(ԱԶԱՏ ՕՐ) Աննախընթաց յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի կեդրոնական ձեռնարկը, կազմակերպութեամբ՝ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Միջ-թաղային Խորհուրդին եւ Գավալայի Թաղականութեան, Կիրակի Ապրիլ 26ի առաւօտուն, Գավալայի OSCAR սրահէն ներս։
Շէնքի մուտքին, նկարներու ցուցահանդէս մը, «Πορεία θανάτου, δικαίωμα ζωής» վերտառութեամբ, պատկերաւոր, նպատակասլաց լուսաբանութիւն մըն էր ինքնին։ Սկսեալ Ցեղասպանութեան ծածկագիր հրահանգներու յունարէն թարգմանուած պատճէններէն, ահաւոր ջարդերու նկարներէն, մինչեւ միջազգային ճանաչումներ, Հայաստանը այսօր եւ հայկական յուշարձաններու մեծադիր նկարներ, հոգեպէս կը նախապատրաստէին հանդիսատեսը, որ սրահ մտնելով նոյն նիւթերուն կը հետեւէր պաստառի վրայ, «Նանօր»ի եւ հոգեւոր ու ազգային պատշաճ երաժշտութեան մեղմ հնչողութեամբ։
Ուշագրաւ էր ոչ միայն Օրսեթիատայէն, Տիտիմոթիքոյէն, Աղելքսանդրուպոլիսէն, Գոմոթինիէն եւ Քսանթիէն ժամանած մեր հայրենակիցներու հոծ բազմութիւնը, այլ նաեւ Գավալայի յոյներու զօրակցական ներկայութիւնը։ Հելլէն պաշտօնատարները բարձրագոյն մակարդակով պատուեցին 100ամեակի մեր յուշատօնը։
Յունահայոց առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողքին, ներկայ գտնուեցաւ Գավալայի մեթրոպոլիտ Փրոքոփիոս Սրբազանը։ Հ.Հ. հիւպատոս Մարիամ Յարութիւնեանի կողքին, ներկայ եղաւ հելլէն կառավարութեան ներկայացուցիչ գիւղատնտեսութեան փոխ-նախարար Փանաեոթիս Զղուրիտիս, որ ժամանեց Քսանթիէն Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի անդամ Ատրիկ Ստեփանեանի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն հետ։
Իրենց ներկայութեամբ յուշատօնը պատուեցին երեսփոխաններ Տիմիթրիս Էմմանուիլիտիս եւ Ալեքսանտրա Ցանաքա, շրջանային փոխ-մարզպետ Թէոտորոս Մարքոփուլոս, որու հովանաւորութեան ներքեւ կայացաւ ձեռնարկը, քաղաքապետ Տիմիթրա Ցանաքա, զօրավար Վ. Տէքմէծօղլու, ոստիկանապետ Ավր. Քօսքէրիտիս, նախկին նահանգապետներ եւ քաղաքապետներ, մեծ թիւով վարչական պաշտօնատարներ, պոնտոսցիներու, փոքր-ասիացիներու եւ այլ կազմակերպութիւններ՝ ատենապետներու մակարդակով։ Աւելցնենք, թէ շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի կողքին եւս գտնուեցան յոյն քահանաներ։
Պաշտօնական ներկաներու շարքին կային տակաւին Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի անդամ եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Յովակիմեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Մաննիկ Աշրեան, շրջանի Հ.Յ.Դ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Չիչէքեան, Միջ-թաղային խորհուրդի ատենապետ Թագւոր Գարաօղլանեան, Թաղային մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու ատենապետներ ու անդամներ։
Հրանդ Տինքի փաստաբան, գրագիտուհի Ֆեթհիէ Չեթին, Շաբաթ երեկոյեան տեղեկացուց, թէ առողջական պատճառով պիտի չկարողանայ ներկայ գտնուիլ։
Յայտագիրը
Օրուան նախագահ Մարի Գալայճեան, իր բացման խօսքին մէջ, անդրադարձաւ անցեալի պատմական, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի ներկայի տուեալներուն (խօսքը կարդալ առանձին)։ Նախարար Փ. Զղուրիտիս ողջունեց ձեռնարկը հելլէն կառավարութեան կողմէ (խօսքը կարդալ առանձին)։ Հիւպատոս Մարիամ Յարութիւնեան փոխանցեց Հ.Հ. լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի ողջոյնի խօսքը, որուն յունարէն թարգմանութեան օտարները հետեւեցան պաստառի վրայ։ Զօրակցական ջերմ խօսքերով հանդէս եկան փոխ մարզպետ Թ. Մարքոփուլոս եւ քաղաքապետ Տ. Ցանաքա, որոնք իրենց անվերապահ աջակցութիւնը ցուցաբերեցին ամբողջ շաբթուայ ձեռնարկներուն։ Իր փափաքով ձեռնարկը ողջունեց նաեւ երեսփոխան Տ. Էմմանուիլիտիս։
Բոլոր հելլէն խօսողները շեշտեցին Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքին անհեթեթութիւնը եւ ոչ միայն միջազգային համընդհանուր, այլ նաեւ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման ու հատուցման հրամայականը։
Ազգային վարչութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Մաննիկ Աշրեան (խօսքը կարդալ առանձին)։
Առանձին լոյս կը տեսնէ նաեւ բանախօսութիւնը Փանտիօ համալսարանի միջազգային քաղաքականութեան փրոֆ. Խրիսթոտուլոս Եալլուրիտիսի, որ ուղղակի ցնցեց դահլիճը, հանգամանօրէն վերլուծելով Ցեղասպանութեան պատմական թէ քաղաքական ճշգրիտ տուեալները, յստակօրէն յայտարարելով, թէ այսօրուայ Թուրքիան հիմնուած է ցեղասպանութիւններու վրայ։
alt Գեղարուեստական բաժնին, իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին օփերայի երգչուհի Սիրանուշ Չալըքեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ իր ամուսնոյն՝ Գավալայի Երաժշտանոցի տնօրէն Իուլիոս Փափատոփուլոսի։ Յունահայութեան սիրուած երգչուհին հմայեց ներկաները, յատուկ զգայնութեամբ մեկնաբանելով Bach-Gounodi «Ave Maria»ն, Կոմիտասի «Կռունկ»ը եւ Տիգրանեանի «Անուշ» օփերային վերջին մեներգը։ Մինչ պրն. Փափատոփուլոս յօրինողներու եւ երգերու մասին տուաւ կարեւոր տեղեկութիւններ։
Յայտագիրը տպաւորիչ ձեւով ամբողջացուց Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Նայիրի» պարախումբը, պարուսուցութեամբ Էտկար Էղեանի։ Հայ թէ օտար ներկաները «Կոտորածը», «Տէր Զօրը» ու «Արցախ» պարերուն ընդմէջէն, զգայացունց ապրումներու առիթը ունեցան հաւաքական յիշողութեանը խորունկ վէրքերուն հայ ազգի, որ գիտցած է սակայն միշտ զանոնք երգի վերածել եւ հերոսական խոյանքով յաղթել ու վերածնիլ։ Պարերուն խորհուրդը ուղղակի անմոռուկ ծաղիկը խորհըրդանշող գաղափարին պատկերացումն էր։
Աւարտին, յուշանուէրներ յանձնուեցան յայտագրի մասնակիցներուն։
Յաջորդեց քայլարշաւ եւ դափնեպսակներու զետեղում անծանօթ զինուորի յուշադամբանին, քաղաքապետարանի փողերախումբին մասնակցութեամբ։ Պոնտացիներու միութիւններ պաստառներով մասնակցեցան քայլարշաւին եւ դափնեպսակ զետեղելով յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը։
Կէսօրուան հաւաքական ճաշը, շուրջ 200 մասնակիցներով «Գավալիոթիսա» կեդրոնէն ներս, ընթացաւ հայաբոյր մթնոլորտի մէջ։ Սրբազան Հայրը, միշտ ազգայինը միաձուլելով հոգեւոր իր առաքելութեան, քաղցրահնչիւն երգերով ոգեւորեց բոլորս։ Տիկ. Չալըքեան եւս չմերժեց երգի առաջարկը, մինչ շրջանի տաղանդաւոր երիտասարդներ ալ բերին իրենց մասնակցութիւնը երգով ու նուագով։
Կարելի է անվերապահ ըսել, թէ հայու կամքով ու ոգիով, յաղթահարելով խիստ սահմանափակ մարդուժի եւ հեռաւորութիւններու դժուարութիւնները, Արեւել. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ համայնքները յաջողեցան, ազգային բարձր գիտակցութեամբ ու արժանապատուութեամբ, միացնել իրենց պահանջատիրական ուժեղ արտայայտութիւնը համայն հայութեան փաստօրէն աշխարհը ցնցող, ճանաչում եւ հատուցում պահանջող հաւաքական ու միասնական ձայնին։
Այլ ձեռնարկներ Գավալայի մէջ
Կ’արժէ նշել, թէ Գավալայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ հարցազրոյց Ս. Խաչի սրահէն ներս, Ապրիլ 22ին, տեղական լրատուական միջոցներու հետ։
Նիւթը վերլուծեց Հայ Դատի կողմէ, Քսանթիէն, Հ.Յ.Դ. Կ. Կ.ի անդամ Ատրիկ Ստեփանեան՝ անդրադառնալով անցեալի թէ ներկայի պատմական տուեալներուն եւ շեշտը դնելով համայն հայութեան պահանջատիրութեան, Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով։ Ասուլիսին մասնակցեցան Ազգային Վարչութեան անդամ Մաննիկ Աշրեան, Հայ Դատի Գավալայի ներկայացուցիչ Յակոբ Գալայճեան, Թաղականութեան ատենապետ Աբրահամ Աշրեան, որ ներկայացուց մասնակցիները եւ Հ. Գթ. Խաչի «Սեւան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարի Գալայճեան։
Մ. Աշրեան խօսեցաւ Յունահայ գաղութի մասին, իբր Ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած Սփիւռքին մէկ հատուածը, իսկ Մարի Գալայճեան՝ Գավալահայութեան անցեալին եւ ներկային շուրջ։
Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, առաջին անգամ ըլլալով մեր քաղաքին մէջ, դիմելով քաղաքապետութեան, կեդրոնական հրապարակին վրայ, կարողացանք ունենալ կրպակ մը։ Շնորհիւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդական միութեան եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին տրամադրած նիւթերուն, լաւագոյնս կարողացանք լուսաբանել գավալաբնակ ժողովուրդը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայ ազգի մասին տեղեկութիւններով։ Ամբողջ օրը լսուեցաւ հայ երգը։ Հեռատեսիլի, ռատիօ-կայաններու եւ թերթերու լրագրողներ կարճ հարցազրոյց ունեցան Մ. Աշրեանի հետ։ Ինքնակամ զօրակցութիւն ցուցաբերեցին պոնտոսցիներու միւթիւններ՝ յատուկ պաստառներով եւ օգնելով թռուցիկներ բաժնելով մեր երիտասարդներուն կողքին։
Մեր շրջանին ու քաղաքին համար եզակի երեւոյթ էր, որ իսկապէս յաջողութիւն արձանագրեց։
Առաւել, Ապրիլ 27ին, հայրենիքին եւ հայութեան անցեալին ու ներկային եւ անշուշտ Ցեղասպանութեան 100ամեակին անդրադարձող մէկ ժամ տեւողութեամբ հարցազրոյց ունեցաւ Մ. Աշրեան «Նէափոլիս» ռատիոկայանէն։ Կարելի է ըսել, թէ հանգրուանային այս ձեռնարկները լայն արձագանգ գտան եւ մեծապէս սատարեցին լսելի դարձնելու հայութեան «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» 100ամեակի կարգախօսը։
Մ. Ա.