The ANCA’s Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program: A Living Legacy of Community Service and Sacrifice

WASHINGTON—For well over a decade, recent university graduates from across the U.S. have, following the example of the late Hovig Apo Saghdejian, given back to the Armenian community and cause by participating in the ANCA’s unique Washington, DC job placement and career development program named in honor of this fallen Fresno youth leader.

ANCA Endownment Fund Chairman Ken Hachikian with Apo and Nayiri Saghdejian at the ANCA building in Washington, DC

The ANCA recently sat down with Hovig’s sister, Nayiri Saghdejian, to learn more about why her father Apo Saghdejian and she chose to establish a living legacy in Hovig’s memory. Their support has opened doors to public service for countless Armenian youth, providing free housing at The Aramian House in downtown Washington, DC, and offering professional support to our community’s best and brightest as they start their public policy careers in the nation’s capital. To learn more about the program, or to apply, visit anca.org/gateway. The application deadline for the Winter 2017, session is October 1st.

Armenian National Committee of America: Can you share with us the origins of the ANCA’s Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program?

Nayiri Saghdejian (NS): After the tragic death of my brother in 2004, my parents and I wanted to do something special in his memory, in lieu of donations. So as lifelong ANCA supporters we naturally turned to the ANCA to collaborate together in creating a unique program for our youth, one that represents Hovig’s values and one that Hovig would be proud of.

ANCA: What can you tell us about Hovig’s community involvement, dedication to Armenia, and his vision for the Armenian nation?

NS: Hovig was an activist for the Armenian Cause in his everyday life. From a young age, he joined the ranks of the AYF, Homenetmen and Hamazkayin. Then in his teens he became more involved in the ANCA and politics, interning for Congressman Radanovich and volunteering his time for countless other campaigns. His lifelong dedication finally led him to Armenia in 2003, where he volunteered for the Land and Culture Organization’s campaign in the village of Medz Ayroum with a group of Diasporan youth from all over the world for four weeks to help build the infrastructure of this small, poverty-stricken village. It was there that his vision for the Armenian nation was born – a vision of Armenians from all over the world coming together to serve their nation.

ANCA: How has this program honored Hovig’s legacy of service and sacrifice for our community and cause?

NS: The main purpose of this program is to open doors for our youth, our number one asset. It is the ideal program for a recent college graduate who is ready to make a move to the nation’s capital to start a career in public policy. From day one, participants are warmly welcomed into the ANCA family and are happy to stick around for a long time, helping out and giving back and sacrificing for a greater cause, the Armenian Cause. This is the ultimate honor to Hovig’s legacy.

ANCA: Why is it so important for young Armenians to follow Hovig’s example of giving back?

NS: Because if we don’t, who will? We are a unique race, a small tribe of survivors with a beautiful culture and a long, rich history. Our youth should be proud of this and do everything in their power to continue this. They are our number one asset.

ANCA: What would you like participants in the Gateway program to know about Hovig’s life and legacy?

NS: Words cannot describe the spirit of Hovig. He was the life of every party. He made everyone laugh. He was loved and adored like no other. And he was destined for greatness. Unfortunately, his life was cut short, and the world became a duller place because of it. But for Hovig, life was a celebration and he would want nothing more than for us to continue the celebration.

ANCA: What are your hopes for the future of the Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program?

NS: I hope that the number of participants goes from hundreds to thousands in the years to come, and I hope that participants turn into leaders for our future generations. I hope we purchase more houses like The Aramian House, maybe even the whole block! And lastly, I hope the memory of my brother lives on through this program.

Photo: Hovig Apo Saghdejian (right) and fellow LCO volunteer Shant Minas with Ayroun village leaders

Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի Անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» Ծրագիրը Կը Շարունակէ Հարստացնել Համայնքը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, համալսարանական նոր շրջանաւարտներ, հետեւելով հանգուցեալ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի օրինակին՝ իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը կը բերեն մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իրականացուող Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի իւրայատուկ վարժողական ծրագիրներուն, միաժամանակ աշխատանքի կարելիութիւններ փնտռելով հանրային սպասարկութեանց մարզէն ներս։

Ծրագիրը մասնակից երիտասարդներուն երեք ամսուան ձրի կեցութեան կարելիութիւն կը ստեղծէ՝ այդ նպատակով կազմակերպուող յատուկ աշխատանիստերուն եւ հանդիպումներուն կողքին: Նշենք, որ ձմեռնային յաջորդ ծրագիրի մասնակցութեան դիմումնագիրներուն ժամկէտը Հոկտեմբեր 1ն է, իսկ դիմումնագիրները տրամադրելի են anca.org/gateway/application կայքէջէն:

Ֆրեզնոյի մէջ կանուխ տարիքին մահացած Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի յիշատակին անոր հօր՝ Աբոյի եւ քրոջ՝ Նայիրիի ջանքերով հաստատուած «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ԱՀԴՅ) հարցազրոյց մը կատարած է Նայիրի Սաղտճեանի հետ. հարցազրոյցը ստորեւ կը փոխանցենք՝ թարգմանաբար.

