(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ, ԱՍՊԱՐԷԶ) Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի համաձայն՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտը այս շաբաթ պիտի քննարկէ ի միջի այլոց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը:
Անդրադառնալով օրինագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դրոյթին նկատմամբ ծերակուտականներու տրամադրութիւններուն՝ Մուրատ Փափազեան նշած է, որ դժուար է ստոյգ բան ըսել: «Ամէն պարագայի, խորհրդարանականներուն հետ հետեւողական աշխատանք կը տարուի. կ՛ակնկալենք յաջող ընթացք», ըսած է CCAF-ի համանախագահը:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ծերակոյտը կը վաւերացնէ նախագիծին այն տարբերակը, որ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած էր Յուլիս 1ին:
Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ՖՀԿՀԽի անդամ է: