(hayernaysor.am) Պրազիլիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Գէորգ Զատիկեան միացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին:
Աւելցնենք, որ Արցախը Պրազիլիոյ Հայ դատի յանձնախումբի մշտական ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է:
«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան: