«Հանրային կարծիքը զգաստութեան հրաւիրելու,արտաքին գետնի վրայ լուսաբանելու եւ ներքին գետնին վրայ միաւորուելու ճիգը՝ մեր բոլոր կառոյցներու ներգրաւուածութեամբ է որ կը շեշտուի»
(ԱԶԱՏ ՕՐ) Ինչպէ՞ս կը գործէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբը։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Կեդրոնական Յանձնախումբը միացեալ կազմ ունի, Յունաստանի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մասնակցութեամբ։ Միացեալ յանձնախումբին կը մասնակցի նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչը։ Ինչպէս արդէն ծանօթ է, Յունուար 18ին Կեդրոնական Յանձնախումբը հրապարակային ելոյթով մը ներկայացուց ծրագրուած ձեռնարկներու շարքը, որոնք պիտի ծաւալին ամբողջ տարուայ ընթացքին։ Անոնք քաղաքական, մշակութային, կրօնական եւ մարզական բնոյթ ունեցող ձեռնարկներ են, որոնց մասին մամուլով եւ համացանցով օրին տեղեակ պիտի պահուի հանրութիւնը։
Կեդրոնական Յանձնախումբի ծրագիրներու շարքին որպէս շարունակութիւն, կարեւոր է նշել, թէ Հ.Յ.Դ. կառոյցները եւ ուղեկից միութիւնները եւս յաւելեալ գործունէութիւն ծրագրած են ու կ՚իրագործեն Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ մէջ՝ Հ.Յ.Դ. տեղական կոմիտէներու, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի, Հայ Գթութեան Խաչի, Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեամբ։ Այս բոլոր ձեռնարկները, որոնց համադրումը կատարած է արդէն Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը, որպէս լրիւ ու ամբողջական ծրագիր, կու գան զօրացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը արժանավայել կերպով նշելու կարեւորութիւնը ամբողջ Յունաստանի տարածքին եւ ամբողջ տարուայ մէջ։
Յատուկ ֆինանսաւորումո՞վ։
Այո, յատուկ ֆինանսաւորումով, որուն մեծապէս օգտակար պիտի ըլլան Կեդրոնական Յանձնախումբին կողմէ 100ամեակի խորհրդանշանով հրապարակ ելած կտրոնները ինչպէս նաեւ 100ամեակի խորհրդանիշ՝ անմոռուկ ծաղիկի կրծքանշանները։ Կտրոնները եւ կրծքանշանները կը տրամադրուին հատը 5 եւրոյի փոխարէն, եւ անոնցմէ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի 100ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպական աշխատանքներուն։ Կտրոնները մի քանի ամիսէ ի վեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ կը գտնուին եւ յատկապէս այս հանգրուանին՝ կոչ կ՚ուղղենք բոլորին, որպէսզի իրենց օժանդակութիւնը բերեն անոնց սպառման գործին մէջ։
Ապրիլի մէջ ո՞ր ձեռնարկները նախատեսուած են։
Անշուշտ քաղաքական ձեռնարկները կը կեդրոնացնեն ուշադրութիւնը, քանի որ պետական-քաղաքական յոյն անձնաւորութիւններու ներկայութեան պիտի իրագործուին Աթէնքի «Փալաս» դահլիճէն ներս՝ 19 Ապրիլին, Թեսաղոնիկէի համալսարանի դահլիճին մէջ՝ 26 Ապրիլին եւ Գավալայի մէջ` 26 Ապրիլին։ Իւրայատուկ է օրուայ բանախօս՝ Կիպրացի եւրոերեսփոխան տիկին Էլէնի Թէոխարուսի մասնակցութիւնը, որ մեծ հմայք ունեցող քաղաքական հասուն եւ ընդունուած անձնաւորութիւն է։ Նոյնպէս, Թեսաղոնիկէի մէջ բանախօսութիւնը ստանձնած թուրք ծանօթ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի եւ Գավալայի մէջ Փանտիօ համալսարանի դասախօս Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիսի մասնակցութիւնները յատուկ շեշտ կու տան այս տարուայ ելոյթներուն։
Մասնաւոր շեշտադրումով կ՚ուզեմ անդրադառնալ դէպի թրքական դեսպանատուն Աթէնքի մէջ եւ դէպի թրքական հիւպատոսարան Թեսաղոնիկէի մէջ բողոքի ցոյցերուն Ապրիլ 24ի օրը։ Յունահայութեան համախումբ, զօրաւոր եւ բազմամարդ մասնակցութիւնը աւելի քան հրամայական է եւ կարեւոր։
Նշենք նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը, որ Հայաստանէն ուղիղ պիտի հեռասփռուի նաեւ Յունաստանի մէջ՝ 23 Ապրիլին։
Դարձեալ Ապրիլին մէջ պիտի ըլլայ հայ գեղանկարիչներու ցուցահանդէս Աթէնքի մէջ։ Թեսաղոնիկէի մէջ պիտի կայանան միջազգային համբաւ ունեցող Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներու ելոյթները։
Ըսեմ, որ մեր ուղեկից միութիւններն ալ յատուկ կերպով պիտի նշեն 100ամեայ տարելիցը, սկսելով Հայ Կապոյտ Խաչէն, որ իր տարեկան արիւնատւութեան 100ամեակի պատշաճ շեշտադրումը կուտայ՝ 100 շիշ արիւն գոյացնելու խորհըրդանշական ու բարձր թիրախով։ Այս տարի նաեւ ուտեստեղէնի հաւաք եւ բաշխում նախատեսուած է կարիքաւոր ընտանիքներու համար, որպէս խորհրդանըշական քայլ՝ Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած եւ Յունաստան ապաստանած հազարաւոր հայ գաղթական ու որբ հայերու տրուած օգնութեան համար։
Հ.Յ.Դ Երիտասարդական Միութիւնը յատուկ կրպակներով պիտի ներկայանայ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ՝ յոյն հանրութիւնը լուսաբանելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի արդար դատի հետապնդման կապակցութեամբ։
Իր կարգին Հ.Մ.Ը.Մ. կը ծրագրէ հեծելարշաւ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, հայ եւ յոյն, մեծ ու պզտիկ հեծելանաւորդներու մասնակցութեամբ։ Նոյնպէս, մարզական հանդիպումներ՝ գաղթական յունական այլ ակումբներու դէմ, ինչպէս էր օրինակի համար անցեալ շաբաթ կայացած վոլէյ-պոլի մրցումը «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, Փանիոնիոս խումբին դէմ։
Ի՞նչպիսի այլ միջոցառումներ նախատեսուած են մինչեւ տարեվերջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նուիրուած շարքը պիտի երկարի Ապրիլէն անդին նաեւ կազմակերպուող բաւական ձեռնարկներով։ Պիտի փորձեմ ամփոփ կերպով տալ ընդհանուր պատկերը։
Մայիսի սկիզբը Թեսաղոնիկէի մէջ ծրագրուած է Հայաստանի մասնակցութիւնը Գիրքերու Միջազգային Ցուցահանդէսին Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով գիրքերու ցուցադրութեամբ (նաեւ նմանօրինակ յունարէն գիրքերով)։ Դարձեալ Մայիսի սկիզբը, Ցեղասպանութեան Թանգարանին հետ գործակցաբար, Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային մամուլի առաջին էջէրու ցուցահանդէս, որոնք կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին լուրերը 1915ի օրերուն։ Նախատեսուած է դասական նուագախումբի համերգ Մայիսին մէջ։
Իսկ Համազգայինը համերգային մեծ ծրագիր մը ունի Յունիսին մէջ, հայրենի համբաւաւոր երգչուհի Նունէ Եսայեանի մասնակցութեամբ, ինչպէս եւ թատերական ու երգչախմբային-պարախմբային այլ ձեռնարկներ։
Ողջունելի է յունահայ 80է աւելի երիտասարդներու մասնակցութիւնը Հայաստանի մէջ Համահայկական խաղերու կազմակերպումին, Յուլիսին, որ առիթը պիտի տայ շատերու ներկայ ըլլալու տօնական այս մեծ միջոցառման, վայելելով հայրենիքի բարիքները։
Նախատեսուած են մշակութային որոշ ձեռնարկներ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն։ Նշելի են Հայաստանի Ցեղասպանութեան Թանգարանի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ ցուցահանդէսը, Աթէնքի համերգասրահէն ներս Հայաստանի կամերային երգչախումբի ելոյթը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բազմադարեայ պատմական իրերու ցուցադրութիւն Աթէնքի մէջ։ Աւելի ուշ, ծրագրուած է հայկական ֆիլմերու շաբաթ։
Արդէն տարուայ սկիզբէն ընդունեցինք մեծ թիւով դիմումներ, Յունաստանի տարբեր շրջաններու քաղաքապետական-մշակութային միութիւններու կողմէ, որոնք իրենց պարտքը կը զգան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ձեռնարկներ կազմակերպելու, իրենց ժողովուրդը իրազեկելու համար տուեալ պատմական եղելութեան մասին։ Դիմումներ ընդունած ենք Փսիխիքոյի, Սիրոսի, Ռոտոսի, Քերքիրայի եւ շատ այլ շրջաններու կողմէ, նոյնիսկ տեղեր ուր հայութիւն չկայ մեծ թիւերով։ Այս ցոյց կուտայ թէ յոյն ժողովուրդը, որ հայութեան պատմութեան շատ մը երեսներու բախտակից եղած է ինք եւս, կը զօրակցի եւ զգայնութեամբ կը դիտէ հայութեան արդար պայքարները։
Համաշխարհային գետնի վրայ բողոքի հաւաքներ ալ տեսանք Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ։
Այո. աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բողոքի հաւաքներ կազմակերպուեցան անցեալ շաբաթ Եւրոպական Միութեան գրասենեակներուն առջեւ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու կազմակերպութեամբ։ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը եւս իր գործօն ներկայութիւնը կը բերէ այս շարժումին։ Մեր երիտասարդները Աթէնքի մէջ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեցին Եւրոպական Միութեան գրասենեակներուն առջեւ՝ պաստառներ բարձրացնելով ու դատապարտելով Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հանդէպ։
Բողոքի այլ հաւաքներ եւս նախատեսուած են ՄԱԿի գրասենեակներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ ու Ամերիկեան դեսպանութիւններուն առջեւ։
Իսկ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան անդամները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ապրիլեան յիշատակի ձեռնարկներուն, համալրած ըլլալով իրենց դաստիարակչական եւ քարոզչական աշխատանքները։
Ո՞ւր կը տեսնէք ապրիլեան 100ամեայ տարելիցի շեշտադրումը։
Շատ մեծ գոհունակութեամբ տեսանք մեր բոլոր կառոյցներու զօրաշարժը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը պատշաճօրէն նշելու պատրաստակամութեամբ։ Հայոց Ցեղասպանութեան մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը յարգելու ճիգը՝ համահայկական մեծ ներուժ կը պարտադրէ, որպէսզի միասնական ոգիով ու պահանջատիրութեամբ հաստատենք՝ թէ ժամանակի գործօնը մեզ շատ աւելի վճռակամ ու պահանջատէր կը դարձնէ Թուրքիոյ պետական մերժումին հանդէպ։ Հանրային կարծիքը զգաստութեան հրաւիրելու, արտաքին գետնի վրայ լուսաբանելու եւ ներքին գետնին վրայ միաւորուելու ճիգը՝ մեր բոլոր կառոյցներու ներգրաւուածութեամբ է որ կը շեշտուի։ Յաւելեալ՝ մեր բոլոր կառոյցներն ու միութիւնները, իրենց առաքելութեան ծառայելու սկզբունքով է որ կը մօտենան 100ամեայ տարելիցի խորհուրդին, ուրոյն ներդրում ունենալու նպատակով։
Մենք ուրախութեամբ կ՚ողջունենք ընդհանրացած այս մօտեցումը, ինչպէս նաեւ արտաքին յարաբերական ծիրէն ներս, քաղաքական եւ քաղաքապետական շրջանակներուն հետ։
Յունաստանի մէջ մենք ունինք իւրայատկութիւնը ապրելու բարեկամական երկրի ու ժողովուրդի մէջ, ուր ճանչցուած-դատապարտուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նոյնիսկ քրէական հետապնդումի ենթակայ է անոր մերժումը։ Պետական եւ քաղաքապետական մակարդակի վրայ ի՞նչ նախատեսում կայ 100ամեայ տարելիցին առիթով։
Ինչպէս գիտէք, աշխարհի բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն ուղղուած է ՀՀ նախագահի հրաւէրը, Ապրիլ 24ին ներկայ գտնուելու Երեւանի մէջ, պետական բարձր աստիճանի ներկայութիւններով։ Մենք Յունաստանի մէջ, երկար տարիներու աշխատանքին սիրոյն, որ տարուած է յաջորդական Հ.Յ.Դ. Յանձնախումբերու կազմերուն կողմէ, շատ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունինք յոյն պետական շրջանակներուն հետ։ Իսկ Յունաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս հինէն ի վեր հայութեան արդար պայքարներու մեծագոյն բարեկամներէն հանդիսացած է, գործօն մասնակցութեամբ ու դերակատարութեամբ։ Կը յուսանք որ Յունաստանի պետութիւնը բարձր մակարդակով ներկայ պիտի գտնուի թէ՛ Հայաստանի թէ՛ Յունաստանի մէջ կազմակերպուող բոլոր միջոցառումներուն։
Ընդունեցինք նաեւ յունական պոնտական միութիւններու երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքերը՝ Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ Յոյներու Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով։ Քայլ մը, որ կը սպասուէր յոյներուն կողմէ եւ յաջողուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործօն դերակատարութեամբ Հայաստանի մէջ, խորապէս ապացուցելով հայութեան եւ Հայաստանի բարեկամական գերազանց յարաբերութիւնները Յունաստանի հետ, ինչպէս եւ մեր ազգի հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն հանդէպ։
Տեղական քաղաքապետական եւ մարզային տարբեր շրջանակներու հետ Հ.Յ.Դ. Մարմիններու երկար տարիներու մշակուած աշխատանքը իր բեղուն արդիւնքները միշտ բերած է շրջաններէն ներս, դրական մթնոլորտ պարտադրելով ամէնուրեք։ Մեր ժողովուրդը կը գիտակցի այս իրականութեան, յարգելով իրեն եղած պատիւը եւ ջերմօրէն կը գնահատէ քաղաքապետութեանց նախաձեռնութիւնները։ Նշելի են յունական հայահոծ քաղաքներու եւ Հայաստանի քաղաքներու միջեւ եղբայրացումները, ինչպէս նաեւ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Նէա Զմիռնիի, Նիքէայի-Ռէնտիի եւ Գորիտալոսի մէջ կանգնած յուշարձաններն ու խաչքարերը։ Բոլոր այս իրագործումները մեր երկարամեայ հետեւողական կապերու եւ ճիգերու արդիւնքը կը հանդիսանան։
100ամեակի այս նշանակալից տարուայ ընթացքին ծրագրուած են բազմապիսի հրապարակային ելոյթներ՝ յատկապէս Նէա Զմիռնիի, Բիրէայի, Նիքէա-Ռէնտի ու այլ քաղաքապետութեանց եւ Հ.Յ.Դ. տեղական Կոմիտէներուն հետ գործակցաբար, որոնք արդէն կը ծաւալին ամբողջ տարուայ ընթացքին։ Հոս պէտք է նշել, թէ մեծապէս ողջունելի է նաեւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան կողմէ նոր յուշարձանի մը զետեղումը Սեպտեմբերի մէջ։ Այս յուշարձանը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին։ Պէտք է շեշտեմ թէ իրապէս մեծ պատիւ մըն է հայութեան հանդէպ, որ ցոյց կը տրուի Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան կողմէ։ Ան առաջինը եղաւ որ տարիներ առաջ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Զանգակ» յուշակոթողը, իսկ հիմա դարձեալ տեղ կը տրամադրէ, իր կեդրոնական վայրերէն մէկուն մէջ, որպէսզի զետեղուի բարձր որակի եւ մշակութային արժէքի նոր յուշարձան մը։
Ի՞նչ է մեր հիմնական նպատակը 100ամեակին առիթով։
Կը հաւատանք թէ ամբողջական ծրագիր մը պիտի իրագործուի մեր բոլորի ջանքերով։ 100ամեակի Կեդրոնական միացեալ յանձնախումբի, Հ.Յ.Դ. կառոյցներու, ուղեկից միութեանց եւ մեր հայրենակիցներու ներգործութեամբ, յունահայութեան լայնածաւալ ներկայութիւնը կրնանք ապահովել բոլոր ձեռնարկներուն, որպէս իւրաքանչիւրիս նուազագոյն պարտաւորութիւն, նկատի ունենալով, որ ազգովին մեծ ճիգ կը տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը անկիւնադարձային տարի դարձնելու եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հայութեան պայքարներուն վրայ հրաւիրելու ու պահանջատիրական մեր թափը սաստկացնելու։
Ուստի, մեր հիմնական նպատակն է՝ համախմբում, զանգուածային ներկայութիւն, քարոզչական լայն անդրադարձ, մեր պահանջատիրական պայքարի վերանորոգում։ Միասնական ուժերով կրնանք յառաջ տանիլ մեր պայքարը։ Կ՚ակնկալենք որ մեր ժողովուրդը ընդառաջէ եւ մեծ թիւերով ներկայ ըլլայ բոլոր ձեռնարկներուն։