ԱՀԴՅ.- Ի՞նչ պայմաններու տակ հաստատուեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը։

ՆԱՅԻՐԻ ՍԱՂՏՃԵԱՆ.- 2004ին եղբօրս ողբերգական մահէն ետք, ծնողներս եւ ես որոշեցինք Յովիկի յիշատակին ծրագիրի մը նախաձեռնել՝ նուիրատուութիւններու փոխարէն։ Իբրեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ համակիրներ, բնականաբար այդ կազմակերպութեան հետ համագործակցեցանք՝ երիտասարդութեան յատուկ այս ծրագիրը հաստատելով, համոզուած ըլլալով, որ անիկա լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ Յովիկին արժէքները. այս մէկը վստահաբար հպարտութիւն պիտի պատճառէր իրեն։

ԱՀԴՅ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք Յովիկի համայնքային գործունէութեան, Հայաստանին նուիրումին եւ հայ ազգի ապագային իր տեսլականին մասին։

ՆԱՅԻՐԻ ՍԱՂՏՃԵԱՆ.- Յովիկը ամէն օր Հայ Դատին համար պայքարող գործիչ մըն էր եւ կանուխ տարիքէն անդամակցած էր ՀԵԴին, ՀՄԸՄին եւ Համազգայինին։ Աւելի ուշ, ան սկսաւ քաղաքական գործունէութեան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցաւ, կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրելով քոնկրեսական Ռատանովիչի գրասենեակին եւ շարք մը այլ քաղաքական արշաւներու։ Ան վերջապէս 2003ին կրցաւ Հայաստան այցելել՝ չորս շաբաթներու ընթացքին կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցելով «Երկիր եւ Մշակոյ»չ կազմակերպութեան խողովակով, Մեծ Այրում գիւղին մէջ։ Հո՛ն է, որ իրեն մէջ արմատացաւ հայ ազգի ապագային նկատմամբ իր տեսլականը, որն էր՝ աշխարհի տարբեր ծագերէն հայերու համախմբումը իրականացնել՝ ի սպաս հայ ազգին։

ԱՀԴՅ.- «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը ինչպէ՞ս կրցած է արժեւորել համայնքին եւ Հայ Դատին ծառայելու Յովիկի ձգած ժառանգը։

ՆԱՅԻՐԻ ՍԱՂՏՃԵԱՆ.- Ծրագիրին գլխաւոր նպատակն է նոր դռներ բանալ մեր երիտասարդութեան առջեւ, որ կը հանդիսանայ մեր գլխաւոր հարստութիւնը։ Անիկա կատարեալ ծրագիրն է համալսարանական նոր շրջանաւարտներու համար, որոնք կը փափաքին աշխատիլ մայրաքաղաքին մէջ՝ հանրային սպասարկութեան մարզէն ներս։ Ծրագիրին մասնակիցները առաջին օրէն իսկ ջերմօրէն կ՛ողջունուին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ընտանիքին կողմէ եւ իրենց կեցութեան ընթացքին իրենց ներդրումները կը կատարեն՝ ի սպաս Հայկական Հարցին։ Այս բոլորը մեծագոյն պատիւը կը բերեն Յովիկի յիշատակին։

ԱՀԴՅ.- Ինչո՞ւ այդքան կարեւոր է, որ այսօրուան հայ երիտասարդները Յովիկին օրինակով շարունակեն իրենց սպասարկութիւնները մատուցել Հայ Դատին։

ՆԱՅԻՐԻ ՍԱՂՏՃԵԱՆ.- Պարզապէս որովհետեւ, եթէ իրենք չսպասարկեն, ապա ո՞վ պիտի ընէ։ Մենք իւրայատուկ ազգ մըն ենք, վերապրողներու փոքրաթիւ ցեղ մը, որ օժտուած է գեղեցիկ մշակոյթով եւ երկար ու հարուստ պատմութեամբ։ Մեր երիտասարդութիւնը պէտք է հպարտ զգայ այս բոլորով եւ իր կարելին ընէ՝ զանոնք պահպանելու եւ ազգին երկարակեցութիւնը ապա-հովելու համար։ Իրե՛նք են մեր գլխաւոր ուժը։

ԱՀԴՅ.- Ի՞նչ կը փափաքէիր, որ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրի մասնակիցները գիտնան Յովիկի կեանքին ու ձգած ժառանգին մասին։

ՆԱՅԻՐԻ ՍԱՂՏՃԵԱՆ.- Բառերով դժուար է նկարագրել Յովիկի ոգին ու խանդը։ Ան կարողութիւնն ունէր իր մասնակցած իւրաքանչիւր հաւաքին շունչը դառնալու։ Բոլորին ծիծաղեցնելու ձիրքը ունէր եւ սիրուած էր բոլորէն։ Ան շատ աւելին կրնար տալ բոլորիս, սակայն անոր կեանքը կիսատ մնաց՝ աշխարհը նուազ հետաքրքրական վայր մը դարձնելով։ Յովիկին համար կեանքը տօնակատարութիւն էր, եւ վստահ եմ, որ անոր գլխաւոր փափաքն է, որ մենք շարունակենք այդ տօնակատարութիւնը։

ԱՀԴՅ.- Ի՞նչ յոյսեր ունիս Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին առնչութեամբ։

ՆԱՅԻՐԻ ՍԱՂՏՃԵԱՆ.- Կը յուսամ, որ յառաջիկայ տարիներուն ծրագիրի մասնակիցներուն թիւը հարիւրներէն կը հասնի հազարներու։ Նաեւ կը յուսամ, որ ծրագիրին մասնակիցները դառնան մեր ապագայ սերունդներու առաջնորդները։ Այս նպատակներուն իրականացման համար, կը յուսամ, որ «Արամեան Տան» նման այլ շէնքեր յաջողինք գնել, ինչու չէ նոյնիսկ՝ ամբո՛ղջ թաղամաս մը, աւելի մեծ թիւով կամաւորներ հիւրընկալելու համար։ Վերջապէս, կը յուսամ, որ եղբօրս յիշատակը վառ մնայ՝ այս ծրագիրին շնորհիւ։