Վանքուվըրի հայ համայնքը 8 Յունուար 2017-ին Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Ռիչմընտ քաղաքի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ նշեց Ս.Ծնունդը։ Հարիւրաւոր հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին «Սի.Պի.Սի.»-ի ֆրանսերէն եւ անգլերէն ծառայութիւններէն եւ «Վանքուվըր Սան» օրաթերթէն ներկայացուցիչներ։
Ներկայ էին նաեւ Ռիչմընտ քաղաքի ներկայացուցիչներ։ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Քարոլ Տէյ եւ Պիլ ՄքՆալթի շնորհաւորեցին հայ համայնքը Ս.Ծննդեան առթիւ եւ աւելի քան 140 սուրիացի գաղթականներու Պրիթիշ Քոլոմպիայի մէջ հաստատուելու եւ խաղաղ ու արդիւնաւետ նոր կեանք մը սկսելու համայնքին ցուցաբերած օժանդակութեան համար։
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամները հանդիպում ունեցան վերոնշեալ սուրիահայերուն հետ եւ հմայուած էին‚ թէ ինչպէս բոլորը տեղաւորուած են իրենց նոր երկրին մէջ‚ կը վայելեն երկիրը եւ կը նպաստեն Գանատայի վերելքին։
Գանատայի արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Անտոնեան‚ փոխատենապետ Վահիկ Յակոբեան եւ Էտի Փափազեան նոյն օրը Քարոլ Տէյի հետ ունեցան երկար ու անկեղծ հանդիպում մը‚ որուն ընթացքին քննարկեցին հայ համայնքի ապագան եւ շարք մը համայնքային եւ ընկերային ձեռնարկներու համար քաղաքապետարանին հետ գործակցութեան ծրագիրները։
Լուսանկար – Ձախէն՝ Էտի Փափազեան, Վահէ Անտոնեան, Քարոլ Տէյ, Վահիկ Յակոբեան