تخلل الاحتفال كلمة للمديرة التنفيذية للهيئة الوطنية الارمنية في الشرق الاوسط فيرا يعقوبيان

نظم حزب “القوات اللبنانية” احتفالاً في ذكرى الإبادة الأرمنية تحت عنوان: ”قصة حياة وموت… وحق ما بيموت”، في المقر العام للحزب في معراب، في حضور: الوزيرة السابقة منى عفيش ممثلة الرئيس ميشال سليمان، النائب وليد خوري ممثلاً

العماد ميشال عون، الوزير آرتور نظاريان، الوزير ميشال فرعون ممثلاً بمدير مكتبه سيبوه مخجيان، النواب: هاغوب بقرادونيان، باسم الشاب، سيبوه قلبكيان، نعمة الله ابي نصر، سليم سلهب، شانت جنجنيان، غسان مخيبر، و، وحشد من الوزراء والنواب السابقين والفاعليات السياسية والديبلوماسية والدينية والاجتماعية.

تخلل الاحتفال كلمة للمديرة التنفيذية للهيئة الوطنية الارمنية في الشرق الاوسط
فيرا يعقوبيان



«Կեանքի, Մահուան Եւ Իրաւունքի Պատմութիւն» Բնաբանով Ոգեկոչական Ձեռնարկին Ընթացքին «Ապրիլ 24-ը Օր Չէ… Անիկա Պատմութիւն Է» Ընդգծեց Սամիր Ժահժահ

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) «Մենք պիտի դառնանք ջուրի այն կաթիլները, որոնք իյնալով քարին վրայ, ուշ կամ կանուխ պիտի ծակեն զայն: Նմանապէս, ուշ կամ կանուխ ի յայտ պիտի գայ ճշմարտութիւնը, եւ այնքան ատեն որ պահանջողներ կան` իրաւունքը չի մեռնիր», ըսաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, կուսակցութեան Մեհրապի կեդրոնատեղիին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկին ընթացքին, որուն բնաբան ընտրուած էր «Կեանքի, մահուան եւ… չմեռնող իրաւունքի պատմութիւն»:

Ասիկա երկրորդ տարին էր, որ յատուկ շուքով կը նշուէր Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր կեդրոնատեղիին մէջ, ուր համախմբուած էին լիբանանահայ կեանքի կուսակցական, միութենական եւ հոգեւոր մարզերու ներկայացուցիչները` ներառեալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, մեծ թիւով լիբանանցի թէ լիբանանահայ քաղաքական գործիչներ, լիբանանեան կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած լիբանանահայ արուեստագէտներ եւ լրագրողներ:

Ոգեկոչական ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա բեմ բարձրացաւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի, եւ կատարեց «Սուրբ սուրբ» շարականը, «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ կրօններու ու ազգերու միջեւ համերաշխութեան կոչ ուղղող արաբերէն երգ մը: Անմիջապէս յաջորդեց լիբանանահայ վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի ի պատիւ պատրաստուած կարճ տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը:

Պաշտօնական խօսքերուն առաջինը ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարութեան անդամ տոքթ. Ռիշար Գույումճեան, որ բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ողջունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: «Բոլորս ալ կ՛աղօթենք Արցախի մէջ խաղաղութեան եւ վերջերս ինկած նահատակներուն հոգիներուն համար», ըսաւ Գույումճեան` խօսքը ուղղելով դեսպան Մկրտչեանին:

Գույումճեան իր խօսքին սկսաւ վերյիշելով պատմական այն պատումը, թէ ինչպէ՛ս հռոմէացի զօրավարներէն մէկը Կարթագէն այցելելէ ետք հռոմէական ծերակոյտին առջեւ խօսք առնելով կը յայտարարէ, թէ «Կարթագէնը պէտք է կործանուի»: Գույումճեան նմանութիւն տեսաւ հռոմէացի զօրավարին կեցուածքին եւ Թալէաթի, Էնվերի եւ Ճեմալի յղացած Հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրին միջեւ: Սակայն մինչ Կարթագէնը իրապէս կործանեցաւ, հայ ազգի բնաջնջման ծրագիրը երբեք կարելի չեղաւ իրագործել: Հայկական նռնենին, որ սկզբնապէս բերրիութեան եւ բարգաւաճումի խորհրդանշան է հայ մշակոյթին մէջ, եւ որ իթթիհատական ղեկավարութեան կողմէ օգտագործուեցաւ բնաջնջելու հայութիւնը, աւելի եւս աճեցաւ, զարգացաւ, տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, այս ծառը, որ ոռոգուեցաւ հայ որբերուն արցունքներով, տուաւ ժողովուրդ մը, որ մերժեց գրել մահուան պատմութիւն, այլ գրեց կեանքի պատմութիւն:

«Ո՛չ միշտ կեանքի այս պատմութիւնը լի էր ուրախութեամբ եւ հանգիստով, անոր մեծամասնութիւնը լի էր յոգնութեամբ, տանջանքով եւ զոհողութեամբ: Սակայն կասկած չկայ, որ կեանքի այս պատմութիւնը լի էր արժանապատուութեամբ, ստեղծագործութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ: Պատմութիւնը ժողովուրդի մը, որ որոշեց չմեռնիլ: Ժողովուրդը չի մեռնիր, ճշմարտութիւնը չի մեռնիր, իրաւունքը չի մեռնիր», ընդգծեց Գույումճեան:

«Մենք այսօր այստեղ ենք: Մէկուկէս միլիոն նահատակները դարձան 6 միլիոն պատիւի, ազատութեան եւ արժանապատուութեան ծաղկունքներ: Մենք այստեղ ենք, ծնանք այստեղ, կ՛ապրինք այստեղ եւ պիտի մեռնինք այստեղ` ի պաշտպանութիւն Լիբանանին: Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ լիբանանցի մեր եղբայրներուն հետ միաւորուած ենք հասարակաց հաւատքով, դատով եւ ճակատագիրով», ըսաւ Գույումճեան` խօսքը ուղղելով Ժահժահին:Յաջորդ խօսք առնողն էր Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան: Ան իր խօսքին սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող` Նայիմ պէյի, Մուսթաֆա Քեմալի եւ Տամատ Ֆերիտ փաշայի վկայութիւններէն մէջբերումներ կատարելով: Եագուպեան ըսաւ, որ 24 ապրիլ 1915-ին սկիզբն էր ողբերգական ճակատագիրի մը` հայ ժողովուրդին համար: Այդ օր Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան հայ մտաւորականները եւ քաղաքական գործիչները, որոնք սպաննուեցան իբրեւ առաջին հանգրուան 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը նկատուող Հայոց ցեղասպանութեան: Այս առաջին հանգրուանին յաջորդեց հարիւր հազարաւոր հայ մարդոց կազմակերպ տեղահանութիւնը եւ բռնագաղթը` զանոնք աւելի ապահով վայրերու մէջ վերաբնակեցնելու պատրուակով: 1915-էն 1923 սպաննուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր, անոնցմէ կարեւոր մաս մը մեռաւ սովէն եւ յոգնածութենէն` իբրեւ հետեւանք բռնագաղթին, Տէր Զօրի անապատին մէջ: Բոլոր հայկական շրջանները ջնջուեցան օսմանեան աշխարհագրութենէն:

