Պրիւքսել, 10 յունիս, 2015.- Այսօր, Սթրազպուրկի (Ֆրանսա) մէջ, Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, քուէարկուեցաւ Թուրքիոյ 2014-ի տարեկան զեկոյցը:
Զեկոյցը ընդհանրապէս ժխտական ակնարկ կ’ընէ Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու, խօսքի, մամուլի ազատութեանց մասին, ժողովրդավարութեան նահանջին կ’անդրադառնայ, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու դէմ շարունակուող բացասական վերաբերմունքին, Յունաստանի հանդէպ ունեցած յարձակողական կեցուածքին, եւ Կիպրոսի հանրապետութիւնը մերժելուն անոր հետ առնչուած բոլոր խնդիրներուն:
Զեկոյցը դրական կը նկատէ յատկապէս Յունիս 12-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժողովրդային լայն մասնակցութիւնը եւ նորակազմ խորհրդարանէն ներս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայութիւնը: Դրական կը նկատէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ 1,600,000 սուրիացի գաղթականներու ապաստանիլը:
Այսօր քուէարկուած զեկոյցին նախաբանին մէջ յատուկ կէտով մը կը նշուի «նկատի ունենալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած 15 ապրիլ 2015-ի բանաձեւը»: 2005-էն ետք, երբ Թուրքիա Եւրոմիութիւն մուտքի թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը չէր ներառուած տարեկան այս զեկոյցներուն մէջ: Պէտք է նշել, թէ վերոյիշեալ բանաձեւին մէջ յստակ պահանջք կայ Թուրքիայէն առերեսուելու իր անցեալին հետ՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Զեկոյցին մէջ տեղ գտած յօդուած թիւ 49-ին մէջ, կը կրկնուի վերջին տարիներու կոչը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, դիւանագիտական կապ ստեղծելու, եւ առանց նախապայմաններու բանալ երկու երկիրներու միջեւ սահմանը:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց Եւրոխորհրդարանի այս զեկոյցին մէջ տեղ գտած Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման նշումը, ինչպէս նաեւ առանց նախապայմանի սահմանի բացումը: Կարապետեան նաեւ ըսաւ, որ Եւրոխորհրդարանը անգամ մը եւս փաստեց, թէ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն ենթակայ չէ, նշելով, Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու եւ գլխաւոր բանակցող նախարար Վոլքան Պոզքիրի խօսքերը, թէ Թուրքիա պիտի չընդունի զեկոյցը, եթէ անոր մէջ նշուած ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Զեկուցաբեր Քաթի Փիրի (Ընկերվարներ եւ ժողովրդավարներ, Հոլանտա) արդէն պատասխանեց, ըսելով, որ Եւրոխորհրդարանը չի կրնար ուրանալ արդէն որդեգրուած բանաձեւեր:
Սոյն զեկոյցով, Եւրոմիութիւնը բաց կը ձգէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքը, բան մը, որ երթալէն ա’լ աւելի կը դժուարանայ:
European Parliament report calls on Turkey to recognize Armenian Genocide
Brussels, 10 June 2015: Plenary session of the European Parliament in Strasbourg (France) adopted the 2014 Turkey progress report early today.
The report in general records a negative review on Human Rights situation in Turkey, freedom of expression, decline in democracy, worries on minority rights, aggressive attitude against Greece, and refusal over the existence of the Republic of Cyprus.
The report greets the wide participation at the elections of 7 June 2015 in Turkey, and the presence of the Peoples’ Democratic Party (HDP) in the newly formed parliament. Moreover, the report welcomes the sheltering of 1,600,000 Syrian refugees in Turkey.
The preamble of the report mentions: ‘having in regard the European Parliament resolution on the centenary of the Armenian Genocide’. After Turkey becoming a candidate country to the EU in 2005, the Armenian Genocide stopped being an issue in the reports. It should be noted, that in the above mentioned resolution there is the explicit call on Turkey to reconcile with its past and recognize the Armenian Genocide.
Article 49 repeats the call to Armenia and Turkey to establish diplomatic ties and open the border between the two countries without preconditions.
President of the European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) Kaspar Karampetian welcomed the call to Turkey to recognize the Armenian Genocide, as well as to open the border without preconditions. Karampetian stressed the fact, that the European Parliament once again showed, that it doesn’t succumb to Turkish pressure, recalling, the threats by Volkan Bozkir, EU Minister and chief negotiator of Turkey, that Turkey will not accept the report, if there will be any reference to the Armenian Genocide. Rapporteur Kati Piri (Socialists and Democrats, the Netherlands) already reacted, saying that the European Parliament can’t deny documents which have already been adopted.
The report, leaves Turkey’s accession to the EU open; a political process that is getting harder and harder over the years.