրահաւաք սկսած են` ի պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանի:
Համադրող կեդրոնի խօսնակ եւ նախկին նախագահ Վահագն Աւետեան նոյնպէս նշած է Թուրքիոյ մէջ վերջին տաս տարիներուն ընթացքին ազատ խօսքի եւ մամուլի վիճակի վատթարացման մասին` կարեւոր համարելով Թուրքիոյ հետ բանակցային թոյլ քաղաքականութիւն վարելու գործընթացքին փոխարէն` ճնշումներ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ ատիկա Եւրոմիութեան, խորհրդարանական պատգամաւորներուն, կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս օրինակ` Ամնեստինի եւ սահմանազերծ լրագրողներու միութեան պարտականութիւնն է քննադատութիւն ուղղել Թուրքիոյ եւ ստիպել, որ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ համապատասխան քայլեր ձեռնարկէ:
«Հրանդ Տինքն իր կեանքով օրինակ ծառայեց շատերուն` մարդկայնօրէն ապրելու եւ մաքառելու յանուն արդարութեան, ճշմարիտ խօսքի ազատութեան` իր անձը որպէս ողջակէզ դնելով ազգի զոհասեղանին:
Աղօթք եւ խունկ անոր արդար հոգիին համար, եւ Աստուծոյ օգնութիւնը Հրանդ Տինքի արդար գործը որպէս ազգային առաքելութիւն շարունակելու համար»,-ըսած է Տէր Եղիշէն:
Շուէտահայ համայնքին կողմէ յուշ-երեկոյին մասնակցելու հրաւէր ստացած են նաեւ Կարօ Փայլանն ու Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը, որոնք զբաղուածութեան պատճառով չեն կրցած ներկայ գտնուիլ: Ռաքէլ Տինքն իր ողջոյնի խօսքը յղած է եւ երախտագիտութիւն յայտնած նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու համար, որն ալ փոխանցուած է հաւաքուածներուն:
Աւելցնենք նաեւ, որ յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են պատգամաւորներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Ելոյթ ունեցած են պատգամաւոր, Թուրքիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու հարցով շուէտական կոմիտէի նախագահ Տեսիրէ Պետրուսը, փոխնախագահ, յուշ-երեկոյի կազմակերպման պատասխանատու Իսա Թուրանը, շուէտական «PEN» միութեան գլխաւոր քարտուղար Աննա Լիւիոն Ինգվարսոնը, Շուէտի լրագրողներու միութեան նախագահ Եոնաս Նորդլինգը, «Amnesty International» Շուէտի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Անդրիա Պոդեկուլը, «SvD» օրաթերթի փոխնախագահ Անդերշ Պեորկմանը, Շուէտի մէջ քրտական համադրող խորհուրդի նախագահ Քէիա Իզոլը, Շուէտի մէջ յայտնի լրագրող Քուրտօ Պակշին:
Գէորգ Չիչեան
Լուսանկար – Արշակ Գաւաֆեան իր ողջոյնի խօսքը կ’ուղղէ ներկաներուն
Event commemorating Hrant Dink held in Sweden
(hayernaysor.am) On January 19, Stockholm’s ABF Center hosted an event commemorating the 10th death anniversary of Istanbul-Armenian journalist Hrant Dink. Chairman of the Swedish Armenian Committee for Justice and Democracy and the Coordinating Center for Armenian Associations of Sweden Arshak Gavafian provided details in an interview with Hayern Aysor.
According to Gavafian, right after Hrant Dink was murdered in January 2007, the Coordinating Center held a protest at the square in central Stockholm, gathering members of the federations of Assyrians, Kurds and Greeks and Swedish organizations. In the years that followed, the Swedish Committee on Human Rights Affairs in Turkey organized commemorative events in Sweden, and the Coordinating Center also actively participated in those events.
Since this year marked the tenth anniversary of the murder of Hrant Dink, the Coordinating Center decided to participate in the commemorative event with a presentable team. Among the participants from the Swedish-Armenian community were Ambassador of the Republic of Armenia to Sweden Artak Apitonyan; SACJD Chairman, President of the Coordinating Center for Armenian Associations of Sweden Arshak Gavafian; Spokesman and former president of the Coordinating Center for Armenian Associations of Sweden, genocide scholar Vahagn Avetyan, as well as Patriarchal Delegate of the Patriarchal Delegation in Central Europe and Sweden, pastor of the Armenian community, Fr. Archimandrite Yeghishe Avetisyan.
In his speech, RA Ambassador to Sweden Artak Apitonyan touched upon Dink’s legacy and stated that Hrant Dink was one of the exceptional figures in Turkey who openly talked about the need for the expansion of dialogue between the neighboring nations and was one of the first who dared to speak about the Armenian Genocide with the certainty that the two nations can overcome the consequences of the Genocide through combined efforts.
According to the Ambassador, ten years after Dink’s murder, many are inspired by his example and are continuing the struggle for democracy, the equality of all national minorities and human rights protection in Turkey.
Arshak Gavafian talked about the motives behind Dink’s murder, stressing the fact that the interior political situation in Turkey has become more chaotic a decade after the journalist’s murder and added that such murders make wild and dictatorial organizations or people show such an approach, meaning they physically eliminate people who don’t share their ideologies, if they can’t win them.
At the end, the speaker touched upon Turkish-Armenian member of Parliament Garo Paylan and reminded that he is being strongly scorned and persecuted. Arshak Gavafian drew the attendees’ attention to the fact that the repressions against Hrant Dink are now being applied against Garo Paylan.
In regard to this, Gavafian suggested that political parties and international organizations based in Sweden and other countries speak out to put an end to assaults against the Armenian Member of Parliament. Arshak Gavafian also stated that a petition has been launched on the Internet in defense of Garo Paylan.
The Coordinating Center’s spokesman and former president Vahagn Avetyan also mentioned the deterioration of the state of free speech and press in Turkey over the past decade and attached importance to the need for exerting pressure on Turkey instead of leading a weak policy on negotiation, stating that it is the duty of the European Union, Members of Parliament, governmental and non-governmental organizations like Amnesty and the union of free journalists to criticize Turkey and force it to take appropriate steps to solve the situation that has been created.
“With his life, Hrant Dink set an example for many to live as human beings and struggle for justice and the freedom to speak the truth, sacrificing his life for the nation.
Our prayers and respect to the just person that he was, and may God help us continue the just efforts of Hrant Dink as the mission of the nation,” Fr. Yeghishe said.
The Swedish-Armenian community had also invited Garo Paylan and Hrant Dink’s widow, Raquel Dink to the event, but they couldn’t attend the event due to their busy schedules. Raquel Dink conveyed her welcoming remarks and expressed gratitude for organizing the initiative, and her remarks were transmitted to the attendees.
Let us also add that the commemorative event was held with the participation of Members of Parliament, intellectuals, journalists, as well as representatives of non-governmental organizations and national minorities. Among the speakers were Member of Parliament and Chairperson of the Swedish Committee on Human Rights in Turkey Desire Petrus; Deputy Chairperson, correspondent for organization of the commemorative event Isa Turan; General Secretary of the Swedish PEN Association Anna Livion Ingvarson; President of the Union of Journalists of Sweden Jonas Nordling; representative of Amnesty International Sweden Andrea Bodekul; vice-chair of SvD Daily Anders Bjorkman, as well as President of the Coordinating Council of Kurds in Sweden Keya Izol and well-known Swedish journalist Kurdo Baksi.
Gevorg Chichyan
Photo: Arshak Gavafian delivering his remarks