(ԱԶԴԱՐԱՐ) Քուէյթ – Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան հովանաւորութեամբ՝ Գերապատիւ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի, կազմակերպութեամբ՝ Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբին տեղի ունեցաւ «Սուրիահայութեան Իրավիճակի Վերջին Զարգացումները» խորագրով դասախօսական հանդիպում մը, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Օրուան զեկուցաբերն էր՝ վարժարանիս տնօրէն՝ տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետ՝ բժշ. Ժան Պէպէճեան, որ ներկայացուց սուրիահայութեան հրատապ վիճակը, ապա տիկ. Սիլվա Սարգօ-Պաղտասարեան ընթերցեց զեկուցաբերին կենսագրականը:
Զեկուցաբերը բաւական լայն գիծերու մէջ անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմակայած դժուարութիւններուն եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց հասած օժանդակութիւններուն եւ ապահովական խնդիրներու մասին: Ան շեշտեց թէ «ամբողջութեամբ գաղութ պարպելու հարց գոյութիւն չունի, կարիքն ալ, գէթ առայժմ, չի զգացուիր, սակայն շրջանի ղեկավարութիւնը չի կրնար պարտադրել ոչ ոգի դուրս գալ կամ մնալ»:
Ապա յատուկ տեսահոլովակ մը ցուցադրուեցաւ, զորս պատրաստուած էր Հալէպի մէջ, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ Հալէպի հարազատ պատկերը:
Պահը յուզիչ էր: Ներկաները մագնիսացած կը հետեւէին իրենց երեւակայութեան մէջ միշտ վառ ապրած Հալէպի կիսաքանդ պատկերներուն:
Աւարտին առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցերու, ետքը խօսք առաւ առաջնորդ Հայր Սուրբը ու բարձր գնահատելէ ետք կազմակերպող մարմինն ու օրուան դասախօսը ըսաւ.- «Այսօր գաղութը իր կենսունակութիւնը ունի, եւ գաղութին մէջ կան անհատներ, որոնք որոշած են այդ գաղութը պահել մինչեւ վերջ: Հալէպահայութիւնը իր աւանդական արժէքներով, իր ունեցած հայեցի դիմագիծով, իր անցեալով, նոյնիսկ ներկայով ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար: Գաղութը այսօր իր այս վիճակով արդէն ինքնաբաւ է, բայց կարիքը ունի նաեւ մեր համահայկական զօրակցութեան թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ բարոյական գետնի վրայ, եւ մենք պատրաստ ենք միշտ կողքին մնալու»: