Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Կիրակի Փետրուար 23-ին, Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն անցեալ ամսուայ ընթացքին, Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ զոհուած զինուորական Արմէն Յովհաննիսեանի մահուան քառասունքին առթիւ։
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան, վեր առնելով զինուորական Արմէն Յովհաննիսեանի արի եւ յանդուգն կեցուածքն ու զոհաբերութեան ոգին։ Միաժամանակ ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ տէր կանգնին ազգային արժանապատուութեան համար պայքարող, եւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրաեպտութիւններու սահմանագծերուն վրայ արդուն պահակ կեցող՝ զինուած ուժերու շարքայիններուն։