Ազդակի Խմբագրական. Աթէնքէն Ետք Նիւ Սաութ Ուէյլզն Ու Պուէնոս Այրեսը. Հայկական Գործօնի Պարտադրանքները

(Սեպտեմբեր 13) Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը կը պահէ իր հետեւողականութիւնը: Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի օրէնսդիր խորհուրդի 10 սեպտեմբերի որոշումը այդ հետեւողականութեան կարեւոր ցուցանիշ կարելի է նկատել: