02.06.2016-ին Գերմանիոյ Խորհրդարանը 1 դէմ, 1 ձեռնպահ և 629 ձայնով ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող բանաձեւ։ Թուրքիոյ կողմէ բանեցուած բազմապիսի ճնշումներն ու սպառնալիքները՝ ըլլան անոնք դիւանագիտական, քարոզչական թէ հասարակական բնոյթի, չկարողացան ձախողեցնել բանաձևի ընդունումը։
Բանաձևը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը՝ Յիշողութիւն և նշում 1915-1916 տարիներուն հայոց և այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան, և կը բաղկանայ հետեւեալ երեք բաժիններէ՝
1-Հաստատումներ
2-Կոչ՝ Գերմանիոյ կարավարութեան ուղղուած
3-Հիմնաւորումներ
1- Հաստատումներու բաժնին մէջ տեղ գտած կարեւորագոյն կէտերն են՝ Ծրագրուած տարագրութիւն և բնաջնջում մէկ միլիոնէ աւելի բնիկ հայերու, որոնց ճակատագիրը կը մնայ որպէս օրինակելի ցեղասպանութիւն։
Խորհրդարանը ցաւով կը հաստատէ կայսերական Գերմանիոյ վատահամբաւ դերը՝ որպէս զինուորական գլխաւոր դաշնակից Օսմանական կայսրութեան, որ քաջ իմանալով հանդերձ կազմակերպուած տարագրութիւններու և բնաջնջման մասին՝ չփորձեց կասեցնել մարդկութեան դէմ այդ ոճիրը։ Գերմանական կայսրութիւնը յանցակից է։
Խորհրդարանը կը գիտակցի Գերմանիոյ պատմական իւրայատուկ պատասխանատուութեան. այդ կարգին նաև թուրքերունև հայերուն խթան հանդիսանալ՝ հաշտութեանև հասկացողութեան եզրեր որոնելու նպատակով։
Պարտք կը դրուի Գերմանիոյ դպրոցական, համալսարանական և քաղաքական կրթութեան համակարգին վրայ, հայերու տարագրութիւնն ու բնաջնջումը դասագրքերուն մէջ որպէս նիւթ ներառելու։
Խորհրդարանը կը քաջալերէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը 1915-ի հայոց տարագրութիւններու և ջարդերու նշումն ու հրապարակային քննարկումը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելու։
2-Խորհրդարանը կոչ կʼուղղէ Գերմանիոյ կառավարութեան, որ՝
– Հայերու տարագրութիւնն ու բնաջնջումը ինչպէս նաև կայսերական Գերմանիոյ դերը՝ 2015-ի Ապրիլ 24-ին խորհրդարանի մէջ կատարուած քննարկումներու ոգիով, հրապարակային քննարկման նիւթ դարձնէ, միաժամանակ խթանելով թրքական կողմին իր պատմութիւնը անկաշկանդ կերպով հրապարակային քննարկման և վերամշակման առարկայ դարձնէ, այդպիսով հայ ժողովուրդին հետ հաշտեցման գործընթացին հիմնաքարը դնելով։
– Ազդու կերպով խթանէ Թուրքիա-Հայաստան հաշտութեան և հայ-թրքական յարաբերութիւններու ուշացած բարելաւման, պատմական եղելութիւններու վերագնահատումը նկատելով որպէս առաջին քայլ։
– Նախաձեռնէ 2009 թուականի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացին՝ Հայաստանի և Թուրքիոյ կառավարութիւններուն կողմէ։
3- Հիմնաւորումներու բաժնին մէջ, կը նշուի թէ բազմաթիւ անկախ պատմագէտներ, խորհրդարաններ և միջազգային կազմակերպութիւններ հայոց տարագրութիւններն ու բնաջնջումը կը կոչեն ցեղասպանութիւն. անոր նշումը, կրօնի և լեզուի կողքին հայ ժողովուրդի ինքնութեան մէջ կեդրոնական նշանակութիւն ունի։
Թուրքիան մինչև օրս կը հերքէ կանխամտածուածութեան մը գոյութիւնը, հակառակ փաստերու գոյութեան։
Հայերու և թուրքերու միջև հաշտութիւնը հնարաւոր է միայն այն պարագային երբ 100 տարի առաջ պատահածները հիմնովին պարզաբանուին և գոյութիւն ունեցող փաստերը չհերքուին։ Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիոյ մէջ նման քննարկում տեղի ունենայ ազատ և անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ։
Վերջապէս կը շեշտուի թէ գերմանական արտգործնախարարութեան արխիւները նաև կը փաստագրեն տարագրութիւններու և ջարդերու ծրագրուած բնոյթը և որ Հայաստանն ու Թուրքիան իրենց կարգին ստացած են այդ փաստաթուղթերու պատճէնները։
Բանաձևին մէջ ակնարկուած է, որ 2015-ին հանրապետութեան նախագահ՝ Եոախիմ Կաուքը և կուսակցութիւններու խօսնակներն դատապարտած են Ցեղասպանութիւնը. Սակայն, բանաձևը էութեամբ հաշտարար և հաւասարակշռուած ոգիով պատրաստուած է։
Բանաձևին մէջ ակնբախօրէն բացակայ է Հայ ժողովուրդի ուղղուած ներողութեան միանշանակ արտայայտութիւն։ Հակառակ ասոր՝ պէտք է կարեւորել բանաձևի քաղաքական տարողութիւնը, իսկ համեմատած 2005 թուականին որդեգրուած բանաձևին հետ, ան շատ աւելի ուժական է և յստակ։ Ցեղասպանութիւն յղացքը բանաձևի խորագրին էութիւնը կը մարմնաւորէ, իսկ այլ բաժիններու մէջ՝ ան թէև ներիմաստօրէն (implicitly), բայց տրամաբանօրէն միանշանակ կերպով պարզաբանուած է։
ԱՆԴՕ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ
Գերմանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
03.06.2016
Գերմանիա Ինքզինք Պարտաւորութեան Տակ Դրած Է
(ԱՍՊԱՐԷԶ) ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Անդօ Ազնաւուրեան յայտարարած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումին յաջորդած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններէն վրդոված է նաեւ Գերմանիոյ թրքական համայնքը։
Ազնաւուրեանի համաձայն, Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով իր մեղսակցութիւնը ընդունելով՝ կը ստանձնէ կարգ մը պարտաւորութիւններ։ «Հայութիւնը, թէ՛ համայնքային եւ թէ դիւանագիտական մակարդակով, կրնայ այդ պարտաւորութիւնը ճիշդ ձեւով սահմանել ու Գերմանիայէն պահանջել բարոյական, քաղաքական ու ինչու չէ նաեւ՝ տնտեսական աջակցութիւն, այնպէս, ինչպէս տեղի ունեցաւ հրեաներու Ողջակիզման պարագային», ըսաւ Ազնաւուրեան։
Ըստ անոր՝ դիւանագիտական դաշտի վրայ լուրջ ընելիքներ կան, զգալի աշխատանք կայ կատարելու համայնքային մակարդակով։ «Խորհրդարանին մէջ ընդունուած բանաձեւով նշուած էր, որ Գերմանիա նիւթապէս պէտք է օժանդակէ գիտական, մշակութային ու քաղաքական քննարկումներուն, որպէսզի գերմանաբնակ հայերուն ու թուրքերուն միջեւ երկխօսութիւն ըլլայ, իսկ հասարակութեան համար ալ պարզ դառնայ, թէ ի՛նչ պատահած էր 1915ին։ Պէտք է ընդգծել, որ այդ քննարկումները պատմաբաններու յանձնաժողովին հետ որեւէ կապ չունին։ Ակնկալուելիք քննարկումներուն նպատակը պիտի ըլլայ լուսաբանել հասարակութիւնը», շեշտած է Անդօ Ազնաւուրեան։
Ըստ Ազնաւուրեանի՝ Գերմանիոյ այս քայլը պիտի նպաստէ, որ այլ երկիրներ նոյնպէ՛ս ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Բազմաթիւ երկիրներ Գերմանիան կը դիտէին իբրեւ մեղսակից։ Սակայն, քանի դեռ Գերմանիան չէր ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ատիկա միւս երկիրներուն համար առիթ էր լռելու։ Այժմ, անիկա ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ կ՛ենթադրէ, թէ միւս երկիրները եւս դիւրութեամբ կրնան միանալ Գերմանիոյ», աւելցուցած է Ազնաւուրեան։
Անդրադառնալով Գերմանիոյ մէջ թրքական համայնքի արձագանգին՝ Անդօ Ազնաւուրեան նշած է, որ հոն կը նկատուի որոշ բեւեռացում, որովհետեւ մինչ նախապէս թրքական համայնքը դէմ էր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, վերջին օրերուն, բանաձեւի ընդունումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութիւնները փոխած են թրքական համայնքին տրամադրութիւնները։ Յատկապէս Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ արեան քննութիւն պէտք է կատարեն այն թուրք երեսփոխանները, որոնք թեր քուէարկած են բանաձեւին, նեղ կացութեան մատնած է թրքական համայնքը։ «Ատիկա թրքական համայնքին առիթ տուաւ բողոքելու այս երեւոյթին դէմ եւ ըսելու, որ այդպիսի յայտարարութիւններ ընդունելի չեն։ Համայնքը բացայայտ կերպով դէմ է Էրտողանի յայտարարութիւններուն», ըսած է Անդօ Ազնաւուրեան, նշելով, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ցարդ զուսպ քայլերով կը հակազդէ Թուրքիոյ յայատարարութիւններուն՝ առճակատումի երթալէն խուսափելով։