ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լափշինի Հարցով Դատապարտագիրներ Յղեց Սուրիոյ Մէջ Պիելոռուսիոյ Դեսպանատան Եւ Այլ Երկիրներու Լիբանանի Մէջ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ յայտնի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու Պիելոռուսիոյ ընդհանուր դատախազութեան որոշումին դէմ դատապարտագիրներ յղեց Սուրիոյ մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպանատան, Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախագահող Աւստրիոյ դեսպանին, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչին:

Մարմինը իր յղած նամակներուն մէջ խստիւ դատապարտեց Պիելոռուսիոյ ընդհանուր դատախազութեան որդեգրած որոշումը` նշելով, որ երկու բռնապետական երկիրներու միջեւ այս գործառքը խօսքի ազատութեան լպիրշ խախտում մըն է, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն վնաս կը պատճառէ եւ Ազրպէյճանը կը խրախուսէ շարունակելու իր անհաւասարակշիռ քայլերը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ Պիելոռուսիան դարձած է Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան մէկ գործիքը եւ պիելոռուսական իշխանութիւններէն պահանջեց անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել Ալեքսանտր Լափշինը:

Աւելի ուշ, Սուրիոյ մէջ Պիելոռուսիոյ հիւպատոսը հեռաձայնեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, որուն մասին տեղեկութիւններ խնդրեց եւ յայտնեց, թէ դատապարտագիրը այդ տեղեկութիւններուն հետ պիտի փոխանցէ իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