(yerakouyn.com) Հարաւային Ամերիկա յատուկ աշխատանքային այցելութեան մը ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 1-3-ին Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մօնթէվիտէօ այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Միջազգային Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Այս մասին Ուրուկուայէն կը հաղորդէ Կարօ Հէքիմեան։
Ան իր այցելութիւններու ծիրէն ներս «Կոմիտաս» Ռատիօժամի լսարանին ուղիղ եթերով շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ՝ կեդրոնանալով Հայ Դատի գրասենեակներու եւ ընդհանրապէս բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու կողմէ ծաւալուող, հսկայական աշխատանքներու մասին։ Նկատի ունենալով, որ ընկ. Յ. Տէր Խաչատուրեան նաև Հայ Դատի Միջազգային Խորհուրդի նախագահն է եւ շատ մօտէն կը հետեւի աշխարհով մէկ ցրուած Հայ Դատի թէ գրասենեակներուն եւ թէ յանձնախումբերուն առօրեայ գործունէութիւններուն, մանրամասնութիւններ փոխանցեց ունկընդիրներուն, յատկապէս Պրիւքսէլի, Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Լիբանանի և Հայաստանի մէջ տիւ ու գիշեր Հայ Դատի գետնի վրայ բեղուն և հսկայ աշխատանք տանող, արհեստավարժ ընկերներու եւ համակիրներու փաղանքի մը ճիգին, որոնք հոսանք ի վեր թիավարելով, մարտահրաւերներ դիմագրաւելով, յառաջ կը տանին մեր արդար եւ անյետաձգելի իրաւունքներու եւ մեր պահաջատիրութեան տիտանական գործունէութիւնը։
Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը շեշտը դնելով Եւրոպական ցամաքամասի ԵՄի մայրաքաղաք, Պրիւքսէլի մէջ հաստատուած Հայ Դատի Գրասենեակի կարեւոր գործունէութեան, ի մասնաւորի Արցախի հարցով, ուր պատասխանատու ընկերները ծրագրուած կերպով, տարիներէ ի վեր լայնածաւալ աշխատանք կը տանին, բազմաթիւ հանդիպումներ ունենալով Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան քաղաքական գոծիչներու և միջազգային զանազան կառոյցներու ղեկավարներու հետ, անոնց նախ իրազեկ պահելով Արցախի հարցին և անոր իրականութեան, ապա կամաց կամաց ճամբայ հարթելով, անոր անկախութեան և միջազգային ճանաչումի ի խնդիր։
Պատասխանելով Ուաշինթընի մէջ տարւող Հայ Դատի աշխատանքներու կողքին, հայ երիտասադութեան ներուժը օգտագոծելու եւ անոնց մղելու մեր արդար դատի ապագայի զինւորները հանդիսանալու գործին, ընկ, Յ. Տէր Խաչատուրեան տեղեկացուց, թէ այդտեղ ունինք խումբ մը համալսարանական երիտասարդներ, կը պատրաստուին ապագային Համաշխարհային Դրամատան, տնտեսական միջազգային կառոյցններու, Ամերիկայի ծերակուտականներու և Ներկայացուցիչներու Տան գրասենեակներըու մէջ պաշտօններ ստանցնելու համար, որպէսզի հող պատրաստեն Հայաստանի և Հայ Դատի ի նպաստ, թէ պետական և թէ տնտեսական զօրակցութիւն ապահովելու միտումով։
Յաջորդ օրը, ընկերը այցելեց Հայ Առաքելական Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցի և հանդիպում մը ունեցաւ Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գլընճեանի և Եկեղեցւոյ Գաղութային Կեդ. Վարչութեան անդամներու հետ։ Խօսակցութեան առանցքը կազմեց մեր գաղութի մէջ կատարւող աշխատանքներու կողքին, նաև կրթական մարզը, ուր ընկեր Տէր Խաչատուրեանը շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան կարևորութիւնը, յատկապէս արդի ժամանակներու շունջին հետ քալելու և նոր մեթոտներ կիռարելու հրամայականը, հայ լեզուի և Հայոց Պատմութեան ոլորտներու մէջ, որպէսզի պատանիներու համար զզուեցուցիչ չըլլայ և յայտնեց Գանատայի մէջ իրենց ունեցած փորձարութիւնը, այնտեղ օգտագործւող հայկական դասագիրքերէն օրինակներ առաքելու պատրաստակամութիւնը մեր վարժարանին, ինչ որ գոհունակութեամբ ակնկալուեցաւ։
Գիշերուայ ժամերուն ուրիշ կաևոր երկու հադիպումներ ունեցաւ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, մեր Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկեր ընկերուհիներուն հետ Վռամեան Ակումբի մէջ, ուր ծանօթացաւ կատարւող և ծրագրուած աշխատանքին և ըրաւ կարգ մը առաջարկներ, ապագայ աշխատանքներու կապակցութեամբ։
Աւելի ուշ, ընկերը հանդիպեցաւ Վռամեան Կոմիտէութեան անդամներու հետ եւ կարճ զեկոյցով ելոյթ ունեցաւ, թէ հայութեան, թէ Հաաստանի, թէ կուսակցութեան և թէ մանաւանդ Արցախի մասին։ Ընկերոջ ելոյթէն ետք, կարգ մը ընկերներու կողմէ հարցումներ եղան, կուսակցական, ազգային և առ հասարակ ապագայի մեր գործունէութեաց մասին, ուր ընկերը սպարիչ կերպով լուսաբանութիւններ փոխանցեց։ Իր մեկնելէն ժամեր առաջ, Հինգշաբթի օր, ընկերը այցելեց գաղութիս պատկանող Ներսէսեան Հիմնարկութեան Երուանդ Գսաճըքեան նախակրթարան, ուր աշակերտներու կողմէ ընդունուեցաւ հայ երգի ու պարի կատարումներով, ինչ որ յուզեց մեր ընկերը, երբ ականատես եղաւ Հայրենիքէն հազարաւոր քիլօմեթրնէրով հեռու, ուր աշխարհի այս անկիւնը կը շարունակուի, հայ լեզուի և մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը։ Վերջաւորութեան ընկ. Յ. Տէր Խաչատուրեանը իր ստացած տպաւորութիւնները Ներսէսեանի աշակերտներու կողմէ, գրառեց վարժարանի Ոսկի Մատեանին մէջ։