«Ցեղասպանութիւնը Ընդունելու` Ֆրանսայի Նախագահին Կոչը Կարեւոր Է, Բայց Ոչ Շրջադարձային» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կոչը Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին` ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, կարեւոր է, բայց ոչ շրջադարձային, Tert.am-ին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

«Հոլլանտի յայտարարութիւնը պէտք է, ընդհանուր առմամբ, գնահատել դրական, բայց ոչ շրջադարձային` հաշուի առնելով նաեւ նախագահ Օպամայի առաջին այցելութեան ժամանակ կատարած յայտարարութիւնները: Բայց կարեւոր է այնքանով, որ արդէն երկրորդ պետութեան ղեկավարն է, որ Թուրքիոյ կ՛ըսէ, որ անհրաժեշտ է ընդունիլ սեփական պատմութիւնը», ըսաւ ան:

Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ Ֆրանսուա Հոլլանտը հաստատեց, որ Ֆրանսան պիտի ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու մասին օրէնքը:

«Ան նաեւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին յստակ ըսաւ, որ անոր հասնելու համար Թուրքիա պէտք է բաւական երկար ճամբայ անցնի եւ վերջաւորութեան, որ Ֆրանսայի կողմէ որոշումը պիտի տայ Ֆրանսայի ժողովուրդը», ըսաւ ան:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Ֆրանսայի կողմէ ցուցաբերուող հետեւողականութիւնը Կիրօ Մանոյեան կը նկատէ ոչ միայն ֆրանսահայ համայնքի կատարած աշխատանքի արդիւնք:

«Ի հարկէ, ֆրանսահայ համայնքը մեծ աշխատանք կը կատարէ, եւ Հոլլանտի Թուրքիա այցելութեան նախօրեակին անոնք իրենց տեսակէտը քանի մը ձեւերով յայտնեցին` նախագահին հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ, ցոյցեր տեղի ունեցան: Բայց միայն անոր պէտք չէ վերագրել, որովհետեւ պէտք է նաեւ ընդունիլ այդ պետութեան պատմական կեցուածքը, ինչպէս նաեւ այս պարագային նախագահի իբրեւ անձի կեցուածքը` նախագահ ընտրուելէն ե՛ւ առաջ, ե՛ւ հիմա», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսուա Հոլլանտի յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ արձագանգին, ապա Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ ի հարկէ Թուրքիա իր կեցուածքը պիտի չփոխէր մէկ օրուան ընթացքին:

«Կիւլ կրկնեց Թուրքիոյ կեցուածքը, որ ասիկա պատմական խնդիր է եւ պէտք է հարցը տալ պատմաբաններուն, նաեւ ըսաւ, թէ ցաւը սերունդէ սերունդ պէտք է անցնի, բայց ատիկա ըսաւ իրականութեան մէջ Հոլլանտի ըսածներուն հակաճառելով, կը կարծեմ, որ այդքան ալ հիմնական չէ այս պարագային», ըսաւ ան:

«ԱԶԴԱԿ»

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ընդգրկումը Իբրեւ Բանակցային Կողմ Վաղուց Հասունցած Խնդիր Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ բանակցութիւնները այս ձեւով շատ հեռու չեն կրնար երթալ:

Մանոյեան ընդգծեց, որ վաղուց ժամանակն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ լիիրաւ կողմ մասնակցի բանակցութիւններուն, եւ միջնորդ կողմերը առնուազն ատիկա պէտք է ապահովեն` իբրեւ զսպող մեքանիզմ, Ազրպէյճանին թոյլ չտալով նման վարքագիծ դրսեւորել:

Ան նկատել տուաւ, որ արտաքին դիւանագիտութիւնը փոխելու անհրաժեշտութիւնը յատկապէս յստակ դարձաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն վերջին հանդիպումէն առաջ, երբ Ազրպէյճան զինադադարը խախտեց եւ ներթափանցում իրականացուց:

Անդրադառնալով Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն` Կիրօ Մանոյեան տարակուսանք յայտնեց, թէ ասկէ ետք իմաստ ունէ՞ր բանակցութիւնները շարունակել, թէ՞ պէտք է ընդամէնը ըսել, որ Փարիզի մէջ նախատեսուած հանդիպման նախօրէին Ազրպէյճանի պահուածքը ընդունելի չէ եւ մենք չենք մասնակցիր:

«Չեմ կարծեր, որ հայկական կողմը երբեւէ պիտի մերժէ բանակցութիւններուն մասնակցիլ, որովհետեւ միշտ ցանկութիւն կայ «լաւ» հասկցուելու, յատկապէս` Արեւմուտքին կողմէ: Բայց անհրաժեշտ է նոյն Արեւմուտքին ցոյց տալ, որ իրենց այդ «հաւասարակշռուած» մօտեցումը մեղսակցութիւն է Ազրպէյճանի քաղաքականութեան, եւ անոր համար ալ պէտք է Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութիւնը ապահովեն», կրկնեց Մանոյեան:

Դաշնակցական գործիչը համոզում յայտնեց, որ թէեւ Ազրպէյճան պատերազմ չ՛ուզեր սկսիլ, բայց պատերազմի վերսկսման կարելիութիւնը կը մեծնայ: «Վստահ չեմ, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ սկսիլ. եթէ ան համոզուած ըլլար, որ յաղթանակ պիտի տանի, վաղուց կը սկսէր, բայց հաւանական է, որ այսպիսի գործողութիւններ կրնան պատերազմի սկսման պատճառ դառնալ: Անհրաժեշտ է, որ միջնորդները յստակ գնահատական տան եւ չթաքնուին կեղծ հաւասարակշռութեան ետին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Ազրպէյճանի նպատակը բանակցութիւններու տապալումը չէ՞, Մանոյեան համաձայն գտնուեցաւ, բայց ընդգծեց, որ հայկական կողմի քայլերը պէտք չէ բանակցութիւններով սահմանափակուին, եւ պէտք է նախ եւ առաջ արտաքին քաղաքականութիւնը ուղղել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած քայլերուն իրականացման:

«Մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է նախաձեռնողական ըլլայ, եւ Հայաստան պէտք է սկսի ուղղակի քայլերու ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման համար», ընդգծեց Մանոյեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան եւ յայտնեց, որ փաստաթուղթերու վերջնական ստորագրումը կրնայ բաւական յստակ ազդեցութիւն ունենալ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Ըստ Մանոյեանի, Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումը նոյն աշխուժութեամբ առջեւ պիտի չերթայ իր բոլոր հետեւանքներով: Եւրոպական Միութեան այն շրջանակները, որոնք հակառուսական տրամադրութիւն ունին, ասիկա պիտի մեկնաբանեն իբրեւ Հայաստանի կողմէ Եւրոպայէն հրաժարում, բայց բարեբախտաբար ամբողջ Եւրոպական Միութիւնը այդպիսի գնահատական չի կրնար տալ: Ան աւելցուց, որ անոնք կը հասկնան, որ Եւրոպական Միութիւնն ալ պատասխանատուութեան բաժին մը կը կրէ Հայաստանի հետ բանակցուած փաստաթուղթի չստորագրուելուն մէջ, որովհետեւ իրենք չէին առաջարկեր Հայաստանին այն, ինչին կարիքը ունէր Հայաստան:

Մանոյեան աւելցուց, որ չի կարծեր, թէ այս որոշումը Ղարաբաղի հարցի լուծման հոլովոյթին վրայ ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենայ: «Մենք պէտք է յիշենք, որ Ռուսիա մեր ռազմավարական գործընկերն է, բայց իր առջեւ խնդիր դրած է` շրջանին մէջ յստակ պահել իր ազդեցութիւնը: Մենք պէտք է միշտ զգուշ ըլլանք», ընդգծեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ կրնայ ընել Հայաստան, եթէ զայն չեն հրաւիրած Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին, Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է հետեւի Սուրիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին` հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան: «Այսպիսի տեսակէտ արդէն հնչած է. լաւ կ՛ըլլար, եթէ Հայաստան մասնակցէր այդ խորհրդաժողովին` իբրեւ շահագրգիռ կողմ: Եթէ ատիկա տեղի չէ ունեցած, ապա մենք պէտք է առնուազն հետեւինք, որպէսզի բանակցութիւններուն մէջ մշտապէս հաշուի առնուին Սուրիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, մասնաւորաբար` հայերունը»:

Giro Manoyan: “Es hora que Artsaj se incorpore a las negociaciones de paz” Director de Asuntos Políticos de la FRA-Tashnagtsutiún

Ereván (Oficina de Prensa de la FRA).- “La República de Nagorno Karabagh debe convertirse en parte de pleno derecho en las negociaciones de paz y los mediadores deben, por lo menos, asegurar un mecanismo que obligue a Azerbaidján a mostrar moderación en su accionar”, expresó durante en encuentro con la prensa, Giro Manoyan (foto), director de Asuntos Políticos de la FRA-Tashnagstutiún. El analista agregó que si las tratativas continúan en su formato actual, no habrá progreso que mostrar. Manoyan puso en tela de juicio la decisión de seguir adelante con las conversaciones en París luego del ataque en dos frentes que impulso Bakú la semana pasada y que de resultas del mismo fue asesinado en cumplimiento de su deber el sargento Armén Hovhannisyan.

“Los mediadores debían haber anunciado que el comportamiento de Bakú les impide participar de las negociaciones”, siguió Manoyan, quien además expresó su frustración porque los copresidentes del Grupo de Minsk no se atrevieron a presentar una evaluación honesta de la situación y terminaron escondiéndose detrás de un falso equilibrio entre las partes.

“No creo que los armenios se nieguen jamás a participar de las negociaciones… Sin embargo, existe el imperativo de mostrar a Occidente que su “equilibrio” termina siendo cómplice de la política que lleva adelante Azerbaidján. Debido a esto los copresidentes deben garantizar la participación de Artsaj en las tratativas de paz”, dijo Manoyan.

El experto advirtió además que la realidad actual en las fronteras de Armenia puede desembocar en una nueva guerra y añadió que Bakú puede no ir a una confrontación bélica, pero sus continuas provocaciones pueden dirigir la situación en esa dirección.

Consideró también que Aliev y su gobierno pretenden sabotear el proceso de paz porque ese país no está satisfecho por el alcance de las negociaciones. Manoyan aseguró que la comunidad internacional llegó al punto de comprender que el retorno de Nagorno Karabagh a la jurisdicción de Azerbaidján es sencillamente imposible. Instó además a que la diplomacia armenia redirecciones su política exterior y pidió que los diplomáticos armenios que busquen activamente el reconocimiento internacional de la República de Nagorno Karabagh. “La comunidad internacional tiene que asumir la responsabilidad de forzar a Bakú a asumir la realidad”.

Finalmente, el director de asuntos políticos del Tashnagtsutiún se preguntó acerca de la ausencia de Armenia en la cumbre de paz por Siria que se desarrolló en Ginebra.

Dijo que si bien Ereván no fue invitada a participar, Armenia debería expresar su preocupación por la seguridad de las minorías nacionales de Siria. “Hubiera sido bueno que Armenia participara de la cumbre como parte interesada. Sin embargo, debemos al menos, hacer un seguimiento para asegurarnos que las minorías, sobre todo, la armenia, estén consideradas a la vanguardia en los debates de paz”, concluyó Manoyan.

DIARIO ARMENIA