Հայ Դատի Լսարան․ Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Հայ Եկեղեցին

(ԳԱՄՁԱՍԱՐ) Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Սուր­իոյ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին, Հինգ­շաբ­թի, 26 Փետր­ուար 2015-ին, Հա­լէ­պի Ա.Մ.Ժ.Տան «Անի» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ Դա­տի Լսա­րա­նի հեր­թա­կան 7-րդ նիս­տը: Նիս­տի զե­կու­ցա­բեր­ներն էին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եանն ու Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եա­նը: Զոյգ զե­կոյց­նե­րու նիւթն էր «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու Հայ եկե­ղե­ցին»:

Նիս­տին առա­ջին զե­կոյ­ցը փո­խան­ցեց Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան, որ լու­սար­ձա­կի տակ առաւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի կո­րուստ­նե­րը Ատա­նա­յի կո­տո­րա­ծին եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն: Վե­րա­պատ­ուե­լին իր զե­կոյ­ցին մէջ նշեց. «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին, երբ կը խօ­սինք Հայ եկե­ղեց­ւոյ կո­րուստ­նե­րուն ու դի­մագ­րա­ւած դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ, անոր կրկ­նօ­րի­նակ­նե­րը կ՛ապ­րինք ազ­գո­վին սուր­ի­ա­կան ասպըն­ջա­կան հայ­րե­նի­քին օրհն­եալ հո­ղե­րուն վրայ: 100ամ­եա­կը 100 տա­րի ետք յի­շելն ու յի­շեց­ման կար­գով կո­րուստ­նե­րը թուագ­րելն ու վի­ճա­կագ­րա­կան կար­գով զա­նոնք մա­տու­ցե­լը, որ­պէս ակա­դե­մա­կան աշ­խա­տանք, որ­պէս իրա­ւա­բա­նա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­րե­ւոր են, այդ կո­րուստ­նե­րուն ծա­ւա­լը իր խտաց­ուած ձե­ւով ներ­կա­յաց­ուե­լու է առ որ անկ է: Հա­մայն­քին կրած մարդ­կա­յին, գո­յու­թե­նա­կան եւ հաս­տա­տու­թե­նա­կան կո­րուստ­նե­րը յի­շելն ու յի­շեց­նե­լը եւս մե­զի դէմ յան­դի­ման կը դնէ ճա­կա­տագ­րա­կան նոր մար­տահը­-րա­ւէր­նե­րու:

Մեծ Եղեռ­նէն քա­նի մը տա­րի առաջ, 1894-1896 Հա­միտ­եան ջար­դե­րէն ետք եւ Սուլ­թան Հա­մի­տի գա­հըն­կե­ցու­թե­նէն ետք կազ­մա­կերպ­ուած առա­ջին լայ­նա­ծա­ւալ կո­տո­րա­ծը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ապ­րի­լի 1909 թուա­կա­նին` Ատա­նա­յի կո­տո­րա­ծով: Ազ­գայ­նա­մոլ թուր­քե­րու կող­մէ իրա­գործ­ուած այս արար­քին զոհ գա­ցին ազ­գաբ­նակ­չու­թեան կող­քին նա­եւ տե­ղի հա­յե­րուն ինչ­քերն ու ու­նեց­ուածք­նե­րը: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեց­ւոյ կրած կո­րուստ­նե­րուն կա­րե­լի է անդ­րա­դառ­նալ ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն, երբ որ­պէս մեկ­նա­կէտ ըն­դու­նինք Ատա­նա­յի կո­տո­րա­ծը: Ատա­նա­յի կո­տո­րա­ծը մեծ կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռեց Կի­լիկ­իոյ բո­վան­դակ հա­յու­թեան, որուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք հայ երեք յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րը հս­կա­յա­կան կո­րուստ­ներ ու­նե­ցան: Սա­կայն Կի­լիկ­իոյ շըր­ջա­նին մէջ հայ աւե­տա­րա­նա­կա­նութ­եան կրած կո­րուս­տը աւե­լի մեծ եղաւ: Կի­լիկ­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րը, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կորսն­ցու­ցին իրենց հո­գե­ւո­րա­կան-աշ­խար­հա­կան ղե­կա­վար­նե­րուն 50 առ հա­րիւ­րը: Այս աղէ­տը կը զու­գա­դի­պէր Կի­լիկ­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Եկե­ղե­ցի­նե­րու Միու­թեան 1909թ. Տա­րե­կան Եկե­ղե­ցա­կան Հա­մա­ժո­ղո­վին: Հայ Աւետ. եկե­ղե­ցի­նե­րու եր­կու եր­րոր­դը ար­դէն չքա­ցած էր»:

Ապա վե­րա­պատ­ուե­լին ըսաւ. «Հայ Աւետ. եկե­ղե­ցին աւան­դա­կան եկե­ղե­ցի մը չըլ­լա­լով, իր 75 տար­ուան զար­թօն­քի շր­ջա­նին, իր շեշտն ու զօ­րու­թիւնը հիմ­նած էր կր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, քո­լեճ­նե­րու, աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան ճե­մա­րան­նե­րու, հիւան­դա­նոց­նե­րու վրայ, ուր կր­թու­թիւն եւ դար­մա­նում կը ստա­նա­յին: Կո­րուս­տը ահ­ռե­լի էր, որով­հե­տեւ գո­յու­թե­նա­կան կո­րուստ էր: Այ­սօր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի ետք, մենք իբ­րեւ հա­մայնք եւ ազգ կա՛նք եւ պի­տի մնա՛նք: Զո­հի հո­գե­բա­նու­թե­նէն դուրս ել­լե­լով եւ վե­րածն­ուած հայ ժո­ղո­վուր­դի մէկ մաս­նի­կը ըլ­լա­լով Ատա­նա­յի կո­տո­րա­ծին 106 ամ­եակն ու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կը վե­րա­նո­րոգ­ման տա­րե­դարձ­ներ են մե­զի հա­մար: Մեր կորս­ուած իրա­ւունք­նե­րու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, մեր վե­րա­նո­րոգ­ման, մեր կեն­սու­նա­կու­թեան եւ վե­րա­կերտ­ման վճ­ռա­կա­նու­թիւնը վկա­յող հանգր­ուան մըն է մեր պատ­մու­թեան մէջ, մի­ան­գա­մայն 100ամ­եա­կը անց­եա­լէն դա­սեր քա­ղե­լու դի­պուկ առիթ մըն է:

Օտար­նե­րուն օգ­նու­թիւնը հայ­ցենք, բայց մենք օտար­նե­րէն փր­կու­թիւն չս­պա­սենք, որով­հե­տեւ մեր սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով կա­րե­լի է մեր իրա­ւունք­նե­րուն տի­րա­նալ: Հայ ժո­ղո­վուր­դի մի­ակ ել­քը իր մի­ա­բա­նութ­եան եւ մի­ա­կա­մու­թեան մէջն է»:

Յա­ջորդ զե­կու­ցա­բե­րը` Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եան, իր խօս­քին մէջ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կին նուիր­ուած նման լսա­րա­նի մը կազ­մա­կեր­պու­մը: Ան ներ­կա­յաց­նե­լով «Հայ եկե­ղե­ցին եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը» նիւ­թը մատ­նան­շեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը 99 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին յա­ճա­խա­կի կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ իր կո­րուստ­նե­րուն մերթ ող­բով եւ մերթ պայ­քա­րի ոգի­ով` կա­րո­ղա­նա­լով նուա­ճել որո­շա­կի յաղ­թա­նակ­ներ, սա­կայն որ­պէս հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն կը շա­րու­նա­կենք մնալ անար­դա­րու­թեան գե­րիշ­խող վի­ճա­կին մէջ: Ապա իր մա­տու­ցու­մը շա­րու­նա­կեց սոյն նիւ­թին կա­պակ­ցա­բար խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան երեք բա­ժին­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով` յի­շե­ցում­նե­րու, բա­ռե­րու անդ­րա­դար­ձին եւ Հայ եկե­ղեց­ւոյ կո­րուս­տին շուրջ:

Յի­շե­ցում­նե­րու կար­գով սր­բա­զան հայ­րը հե­տեւ­եալ կէ­տե­րը ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց.-

– «Երբ կ՛ըսենք եկե­ղե­ցի եւ Հայ եկե­ղե­ցի` կը նշա­նա­կէ հայ եւ քրիս­տոն­եայ մարդ, ան­կախ իր ժա­մա­նակ­նե­րու յա­րան­ուա­նա­կան իրա­վի­ճա­կէն:

– Հայ եկե­ղե­ցի կը նշա­նա­կէ նա­եւ հաս­տա­տու­թե­նա­կան իրա­կա­նու­թիւն մը, որ ու­նի նուի­րա­պե­տու­թիւն, ծի­սա­կարգ, աստ­ուա­ծա­բա­նու­թիւն եւ հո­գե­ւոր մշակ:

– Հայ եկե­ղե­ցին Քրիս­տո­սի ան­բա­ժան եւ խորհր­դան­շա­կան մար­մինն է, ինչ­պէս նա­եւ ընդ­հան­րա­կան եկե­ղեցի­ին մաս կը կազ­մէ: Աւե­լի՛ն. հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար իւ­րա­յա­տուկ ներ­կա­յու­թիւն մըն է ան եւ նոյ­նինքն հայ ժո­ղո­վուր­դին ինք­նու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէ:

– Հա­յու­թեան պատ­մու­թեան վեր­ջին աւե­լի քան 1700 տա­րի­նե­րը իրենց վե­րելք­նե­րով, ան­կում­նե­րով, յաղ­թա­նակ­նե­րով եւ պար­տու­թիւն­նե­րով կա­րե­լի չէ հասկ­նալ առանց հո­գե­ւոր հիմ­նա­կան այն կա­ռոյ­ցին, որ կը կոչ­ուի Հայ եկե­ղե­ցի: Հայ եկե­ղե­ցի եւ հայ ժո­ղո­վուրդ նոյ­նու­թեան եւ ան­բա­ժա­նե­լիու­թեան մէջ կը գտնը­ւի նա­եւ մեր քրիս­տո­ն­է­ա­կան հա­ւատ­քով մե­զի փո­խանց­ուած զօ­րու­թիւնը` ապ­րե­լու, վե­րապ­րե­լու, յա­րու­թիւն առ­նե­լու եւ պայ­քա­րե­լու:

– Հա­յոց դա­րա­ւոր պատ­մութ­եան ըն­թաց­քին քրիս­տո­ն­է­ա­կան մեր հա­ւատ­քին եւ եկե­ղեց­ւոյ դէմ յար­ձա­կում­նե­րը, հա­ւատ­քի պահ­պա­նու­թեան ի խն­դիր մեր նա­հա­տա­կու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րը ոչ միայն անց­եա­լին կը պատ­կա­նին, այ­լեւ ու­նին ժա­մա­նա­կա­կից եւ այժ­մ­է­ա­կան հն­չե­ղու­թիւն:

– Հայ գի­րե­րու գիւ­տը երկ­րորդ յաղ­թա­նակ մըն էր` ընդ­դէմ խա­ւա­րա­յին այն ու­ժե­րուն, որոնք փոր­ձե­ցին մթագ­նել հա­յոց պատ­մու­թիւնը իրենց կազ­մա­կեր­պած առա­ջին ջար­դին օրի­նա­կով` Վար­դա­նանց ճա­կա­տա­մար­տով:

– Դա­րե­րու ըն­թաց­քին, երբ պայ­քա­րի մա­սին կը խօ­սինք, չենք խօ­սիր միայն զուտ քա­ղա­քա­կան իմաս­տով, այլ` ազ­գա­յին: Ազ­գա­յի­նը հա­մընդ­հա­նուր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, իսկ քա­ղա­քա­կա­նը` քա­ղա­քա­կան մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց պրիս­մա­կին մէջ դիտ­ուած եւ գոր­ծադր­ուած այն ճի­գերն են, որոնք երկ­րի մը ան­կա­խու­թեան պահ­պա­նու­թեան ի խն­դիր կը թափ­ուին:

– Հայ աշ­խար­հա­կան իշ­խա­նութ­եան գո­յու­թեան ու ներ­կա­յու­թեան, Հայ եկե­ղե­ցին եղաւ գոր­ծա­կից բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, իսկ այդ իշ­խա­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան` իր առա­քե­լու­թեան առանց­քը դար­ձուց ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը:

Այս բո­լոր յի­շե­ցում­նե­րը կու գան հաս­տա­տե­լու, թէ ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը` մղ­ուած ար­դա­րու­թեան իրա­ւուն­քին ու պա­հան­ջա­տի­րութ­եան հա­մար, Հայ եկե­ղեց­ւոյ նկա­րագ­րին մաս կը կազ­մէ»:

Զե­կոյց­նե­րէն ետք, ներ­կա­նե­րը հար­ցադ­րում­նե­րով առա­ւել հարըս­տա­ցու­ցին ներ­կա­յաց­ուած նիւ­թե­րը: