(ՀՈՐԻԶՈՆ) Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման բանաձեւերու օտար երկիրներու կողմէ քննարկումը մեզ անտարբեր չեն թողուր: Ամէն բանաձեւին ներքին քննարկումներու անվերջ շարք մը կը սկսի՝ Ի՞նչ նպաստ պիտի բերէ այս բանաձեւը, այս երկիրի խօսքը կարեւո՞ր է, յետոյ ի՞նչ, եւայլն: Յաճախ կը խանդավառուինք: Գիտենք, որ իւրաքանչիւր քայլ, որքան ալ փոքր ըլլայ, անպայման յառաջացում է՝ դէպի Հայ Դատի լուծման երկար ճամբուն վրայ:
Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը յատկանշուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ Թուրքիան դատապարտող իրարու յաջորդող բանաձեւերով, նաեւ:
Ընդամէնը քանի մը նախադասութեամբ կազմուած բանաձեւ մըն է մեզի հասածը: Սակայն, ատոր ետին երկա՜ր ու ծանր աշխատանք կայ: Ասիկա աշխատանքի ա՛յն տեսակն է, որու մասին քիչ կը խօսուի, բայց ազգովին մե՜ծ ակնկալութիւններով կը հետեւինք ընթացքին:
Վերջին քառորդ դարուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ամրապնդումը ու Ատրպէյճանի հակահայկական գործունէութեան հակադարձելը դարձաւ Հայ Դատի աշխատանքներու կարեւոր մասնիկը:
Հայ Դատի գրասենեակներու ցանց մը կը գործէ տարբեր երկիրներու մէջ: Այս գրասենեակներէն մէկուն աշխատանքներուն մօտէն ծանօթանալու նպատակով զրուցեցինք ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի (Պրիւքսէլ) հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի հետ:
Հ.- Կրնա՞ք ներկայացնել Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Պ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդին մէկ մասը եւ տարածաշրջանային կեդրոնական գրասենեակներէն մէկն է: 1980-90ական թուականներուն Ֆրանսայի ընկերները եւրոպական կառոյցներուն հետ կ’աշխատէին, որուն արդիւնքն է 1987ի Եւրոխորհրդարանի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը: 1990ականներու կէսերուն Ժընեւի մէջ հաստատուեցաւ Հայ Դատի գրասենեակ մը: 2001ին Եւրոպայի կեդրոնական գրասենեակը ժամանակաւորապէս գործեց Փարիզէն: Պրիւքսէլի գրասենեակի բացումը կատարուեցաւ 2002ին: Նկատի առնելով Եւրոպական Միութեան կարեւորութիւնը համաշխարհային քաղաքական գործընթացներուն մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան դէպի Եւրոպա hակումները, նաեւ հայկական Սփիւռքի ներկայութիւնը՝ ՀՅԴ Բիւրոն անհրաժեշտ նկատեց զարկ տալ Պրիւքսէլի մէջ քաղաքական աշխատանքներուն, ուր կը գտնուին Եւրոպական Միութեան հաստատութիւնները եւ ՆԱԹՕի կեդրոնատեղին: Պրիւքսէլը արեւմտեան աշխարհին մէջ քաղաքական կարեւորութեամբ կարելի է համեմատել Ուաշինկթընի հետ: Հոս կը գտնուին նաեւ հսկայ թիւով ընկերութիւններ, հաղորդակցական եւ լրատուական հաստատութիւններ, լոպպիինկով զբաղող կազմակերպութիւններ:
Գրասենեակը՝ Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն կողքին, Եւրոպայի մէջ գտնուող միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ նաեւ աշխատանք կը տանի, ինչպիսին են՝ Եւրոպայի Խորհուրդը (Council of Europe) Սթրազպուրկի, ԵԱՀԿն (OSCE) Վիէննայի մէջ:
Մեր աշխատանքի հիմնական առանցքը կը կազմեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, Արցախի միջազգային ճանաչումը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան հզօրացումը, Վրաստանի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքի գործընթացը, Ատրպէյճանի ռազմապաշտ, հակահայ քաղաքականութիւնը: Այս վերջին շրջանին նաեւ կը զբաղինք Սուրիոյ հայ գաղութին օժանդակութիւն ապահովելով, օգնութիւն հասցնելու ջանքերով, ինչպէս նաեւ Իրաքի փոքրաթիւ հայ գաղութի տագնապով:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը համադրէ եւ ընդհանուր ուղղութիւնները կու տայ յատկապէս Եւրոպայի Հայ Դատի 13 յանձնախումբերու համաեւրոպական գործունէութեան: Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Պրիւքսէլի գրասենեակը եւրոպական շրջանակներու մէջ ծանօթ են European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) անունով: Յանձնախումբի նախագահութիւնը ներկայիս կը վարէ ընկ. Գասպար Կարապետեան:
Հ.- Մենք ընդամէնը ձեր գործի արդիւնքը կը տեսնենք: Կրնա՞ք քիչ մը տեղեկութիւն տալ եւրոպական եւ այլ շրջանակներու հետ աշխատանքի հանգրուաններու մասին:
Պ.- Մեր աշխատանքին մէկ կարեւոր մասը կը կազմէ Երոպական միութեան խորհրդարանը, ուր 751 երեսփոխաններ, ձախէն-աջ 8 տարբեր քաղաքական խմբակցութիւններու ընդմէջէն՝ կը ներկայացնեն Միութեան 503 միլիոն բնակչութիւնը: Ներկայիս Եւրոխորհրդարանին դիրքը եւ ազդեցութիւնը հզօրացած են եւ աւելի ազդու դարձած: Եւրոպական միութիւնը կը բաղկանայ 28 երկիրներէ եւ կը գործէ պաշտօնական 24 լեզուներով: Մշակութային եւ լեզուական բնական տարբերութիւններէն զատ՝ գոյութիւն ունին նաեւ քաղաքական տարբերութիւններ, մօտեցումներ, պլոքներ, հասկացողութիւններ: Մեր գործն է Հայաստանի եւ հայութեան շահերուն համար բոլորը համաձայնեցնել մէկ հասարակաց կէտի շուրջ, որ բաւական ժամանակ, ճկունութիւն եւ ջանք կը խլէ. բանալի անձերը գտնել, համոզել, ճիշդ ձեւով հարցերը ներկայացնել ու դնել սեղանին վրայ:
Ընդհանուր առմամբ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ’աշխատի Եւրոմիութեան տարեկան զեկոյցներուն վրայ, ինչպիսին են՝ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան մուտքի, կամ տարածաշրջանի, հարաւային Կովկասի, Սեւ ծովու, Եւրոպական միութեան արեւելեան հարեւանութեան, սառած հակամարտութիւններու, եւ այլ զեկոյցները, նաեւ՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի զեկոյցները: Մաս կը կազմենք նաեւ Խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ տարածաշրջանային համագործակցութեանց աշխատանքներուն: Օրինակ՝ Եւրոնեսթը, որուն լիագումար նիստը այս տարի տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ եւ Հայաստանի դէպի Եւրոմիութիւն արեւելումին կողքին՝ Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մըն ալ որդեգրեց: Կան նաեւ յատուկ, թեմաթիկ զեկոյցներ, ինչպիսին են մարդկային իրաւանցը, որ այս տարի ներառեց Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պարբերութիւն մը, Միջին արեւելքի հայ, եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց իրենց հողերուն վրայ ապրելու իրաւունքը. կայ նաեւ ուժանիւթային, փախստականներու, փոքրամասնութեանց զեկոյցներ: Այս բոլորին վրայ կը փորձենք աշխատիլ եւ ճիշդ ձեւով ներկայացնել հարցերը, բարեփոխումներ առաջարկել, որոնք պիտի ներառուին նշեալ զեկոյցներուն մէջ:
Հ.- 100րդ տարելիցին ճանաչումը բաւական թափ ստացաւ: Կը կարծէ՞ք, որ Վատիկանի յայտարարութիւնը ազդեցութիւն ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի վերջին բանաձեւի ընդունման վրայ: Մտավախութիւնս այն է, որ 101րդ տարին այդ թափը չպահէ: Ի՞նչ կ՛ըսէք:
Պ.- 100-րդ տարելիցը մեծ թափ ստացաւ, այո: Մամլոյ եւ ընդհանրապէս հասարակութեան կարծիքը արդարութեան, Ցեղասպանութեան դատապարտման կողմն էր, եւ 2015 թուականը Թուրքիոյ, ժխտողականութեան, ուրացման թէզին համար դժուար տարի մը եղաւ: Հայկական կողմը Սերժ Թանքեանով, Ճորճ եւ Ամալ Քլունիներով, Վատիկանի Պապով, Քիմ Քարտաշեանով, եւ այլ նման ծանօթ եւ ոչ շատ ծանօթ անձերու միջոցաւ, միջազգային մամուլով, յաջողեցաւ հասարակական կարծիքը իր կողմը թեքել: Յանկարծ ամբողջ աշխարհը սկսաւ մեր մասին խօսիլ, Ցեղասպանութեան մասին խօսիլ ու դատապարտել Թուրքիան: Հարցը սակայն հոն է, որ եթէ հանրութիւնը եւ յատկապէս կարծիք կազմաւորող անձինք Հայկական Ցեղասպանութեան ծանօթ են, կը դատապարտեն՝ ինչո՞ւ 100 տարի սպասել: 101րդ տարելիցին շեմին՝ պէտք է այս ուժականութիւնը պահել համայն հայութեամբ, եւ մէկ քայլ անդին երթալով, ձեւաւորել հատուցումներու շուրջ հասարակական կարծիք: Կարեւոր կէտ մըն է նաեւ Երեւանի մէջ որդեգրուած համահայկական հռչակագիրը, որ լաւ մեկնակէտ մըն է համահայկական մեր պահանջները յառաջ տանելու համար:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին եւ թէ Վատիկանի Պապի յայտարարութիւնը իր ազդեցութիւնն ունեցա՞ւ. Ո’չ, չունեցաւ, որովհետեւ արդէն նախապէս Ցեղասպանութեան բանաձեւը օրակարգի վրայ դրուած էր եւ նախնական տարբերակը պատրաստ էր: Մենք Նոյեմբեր – Դեկտեմբեր ամիսներէն արդէն նախնական հանդիպումներու սկսած էնք: Պապի յայտարարութիւնը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 12ին, իսկ Եւրոխորհրդարանը բանաձեւը քուէարկեց Ապրիլ 15ին: Եւրոխորհրդարանէն ներս սակայն, զրոյցին ընթացքին, երեսփոխանները բուռն ձեւով դատապարտեցին Էրտողանը՝ Պապին դէմ ուղղած իր խօսքերուն համար: Պապի յայտարարութիւնը եւ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը միացեալ՝ իրենց հսկայական ազդեցութիւնն ունեցան հետագային որդեգրուած բանաձեւերուն համար, կամ՝ Գերմանիոյ պարագային, նախագահ Եոախիմ Կաուքի յայտարարութեան մէջ եւ խորհրդարանէն ներս եղած զրոյցին ընթացքին: Խորհրդարաններու որդեգրած բանաձեւերու ամենէն կարեւորը կարելի է համարել Աւստրիոյ խորհրդարանի բանաձեւը, ուր նաեւ նշուած է այն օրերու Աւստրիո-հունգարական կայսրութեան համա-պատասխանատուութիւնը: Որդեգրուած բոլոր բանաձեւերուն մէջ յատկանշական է, որ կոչ կ’ուղղուի Թուրքիոյ՝ ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, առերեսուելու իր անցեալին հետ եւ հաշտութեան դուռ բանալու հայութեան հետ:
Կարեւոր է նաեւ նշել, որ այս տարի, 2005 թուականէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով, Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ տարեկան զեկոյցին մէջ տեղ գտաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցը: 2015 թուականը Թուրքիոյ համար դժուար տարի մը եղաւ, եւ կը շարունակէ ըլլալ:
Հ.- Ձեր աշխատանքին մէջ կը գործակցիք նաեւ ՀՀ ներկայացուցչութեան հետ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս գործակցութիւնը:
Պ.- Այո, բնականաբար կը համագործակցինք ՀՀ ներկայացուցչութեան հետ: Պրիւքսէլը այն հազուագիւտ քաղաքներէն է, ուր երկու հայ դեսպաններ ունինք. դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, որ Պելճիքայի թագաւորութեան եւ Լիւքսէմպուրկի դքսութեան ՀՀ դեսպան ըլլալու կողքին՝ նաեւ Եւրոմիութեան մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչն է, եւ դեսպան Արմէն Ետիկարեան, ՆԱԹՕի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ: Երկուքին հետ ալ մօտէն կ’աշխատինք, սակայն Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան հետ մեր կապերը աւելի անմիջական են. յաճախակի հանդիպումներ կ’ունենանք, համադրելու ու կազմակերպելու համար պէտք եղած աշխատանքները:
Բաւական սերտ համագործակցութիւն ունինք նաեւ ՀՀ խորհրդարանական պատուիրակութեանց հետ, որոնք յաճախակի այցերով Պրիւքսէլ կու գան: Յատկապէս կը համագործակցինք Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութեանց մշտական յանձնաժողովին հետ, Եւրոպական միութեան, եւրոպական համարկման եւ Եւրոպայի խորհուրդի պատուիրակութեանց հետ, Եւրոնեսթի պատուիրակութեան հետ. ինչպէս նաեւ, ըստ անհրաժեշտութեան եւ օրակարգի՝ զանազան այլ պատուիրակութեանց հետ: Անշուշտ հոս պէտք է նշել, որ նման մակարդակի համագործակցութիւն կայ նաեւ Արցախի հետ: Միա’յն համագործակցութեամբ եւ միասնաբար լարելով մեր ուժերը կրնանք նման աշխատանք տանիլ ու հասնիլ յաջողութեանց:
Հ.- Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիոյ հետ բաղդատելով, դուք չափազանց սահմանափակ մարդուժով առաջ կը տանիք այս աշխատանքը: Ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել այդ մասին: Ձեր համակիրներէն եւ մեր ժողովուրդէն ի՞նչ կ՛ակնկալէք: Դուք պայքարի առաջին գիծերէն մէկուն վրայ էք եւ բնականաբար անյաջողութիւններու ալ կը հանդիպիք: Ինչպէ՞ս զանոնք կը թօթափէք:
Պ.- Միայն Թուրքիոյ չէ, նաեւ՝ Ատրպէյճանի: Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութեան, քարիւղի եկամուտին դէմ է նաեւ մեր պայքարը, ամէ’ն օր: Չափազանցութիւն չ՛ըլլար ըսելը, թէ Թուրքիա ձեւով մը իր «հայկական հարց»ը Ատրպէյճանին յանձնած է եւ Պաքուն մեծ ուրախութեամբ հակահայ արշաւը յառաջ կը տանի, շատ յաճախ ծիծաղելի ըլլալով, նոյնիսկ այդ քաղաքականութիւնը իր դէմ դառնալով: Մենք կարելի եղածին չափ, տիւ ու գիշեր, լծուած ենք մեր արդար դատին եւ պահանջներու հետապնդման: Գիտենք, որ օր մը պիտի լուծուի Հայկական հարցը, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը անշրջելի ընթացքի մէջ է, համոզուած ենք, որ Արցախը երբե’ք Ատրպէյճանի լուծին տակ պիտի չըլլայ նորէն: Այս բոլորը մեզի ոյժ կու տան շարունակելու մեր գործունէութիւնը յառաջ կը տանինք: Անյաջողութիւններ, բնականաբար, կ’ունենանք. չկան աշխատանքներ որոնք միայն յաջողութիւններով կը պսակուին, սակայն մեծ պատկերին նայելով յառաջ կ’երթանք՝ ճիշդ եւ անհրաժեշտ գնահատականը տալէ ետք, չկրկնելու համար սխալը կամ անյաջողութիւնը:
Մենք ալ, հայկական շատ մը այլ գրասենեակներու, կազմակերպութիւններու նման՝ նուիրատուութիւններով է որ կը բանինք: Հայրենակիցներ կան, որոնք կը հաւատան մեր գործունէութեան, որոնց նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ այս գրասենեակը կը պահուի: 2013 թուականի Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպահայութեան երրորդ համագումարի բացման ընթացքին, հանրութեան առջեւ երախտագիտութեան յուշատախտակներ յանձնեցինք մեր նուիրատուներուն, խրախուսելով անոնց հաւատքը մեր աշխատանքներուն հանդէպ:
Մաս կը կազմենք նաեւ Եւրոմիութեան ծրագիրներու, որոնք կը թոյլատրեն որոշ ժամանակի համար այցելու պաշտօնեայ ունենալ, այսպիսով համալրելով գրասենեակի աշխատակազմը:
Հ.- Յունիսի ընտրութիւններուն Թուրքիա էիք եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին ձեր տեսակէտները արդէն տարբեր առիթներով յայտնած էք: Ընդհանուր շրջագծի մէջ կրնա՞ք ըսել, թէ ի՞նչն էր ամենէն ուշագրաւ երեւոյթը ձեզի համար: Եւ, ի՞նչ է HDP-ի հետ գործակցութեան ենթահողը:
Պ.- Այս երկրորդ անգամն է, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրաւիրուած էր մասնակցելու Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու: Անցեալ տարի իբր դիտորդ մասնակցած էինք տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն: Սակայն խորհրդարանական այս ընտրութիւններուն մեր ստացած հրաւէրը տարբեր էր այն առումով, որ ընտրութեան նախօրէին մենք կոչ-յայտարարութեամբ մը դիմած էինք յատկապէս Եւրոպայի մէջ բնակող թուրք քաղաքացիներուն՝ քուէարկելու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) օգտին, եւ պաշտօնապէս մեր օժանդակութիւնը յայտնած էինք HDP-ի ցանկերուն վրայ գտնուող հայ թեկնածուներուն: Ասոնց յաջորդեց պաշտօնական հրաւէրը, որ մենք բնականաբար ընդունեցինք եւ իբր դիտորդ մասնակեցանք Թուրքիոյ խորհրդարանական պատմական այս ընտրութիւններուն: Մեր պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Միջին արեւելքէն, ԱՄՆէն եւ Եւրոպայէն հինգ անդամներէ:
Ուշագրաւը այն է, որ ներկայիս Թուրքիոյ հասարակութեան որոշ հատուած մը՝ յառաջադէմ, ձախակողմեան հակումներով, ազատական մօտեցումներով, լծուած է Թուրքիոյ ժողովրդավարականացման դժուար գործին, Թուրքիոյ մէջ բնակող բոլոր ազգութիւններուն համար, հաւասարապէս: Այս շարժման յառաջատարը HDPն է, որ ամբողջովին նոր որակ եւ մտայնութիւն բերած է թուրք քաղաքականութեան մէջ: Մեր գործակցութեան ենթահողը առաջին հերթին՝ փոխ հասկացողութիւնն է. Հայեւքիւրտ քաղաքական մտքի զարգացումը եւ զիրար հասկնալու, ընդունելու հրամայականը Թուրքիոյ եւ ինչու չէ, տարածաշրջանէն ներս: Քեմալական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ, առաջին անգամն է, որ թրքական խորհրդարանէն ներս կուսակցութիւն մը՝ բացայայտօրէն արտայայտուած է եւ կ’արտայայտուի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմ: Շատ պարզ ձեւով հարցը դնելով, ներկայիս այս քաղաքական ուժականութիւնը իր դրական եւ ժխտական կողմերով, կարելի է համեմատել 1908 թուականի սահմանադրական բարեփոխումներու խանդավառութեամբ: Նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով 1950ական թուականներէն ասդին՝ հայ երեսփոխաններ ընտրուած են խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ առաջին հայ կինը՝ յանձինս Սելինա Տողան Էօզուզունի: Մենք հանդիպեցանք թէ’ Սելինային (ընտրուած CHP կուսակցութեան ցանկէն) եւ թէ Կարօ Փայլանին (ընտրուած՝ HDP-էն): Տեսնուեցանք նաեւ HDP կուսակցութեան համանախագահներ Ֆիկէն Եուքսեքտաղի եւ Սելահաթին Տեմիրթաշի հետ:
Հանդիպումներ ունեցանք Պոլսոյ հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հետ, Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կարգ մը կազմակերպութիւններու հետ, որոնք անկեղծօրէն լծուած են Թուրքիոյ ժողովրդավարականացման աշխատանքին: Նշեմ նաեւ, որ մեր բացայայտ ներկայութիւնը Թուրքիոյ մէջ ողջունեցին նաեւ հայկական որոշ շրջանակներ, որոնք կարեւոր նկատեցին յատկապէս դաշնակցական ոլորտի պատուիրակութեան մը ներկայութիւնը:
Հ.- Տարին չէ աւարտած. գալիք աշխատանքներու մասին երկու խօսք կրնա՞ք ըսել:
Պ.- Մինչեւ Դեկտեմբեր տակաւին բաւական աշխատանք ունինք կատարելիք, ինչպիսին են՝ Արցախի ամիսը՝ Հոկտեմբերին, որուն ընթացքին Ղարաբաղի մասին զանազան ձեռնարկներ պիտի կազմակերպենք, ցոյց տալով, որ Արցախը միայն հակամարտութիւն, պատերազմ չէ. կը նախապատրաստենք խումբ մը երեսփոխաններու այցը Հայաստան եւ Արցախ: Ծրագրուած են նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հատուցումներու մասին խորհրդաժողով մը եւ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթով ցուցականդէս մը Եւրոխորհրդարանէն ներս: Կը ծրագրենք նաեւ շարք մը հրատարակութիւններ, որ նորութիւն պիտի ըլլայ մեր աշխատանքներու ծիրէն ներս:
Հ.- Եւ վերջապէս, ի՞նչ է յաջորդ քայլը:
Պ.- Պահպանել մեր ունեցած յաջողութիւնը եւ կառուցել անոր վրայ: Անհրաժեշտ է հզօրազնել մեր հայրենիքը, պետականութիւնը, որ խթան պիտի հանդիսանայ մեր հաւաքական կեանքին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, ա’լ աւելի ամուր հիմքերով ներկայանալու արտաքին աշխարհին, հետապնդելու համար մեր արդար դատը:
(Հեռակայ կարգով) հարցազրոյցը վարեց՝
Մարի Մերտխանեան-Եարալեան