“The Armenian Cause, Today”: this afternoon at 5 pm on Radio Voice of Van (94.7 & 95.0 MHz fm, Beirut).
The 2nd episode will be about the activities of the Armenian National Committees around the world.
Live streaming and podcasting: www.voiceofvan.net
Listen to the talk show by clicking here.
«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. Հայ Դատի Մարմիններու Կառոյցն Ու Աշխատանքները
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարին երկրորդ հիւրն էր Յակոբ Հաւաթեան` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարզի պատասխանատու, իսկ նիւթը` «Հայ դատի մարմիններու կառոյցն ու անոնց աշխատանքները»:
ՀԱՐՑՈՒՄ.-Առաջին անգամ ըլլալով ե՞րբ եւ ո՞ւր կազմուեցան Հայ դատի մարմինները. արդեօք կայի՞ն քաղաքական պատճառներ, որոնք մղած են այս քայլը առնելու:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ.-Բնական է, որ իրաւազրկումներու, անարդարութիւններու ու նաեւ ազգային դառն ճակատագիրի ենթարկը-ւած հաւաքականութիւններուն համար մէջտեղ կու գայ դատ մը, եւ այդ դատի պաշտպանութեան համար կը ձեւաւորուին համապատասխան աշխատանքներ եւ կը ճշդուի համապատասխան ռազմավարութիւն: Նախ ըսեմ, որ մենք Հայ դատ հասկացողութիւնը Պերլինի խորհրդաժողովէն արդէն ընկալած ենք, երբ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ի նշանաւոր պատմական ճառը առկայ էր եւ այն ատենէն սկսեալ հայ ժողովուրդը միշտ ալ գտնուած է իր սեփական ճակատագիրը իր սեփական միջոցներով լուծելու, իր ճակատագիրին ամբողջականօրէն տէրը կանգնելու հարկադրանքին դիմաց:
Պէտք է ընդունինք, որ այսօր Հայ դատի մեկնարկման, հետապընդ-ման թուականը բաւական հին է, բաւական խոր արմատներ ունի. հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ Ցեղասպանութեան, կորսնցուց իր համրանքին կարեւոր, շատ մեծ համեմատութիւնը, տեղահան դարձաւ իր ծննդավայրէն, իր հողատարածքը կորսնցուց եւ դարձաւ նաեւ աքսորի ենթակայ: Այս ծիրին մէջ բնական է, որ սկզբնական հանգրուանին ժողովուրդը պիտի պատրաստուէր իր նոր կացութիւնը ընկալելու. նաեւ, երբ մենք ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք, տեղահան դարձանք եւ անմիջական պատսպարան գտանք այսպիսի հիւրընկալ քաղաքներ, երկիրներ, մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ կար այնպիսի հաստատ համոզումը, որ մենք եթէ ոչ վաղը, բայց անպայման միւս օր վերադառնալու ենք երկիր. եւ այդ պատճառով համախումբ կեանք ձեւաւորելու, ձեւով մը մեր համայնքները կազմակերպելու յատուկ միջոցառումներ առաջին հանգրուանով տեղի չունեցան: Ցեղասպանութիւնը նոր էր, անոր կսկիծը, անոր ձգած վէրքը նոր էր, եւ ժողովուրդը կը սգար իր հարազատներուն կորուստը, իր ինչքերուն կորուստը, իր ճակատագիրով այնքան մը ընկճուած էր, որ իրեն համար բաւարար էր աղօթել, եկեղեցի երթալ, իր կորուսեալներուն հոգիի խաղաղութեան համար հոգեհանգիստ կատարէր, նոյնիսկ գաղութային յատուկ հոլովոյթ չկար տակաւին: Տարիները սկսան թաւալիլ, եւ կամաց կամաց Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները եկան այն եզրակացութեան, որ այդքան ալ ժամանակաւոր կացութիւն մը չէ ստեղծուածը, եւ մենք պարտաւոր ենք, իբրեւ հայութիւն, մեր հողերէն աքսորուած հաւաքականութիւն, առաջին հերթին մեր ինքնութիւնը պահելու մասին մտածել, այլապէս կորուստի ճամբան շատ դիւրին էր, այլապէս երկրորդ ցեղասպանութիւն մը տեղի պիտի ունենար. ուստի անմիջապէս սկսան մտածել դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եռեակ հասկացողութեան մասին, որ միշտ ալ ոեւէ հաւաքականութեան մէջ կարեւոր եւ առանցքային դեր ունեցած է մանաւանդ սփիւռք հասկացողութեան մէջ, ուր պետութեան բացակայութեան մէջ այս եռեակը բնական ձեւով տէրը կանգնած է ժողովուրդի մը ճակատագիրին դաստիարակչական, կազմակերպական, մշակութային եւ այլ հարթակներու վրայ: Այս հանգրուանը մինչեւ 1940-ական թուականներ պէտք է նկատի ունենանք, սփիւռքի վերակազմակերպման հանգրուան էր, հոս որեւէ ձեւով ճիշդ պիտի չըլլայ ակնկալել քաղաքականացման եւ պահանջատիրական գործընթաց մը, երբ հայ մարդուն ցեղասպանութեան կրած արհաւիրքը տակաւին մեծ է եւ տակաւին յոյս մը ունէր, որ կրնար վերադառնալ երկիր: Այս իրավիճակն է, որուն կը հանդիպինք առաջին հանգրուանին, մինչեւ, կարելի է ըսել, Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկիզբը: Մինչ այդ հայ հասարակութեան գիտակցութեան մէջ ալ չէր ընդհանրացած այն միտքը, թէ հայ ժողովուրդը հաւաքաբար կրնայ ոտքի կանգնիլ եւ տէր դառնալ իր իրաւունքներուն, կար ուրիշ հասկացողութիւն մը, որ խորհրդային իշխանութիւններէն դուրս կարելի չէ գտնել այլ փրկութիւն, եւ այս մէկը ինքզինք կը պարտադրէր: Այն ատեն Խորհրդային Միութեան համակարգը իր խոր ազդեցութիւնը ձգած էր յատկապէս Հայաստանի մէջ եւ նաեւ սփիւռքի տարբեր հաւաքականութիւններու վրայ: Արտասահմանի հայութիւնը քաղաքական տեսակէտէ չէր կրնար որեւէ ըսելիք կամ ընելիք ունենալ, Հայ դատի հետապնդման իրաւունքը վերապահուած է խորհրդային վարչակարգին եւ անոր իշխանաւորներուն: Կար աւելին. անոնց մօտ առկայ էր այն տեսակէտը, որ սփիւռքի կողմէ նախաձեռնուած Հայ դատի հետապնդման որեւէ քայլ կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ ընդհանրապէս հայութեան եւ Հայաստանի գործերուն վրայ:
Այս բոլորին մէջ կար մէկ հանգամանք. ձեւով մը եւ անուղղակիօրէն Հայ դատի գոյութիւնը ուրանալ` խորհրդային մտայնութեան տէր եղողներուն մօտ: Կար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ կը պնդէր, թէ պատերազմը եւ միացեալ ազգերու յաղթանակը պատեհ առիթ էր արծարծելու համար Հայ դատը: Այսպէս կը մտածէր ՀՅԴ-ն, եւ քանի որ Հայաստանը իր խորհրդային վարչակարգով ի վիճակի չէր դառնալու ջահակիրը Հայ դատի հետապնդման, եւ տեղահան դարձած արեւմտահայութիւնը զրկուած էր իր բնօրրանէն եւ իր տարրական իրաւունքներէն, Դաշնակցութիւնը ինք կը ստանձնէր հայութեան այդ կարեւոր հատուածի հարազատ իղձերուն թարգմանը հանդիսանալու համահայկական եւ մեծ յանձնառութիւն ենթադրող պարտաւորութիւնը: Այս երկու հակադիր մտայնութիւններուն միջեւ երկար եւ խոր բանավէճեր տեղի ունեցան: Դաշնակցութիւնը միշտ ալ փորձեց այս առանցքին վրայ միացեալ տեսակէտ ձեւաւորել. պէտք է յստակ դառնայ, որ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքը ոչ մէկ օր ուզած է ՀՅԴ¬ն իր մենաշնորհը դարձնել: Ան կը հաւատայ, որ Հայ դատը կը պատկանի բոլորին եւ բոլորը պէտք է յանձնառու դառնան Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն: Այս իսկ պատճառով այժմէականացնելու համար խնդիրը, եթէ այսօր մենք նախանձախնդիր ենք, որ առաւելագոյն համակիրներ, հայեր գործօն մասնակցութիւն ունենան Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, այդ մէկուն արմատները պէտք է փնտռել այն հանգամանքին մէջ, երբ հիմը դրուեցաւ Հայ դատ հասկացողութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներու հետապնդման: Այս իմաստով անցեալին կարելի չեղաւ միացեալ ճակատ ձեւաւորել եւ այդ թուականներուն ՀՅԴ-ն որոշեց ինք առանձինն իր սեփական միջոցներով կացութեան տէրը կանգնիլ եւ Հայ դատի աշխատանքները ձեւաւորել: Հայ դատի հետապնդման համար առաջին հերթին հանգանակութիւնը կատարւեցաւ 1944¬ի սկիզբը, եւ հայ ժողովուրդը խանդավառութեամբ արձագանգեց անոր` կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին Հայ դատի պաշտպանութեան համար 165,000 տոլար գոյացնելով: Նոյն տարուան վերջերուն սկսաւ կազմաւորուիլ Հայ դատի յանձնախումբը Նիւ Եորքի մէջ, ազգային հիմքի վրայ եւ անոր յանձնուեցաւ Հայ դատի պաշտպանութեան գործը. Հայ դատի յանձնախումբը, որ մինչեւ օրս կը պահէ իր անունը Armenian national committee սկսաւ գործել 1944 դեկտեմբերին եւ առաջին գրասենեակը հիմնուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, 1945-ի սկիզբը:
Հ.-Հայ դատի մարմիններու կառոյցին մասին խօսելով` ի՞նչ են տարբերութիւնները յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն միջեւ, ի՞նչ տարբեր նպատակներու համար այս երկու կառոյցները ստեղծուած են:
Յ. Հ.-Նախ պէտք է ըսել, որ Հայ դատի հետապնդման գործու- նէութեան ընդհանուր ծիրը եւ անոր միջոցներու որդեգրումը 1945¬ական թուականներէն արդէն իսկ որդեգրուած կացութիւն մըն է, կը պահէ իր այժմէականութիւնը` անշուշտ քայլ պահելով ներկայ պայմաններուն եւ յարափոփոխ ընթացքին հետ: Վերահաստատենք, որ ՀՅԴ¬ին համար ընդհանուր սկզբունքները մնացած են նոյնը, նաեւ` միջոցները. հիմնական միջոցը եղած է անշուշտ այն մարդուժը, որ ինքնակամ ձեւով եկած ու կառչած է այս գործին, սակայն ընդհանուր պայմաններու փոփոխութեամբ, գործելաոճային արդիա-կանացումով կարեւոր եղած է մասնագիտական գործը, որովհետեւ երբ այդ մէկը չըլլայ, կարելի չ՛ըլլար քայլ պահել այս դարու պահանջներուն հետ եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց կանգնիլ իբրեւ հաւաքականութիւն: Յանձնախմբային աշխատանքները երկար ատեն իրենք զիրենք արտայայտած են գետնի վրայ, բայց ժամանակի ընթացքին նկատելի եղած է, որ այս կարեւոր գործը կը պահանջէ յաւելեալ ճիգ, յաւելեալ ներդրում, ամէնօրեայ հետեւողական ու մնայուն աշխատանք. առ այդ, ՀՅԴ¬ն որոշած է կարիքը եղած վայրերուն մէջ յանձնախումբերու կողքին նաեւ յառաջացնել գրասենեակներ: Հայ դատի յանձնախումբերը այդ անունին տակ սկսած են գործել աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր:
Հ.-Ո՞ր շրջաններուն մէջ գրասենեակներ ունինք:
Յ. Հ.-Այսօրուան դրութեամբ Հայ դատի գրասենեակները կը գործեն հիմնական 5 շրջաններու մէջ, որոնց բոլորին աշխատանքն ալ կը համադրուի Հայաստանի Կեդրոնական գրասենեակին կողմէ, որ նախքան Հայաստանի անկախացումը` կը գործէր Աթէնքի մէջ, այդտեղէն կը ղեկավարուէր գործը. Հայաստանի անկախացումով բնականաբար գրասենեակը փոխադրուեցաւ Հայաստան եւ այսօր Հայ դատի աշխատանքներու համադրումէ աւելի, ՀՅԴ¬ի միջազգային քաղաքական բոլոր աշխատանքները համակարգողն է:
Այսօրուան դրութեամբ կը գործէ Ամերիկայի Ուաշինկթընի գրասենեակը, որ հիմնուած է 1984¬ին: Ան հրապարակ կու գայ որպէս ամերիկահայութեան քաղաքական առաջադրանքները ու շահերը ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մէջ հետապնդող գլխաւոր կառոյց: Երկրորդը Մոսկուա` հաստատուած 1993 թուականին եւ կը գործէ հիմնականօրէն իբրեւ Բիւրոյի քաղաքական գրասենեակ: Այս գրասենեակը իր աշխատանքը կը ծաւալէ նաեւ ԱՊՀ անդամ երկիրներու մէջ: Երրորդը Պրիւքսէլի գրասենեակն է, հիմնուած` 2002¬ին. վերջին շրջանի Հայաստանի եւ ընդհանուր հայութեան յարաբերութիւնը շատ կարեւոր էր եւրոպական շրջանակներուն հետ, ոչ միայն Հայ դատի հետապնդման իմաստով, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ այլ գործադաշտերու իմաստով, հետեւաբար Պրիւքսէլի մէջ գրասենեակին ներկայութիւնը կարեւորութիւն ունի: Պրիւքսէլի մէջ հաստատուած են եւրոպական գլխաւոր կառոյցներ: Գրասենեակի կողքին կը գործէ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը, որ իր յարաբերութիւնները կը ծաւալէ Եւրոպայի մէջ գտնուող միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ: Յայտնենք, որ այլ շրջաններու մէջ եւս շրջանային Հայ դատի յանձնախումբերու գործակցութիւնը մնայուն է գրասենեակներուն հետ:
2005¬ին հիմը դրուեցաւ Միջին Արեւելքի գրասենեակին, որ հաստատուեցաւ Պէյրութի մէջ, իր գործունէութեան առանցքն են Միջին Արեւելքի երկիրները: Գրասենեակը կը միտի իսլամական երկիրներու քաղաքական եւ այլ շրջանակներու մէջ հանրային կարծիք ձեւաւորել եւ մեր առաջադրանքներուն նկատմամբ բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել: Միջին Արեւելքի երկիրներու իսլամական կամ այլ խորհրդաժողովներու ընթացքին Ազրպէյճան օգտագործելով իր կրօնական պատկանելիութիւնը` կը փորձէ հակահայ որոշումներ անցընել եւ անոր զօրակցութիւն ապահովել: Այս ձեւով կը կարեւորուի Միջին Արեւելքի այս գրասենեակին ներկայութիւնը` հանրային կարծիքը ճիշդ կողմնորոշելու եւ մեր խնդիրները ճիշդ բացատրելու առումով:
Վերջապէս Երեւանի մէջ կը գործէ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակը, որ կը համադրէ Հայ դատի համար տարուող բոլոր աշխատանքները:
Հ.-Գալով աշխատանքային դաշտերուն` ի՞նչ ծիրերու մէջ է, որ Հայ դատի մարմինները ներդրում ունին:
Յ. Հ.-Հայ դատի մարմիններուն գործունէութիւնը բազմատարած եւ բազմաբնոյթ է, այստեղ կարեւոր է անդրադառնալ այն հանգամանքին, որ իւրաքանչիւր շրջանի իւրայատկութիւնները պէտք է ըմբռնել: Իւրաքանչիւրը իր առանձնայատկութիւններէն մեկնած` կը ծաւալէ արտաքին եւ ներքին քարոզչութիւն. երկուքն ալ կարեւոր են, մէկը` ներազգային ճակատի վրայ` ժողովուրդը միշտ պատրաստ պահելով համահայկական խնդիրներու եւ համահայկական օրակարգերու, անոնց քննարկումը դնելով ամենալայն ծաւալով, հարթակի վրայ, որովհետեւ ասիկա կարեւոր է. դուն կը պահանջես, բայց պէտք է գիտնաս, թէ ի՛նչ կը պահանջես: Քաղաքական հասուն մտածողութիւն, ըմբռնողութիւն պէտք է, հետեւաբար միայն ուզելով չ՛ըլլար, պէտք է անձը զինուի այսօրուան բոլոր տուեալներով, որոնք զինք պատրաստ կը դարձնեն դիմացինին հետ պայքարի դաշտ իջնելու: Դասախօսութիւններով, կլոր սեղաններով, հրատարակութիւններով, դասանիւթերու պատրաստութեամբ, սերունդը պէտք է պատրաստուի Հայ դատի պահանջատիրական երթին, միշտ պատրաստ` իբրեւ Հայ դատի զինուոր: Երկրորդը արտաքին ճակատի վրայ կու գայ` դիւանագիտական ցանցին մօտ, պետական շրջանակներուն, խորհրդարաններու, կառավարութիւններու եւ քաղաքական այլ շրջանակներու մէջ. օրինակի համար, Լիբանանի մէջ քաղաքապետութեան մը ճանաչումը այդքան ալ մեծ նշանակութիւն չի կրնար ունենալ, սակայն Ամերիկայի մէջ սա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է, հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար Ամերիկայի մէջ. ուրեմն ուժերու, ճիգերու ուղղուածութիւնը պէտք է այս իմաստով նաեւ հունաւորել: Այս բոլորին համար կայ անհրաժեշտութիւնը մասնագիտական մօտեցումին: Հիմնական մարդուժը մեր ժողովուրդն է, առանց որուն` մեր Հայ դատի յանձնախումբերուն գործունէութիւնը կը դառնայ ինքնանպատակ:
Հ.- Կրնա՞ք յատկանշական օրինակներով ներկայացնել, թէ Հայ դատի մարմինները ի՞նչ գործ կը տանին հետեւեալ գործելադաշտերուն մէջ. առաջին` թուրք ժխտողականութեան քաղաքականութեան դէմ, երկու` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իմաստով, երեք` Արցախի գծով, իսկ չորրորդ` Նախիջեւանի եւ Ջաւախքի գծով:
Յ. Հ.- Ասոնք բոլորը հրատապ եւ առաջնահերթ համահայկական խնդիրներ են, սակայն այս բոլորէն առաջ պէտք է յստակացնել, որ ազգովին կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, որ կոչուած է ներազգային իմաստով մեր պահանջատիրութիւնը նոր աւելի ծաւալուն գործունէութեան հարթակին վրայ դնելու, որովհետեւ այս իմաստով մենք պէտք է նկատի ունենանք այն իրականութիւնը, որ թշնամին քնացած չէ: Դուք կ՛ակնարկէք ժխտողական քաղաքականութեան: Պէտք է մենք հետեւինք այն գործընթացին, որ այսօր առկայ է թրքական կողմին մօտ, այն միլիոնաւոր տոլարներուն, որոնք կը ծախսուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ընդհանուր քարոզչական մթնոլորտը կանխելու իմաստով. ժխտողականութիւնը արդէն ինքնին այնպիսի թղթածրար մըն է, որուն առկայութիւնը մեր ժողովուրդը ըմբռնած է, եւ այդ հարցը դրած է մասնագիտական իրաւական հիմքի վրայ. այդ պատճառով ճանաչումէն դէպի հատուցում ընթացող պահանջատիրական երթը այդ ժխտողականութեան դիմաց ամուր պատուար մըն է: Մեր ժողովուրդը այսօր կը գտնուի այն հանգրուանին, որ իրական հատուցման հանգրուանն է: Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, գործընթացը կը շարունակուի, բայց արդէն ճանաչումէն մէկ քայլ անդին ենք եւ հատուցման թղթածրարը իբրեւ գերխնդիր` դրուած է մեր առջեւ, եւ թշնամին ասոր համար իսկ իրարանցումի մէջ է: Ինչ կը վերաբերի Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ջաւախքի, առաջին հերթին Հայաստանի պետականութեան ամրակայման մէջ պէտք է տեսնել այդ խնդիրներուն լուծումը: Այսօր Հայ դատի յանձնախումբերը ամերիկեան ցամաքամասին վրայ մեծ աշխատանք կը տանին, որպէսզի շրջանի երկիրներուն տրամադրուող օժանդակութիւններէն բաժին իյնայ նաեւ Հայաստանին, որովհետեւ Ազրպէյճան յաճախ խոչընդոտող, արգելակող օղակ մըն է մեր դիմաց կանգնած: Երկրորդ` Արցախի պետականութեան ամրակայման, Արցախի ճանաչման համար մեր յանձնախումբերը եւ գրասենեակները միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ եւ նաեւ խորհրդարաններէ ներս կը ծաւալեն հսկայական գործունէութիւն. վերջապէս, Նախիջեւանի եւ Ջաւախքի համայնքներու կեանքը բարելաւելու, անոնց ազգային համայնքային իւրայատկութիւնները յարգելու իմաստով Հայ դատի յանձնախումբերը զանազան առիթներով համայնքային ներկայացուցիչները կը հրաւիրեն եւրոպական տարբեր երկիրներ, տարբեր կազմակերպութիւններու մօտ կը փորձեն համայնքային օժանդակութիւններու ձեռքբերումը դիւրացնել եւ այլն: Հետեւաբար այնքան բազմածիր է, որ իսկապէս մեր ժողովուրդէն մեծ ներդրում եւ մեծ կարողականութիւն կ՛ենթադրէ: Այս բոլորին մէջ երբ մենք տարբեր շրջաններու մէջ կը յայտարարենք Հայ դատի համար օժանդակութեան արշաւ, Հայ դատի նուիրահաւաք եւ այլն, մեր ժողովուրդը անվերապահ եւ ամբողջական գիտակցութեամբ կ՛ընդառաջէ այդ կոչին, որովհետեւ հաւատացած է, որ այս մեր գոյութեան իմաստն է: Եթէ Հայ դատի հետապնդման ընդհանուր աշխատանքներէն վայրկեան մը կանգ առնենք, շատ լաւ գիտցէք, որ այլեւս իբրեւ հայութիւն մեր գործը բաւական դժուար կ՛ըլլայ եւ ենթակայ մեծ մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու: Այս պարագային մեր վախճանական նպատակը, որն է` ամբողջական մեր հողերու ազատագրումը եւ անոնց վերադարձը իր իրաւատիրոջ, այսինքն` հայ ժողովուրդին, նաեւ կրնայ վտանգուիլ:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանի Հանրապետութեան ներդրումը այս գծով, կրնա՞նք որոշ գործակցութեան մը մասին խօսիլ:
Յ. Հ.- Խորհրդային վարչակարգի օրերէն սկսեալ ՀՅԴ-ի կարծիքը միշտ ալ եղած է Հայ դատի առանցքին շուրջ ձեւաւորել համահայկական միացեալ կեցուածք: Հայ դատի մեր յանձնախումբերը, յատկապէս Հայ դատի Երեւանի մեր կեդրոնական գրասենեակը մնայուն կապի մէջ են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ եւ շատ մը հարցեր կը համակարգուին` հայութեան պահանջատիրական երթին եւ այդ բոլորը` ի նպաստ Հայաստանի եւ հայութեան ծառայեցնելու: Մեզի համար կրնայ վարչակարգը ընդունելի չըլլալ, ընդդիմադիր ենք այսօր, բայց Հայ դատի պահանջատիրական մեր ընդհանուր երթին մէջ, երբ մենք կը հաւատանք բոլոր ուժերու համախմբումին, Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւնները կը դառնան ամբողջական եւ նպատակաուղղուած:
Հ.- Արցախի գծով, արդեօք հանրապետութեան եւ մեր Հայ դատի մարմիններուն միջեւ գործակցութիւն կա՞յ:
Յ. Հ.- Հանդիպումները Արցախի իշխանութիւններուն հետ, պետական շրջանակներու հետ, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ մնայուն են, Արցախի կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ Դաշնակցութիւնը ներկայութիւն է: Կապերը շատ հեզասահ են, եւ ընդհանուր Արցախի առնչուած խնդիրները համապարփակ ծրագրաւորումի կ՛ենթարկուին բոլորիս մասնակցութեամբ:
Հայ դատի գրասենեակներէն իւրաքանչիւրը իր երկրին մէջ իր պետութեան հետ տարբեր տեսակի յարաբերութիւններ ստեղծած է:
Մեկնելով իւրաքանչիւր շրջանի, երկրի, համայնքի իւրայատկութիւններէն, որոշ տարբերութիւններ կան. առաջինը` կարողականութեան, այսինքն` մեծաթիւ եւ փոքրաթիւ համայնքներու. այսպիսի գործ մը համաժողովրդային նեցուկի կը կարօտի. մեծաթիւ համայնքը շատ աւելի աշխուժ, շատ աւելի գործունեայ, նպատակաուղղուած կրնայ աշխատիլ. երկրորդը` երկրի ընձեռած կարելիութիւնները, այսինքն` երկրի վարչակարգը, թէ որքանո՛վ կ՛արտօնէ այսպիսի աշխատանքներու ծաւալումը. երրորդը` այդ երկրին նշանակութիւնը միջազգային ընդհանուր քարտէսին վրայ, այսինքն այսօր որոշումի կեդրոններ կան, միջազգային ուժեր կան միջազգային որոշումները գործնականացնող պետութիւններ կան: Հետեւաբար պէտք չէ զարմանանք, եթէ հիմնական ուղղուածութիւնը այդ պետութիւններու հանրային կարծիքին վրայ ազդելու կը միտի, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ փոքր երկրի մը խորհրդարանը ընդունի, բայց այդ մէկը համաշխարհային միջազգային կարծիք ձեւաւորելու իմաստով այն ազդեցութիւնը չունենայ, ինչ որ կ՛ունենայ որոշումի կեդրոն երկիրներու կարծիքը, հետեւաբար բոլոր աշխատանքները կը գնահատենք, բայց պէտք է հասկնանք, թէ սա պահուն կան առաջնահերթութիւններ, որոնք պէտք է լաւապէս դասակարգել եւ ըստ այնմ մեր գործը ծրագրենք: Ատոր կը միտին Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու տարեկան խորհրդաժողովները, հանդիպումները եւ փոխադարձ այցելութիւնները եւ Հայ դատի տարբեր գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու միջեւ ստեղծուած համագործակցութեան մեքանիզմները:
Հ.- Գնահատական մը կատարելէ ետք Հայ դատի աշխատանքներուն մասին, ձեր կարծիքով, ի՞նչ կ՛ակնկալուի իրենց աշխատանքը աւելի յառաջ տանելու գծով, այսինքն տարբեր աշխատանքներ աւելի ճանաչում ստանան, ժողովուրդը աւելի իրազեկ դառնայ այս նիւթերուն մասին:
Յ. Հ.- Կարելի չէ պատկերացնել պահանջատիրութեան ուժեղացում, ծաւալում, եթէ մենք երբեք չունենանք մեզի նեցուկ ժողովուրդը, որ մեր ուժի հիմնական աղբիւրն է, եւ այդ ժողովուրդը պիտի գայ եւ Հայ դատի աշխատանքներու հիմնական զինուորը դառնայ: Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ ժողովուրդէն պիտի լսէ տեսակէտները եւ հունաւորէ իր աշխատանքը: Հետեւաբար Հայ դատի աշխատանքը իւրաքանչիւր հայու գոյութեան եւ պատկանելիութեան խնդիր է. հետեւաբար ինք մասնակից պիտի դառնայ:
Այս խնդիրը մեզ բոլորս միաւորող խնդիր է, որովհետեւ երբ մենք ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք, ոչ մէկ զանազանում դրուեցաւ: Այնքան շատ են մարտահրաւէրները, որ մենք միայն միաճակատ կրնանք տէրը կանգնիլ մեզի վստահուած պարտականութեան, որ մեզի վստահւեցաւ իբրեւ սերունդ, իբրեւ երիտասարդութիւն: 25 տարիներ առաջ երիտասարդական մեծ համախմբումի մը ընթացքին երիտասարդ մը գերխանդավառ վիճակով երբ կը լսէր դասախօսութիւն Հայ դատի այժմէական մեր խնդիրներուն մասին, համարձակ ձեւով դասախօսին ուղղեց իր հարցը` ըսելով, որ մենք կը խօսինք առաջնահերթութիւններու մասին, խնդիրներու մասին, թէ արդեօք ե՞րբ պիտի գայ յաղթանակի օրը:
Դասախօսը ըսաւ. «Եթէ կ՛ուզես, ըսեմ 100 տարի, գնա՛ եւ աշխատէ՛»: Մենք այսօր ալ այդ 100 տարուան վճռակամութեամբ պէտք է շարունակենք, այլապէս ուրիշ ճար չունինք, պայքարը կէսին կարելի չէ կանգնեցնել, պիտի շարունակենք. մեր յաղթանակի ժամը որեւէ ատեն կրնայ հնչել, մեր պայքարը կրնայ որեւէ ատեն յաղթանակել, կարեւորը մեր ժողովուրդը ի՛նքը պատրաստ ըլլայ, եւ մենք այս բոլորը կարենանք մէջտեղ բերել համախմբուած եւ միակամ: