Փրոֆ. Իոաննի Խասիոթիսի դասախօսութիւնը՝ «Հայկական – յունական հայրենասիրութիւն» նիւթով

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Չորեքշաբթի՝ 30 Մարտ 2016ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, Թեսաղոնիկէի «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ՝ կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Համազգայինի վարչութեան: