(ԱԶԱՏ ՕՐ) Չորեքշաբթի՝ 30 Մարտ 2016ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, Թեսաղոնիկէի «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ՝ կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Համազգայինի վարչութեան:
Օրուան բանախօսն էր պարոն Ի. Խասիոթիսը՝ նիւթ ունենալով «Հայկական-Յունական հայրենասիրութիւն»ը:
Սրահէն ներս 120 հոգիէ աւելի կը հետեւէին սոյն դասախօսութեան։ Պարոն դասախօսը շատ լաւ ձեւով ներկայացուց երկու ազգերուն միջեւ առգոյ նմանութիւնները, ինչպէս նաեւ ցոյց տուաւ անոնց յաւերժականութեան արժէքը:
Բանախօսը ներկայացուց հիմնական «բաղադրիչները» հայ ազգային գաղափարին, որ յայտնուած է ժամանակի ընթացքին եւ իրականութիւն դարձած՝ ներկայ ժամանակներուն: Տարբեր պատճառներով «բաղադրամասերը», որ համեմատ յունականին, շատ աւելի պարզ են նախորդ ժամանակաշրջաններէն (առնուազն միջնադարէն ի վեր): Այդ իսկ պատճառով, հայերու ջանքը ազատելու օսմանեանան տիրապետութենէն սկսաւ կէս դար ետք յունական յեղափոխութենէն (1821): Ամենակարեւորը այն է, որ պատմականօրէն այս երկու դէպքերը նկատուած չեն միայն 18րդ դարու վերջերը եւ 19րդ դարու ընթացքին, այլ այս դէպքերը ամրապնդուած են միջազգաին պատմագրութեան՝ հայ եւ յոյն պատմաբաններու վկայութեամբ:
Պարոն դասախօսը իր տարիներու գործունէութեամբ, սէր եւ յարգանք ցուցաբերած է հանդէպ հայ համայնքին, այդ իսկ պատճառով այս ելոյթի կազմակերպողները յուշանուէր մը պատրաստեցին պրն. Խասիոթիսին, ինչ որ յանձնուեցաւ Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհիին՝ տիկ. Տիրուհի Ղալիլէա Գալֆայեանին կողմէ։
Իոաննիս Ք. Խասիոթիս վաստակաւոր փրոֆեսոր է ժամանակակից պատմութեան Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլ համալսարանին մէջ:
Ան տարիներ շարունակ, որպէս այցելու փրոֆեսոր, ուսուցանած է Կիպրոսի համալսարանին եւ Եւրոպայի, Աւստրալիայի ու Ամերիկայի Մ. Նահանգներու ուսումնական հաստատութեանց մէջ:
Կրանատայի համալսարանին մէջ, ան ստացած է ոսկէ շքանշան, սպանական կառավարութեան կողմէ հրամանատարի շքանշան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ բարձրագոյն շքանշանը արուեստի եւ գրականութեան: Ան հրատարակած է 17 գիրք եւ աւելի քան 200 յօդուածներ յունական եւ արտասահմանեան ամսագիրքերու մէջ: Անոր ուսումնասիրութիւնները ունին հետեւեալ հիմնական թեմաները.
– Վաղ շրջանը եւրոպական միասնութեան.
– Ժամանակակից յունական սփիւռքը.
– Յունական-սպանական յարաբերութիւնները.
– Հայ-յունական յարաբերութիւնները եւ արեւելեան հարցը։
Յունական-հայկական յարաբերութիւններու մասին ան նուիրած է շարք մը ուսումնասիրութիւններ: (2012) Հրատարակած է Greek Foreign Policy Towards the Armenian Issue:
Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ ի պատիւ պրն. դասախօսին, բոլոր ներկաներու մասնակցութեամբ:
Ս. Վ. Ս.
Լուսանկար՝ Տիրուհի Ղալիլէա Գալֆայեան, Իոաննիս Խասիոթիս