Սուրիահայութեան Նուիրուած Զեկուցական Երեկոյ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ

(ԱՍՊԱՐԷԶ) Նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին, Սուրիոյ քաղաքական ներկայ կացութեան եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն ներկայ անորոշ կացութեան նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ:

Բարի գալուստի խօսքերով երեկոյթին բացումը կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն Խաչիկ Թազեան։ Անդրադառնալով օրուան նիւթին՝ ան ըսաւ. «Մեր բոլորի սիրտին խօսող նիւթ մըն է սուրիահայութիւնը տառապեցնող այսօրուան կացութիւնը։ Մեզմէ գրեթէ իւրաքանչիւրը ունի ազգականներ, հարազատներ կամ ծանօթ-բարեկամներ, որոնք ազդուած են ներկայ անախորժ կացութենէն: Սուրիահայութիւնը, որ տասնամեակներ եղած է սփիւռքահայութեան հզօրագոյն գաղութներէն մէկը, այսօր կը գտնուի քաղաքական անել կացութեան մը առջեւ եւ կը կարօտի մեր բոլորի անսակարկ գուրգուրանքին»:

Ապա Խ. Թազեան ներկայացուց օրուան զոյգ բանախօսները՝ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ Ժան Գոսագեան, որոնք յատկապէս այս առիթով հրաւիրուած էին Լոս Անճելըսէն։

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է UCLA համալսարանէն՝ քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ: Ապա ան մագիստրոսի վկայականը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, իսկ միջազգային յարաբերութեանց ճիւղին մէջ դոկտորական թէզը ամբողջացուցած է նոյն համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքին մէջ՝ արժանանալով դոկտորի տիտղոսին:

Ժան Գոսագեան այժմ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Գապայեան նախակրթարանի եւ Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնն է. ան երկար տարիներ եղած է «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիրը: Ան իր պսակաւոր արուեստից տիտղոսը ստացած է UCLA համալսարանէն՝ քաղաքական գիտութեանց մէջ, իսկ մագիստրոսի տիտղոսը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն՝ միջազգային յարաբերութեանց ճիւղին մէջ:

Ժան Գոսագեան նախ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դրուածքը եւ անոր ժողովրդագրական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ՝ հայութեան ընդհանրական պատկերը: Ապա, բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս «Արաբական գարուն»ին հետ, սուրիացի ժողովուրդը եւս պահանջատէր ներակայացաւ եւ ուզեց ժողովրդավարական կարգեր հաստատել երկրէն ներս: Սակայն, ծայրայեղ իսլամական շարժումներ խանգարեցին ժողովրդավարական պահանջատիրական գործընթացները: Առաւել, շատ շուտով Սուրիոյ ներքին տագնապը վերածուեցաւ միջնորդուած պատերազմի մը՝ շրջանային ուժերու միջեւ: Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Եգիպտոս, Իրան, Թուրքիա անմիջապէս սկսան իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերուն հետամուտ ըլլալու եւ հովանաւորելու այլազան զինեալ խումբեր, որոնց թիւը անցաւ 3500ը՝ անոնց հիմնականներէն ըլլալով «Քայիտա»ի ներկայացուցիչները եւ Սուրիական ազատ բանակը: Ռազմաքաղաքական շահերու կողքին, իբրեւ գործօն դերակատար էր նաեւ նշեալ պետութիւններուն եւ յատկապէս Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան Եւրոպայի պետութիւններուն տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շահերը: Տնտեսական առումով՝ ամէնէն հիմնական տիրական դերակատարը եղաւ Արաբական թերակղզիէն մինչեւ Եւրոպա բնական կազի փոխադրութեան հարցը: Մրցակից խողովակաշարերու եւ զանոնք հովանաւորող միջազգային ընկերութեանց ու պետութիւններու շահերը զիրար խաչաձեւելով Սուրիոյ մէջ՝ երկրի ներքին պայքարին տուին նաեւ միջազգային գունաւորոում: Մէկ կողմէ՝ Քաթար-Սէուտական Արաբիա-Յորդանան-Սուրիա-Թուրքիա-Եւրոպա գիծը, իսկ միւս կողմէ՝ Իրան-Իրաք-Սուրիա-Միջերկրական ծով-Եւրոպա գիծը, կազատարի ուղղութիւններ ըլլալէն բացի՝ եղան ռազմաքաղաքական հասկացողութիւններ, որոնց իրականացման համար հարիւր հազարով մարդիկ սպաննուեցան եւ միլիոնաւոր քաղաքացիներ տեղահան դարձան: Այս մեծ արհաւիրքին մէջ հայ համայնքը եւս ծանրօրէն վնասուեցաւ, իսկ իր անդամներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը ապաստան գտաւ Լիբանան, Հայաստան եւ արեւմտեան երկիրներ:

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի նիւթը հիմնականին մէջ կը շօշափէր Սուրիոյ հայ համայնքի տնտեսաքաղաքական ու ապահովական անել իրավիճակը՝ երկրի քաղաքացիական պատերազմի ընդհանուր պարունակին մէջ, ինչպէս նաեւ կ՛անդրադառնար սուրիահայութեան հանդէպ սփիւռքահայութեան կողմէ ցուցաբերուած օժանդակութեան ու կեցուածքին:

Դոկտ. Յովսէփեան նախ բացատրեց, որ սփիւռքահայութեան զօրակցութիւնը ընդհանուր կարիքին դիմաց շատ չնչին էր, իսկ սփիւռքահայութեան ընդհանուր կարողականութեան համեմատ՝ շատ համեստ: Ան նաեւ բացատրեց, որ համայնքէ համայնք տրամադրուող օժանդակութիւնը կը կատարուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով: Այս օժանդակութիւնը կը տրամադրուի ուսումնական, բարեսիրական ու այլազան ազգային հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ առանձին հայ ընտանիքներու եւ յաճախ նաեւ հայ թաղամասերէն ներս ապրող տեղացի արաբ բնակչութեան: Դասախօսը նաեւ բացատրեց այն բոլոր միջոցառումներուն մասին, որոնց ճամբով տնտեսական օժանդակութիւն, բարոյական ու քաղաքական զօրակցութիւն ապահովուեցաւ սուրիահայ մեր համայնքին՝ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կառավարական հիմնարկներու միջոցով: Անշուշտ, նման օժանդակութեանց կարեւոր տոկոսը արդէն իսկ արտագաղթած եւ մեծ մասամբ Հայաստան տեղափոխուած անհատներու գծով էր:

Անդրադառնալով սուրիահայերու կողմնորոշման՝ երկիրին կառչած մնալու, ժամանակաւոր կերպով փոխադրուելու թէ հիմնովին արտագաղթելու մասին, դասախօսը ըսաւ, որ դուրսէն կարելի չէ սուրիահայութեան հաշուոյն որոշումի մը եզրայանգիլ՝ ի՛նչ հեղինակութիւն ալ ըլլայ որոշողը: Հոն կայ աւելի քան հարիւր տարուան կեանք ունեցող գաղութ, ազգային հաստատութիւններ, հիմնարկներ, զորս մէկ օրէն միւսը կարելի չէ ձգել եւ հեռանալ, իսկ միւս կողմէ՝ կայ անհատ հայու եւ իր ընտանիքին ապահովութեան ու գոյատեւման սուր հարցը: Ուրեմն, եզրակացուց դասախօսը, լուծումը կը կայանայ այնտեղ, ուր պէտք է շարունակել մեր զօրակցութիւնը Սուրիոյ մեր համայնքին, յատկապէս իր ընտրութիւններու տարբեր հանգրուաններուն:

Նուպար Տէմիրճեան