ՀԱՅ ԴԱՏԻ 6-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ»

«Յար­գանք քեզ նա­հա­տակ ժո­ղո­վուրդ, հա­զար տա­րի­նե­րու արիւ­նի մա­ռա­խու­ղի մէ­ջէն կը քա­լես վսեմ­- օ­րէն դէ­պի վե­հա­գոյն ու սքան­չե­լի նպա­տակ` գրա­ւիչ որ­պէս փա­րոս, դիւ­թա­կան որ­պէս ժպիտ, կը քա­լես հե­ւի­հեւ, վի­րա­ւոր, խոշ­տանգ­ուած: Կը կրես հս­կայ թի­կուն­քիդ վրայ ծանր բեռ մը, որուն ծան­րու­թեան տակ շատ ազ­գեր խոր­տակ­ուած ու կո­րած են: Կը քա­լես այն­տեղ, ուր կը մղէ քեզ քու անօ­րի­նակ ճա­կա­տա­գիրդ, ով գի­տէ, որ­չափ փառ­քի կամ որ­պի­սի նոր պայ­քար­նե­րու հա­մար: Յար­գանք քեզ մար­տի­րոս ժո­ղո­վուրդ»:

Սուր­իոյ Հայ Դա­տի Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած «Հայ Դա­տի Լսա­րան»-ի 6-րդ նիս­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ 12 Փետր­ուար 2015-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 4:00-ին Հա­լէ­պի Արամ Մա­նուկ­եան Ժո­ղովըր­դա­յին Տան «Անի» սրա­հէն ներս: Լսա­րա­նի ներ­կա­նե­րը հա­ւաք­ուած էին մի­աս­նա­կա­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու մեր ազ­գա­յին գերխն­դիր­նե­րու նկատ­մամբ, իրենց դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դէմ յան­դի­ման ոչ մէկ իրա­ւունք զի­ջե­լու եւ կամ­քին ամե­նա­տո­կու­նը ցու­ցա­բե­րե­լու մեր ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մէջ:

Լսա­րա­նի զե­կու­ցա­բեր­ներն էին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի դիւա­նա­պետ, ազ­գա­յին գոր­ծիչ Գրի­գոր Տունկ­եան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Հա­լէ­պի Գլ­խա­ւոր Հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէ­որգ­եան:

Օր­ուան բե­մա­վա­րը ծա­նօ­թացը­նե­լով նիս­տին պատ­ւոյ հիւ­րե­րը հրա­ւի­րեց զե­կու­ցա­բեր Գրի­գոր Տունկ­եա­նը` ներ­կա­յաց­նե­լու իր զե­կոյ­ցը: Ան երեք կա­րե­ւոր նշում­ներ կա­տա­րեց իր զե­կոյ­ցին ըն­թաց­քին, առա­ջի­նը այն էր, որ եթէ 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը մի­տէր հա­յոց բնօր­րա­նը վերջ­նա­կա­նօ­րէն դա­տար­կել ազ­գաբը- նակ­չու­թե­նէն, հայ ժո­ղո­վուր­դը պա­հան­ջա­տի­րու­թեան լա­ւա­գոյն օրի­նա­կը դար­ձաւ տա­րի­ներ անց, 1918-ին հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թիւն հաս­տա­տե­լով: Երկ­րորդ` հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը կը նկատ­ուի մեր պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թի հանգր­ուան­նե­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը: Եր­րորդ` մեր պատ­մու­թեան մէջ մենք ու­նե­ցած ենք չորս հարս­տու­թիւն, իսկ հան­րա­պե­տա­կան պե­տա­կա­նու­թեան հաս­տա­տու­մը կը հա­մար­ուի 5-րդ հարս­տու­թիւնը: Զե­կու­ցա­բե­րը շեշ­տեց, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը նուա­ճած է միայն մէկ հան­րա­պե­տու­թիւն, սա­կայն երեք հանգր­ուան­նե­րով` առա­ջի­նը Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հանգր­ուա­նը, երկ­րոր­դը` խորհր­դա­յին հանգըր­ուա­նը, որուն ըն­թաց­քին թէ­եւ Հա­յաս­տա­նը կորսն­ցուց իր ան­կա­խու­թիւնը, սա­կայն անոր կող­քին հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թիւնը շա­րու­նա­կեց պա­հել հայ տե­սա­կը որ­պէս առա­ջին տու­եալ մեր պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թին: Ապա ցե­ղաս­պա­նու­թեան յիս­նամ­եա­կը եկաւ հա­մախմ­բե­լու եւ հա­մա­տե­ղե­լու մեր ազ­գա­յին ձգ­տու­մը, մե­զի ան­գամ մը եւս յի­շեց­նե­լու, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ուր որ ալ ըլ­լայ Հայ­րե­նիք թէ Սփիւռք, կոչ­ուած է հա­մա­տեղ աշ­խա­տանք տա­նե­լու, իսկ եր­րորդ հանգր­ուա­նը 23 Օգոս­տոս 1990-ին հռ­չա­կագ­րով հաս­տատ­ուած Հա­յաս­տա­նի Ան­կախ Հան­րա­պե­տու­թիւնը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի զար­գաց­ման եւ հայ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման ճամ­բան բա­ցաւ: Ան նշեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ազատ, ան­կաշ­կանդ եւ, բո­լոր ազ­գե­րու ու պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­զօր, ստեղ­ծա­գործ կեանք վա­րե­լու, մի­ա­ժա­մա­նակ իր բռ­նագ­րաւ­եալ իրա­ւունք­նե­րուն վե­րա­տի­րա­ցած հան­գա­ման­քով գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան մէջ է այ­սօր:

Օր­ուան երկ­րորդ զե­կու­ցա­բե­րը Հ.Հ. Հա­լէ­պի Գլ­խա­ւոր Հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէ­որգ­եան նշեց, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը կը հան­դի­սա­նան Հ.Հ. ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն եւ Հա­յաս­տան, որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն վե­րապ­րած ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նիք, մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը կրէ ապա­գա­յի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման հա­մար մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւնը հրա­ւի­րե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման յոյժ կա­րե­ւոր գոր­ծըն­թա­ցին: Ան նա­եւ ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նը մի­ջազ­գա­յին ամե­նա­բարձր հար­թակ­նե­րէն բազ­միցս բարձ­րա­ցու­ցած է ցե­ղաս­պա­նութ­եան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ճա­նաչ­ման, դա­տա­պարտ­ման եւ հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնը: Որ­պէս անոր վառ օրի­նակ` Տիգ­րան Գէ­որգ­եան դի­տել տուաւ, թէ 2013-ին Մար­դու Իրա­ւունք­նե­րու Խոր­հուր­դի 22-րդ նս­տաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը նա­խա­ձեռ­նեց ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գիլ­ման վե­րա­բեր­եալ բա­նա­ձեւ, որ միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դուն­ուե­ցաւ:

Խիստ կա­րե­ւո­րե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը` գլ­խա­ւոր հիւ­պա­տո­սը նշեց, որ ան Հա­յաս­տա­նի եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան պայ­քա­րի աւար­տը չէ, աւելց­նե­լով, որ «Կը յի­շենք եւ կը պա­հան­ջենք» կար­գա­խօ­սով անց­նող մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը նոր փու­լի սկիզբն են»: Այս խօս­քով ան խիստ կա­րե­ւո­րեց Հա­յաս­տան-Սփիւռք ամուր կա­պերն ու հա­մադր­ուած փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւնը: Այս տա­րի Հա­յաս­տան մի­ջազ­գա­յին հար­թակ պի­տի դառ­նայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րի, անոր դա­տա­պարտ­ման եւ կան­խար­գիլ­ման հա­մար: Գլ­խա­ւոր հիւ­պա­տո­սը նշեց, թէ կը նա­խա­տես­ուի շարք մը մի­ջո­ցա­ռում­ներ իրա­կա­նաց­նել թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ:

Նիս­տը իր աւար­տին հա­սաւ այն գա­ղա­փա­րով, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կա­րե­լի չէ մոռ­նալ, եւ անոր ճա­նաչ­ման ուղղ­ուած պայ­քա­րը կա­րե­լի չէ աւար­տել մին­չեւ ամ­բող­ջա­կան ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տում, որով­հե­տեւ թէ­եւ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ան­ցած է 100 տա­րի, սա­կայն անոր հե­տե­ւանք­նե­րը մենք կը զգանք մին­չեւ այ­սօր:

Աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում եւ զրոյց: