(ԳԱՆՁԱՍԱՐ) Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հինգշաբթի 12 Մարտ 2015-ին, Հալէպի Ա.Մ.Ժ.Տան «Անի» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Դատի Լսարանի հերթական 8-րդ նիստը: Նիստի զեկուցաբերներն էին` դոկտ. Հուրի Ազէզեանն ու դոկտ. Մուհամմետ Ճումաա Համատէ: Զեկոյցի նիւթն էր «Սուրիոյ դերը հայ ժողովուրդի հիւրընկալման եւ պաշտպանութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի ունեցած ներդրումը Սուրիոյ բարգաւաճման ընթացքին»:
Բեմավար Արա Մութաֆեան նիստին պատւոյ հիւրերը, միութիւններու ներկայացուցիչներն ու ունկնդիր ներկաները ողջունելէ ետք, բեմ հրաւիրեց զեկուցաբերները:
Նիստին առաջին զեկոյցը փոխանցեց դոկտ. Հուրի Ազէզեան, որ իր խօսքին սկիզբը յիշատակեց Սուրիոյ եւ հայ ժողովուրդի բիւրաւոր նահատակները: Ապա ներածականին մէջ համառօտ կերպով յիշեց, թէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու սերտ յարաբերութիւնը երկար տարիներու վրայ կ՛երկարի` Մեծն Տիգրանի գահակալութեան ժամանակներէն, որուն իշխանութիւնը ընդարձակ տարածութիւն ունեցած է: Ըստ պատմական աղբիւրներու, Մեծն Տիգրանի բանակին մէջ կը գտնուէին արաբական զօրագունդեր, որոնք մեծ ներդըրում ունէին հայկական տիրապետութեան սահմաններու ընդլայնումի աշխատանքին մէջ: Ան յիշեց նաեւ Արտաւազդ Բ.-ի բանակին մէջ գործող արաբական խումբերը (Քաթայեպ), ու նշեց, թէ առեւտուրն ալ իր ազդու դերը ունէր յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
Զեկուցաբերը պատմական ակնարկ մը ներկայացուց նշելով թէ. «Եփրատն ու Տիգրիս գետերը աշխարհագրական իրենց դիրքով եղան հիմնական անցքը Հայաստանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւններու մշակման մէջ: Արաբական բազմապիսի աղբիւրներ բացայայտօրէն կը վկայեն այս երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցած դարաւոր պատմութեան մասին: Սուրիան Հայաստանի սահմանակից էր հիւսիս-արեւելեան կողմէն, ինչպէս նաեւ առեւտրական բազմապիսի ճանապարհներ կը մերձենային իրենց միջեւ»: Զեկուցաբերը պատմութենէն քաղուած օրինակներով ապացուցեց Սուրիոյ հետ հայ ժողովուրդի ունեցած կապուածութիւնը, ինչպէս` Գրիգոր Մամիկոնեանի եւ Սըմբատ Բագրատունիի հանդիսաւոր դիմաւորութիւնը արաբ խալիֆա` Մուաուիային կողմէն, Դամասկոսի մէջ, Մեծն Տիգրանի օրով հայերու եւ արաբներու վայելած խաղաղ, բարգաւաճ օրերն ու տնտեսական զարգացումը եւայլն:
Հայ ժողովուրդի ներկայութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ, նախքան ցեղասպանութիւն, ի յայտ եկած է դարերու վրայ երկարող զանազան պատճառներով տեղի ունեցած գաղթի հետեւանքով դէպի Կապադովկիա, Կիլիկիա եւ Սուրիա: Այս առթիւ Դոկտ. Հուրի Ազէզեան տարեթիւերով, հայ եւ օտար աղբիւրներու վկայութիւններով հարստացուած մէջբերումներով հանգամանօրէն ներկայացուց հայերու յայտնաբերումը Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ Հալէպի մէջ յատկապէս: Այդ շրջանին Հալէպի մէջ բնակութիւն հաստատած էին հայ եւ օտար վաճառականներ, որովհետեւ Հալէպը առեւտրական բարգաւաճ կեդրոն դարձած էր: Ան ընդհանուր պատկերով լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի եւ հայ եկեղեցիներու կազմաւորման շրջանը` աւետարաններու յիշատակարաններէն փաստարկներ ներկայացը- նելով:
Հասնելով 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, անդրադարձաւ տարագիր հայութեան արաբ պետութեան կողմէ անշահախնդիր հիւրընկալման եւ ապա որբահաւաքի աշխատանքի զօ- րակցութեան: Զեկուցաբերը շեշտեց, թէ տարիներու թաւալումով հայերը աշխատասիրութեամբ զանազան բնագաւառներու մէջ իրենց գործօն ներկայութիւնը բերին` արժանանալով տեղացի ժողովուրդի յարգանքին: Ինչպէս նաեւ բաժնեկից դարձան անոնց բոլոր ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն:
Նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր դոկտ. Մուհամմետ Ճումաա Համատէ: Ան իր խօսքին մէջ մեծարեց հայոց արգասաբեր ներկայութիւնը, որոնք ռահվիրաները դարձան լուսանկարչութեան, երկաթուղիներու շինարարութեան եւ երկաթագործութեան ասպարէզներէն ներս: Ան բարձր գնահատեց հայ կնոջ դերը արաբական իրականութեան մէջ, մանաւանդ անոր ձեռարուեստի իւրայատուկ ստեղծագործութիւնները: Համատէ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն հայ նահատակներուն, որոնք Սուրիոյ բանակին զօրակցելով իրենց քաջ ներկայութիւնը բերին` յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:
Հայերուն նկարագրային գիծերուն ակնարկելով զեկուցաբերը ըսաւ. «Հայերը տիպար օրինակ դարձան իրենց ազնուութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ: Անոնք հանդուրժողական կերտուածքով եւ գիտակցութեան արժանիքներով օժտուած անձնաւորութիւններ են, որոնց ներկայութիւնը կը հարստացնէ սուրիական ընկերութեան համայնապատկերը: Հայերը Սուրիոյ մէջ լիիրաւ քաղաքացիներ են եւ անբաժան մասնիկն են այս երկրին»: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով զեկուցաբերը կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` հասնելու արդարութեան:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան