Le CCAF dénonce les méthodes dangereuses de l’ambassadeur d’Azerbaïdjan en France

Le CCAF est profondément choqué par le contenu et la forme de la lettre envoyée par M. Amirbayov, ambassadeur d’Azerbaïdjan en France à M. Claude Goasguen, maire du 16e arrondissement de Paris et M. Patrick Karam, président de la Chredo (coordination des Chrétiens d’Orients en danger) et vice-président du Conseil Régional d’Île-de-France.

Il dénonce cette pression d’un représentant d’un Etat étranger sur des élus de la République, ainsi que des multiples contre vérités dont est jonché ce texte indigne d’une représentation diplomatique sur le territoire français*. Cette réaction pour le moins disprortionnée de l’Azerbaïdjan à une conférence sur les Chétiens d’Egypte à la mairie du 16e arrondissement de Paris, qui n’avait fait qu’effleurer, en moins d’une minute, la question du Haut-Karabakh, en dit long sur le fanatisme de cet Etat qui entend peut être régenter la liberté d’expression en France, à défaut de pouvoir la museler au Haut-Karabakh.

M. Patrick Karam, dans sa réponse ferme, politiquement argumentée et historiquement étayée, a démonté point par point cette grossière tentative de désinformation, tout en rappelant dans sa conclusion qu’« utiliser la force pour maintenir le Haut Karabagh dans un rattachement que la population rejette avec la dernière énergie est vain et moralement indéfendable »**. Nous l’en remercions.

Cette affaire pose la question de la présence en France de cet ambassadeur qui outrepasse une nouvelle fois ses prérogatives. Lors d’un débat télévisé sur France 24 avec Mourad Papazian, coprésident du CCAF, il s’était permis de qualifier ce citoyen français « d’ennemi » de son pays. Aujourd’hui il récidive en envoyant son personnel assister à une conférence à laquelle il n’était pas invité, en faisant ensuite pression sur ses organisateurs et en véhiculant sous une pseudo apparence de tolérance, un message anti-arménien aussi haineux que mensonger. Il ne nous parait pas qu’un tel comportement, quand bien même prendrait-il modèle sur la brutalité de l’Etat Azerbaïdjanais, corresponde aux usages de la vie diplomatique sur le territoire national. Aussi le CCAF appelle-t-il le ministère des Affaires étrangères à faire preuve de vigilance et de fermeté à l’égard des méthodes dangereuses de M.Amirbayov.

Le CDCA France est membre du CCAF.

CCAF կը դատապարտէ Ֆրանսայի մէջ Ազէրպայճանի դեսպանին վտանգաւոր գործելակերպը

(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ) Յունուար 4 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ CCAF կը դատապարտէ Ֆրանսայի մէջ Ազէրպայճանի դեսպանին վտանգաւոր գործելակերպը:
Կ՚ըսէ, թէ CCAF խորապէս գայթակղած է Ֆրանսայի մէջ Ազէրպայճանի դեսպան Ամիրպայովի կողմէ Փարիզի 16-րդի թաղապետ Գլօտ Կոասքէնի եւ Արեւելքի վտանգուած քրիստոնեաներու համակարգումի՝ Chredo-ի (Coordination des Chrétiens d’Orient en danger) նախագահ, Փարիզեան շրջանի խորհուրդի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամի յղուած նամակին բովանդակութենէն եւ ձեւէն:
CCAF կը դատապարտէ օտար պետութեան ներկայացուցչի մը կողմէ ֆրանսացի ընտրեալներու վրայ բանեցուած ճնշումը, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկայ նամակին մէջ տեղ գտած ճշմարտութեան հակասող բազմաթիւ պնդումները: Կ՚ըսէ, թէ Փարիզի 16-րդ թաղամասին մէջ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն նուիրուած դասախօսութեան մը ընթացքին՝ նուազ քան մէկ վայրկեան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին արծարծումը առիթ համարելով՝ նման անհամեմատական հակազդեցութիւն ցուցաբերելը կ՚ապացուցէ Ազէրպայճանի մոլեռանդութիւնը:
CCAF կ՚ըսէ նաեւ թէ այս նոր պատահարը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Ֆրանսա ներկայութեան հարցը այս դեսպանին, որ անգամ մը եւս իր իրաւասութիւններէն անդին կ՚անցնի: Կը յիշեցնէ, թէ հեռատեսիլի France 24 կայանին կողմէ կազմակերպուած վիճարկումի մը ընթացքին ալ ենթական CCAF-ի համանախագահ, Ֆրանսայի քաղաքացի Մուրատ Փափազեանը իր երկրին «թշնամի» որակած էր:
Հուսկ, CCAF Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՚ընէ, որպէսզի զգօն եւ խիստ վերաբերում ցուցաբերէ Ամիրպայովի գործելակերպին նկատմամբ:

ԱԶԷՐՊԱՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՆԱՄԱԿԸ
Արդարեւ, Նոյեմբեր 29-ին, Փարիզի 16-րդ թաղամասին մէջ, թաղապետարանին եւ Chredo-ի կողմէ կազմակերպուած՝ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն նուիրուած դասախօսութենէն ետք, Ազէրպայճանի դեսպանը Դեկտեմբեր 12 թուակիր նամակ մը յղած է Գլօտ Կոասքէնին եւ Փաթրիք Քարամին: Հոն, Ամիրպայով գրած է, որ նշեալ դասախօսութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին արծարծումով՝ անոր կրօնական երանգ տրուած է, ինչ որ շատ վտանգաւոր է եւ թէ ատիկա չի ալ համապատասխաներ իրականութեան, քանի որ ղարաբաղեանը հողային ենթախորքի վրայ հակամարտութիւն մըն է: Այնուհետեւ ազէրպայճանցի դեսպանը կատարած է «պատմական» քանի մը յիշեցումներ: Երեք էջնոց երկար նամակին բովանդակութիւնը հոս կրկնելը անիմաստ է: Կ՚ըսենք՝ «կրկնել», քանի որ ազէրպայճանական ծանօթ քարոզջութիւններու վերարտադրութիւնն է պարզապէս: Միջազգային եւ այն ատենուան՝ սովետական օրէնքներու բռնաբարումով՝ Հայերու կողմէ Ազէրպայճանի դէմ սանձազերծուած յարձակում… հողերու գրաւում… Խոճալուի ջարդ… եւ այլն, եւ այլն: Ապա նաեւ Պատմութեան «փառաւոր» դաս մըն ալ տալով, կը պնդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը միշտ ալ Ազէրիներուն պատկանած է…, թէ 1921-ին Սթալին այդ շրջանը ո՛չ թէ յանձնած է Ազէրիներուն, այլ որոշած է շրջանին Ազէրիներու տիրապետութեան տակ պահպանումը…: Իր նամակին մէջ, դեսպանին շարած մարգարիտներէն է նաեւ հետեւեալ հատուածը. «Ազէրպայճան միշտ ալ ճանչցուած է լայնախոհութեան, բազմամշակութայնութեան եւ միասնաբար ապրելու արուեստի իր աւանդութիւններով։ Վաղ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Ազէրպայճան հանդիսացած է ապաստան մը ցեղային եւ կրօնական բազմաթիւ փոքրամասնութիւններու համար։ 90% մահմետական (65% շիի եւ 35% սիւննի) երկրին մէջ ներկայ է Հրէութիւնը՝ երեք տարբեր համայնքներով, ՆՔ առաջին հազարամեակէն ի վեր եւ այսօր ալ կը հաշուէ աւելի քան 20.000 հոգի։ Իսկ քրիստոնեայ համայնքը (բնակչութեան 5%-ը) կը կազմեն ռուս ուղղափառները, բողոքականները եւ հռոմէացի կաթոլիկները։ Մենք, մշակութային եւ կրօնական այս բազմազանութիւնը կը նկատենք որպէս մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին անժխտելի հարստութիւնը»…։

ՔԱՐԱՄԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ՝ ԴԵՍՊԱՆԻՆ
Ամիրպայովի այս նամակին, Փաթրիք Քարամ երակարաշունչ պատասխան մը գրած է: Ան, նախ եւ առաջ կ՚ըսէ, թէ համաձայն է, որ խնդրոյ առարկայ հակամարտութիւնը կրօնական չէ, “նոյնիսկ եթէ պահ մը նման թեքում ունեցաւ, երբ 1993-ին յանուն իսլամական զօրակցութեան եւ յանուն Ճիհատի՝ Չէչէններ եւ Աֆղաններ կռուեցան Ազէրիներու կողքին”: Ապա, կը նշէ, թէ եթէ Ազէրպայճանի համար հողային հակամարտութիւն է, Ղարաբաղի բնակչութեան համար ալ ազատ ապրելու, ինքնավարութեան իրաւունքի յենող՝ Մարդկային իրաւանց հարց է: “Այլեւս կայ իրականութիւն մը, որ ձեր պետութիւնը պէտք է ընդունի։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կատարեց իր ընտրութիւնը եւ իւրաքանչիւր առիթով կ՚արտայայտէ զայն։ Կը մերժէ Ազէրպայճանի որեւէ կցում, զոր կը նկատէ իր ապահովութեան եւ ինքնութեան սպառնալիք”, կ՚ըսէ Քարամ:
Ապա, ինք ալ իր կարգին կը թուէ հայկական բնակչութնիւնները թիրախ առած ազէրպայճանական յարձակումները, ի մասնաւորի Սումկայիթի, Քիրովապատի, Պաքուի ջարդերը, եւ մանաւանդ 1992-ին Ստեփանակերտի ռմբակոծումը: “1992-ի ամռան ներկայ էի Ստեփանակերտ, անձնապէս հաստատեցի ազէրպայճանական օդուժին մահաբեր յարձակումները ուղղուած՝ անզէն եւ սարսափահար բնակչութեան՝ կիներուն, երախաներուն, տարեցներուն դէմ, որոնք խոյս տալով Շահումեանէն եւ Մարտակերտէն՝ փողոցները պարզուած կիս-կատար վրաններու տակ խռնուած էին” կ՚ըսէ ան:
Քարամ կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումի նիւթին: Ամիրպայովի դիտել կու տայ, թէ Ազէրպայճան՝ Թուրքիոյ հետ «երկու երկիր, մէկ ազգ» ըլլալ կը յայտարարէ, կը մերժէ ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը եւ ընդհակառակն՝ իր աջակցութիւնը կը բերէ իր «քոյր պետութեան» ժխտողականութեան:
Կ՚ըսէ նաեւ թէ նախընտրելի է, որ Ազէրպայճան իր նաւթահորերէն ձեռք ձգած հասոյթը փոխանակ սպառազինման, գործածէ իր գաղթականներուն եւ ընդհանրապէս բնակիչներուն բարօրութեան:
Նամակը կ՚աւարտի հետեւեալ տողերով. “Լեռնային Ղարաբաղի կցումին համար ուժի գործածութիւնը ապարդիւն ըլլալու դատապարտուած է եւ բարոյապէս անպաշտպանելի է։ Փոխանակ եուկոսլաւական բեմագրութեան, որ պատճառ դարձաւ այնքա՜ն դժբախտութիւններու եւ մարդկային ողբերգութիւններու եւ թէ արգելք չկրցաւ ըլլալ բաժանումներու, այսօր Ազէրպայճանի կայունութեան, տնտեսական զարգացման, ընկերային եւ քաղաքական բարեշրջման նպաստաւոր կ՚ըլլայ, որ ընտրէ Չեխոսլովաքիոյ օրինակը, ուր ստեղծուեցաւ երկու պետութիւն առանց ողբերգութեան, առանց արիւն հոսեցնելու՝ շնորհիւ ղեկավարներու իմաստութեան, որոնք կ՚ուզէին խնայել իրենց բնակչութիւններուն”։ ■

* Քարամ ծագումով լիբանանցի է, Կուատըլուփ մեծցած է։ Մարդկային իրաւանց պաշտպան, Սարքոզիի կառավարութեան մէջ Անդրծովեան Ֆրանսացիներու կարելիութիւններու հաւասարութեան միջնախարարական պատուիրակի պաշտօնը վարած է։

Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ՖՀԿՀԽի անդամ է: