«Թեւանիկ» ժապաւէնը մատչելի եւ դիւրաւ ընկալելի ու կարեւորը՝ նաեւ մրցունակ է միջազգային շուկային մէջ
(ԱԶԱՏ ՕՐ) Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ, Աթէնքի մէջ կը ցուցադրուի Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ֆիլմը, որ կը պատմէ Արցախեան ազատամարտի ընթացքին երեք պատանիներու
փորձառութիւնը։ Ժապաւէնը յոյն հասարակութեան առաջին անգամ ներկայացուեցաւ երէկ Հինգշաբթի օր, Աթէնքի «Իանոս» գրատան մէջ, իսկ վաղը գիշեր կը ներկայացուի Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» մշակութային սրահին մէջ։
Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան այցելեց «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը եւ զրոյց մը ունեցաւ խմբագրութեան հետ։
Ինպէ՞ս յառաջացաք «Թեւանիկ» ժապաւէնի նկարահանման։
Անցած 20 տարիներուն ընթացքին Ղարաբաղի մասին բաւական բան պատմուած ու ներկայացուած է աշխարհին։ Բայց գոնէ ամէնամասայական -ամէնատարուած, ամէնաընդունուած- արուեստի միջոցով, որ շարժապատկերն է, չեմ կրնար ըսել, որ շատ բան կատարուած է։ Կային տոքիւմէնթար ժապաւէններ, կային փոքրիկ պատառիկներ անշուշտ։ Ճիշդ այս մտահոգութեամբ, փորձեցինք ստեղծել ֆիլմ մը, որ մատչելի եւ դիւրաւ ընկալելի ու կարեւորը՝ նաեւ մրցունակ պիտի ըլլար միջազգային շուկային մէջ։ Այսինքն պատրաստել ֆիլմ, որ ոչ միայն պիտի դիտեն Արցախի կամ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերը, այլ պիտի դիտեն օտարները։
Մինչեւ հիմա ձեր ունեցած փորձառութիւնը ի՞նչ կը վկայէ։
«Թեւանիկ» ժապաւէնը արդէն ցուցադրուած է բաւական երկիրներու մէջ եւ կրնամ անվերապահօրէն ըսել թէ արժանացած է օտար հանդիսատեսներու գնահատանքին։ Համամարդկային արժէքներով է որ ֆիլմը կ’ընկալեն օտարները, տարբեր մեզմէ, որ մենք մեր պատմութիւնը փաստօրէն կը փնտռենք գտնել ժապաւէնի մը մէջ եւ կը սահմանափակուինք ատով, իսկ Շուէտացին, կամ Վրացին, կամ Պելճիքացին, Անգլիացին, Ամերիկացին, եւայլն, բոլորովին համամարդկային զգայարանքներ կը տեսնեն ֆիլմին մէջ։
Մեր նպատակը ճիշդ այդ եղած է։ Ֆիլմ մը ներկայացնել աշխարհին, ուր պիտի պատմենք ազգի մը մասին, որ շատերուն նոյնիսկ ծանօթ չէր։ Օրինակի համար, Քաննի ֆեսթիվալին ընթացքին, երբ ֆիլմը կը դիտէին մասնագէտներ, շատեր կը խոստովանէին թէ «մենք Ղարաբաղի մասին չգիտէինք նախապէս, բայց այս ֆիլմը սիրեցինք, մեզ գրգռեց եւ կ’ուզենք իմանալ յաւելեալ այս երկրի, այս ժողովուրդի մասին»։ Չինաստանի մէջ ֆիլմը շահեցաւ հանդիսատեսի նախընտրութեան մրցանակը, որ ինծի համար շատ կարեւոր մրցանակ է։ Հռոմի մէջ ժիւրիի (դատական կազմի) մրցանակը շահեցաւ։ Այս մրցանակները ցոյց կուտան թէ համամարդկային ընկալումով կ’ընդունուի ժապաւէնը օտար շրջանակներուն մօտ։ Կարեւոր է նաեւ գտնել օտար «փրոտիւսըր»ներ (համարտադրողներ), որոնց մասնակցութիւնը ֆիլմի պատրաստութեան, բացի ֆինանսականէն, կարեւոր է ցոյց տալու համար թէ հայերը չեն միայն որ կ’արտադրեն այսպիսի թեմայով ժապաւէններ, այլեւ օտար մարդիկ ալ հետաքրքրուած են այս պատմութիւնը աշխարհին ներկայացնելու առումով։ Երկու նոյնչափ կարեւոր ազդակներ։ Օրինակի համար «Թեւանիկ»ի մէկ առաւելութիւնը՝ լիթուանցի համարտադրողի գոյութիւնն է։ 2013 թուականին էր, Մայիսին, երբ ես շատ-շատ մարդոց հանդիպեցայ, բացատրելով թէ այսպիսի ժապաւէնի մը պատրաստութեան մէջն եմ եւ համարտադրիչ կը փնտռեմ։ Շատեր հետաքրքրուեցան, իսկ վերջապէս համաձայնեցանք լիթուանցի Կեստուտիս Դրազդաուսկասի «Արտպոքս» ընկերութեան հետ, որ համարտադրողն է։ Ան սիրեց ֆիլմը, առանց նոյնիսկ իմանալու Ղարաբաղի մասին շատ բան։ Գիտէր միայն ինչ որ ընդհանրապէս Սովետական Միութեան քաղաքացի մը գիտէ Ղարաբաղի մասին…։
Որքա՞ն ժամանակ տեւեց նկարահանումը։
Նկարահանումը սոսկ տեւեց 20 օր։ Բայց ֆիլմի նախապատրաստական ժամանակաշրջանը տեւեց շուրջ 18-20 ամիս։ Ամէն ինչը ծրագրուեցաւ, ամէն ինչ հաշուի առնուեցաւ, մինչեւ վերջին մանրամասնութիւնն իսկ նկատի առնուեցաւ, ծրագրելով թէ քանի վայրկեան պիտի տեւէ իւրաքանչիւր քատր. նկարահանումը կարողացանք ամբողջացնել շատ արագ այս ձեւով։ Շատ ծախսալից են նկարահանման օրերը, իսկ մենք կարողացանք ամէն ինչ ամբողջացնել շատ արագ։
Ֆիլմին կը մասնակցին 20 արհեստավարժ դերասաններ, շատ փրոֆէսիոնալ, նոյնպէս պատանիները որ նկարահանուեցան կատարեալ էին իրենց դերերուն մէջ։
Որքա՞ն դժուար է Արցախի, Հայաստանի մէջ, արեւմտեան արդիականութեամբ ֆիլմ մը նկարահանելու աշխատանքը։
Շատ դժուար աշխատանք է իսկապէս։ Աստուծոյ օգնութիւնը պէտք է ունենալ, ինչպէս նաեւ լաւ դիմագիծներ, լաւ գործակիցներ։ Տեսէք, ես բեմադրիչն եմ ժապաւէնին, եւ յունահայ համայնքը միայն ինձ կը տեսնէ ներկայ պահուն։ Սակայն «Թեւանիկ»ի պատրաստութեան համար տասնեակ մարդիկ աշխատեցան։ Եթէ չըլլար «Թեւանիկ ակումբը» որ կեանքի կոչուեցաւ արտադրող Մասիս Պաղտասարեանի կողմէ, իրականութիւն պիտի չդառնար ժապաւէնը։ Մարդիկ, որոնք ֆինանսապէս օգնեցին, կապերով, խորհուրդներով, մտահոգութիւններով մասնակցեցան եւ տարբեր-տարբեր ձեւերով աջակցեցան ժապաւէնի պատրաստութեան։ Հայաստանի մէջ յատկապէս ֆինանսական բացը միշտ լուրջ հարց է։ Նոյնպէս աշխարհին հետ առընչուելու հարցը հրատապ է։ Ժապաւէնը լայն շրջանակներու, տարբեր երկիրներու հանդիսատեսներուն հասցնելու գործը շատ դժուար, բայց կարեւոր է։
Եւրոպայի մէջ բաւական մեծ թիւով ներկայացումներ եղան։ «Թեւանիկ»ը ցուցադրուեցաւ եւրոպական խորհըրդարանին մէջ, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի դասաւորումով։ Նոյնպէս ամերիկեան Քոնկրէսին մէջ։ Ըստ ձեր փորձառութեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք օտարներու արձագանգը։
Անկեղծօրէն շատ դրական։ Իսկապէս երանելի է բեմադրիչի մը համար, որ ունենայ ֆիլմ, որ անպայմանօրէն կը գրաւէ մարդոց սրտերը։
«Թեւանիկ»ը կը պատմէ մարդու մասին։ Անկախ թէ այս ազգը որո՞ւ հետ հակամարտութեան մէջ է, անկախ թէ ո՞ր ազգին կը պատկանին հերոսները, փաստօրէն մարդկային պատմութիւն մըն է որ կը պատմուի։ Մարդկային զգացումները, ապրումները։ Մարդ, որ կը գտնուի կեանքի եզրագծին։ Մարդ, որ երէկ պարզ գիւղացի մըն էր, հողագործ մըն էր, այսօր դարձած է զինուոր, մէկ օրուայ մէջ շատ կարեւոր անցում մը կ’ապրի… Այս պատմութիւնը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ տեղ, որեւէ երկրի մէջ, որեւէ ազգի համար։ Երբ դուն կը պատմես մարդու մասին, վստահօրէն ընկալելի կը դառնաս դիմացինէն։ Մարդու միջոցաւ կը պատմես Արցախի պատմութիւնը։ Եթէ սեպենք թէ մենք այս պատմութիւնը կը տեղափոխէինք 2000 տարի առաջ եւ հրասայլի փոխարէն ձիերով կառք կը գործածէինք, կամ հրասանդի փոխարէն նետ ու աղեղ, դարձեալ նոյն տրաման, նոյն մարդկային պատմութիւնը պիտի ըլլար, առանց որեւէ փոփոխութեան։ Այս է ամէնամեծ գրաւականը։
Յառաջիկայ ի՞նչ ծրագրեր ունիք «Թեւանիկ»ին համար։
«Թեւանիկ»ը պիտի շարունակէ շրջագայիլ տարբեր տեղեր։ Երբ որ մենք Ամերիկայի հինգ (Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն) քաղաքներու մէջ ներկայացումներ կատարեցինք, շուտով ճամբան բացուեցաւ, այլ քաղաքներու մէջ եւս ներկայացումներ կատարելու ծրագրի մասին։ Եւ ամէնէն կարեւորն էր, թէ ֆիլմը կարողացանք մտցնել շարժապատկերի սրահներուն մէջ, շարունակական ձեւով։ Այսինքն մարդիկ տոմսակ կը կտրեն եւ հնարաւորութիւնը կ’ունենան «Թեւանիկ»ը դիտել, այնպէս ինչպէս սինեմա կ’երթան այլ ֆիլմեր դիտելու համար։ Մարդոց հետաքրքրութիւնը այնքան մեծ էր, որ շարժապատկերի ակումբը հետաքրքրուեցաւ, «Թեւանիկ»ը ներառնելով իր ցանկին մէջ։
Նիւթական նաեւ հասոյթը այս գործէն կարեւոր է, որովհետեւ լման գումարը կ’օգտագործուի մեր յաջորդ ֆիլմի նկարահանման համար։
Նոյնպէս Եւրոպայի մէջ բաւական ներկայացումներ եղան։
Ռումանիոյ մէջ ունինք նման գործակցութիւն, ուր ռումանացիի կողմէ ֆիլմը կը տարածուի շարժապատկերի սրահներուն։ Մէկ աւելի կարեւոր է այս պարագան հայկական ֆիլմերուն համար, որոնք կարծես դատապարտուած են Հայաստանի մէջ մնալ, կամ գէթ սփիւռքահայութեան ուշադրութեան յանձնուիլ։ Հասկնալի է թէ մրցակցակային միջազգային շուկայ մուտք գործելով, լայն հնարաւորութիւններ կը բացուին մեր առջեւ։
Յառաջիկային ծրագրուած են «Թեւանիկ»ի ցուցադրութիւններ Աւստրալիա, Լոնտոնի մէջ երկրորդ անգամ, խօսակցութեան մէջ ենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ցուցադրութեան համար, նոյնպէս Քուվէյթ, Արժանթին, Լիվթա, Լիթուանիա։
Սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը այս առի՞թը կուտայ։
Երկուստեք է այս աշխատանքը։ «Թեւանիկ»ը առիթ է օտար շրջանակներուն մօտ մատչելի դարձնելու մեր ազգի պատմութիւնը, միւս կողմէ համայնքներու եւ Հայ Դատի գրասենեակներու միջոցաւ, կարելի է հասնիլ այդ շրջանակներուն։ Ֆիլմը մէկ հոգիով չի պատրաստուիր, ոչ ալ տարածումը կարելի է մէկ հոգիով իրագործել։ Ճիշդ համագործակցութեամբ սակայն, եւ բոլոր հնարաւորութիւններու օգտագործումով՝ կարելի է երկար ճանապարհը արագօրէն կտրել։
Ի՞նչ եղած է Ատրպէյճանական արձագանգը։
Ատրպէյճանական ճնշումներ տեսանք որ գործադրուեցան։ Օրինակի համար Լիթուանիոյ կառավարութեան երկու անգամ բողոք ներկայացուեցաւ ազերիներուն կողմէ, թէ ինչպէ՞ս կը թոյլատրէք ձեր քաղաքացիին, լիթուանցի արտադրողին, նման ֆիլմի մը պատրաստութիւնը։
Մեր ժապաւէնները իրականութիւնը պատմող ֆիլմեր են, որ դէմ կը կանգնին Ատրպէյճանի հակաքարոզչութեան, որոնք կը փորձեն միջազգային կարծիքը շեղել, ամէն տեղ հրատարակուած յօդուածներով, պատմութեան կեղծումով։
Մենք պիտի համագործակցինք, որպէսզի ֆիլմերը ցուցադրենք թէ նեղ, թէ աւելի տարածուած շրջանակներու եւ այդ պիտի ըլլայ մեր ամէնամեծ յաջողութիւնը։
Ջիւան Աւետիսեան ծնած է 1981ին, Ստեփանակերտ։ Ան կþաշխատի «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան մէջ, որպէս բեմադրիչ։ 2002-2007 թուականին ան հետեւեցաւ Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական ինսթիթութի խաղարկային ֆիլմի բեմադրիչային բաժնին։ Իր ժապաւէններն են «Աննկատ կեանք», «Ընդհատուած մանկութիւն», «Թեւանիկ» եւ «վերջին բնակիչը» ժապաւէնները։ Իր ֆիլմերը արժանացած են մրցանակներու։