«1915-ին սկսած Ցեղասպանութիւնը մէկ մասն էր թրքական պետութեան քաղաքական հեռահար ուղեգիծին», ըսաւ Վերա Եագուպեան` ներկայացնելով պատմական զանազան ժամանակաշրջաններու ընթացքին հայութեան դէմ թրքական պետութեան հալածանքները` սկսելով Համիտեան ժամանակաշրջանէն, անցնելով Իթթիհատականին եւ հասնելով հանրապետական ժամանակաշրջան: Ան նշեց, որ երբ 1908-ին Իթթիհատական կուսակցութիւնը իշխանութեան հասաւ, որդեգրեց ցեղային զտման քաղաքականութիւնը` թուրանական գաղափարախօսութեան հիման վրայ: Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայութեան զանգուածային բնաջնջման գործողութիւնները կատարուեցան օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաոսէն եւ դաշնակից ուժերուն` պատերազմով զբաղելու հանգամանքէն:

«Այսօր Թուրքիան իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցներով կը փորձէ ժխտել Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Թրքական արխիւներուն վրայ աշխատող ոչ մէկ պատմաբան կրնայ համապարփակ պատկերացում մը ներկայացնել հայերու բռնագաղթին եւ Օսմանեան կայսրութեան որեւէ շրջանին մէջ անոնց վերաբնակեցումին մասին` հիմնուելով օսմանեան տեղեկագիրներուն վրայ: Օսմանցիները չեն պահած մանրամասն տեղեկագիրներ հայերու տեղահանութեան եւ վերաբնակեցումին մասին, այսպիսի տեղեկագիրներ չկան օսմանեան արխիւներուն մէջ: Բայց ինչո՞ւ ոճրագործը պիտի պահէ իր դատապարտումի գործիքը», հարց տուաւ Վերա Եագուպեան` նշելով միաժամանակ, որ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը փաստող ամէնէն կարեւոր փաստաթուղթը նոյնինքն Թալէաթ փաշայի յուշերու հատորն է, որ յայտնաբերուեցաւ 2008 թուականին:

Եագուպեան իր խօսքը եզրափակեց. «Արդարութիւնը մեզմէ բոլորէն կը պահանջէ պայքարիլ յանուն պատմական ճշմարտութեան: Այսօր գոյութիւն ունեցող բաժանումը հայոց եւ թուրքերուն միջեւ չէ, այլ բաժանումն է անոնց, որոնք կ՛ընդունին Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ անոնց, որոնք կը ժխտեն այդ իրականութիւնը` անկախ իրենց պատկանելիութենէն, հաւատամքէն եւ ազգութենէն»:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ մինչ այս տարի կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը, Թուրքիան կը շարունակէ իր քաղաքականութիւնը` պատմութիւնը ժխտելու առումով: Ժխտել ոճիրներ, որոնք, մեղմ ըսած, մարդու մը կողմէ իր եղբայր մարդուն դէմ կատարուած ամէնէն տգեղ ոճիրներն են: Կարելի էր սեպել, որ այս ցեղասպանութիւնը կատարուած է իբրեւ հետեւանք Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին տիրած քաոսային իրավիճակին, ինչպէս որ կ՛ըսեն թուրք ղեկավարները, առանց նկատի ունենալու զանազան ազդակներ, որոնք կը փաստեն հակառակը: Իրականութեան մէջ ալ կատարուածը նշուածին հակառակն է, որովհետեւ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի զանազան անուանումներու տակ:

Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, որ այս շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ 1-2 ապրիլին Ազրպէյճանի շղթայազերծած զինուորական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ամբողջ սահմանագիծի երկայնքին` խախտելով 1994 թուականէն ի վեր գործող զինադադարի համաձայնագիրը: Կիտանեան նշեց, որ այս յարձակումը տեղի ունեցաւ թրքական իշխանութիւններուն ակնյայտ աջակցութեամբ: Այս իշխանութիւնները յստակօրէն յայտարարեցին, որ կը զօրակցին զինուորական այս գործողութիւններուն եւ թիկունք կը կանգնին Ազրպէյճանին` Ղարաբաղին վերատիրանալու իրենց մոլուցքին մէջ:

«Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, հատուցում չկատարելը եւ հայկական բռնագրաւուած հողերը չվերադարձնելը կը նկատուին Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութեան դրսեւորումներ, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ բազմաթիւ երկիրներ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը», ըսաւ Կիտանեան:

Աւետիս Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ հինգ տարիէ ի վեր Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական շարժումներու աջակցութեան` Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, եւ աւելի՛ն` նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ պետական ահաբեկչութեան քաղաքականութեան կիրարկման: Կիտանեան նշեալ իրողութենէն մեկնելով կոչ ուղղեց` պոյքոթի ենթարկելու ամէն ինչ, որ կապ ունի թրքական պետութեան հետ, որ կը սնէ ահաբեկչութիւնը եւ կը սնանի անով: «Պէտք է պոյքոթի ենթարկել թրքական արտադրութիւնները, զբօսաշրջութիւնը, առեւտուրը եւ ճարտարարուեստը, որովհետեւ Լիբանան օր մը օրանց զերծ չէ մնացած այս ահաբեկչութենէն, եւ Պէյրութի նահատակաց հրապարակը ասոր ցայտուն ապացոյցն է», ըսաւ Կիտանեան:

Աւետիս Կիտանեանի խօսքէն ետք ցուցադրուեցան տեսարաններ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու եւ լիբանանահայութեան մասին լիբանանցի յայտնի բեմադրիչ Քարմէն Լապաքիի պատրաստած ժապաւէններէն: Խօսք առաւ լիբանանցի հայասէր բեմադրիչը, որ նախ ողջոյնի խօսք ուղղեց Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: Ապա Լապաքի խօսեցաւ հայութեան մասին պատմող իր շարժապատկերներուն մասին` նշելով, որ երբ նախաձեռնած է իր աշխատանքին չէր կարծեր թէ անիկա պիտի վերածուի երկար «հայկական ժապաւէն»-ի մը: «Կը սիրեմ հայ ժողովուրդը: Կը սիրեմ զայն ամբողջ սրտովս, եւ անոր անունը դրոշմուած է անունիս վրայ եւ անունիս մէկ մասն է` Քարմէն=Արմէն», ըսաւ Լապաքի:

Այնուհետեւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ Սեւակ Յակոբեան, որ նկատել տուաւ, թէ պէտք չէ զարմանալ, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը կը զուգադիպի ապրիլ ամսուան սկիզբը ազրպէյճանցիներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործադրուած բռնարարքներուն: «Անկախութեան եւ ազատութեան համար` ինքնորոշման պայքար: Այս սկզբունքին համար է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը կը պայքարի», ըսաւ Սեւակ Յակոբեան:

Սեւակ Յակոբեան նաեւ նշեց, որ այսօր իրենք Մեհրապ կը գտնուին վերընդգծելու համար, որ հայերը եւ արեւելքի քրիստոնեաները կը միաւորէ միեւնոյն ճակատագիրը:

Խօսք առաւ նաեւ ՍԴՀԿ-ի ուսանողական թեւի պատասխանատու Անդրանիկ Սալպաշեան: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն, ասորիներուն, քաղդէացիներուն եւ եզիտիներուն դէմ գործուած ջարդերը բոլոր չափանիշներով ցեղասպանութեան ոճիրներ են: Ասոնք ոճիրներ են, որոնք պատժելի են միջազգային օրէնքին եւ մարդկային իրաւանց ուխտերուն կողմէ: Սալպաշեան նշեց նաեւ, որ թրքական պետութիւնը մեղսակից է Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն շարունակութեան` մատնանշելով, որ ներկայիս Թուրքիան բռնատիրական երկիր մըն է, որ կը հալածէ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող իր բնակիչները:

Հակիրճ խօսք առաւ նաեւ լիբանանահայ անուանի հաղորդավար Նշան Տէր Յարութիւնեան, որ ըսաւ. «Ես կը խօսիմ իմ դատիս մասին` իմ լիբանանեան դաստիարակութեանս, մշակոյթիս եւ արժէքներուս ընդմէջէն»: Ան աւելցուց. «Մշակոյթներ կը վերացուին, կրօնական համայնքներ եւ ազգեր կը բնաջնջուին, հաւաքականութիւններ բռնութեան կ՛ենթարկուին եւ կ՛ուղարկուին անապատները, բռնագաղթի կ՛ենթարկուին, կը սպաննուին եւ կը մորթուին: Սակայն, տարուէ տարի հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութիւնը եւ զայն բնաջնջելու փորձը կը մնան ամօթի խարան մարդկութեան ճակատին վրայ` քաջալերելով բազմաթիւ ուրիշ ջարդերու գործադրութիւնը` չպատժուած Ցեղասպանութիւնը քաջալերուած Ցեղասպանութիւն է սկզբունքով»:Նշան Տէր Յարութիւնեան անակնկալ մատուցեց ներկաներուն, երբ բեմ հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած 106-ամեայ հայ մամիկ մը` Մարի Կիլիկեան, Սամիր Ժահժահի ներկայութեան:

Եզրափակիչ խօսքը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահինն էր: Ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդին տառապանքը ամբողջ արեւելեան քրիստոնէութեան տառապանքն է, անիկա տառապանքն է բոլոր համայնքներէն արեւելքի բոլոր ազատներուն, տառապանք մը, որ կը կրկնուի լռութեան եւ մեղսակցութեան պայմաններու մէջ, որոնք իրենց շուքը կը ձգեն մեր անցեալին ու ներկային վրայ: Այսօր մենք կը յիշենք տառապանքները` յուսալով, որ այս լռութիւնը, այս մեղսակցութիւնը իր շուքը չձգէ մեր, մեր շրջանին ու հայրենիքին ապագային վրայ»:

Սամիր Ժահժահ ըսաւ, որ Ապրիլ 24-ը սոսկական օր մը չէ: Անիկա պատմութիւն է: Պատմութիւն մը, որ կը մարմնաւորուի «վայրկեանին» մէջ, կարծես հազար տարի ըլլար: Ժահժահ ըսաւ, որ «այսօր եւ ամէն օր հայ ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր հալածուած մարդու նկատմամբ մեր զօրակցութիւնը երկու հիմնական պատճառ ունի: Նախ, որովհետեւ կարեւորութեամբ կը շեշտենք մարդու դատը, անոր ազատութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ապահովութիւնը: Ասիկա է մեր դատը նախ եւ առաջ, բոլոր ժամանակներուն եւ վայրերուն մէջ: Երկրորդ պատճառը այն է, որ ինչ որ երէկ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդին հետ, եւ տեղի կ՛ունենայ այսօր շրջանի ժողովուրդներուն հետ` անոնց քրիստոնեայ թէ իսլամ բաղադրիչներով, կրնայ տեղի ունենալ վաղը որեւէ ժողովուրդի հետ, եթէ միջազգային ընկերութիւնը դասեր չքաղէ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ասորիներու «Սէյֆօ»-էն:

Ժահժահ հաստատեց, որ «Հայոց ցեղասպանութիւնը մեզ կը մղէ յիշելու բոլոր նմանօրինակ հարցերը եւ ի մասնաւորի Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Լեռնալիբանանի պաշարման աղէտը, որ պատճառ դարձաւ բնակչութեան մէկ երրորդին մահուան` այդ օրերուն տարածուած սովին իբրեւ հետեւանք: Ասիկա մեզ աւելի վճռակամ կը դարձնէ կառչելու հայ ժողովուրդին իրաւունքներու ձեռքբերման` իբրեւ մուտք բոլոր հալածուած եւ իրաւազրկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու ձեռքբերման»:

Ձեռնարկի աւարտին լիբանանահայ գեղանկարիչ Մարալ Մանիսալեան Ժահժահին նուիրեց գեղանկար մը, որ կը ներկայացնէր օրուան խորհուրդը: