ORANGE COUNTY, Calif.—The Armenian National Committee of America Orange County Chapter (ANCA-OC) met with local, regional and state officials during the holidays as some were newly sworn in while others continued serving their term. As part of its ongoing outreach to elected officials in Orange County, committee members met with State Senators and Assemblymen, Orange County Board of Supervisors and their staff, as well as local Mayors and city councilmembers.
ANCA-OC will continue to meet with others including Marty Simonoff, Armenian-American city councilman from Brea recently elected to his 6th consecutive term on the Brea City Council. His swearing in ceremony will take place Tuesday, December 20, 2016 at 7pm with the participation of the Orange County Armenian American community.
Photo: (L-R) Anahid Arakelian, Assemblyman Steven Choi, Bianca Asik, Garo R. Madenlian, Assemblyman Mathew Harper
Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումները Շրջանի Պաշտօնատարներուն Հետ
ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջին քանի մը շաբաթներուն հանդիպումներու շարք մը ունեցած է տեղական, շրջանային եւ նահանգային պաշտօնատարներու հետ, ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր քննարկելով անոնց հետ։
Հանդիպումները կայացած են Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Ճան Մուրլաքի, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Սթիվըն Չոյի եւ Մեթիու Հարփըրի, Ըրվայնի քաղաքապետ Տանըլտ Ուէկնըրի, Լէյք Ֆորեսթի քաղաքապետ Սքաթ Վոյկթսի, Ըրվայնի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մըլիսա Ֆաքսի, Ուեսթմինիսթըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Քիմպըրլի Հոյի, ինչպէս նաեւ Օրենճ Քաունթիի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամներու կամ անոնց անձնակազմերուն հետ։
Կը ծրագրուի հանդիպումներու շարքը շարունակել յառաջիկային. անոնց ընթացքին խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին նաեւ վերջերս Պրէա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած Մարթի Սիմոնոֆի հետ, որ ծագումով հայ է։