«Եւրոպայի անքակտելի մաս կը կազմէ Հայաստանը»

00Հոկտեմբեր 16, Պրիւքսել.- Պրիւքսելի մէջ, հոկտեմբեր 14-15-ին, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ԵՀԴՅ) կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը։ Առաջին համագումարը գումարուած էր 2004-ին, երկրորդը՝ 2007-ին։

Երկու օրերու օրակարգերուն քննարկման ընթացքին օտար երեսփոխաններ, քաղաքագէտներ եւ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան գաղութներու եւ միութիններու ներկայացուցիչները քննարկեցին Հայաստանի եւրոպական համարկման հարցի տարբեր երեսները, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յառաջընթացքը, Եւրոպայի հայ գաղութներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կարողականութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան հատուցման եւ իրաւունքներու հետապնդման նոր քաղաքականութեան մը մշակումի հարցերը։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան այս առիթով ըսաւ.- «Եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը պատմական կրնանք համարել այն առումով, որ Պրիւքսելի մէջ, եւ յատկապէս Եւրոխորհրդարանին մէջ մէկտեղուած Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի կրօնական եւ հասարակական-քաղաքական ներկայացուցիչներ միաձայնութեամբ իրենց վճռակամութիւնը յայտնեցին ի շահ Հայասատանի զարգացման, Արցախի ճանաչման եւ Սփիւռքի գոյատեւման սրբազան առաքելութեանց»։

Համագումարին ներկայ եղան Պելճիքայէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Էսթոնիայէն, Իտալիայէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սպանիայէն, Ռումանիայէն, Անգլիայէն, Չեխիայէն, Սլովակիայէն, Աւստրիայէն, Ռուսաստանէն հայ համայնքներու աւելի քան հարիւր եօթանասուն ներկայացուցիչներ եւ անհատներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն ու Ջաւախքէն մասնակիցներ, հայկական ու օտար մամուլի ներկայացուցիչներ:

Առաջին օրուան ծրագիրը տեղի ունեցաւ քաղաքի վերանորոգուած Հայ Տան մէջ։ Երկուշաբթի Ժամը 10-ին Համագումարի բացումը կատարեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի խորհուրդի (Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու համակարգող) նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանը, իբրեւ ներկայացուցիչ ամենայն հայոց Կաթողիկոսին։

ԼՂՀ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանը, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, ԼՂՀ նախագահի աշխատա-կազմի ղեկավար Դաւիթ Բաբայեանը, Պելճիքայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացու-ցիչ Վարդան Բարսեղեանը, Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։ Ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿի մօտ Վիեննայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեանը, ՆԱԹՕի մօտ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Պահլավունին։ Ներկայ էր նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի բաժնի պետ Հրաչեայ Ասլանեանը։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը բացման խօսքին մէջ շեշտեց եւրոպահայ ազգային ներուժի կազմակերպման եւ արդիւնաբեր աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ։ Ան շեշտեց, թէ երկու օրուան ընթացքին կը քննարկուին հայութիւնը յուզող հարցերը, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ։ Օրակարգերուն աւելցուած են Ջաւախքի հայութեան եւ Սուրիահայութեան հրատապ խնդիրներու նուիրուած զեկուցումներ։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու համակարգող Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին՝ Եւրոպահայութեան Գ. համագումարին։ Ան անդրադարձաւ մեր ազգային հարցերը համակարգելու անհրաժեշտութեան՝ նշելով, թէ նման հաւաքներ կը հանդիսանան կազմակերպուելու եւ հարցերու խորաթափանց քննարկելու առիթներ։

Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանը նշեց, թէ մեր ժողովուրդը անցած տարիներու ընթացքին ապացուցանած է, որ չի պարտուիր, որքան ալ դժուարին կացութիւններու մատնուած ըլլայ։ Այս կը նշանակէ թէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնն են, որ չեն պարտուիր։ Ան աւելցուց, թէ մեր եկեղեցին մարդկային բարձր արժէքներով կը դաստիարակէ իր զաւակները, որպէսզի անոնք երբեք չընկրկին դժուարութիւններուն առջեւ։

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը առաջնահերթ նկատեց ազգային անվտանգութեան խնդիրները։ Ան նշեց թէ այսօր կը դիմագրաւենք շրջափակում եւ յարձակողապաշտութիւն, ներքին խնդիրներ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի բերումով բարդացած կացութիւններ եւ բազմապիսի մարտահրաւէրներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Ան աւելցուց, թէ մեր հիմնական գրաւականներէն մէկը կը հանդիսանայ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի մերձեցումը։ «Բայց ոչինչ ամբողջական կը լինի առանց համայն հայութեան ուժին։ Օգտագործենք մեր ներուժը։ Մենք հպարտ ենք, որ այսօր գոյութիւն ունին տարածաշրջանի մէջ երկու հայկական պետութիւններ։ Այսօր աշխարհի տարբեր խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ կ՚այցելեն Արցախ, ճանչնալով որ Արցախի ժողովուրդը ազատ ապրելու իրաւունք ունի եւ բոլորի ճանաչման արժանի է»,- ըսաւ ՀՀ ԱԺ նախագահը՝ եզրափակելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութենէն կախուած են Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը։

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը նշեց, թէ Արցախի պետութիւնը առանձնակի կարեւորութեամբ կը դիտէ Եւրոպայի հայութեան հետ շփումի հարցը ու անոր աշխուժ մասնակցութիւնը Արցախի զարգացման գործին։ Ան անհրաժեշտ նկատեց պահպանել եւ զարգացնել համագործակցութիւնը՝ գիտակցելով, թէ ամբողջ հայութեան համար Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ունի մեծ նշանակութիւն։ Ան անդրադարձաւ ԱՄՆ չորս նահանգներու եւ Աւստրալիոյ Նոր Ուելս նահանգին կողմէ Արցախի ճանաչման փաստի յաջողութեան՝ նշելով, թէ նոյն քաղաքական մակարդակը պէտք է պահպանուի Եւրոպայի երկիրներու հետ եւս։ Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ անընդհատ զարգացող եւ փոփոխուող աշխարհը կը թելադրէ համապատասխան շտկումներ մտցնել նաեւ Սփիւռք-Արցախ համագործակցութեան մէջ՝ պահպանելով եւ աւելի խորացնելով ձեւաւորուած աւանդական փոխգործակցութեան տարրերը, միեւնոյն ժամանակ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով նոր ուղղութիւններուն եւ գաղափարներուն վրայ:

Այս պարունակին մէջ Բակօ Սահակեան առանձնացուց Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ Արցախի ու Հայաստանի շահագրգիռ կառոյցներու միջեւ համակարգուած աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ ԼՂՀ միջազգային ճանաչման, երկկողմ յարաբերութիւններու հաստատման, Արցախը աւելի ճանաչելի դարձնելու, մեր երկիրը իբրեւ անվտանգ եւ կայուն զարգացող պետութիւն ներկայացնելու, ներդրումներու համար ամենագրաւիչ ոլորտներն ու ծրագիրները պատշաճ կերպով մատուցելու եւ կեղծիքի ու սուտի վրայ հիմնուած հակառակորդին կողմէ տարուող սադրիչ քաղաքականութեան արձագանգելու ուղղութիւնները:

Արամ Վեհափառ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Եւրոպան կարեւոր տարածաշրջան մըն է մեզի համար։ «Հաւաքական արժէքներ, հաւաքական շահեր, հին դարերէն սկսեալ մեզի կապած են Եւրոպայի։ Հետեւաբար նման հաւաքներ Եւրոպայի մէջ ես կը նկատեմ թէ Հայաստանի, թէ՛ Հայ Դատի զօրացման նախապայմաններ»։

Ան երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր խորհրդածութիւնները.-

«Ա.- Յիսնամեակէն յետոյ Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատի աշխատանքները երեք ուղղութիւն ստացան։ Հայ Դատի այժմէականացում, քաղաքականացում եւ միջազգայնացում։ Այս երեք բառերը սոսկ լոզունգներ չեղան։ Անցնող տասնամեակներու ընթացքին մեր կուսակցութիւնները, մեր Հայ Դատի մարմինները սքանչելի գործ կատարեցին այդ ուղղութեամբ եւ այսօր կարեւոր իրագործութիւններ կատարուած են։ Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը միջազգային օրակարգի հարց կը կազմէ, քաղաքական ծիրէն ներս մուտք գործած է, փաստօրէն դարձած է այժմէական քաղաքական եւ միջազգային հարց։ Ես կը խորհիմ, որ ժամանակն է, որպէսզի մենք իբրեւ ազգ, պետութիւն, Հայ Դատի մարմիններ, առանց անտեսելու ճանաչման հարցը, յատուկ շեշտ դնենք հատուցման վրայ։ Հատուցում եւ Ճանաչում զիրար կ՚ամբողջացնեն։

«Բ.- Մենք որպէս ազգ պիտի գիտնանք՝ ե՛րբ միաձայն պիտի խօսինք եւ ե՛րբ բազմաձայն։ Մէկը միւսը չի հակասեր, մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ, ներդաշնակութիւն կ՚ուզենք ստեղծել մեր կեցուածքին մէջ։ Իւրաքանչիւրը կրնայ իր շեշտը ունենալ, բայց մենք միաձայն պէտք է ըլլանք։

«Գ.- Մենք կը գտնուինք հարիւրամեակի սեմին։ Հարիւրամեակը միայն ձեռնարկներու ամբողջութիւն մը պէտք չէ ըլլայ։ Մենք հարիւր տարի մոմ վառեցինք, հարիւր տարի հոգեհանգիստ ըրինք։ Բնականաբար պիտի շարունակենք։ Սակայն վա՜յ մեզի, երբ հարիւր տարիներ յետոյ նոյն ընթացքը շարունակենք։ Տարբեր մօտեցում, տարբեր ոճ, տարբեր ռազմավարութիւն, տարբեր մարտավարութիւն պէտք է որդեգրենք։ Ա՛յս է մարտահրաւէրը հարիւրամեակին։ Յուսախաբ չդարձնենք մեր նոր սերունդը, այլ՝ նոր ոճ տանք մեր պահանջատիրութեան»,- ըսաւ Վեհափառը՝ եզրակացնելով, թէ մեր դատը պէտք է ներկայացուի երեք հիմնական շրջագծերու մէջ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Միջազգային Դատական Ատեանին եւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանին մօտ։

Ողջոյնի խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն։ Գասպար Կարապետեանը շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց բարերարներուն՝ նշելով, թէ առանց իրենց օժանդակութեան անկարելի պիտի ըլլար աշխատանքները լիովին կատարել։ Յուշանուէրներ տրուեցան Ռաֆֆի Ասլանեանին (Պելճիքա), Գաբրիէլ Չեմպերճիին (Սուրիա, Հայաստան), «Փյունիկ» հիմնադրամին (Հայաստան), Ներսէս Օհանեան (Գերմանիա), Սուրէն Օհանեան (Գերմանիա), Պրայան Ֆերա (Գերմանիա), Անտրէ Կիւմիւրճեան (Պելճիքա) եւ Ալեքօ Պեզիկեան (Իտալիա, Զուիցերիա)։

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնին դիմումը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը կարդաց Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան կեդրոնական մարմնի նամակը ուղղուած Համագումարին, ուր կը ներկայացուէին մեր հայրենակիցներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ կոչը Եւրոպահայութեան, որ օժանդակէ տնտեսապէս ներկայիս ահաւոր վիճակի մէջ գտնուող սուրիահայ համայնքը: Գ. Կարապետեանը ամփոփ ձեւով ներկայացուց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կատարած աշխատանքներն ու պահած յարաբերութիւնները թէ՛ նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ թէ՛ սուրիահայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնն երաշխաւորելու։ Ան յորդորեց որ ժողովի աւարտէն, ետք երբ բոլորը կը վերադառնան իրենց երկիրները, զարկ տան ու վերաշխուժացնեն Սուրիահայութեան օժանդակութեան ի նպաստ տարուած աշխատանքը,հասնելու համար մեր հայրենակիցներու կարիքներուն։

Ստորեւ՝ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնին նամակին բովանդակութիւնը.

Սիրելի ազգակիցներ,

Ինչքան դժուար է քանի մը բառերով ու սահմանափակ նախադասութիւններով կարենալ ամփոփել աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, Սուրիական տագնապին պատճառով, սուրիահայութեան ապրած արհաւրալից օրերը։

Սուրիահայ համայնքի նման համայնք մը, որ հարիւրամեակ մը առաջ ապրած էր իր ազգի ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան դառնութինը, սակայն արիութեամբ տէրը կանգնած էր իր ազգային արժէքներուն՝ իր լեզուին, կրօնքին եւ մշակոյթին, անտարակոյս, որ այս դաժան պայմաններուն մէջ եւս պիտի տոկար, եւ տէրը պիտի կանգնէր իր պատմութեան, ժողովուրդին, հոգեւոր ու նիւթական արժէքներուն։

Տագնապի առաջին իսկ օրերէն Սուրիոյ մակարդակին եւ համահայկական մաշտապով հարցերու ու խնդիրներու քննարկման, եզրայանգման ու լուծման համար կազմուեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինս, որ հայահոծ շրջաններու մէջ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի, իր յառաջացուցած Գործադիր Մարմիններու ճամբով, ի գործ դրաւ առողջապահական, սննդեղէնի եւ բնակարանային վնասներու հատուցման օժանդակութեան ծրագիրները, միաժամանակ իր անմիջական նախաձեռնութեամբ օժանդակեց Սուրիոյ հայկական բոլոր կրթական օճախներուն։

Երկուքուկէս տարուան ընթացքին արձանագրուեցան տասնեակներով հայ զոհեր ու նահատակներ, աւելի քան հարիւր վիրաւոր, նմանաթիւ առեւանգեալներ, ազգային, կրօնական, մշակութային թէ մարզական կառոյցներու վնասներ եւ անձնական ինչքերու կորուստներ։

Երկրի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններու հետզհետէ վատթարացումով սաստկացան ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները։
Աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները անտաբեր չմնացին ու ընթացք առին սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները, որոնցմէ նաեւ Եւրոպայի հայկական համայնքներու օժանդակութիւնները։

Շնորհակալ ըլլալով հանդերձ օժանդակող բոլոր կողմերուն, կþարձանագրենք, որ մեր ապրած ծանր տագնապի երկուքուկէս տարուան ընթացքին, Մարմնիս հասած օժանդակութիւնները (որոնց գումարը նամակիս թուականին կը կազմէ մօտաւորապէս 1.700.000 ամերիկեան տոլար) շրջանի հայութեան կարիքները բաւարարող չէին։ Մեր դիմագրաւած ֆիզիքական եւ կենցաղային չափազանց դժուար պայմանները կը շարունակուին եւ օժանդակութիւններու անբաւարարութեան պատճառով մնացած ջնջին գումարը տնօրինելու լուրջ խնդիր ունինք այսօր։

Դժբախտաբար կացութեան բարեփոխան նշոյլները տակաւին երեւելի չեն դառնար, իսկ ազգիս զաւակներուն ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգները անբաղձալիօրէն կը ցցուին մեր դիմաց, ահազանգելով շտապօրէն օգնութեան փութալու անհրաժեշտութիւնը։

Այսօր, մեծ յուզումով, սակայն բարձր գնահատանքով կը դիտենք Եւրոպայի հայութեան Գ. համագումարի օրակարգերուն վրայ տեղ գտած սուրիահայութեան խնդրին եւ յանուն ժողովուրդիս բարօրութեան կը յուսանք, որ Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայութեան վիճակի իսկական պատկերը Համագումարդ իր տրամադրութեան ներքեւ ունենալով, կը ջանայ առաւելագոյնս իր նիւթական ներդրումը ցուցաբերել օժանդակութեան մեր աշխատանքներուն։
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ։

Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Յատուկ զեկոյցներ

Խորհրդաժողովը շարունակուեցաւ յատուկ նիւթերու շուրջ զեկուցումներով եւ զրոյցներով։ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ զեկուցաբերներու ներկայացումը կատարեց Պետօ Տեմիրճեանը, առաջին հերթին հրաւիրելով Եւրոպայի Հայերու միութեան Ֆորումի նախագահ Աշոտ Գրիգորեանը (Սլովաքիա), որ ներկայացուց ՄԱԿ-ի մէջ հայկական յուշակոթողներու մասին տարուած աշխատանքը, ապա Գագիկ Մելիքեանը (Ռուսատան) խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւններ պարունակող “Armenian Genocide by Ottoman Turkey, 1915, Testimony of Survivors, Collection of Documents” անգլերէն իր հրատարակութեան մասին։

Նոյն օրը, Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող պրն. Արտակ Գաբրիէլեանին կողմէ ներկայացուեցան ջաւախահայութեան դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, կրթական եւ հոգեւոր կեանքի դժուարութիւններն ու երկրամասին մէջ իրավիճակը, որմէ ետք տեղի ունեցած զրոյցը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ նպատակայարմար է մօտ ապագային հրաւիրել յատուկ խորհրդաժողով մը ջաւախահայութեան հարցերուն շուրջ:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին առնուելիք քաղաքական քայլեր եւ կազմակերպուելիք միջոցառումներ

Յաջորդաբար կլոր սեղանի զրոյց տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Պոխում համալսարանի սփիւռքներու եւ ցեղասպանութեանց ուսմանց հիմնարկի վարիչ Միհրան Տապաղի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանի մասնակցութեամբ։ Զրուցավարն էր Կիրպոսի հայկական «Արձագանք» ամսագրի խմբագիր Արթօ Դաւիթեանը։

Փրոֆ. Տապաղ խօսեցաւ Ցեղասպանութեանց յիշողութեան քաղաքականութեան մասին։ Ան դիտել տուաւ, թէ պէտք է ստեղծել մեր ուրոյն եզրոյթները եւ ոչ թէ օգտագործել օտարներու պայմաններով ստեղծուած եզրոյթները։ Նշեց, թէ անհրաժեշտ է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր ջանքերը մտաւորականացնել ու ստեղծել մտածողութեան վայրեր, որպէսզի հայ մտաւորականը եւ հայ գիտնականը ունենան իրենց տեղը՝ մտածելու, զրուցելու, վիճարկելու։ Ան զգուշացուց, թէ հայ մտաւորականը դուրս ձգուած է մեր քաղաքական կեանքէն։ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմաբաննեու ճիրաններէն պէտք է ազատենք եւ դարձնենք մտքի առարկայ։ Քաջալերենք հայ գիտնականները, որպէսզի ծանօթանան այդ զրոյցին եւ ծառայեն հոն»,- ըսաւ Միհրան Տապաղ։

Փրոֆէսէօրը բացատրեց, թէ կարեւոր է յիշողութեան քաղաքականութիւնը, դիտել տալով թէ Բ. Աշխարմարտէն առաջ բոլոր համաձայնագիրները հիմնուած էին «մոռնալու» վրայ, ուրեմն անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ոչ միայն այդ յիշողութեան վրայ հիմնուեցաւ, այլ պատմութեան եւ մտածողութեան զոհը դարձաւ։ Եւրոպան յիշողութեան քաղաքականութիւն մը ստեղծեց, որու կեդրոնը կը կազմէր Հոլոքոսթը եւ այդ քաղաքականութիւնն է, որ մինչեւ հիմա կը ճշդէ, թէ ի՛նչ է այն, որ կը յիշուի մինչեւ հիմա եւ ի՛նչ՝ ոչ։

Փրոֆէսէօրը ըսաւ, թէ Ցեղասպանութիւնը յատուկ օրինակ մըն է, ազգային պետութեան մը կայացման գործին մէջ։ Ան զգուշացուց, թէ հարիւրամեակի առիթով «մենք փառահեղ թաղում չպատրաստենք», այլ արարողական ձեռնարկներէն անդին անցնինք եւ իրապէս քաղաքական նոր հարթակի վրայ զետեղենք հարցը։

Քննարկման բերուեցաւ նաեւ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպայի պատմութեան թանգարանի ստեղծման հարցը, ուր Եւրոպայի պատմութիւնը 1917 թուականէն պիտի սկսի։

Կիրօ Մանոյեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պետական յանձնաժողովին կողմէ կազմուած ծրագրին, որ կը ներառնէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ընդլայնում, որուն բացումը նախատեսուած է 2015 Ապրիլ 24ին։ Այս տարուան Դեկտեմբերի մէկէն պիտի սկսի գործել Հարիւրամեակի նուիրուած կայքէջ եւ այլ ծրագիրներ։

Ընդհանուր գաղափարն է համակարգուած ու կեդրոնական աշխատանք տանիլ հարիւրամեակի իմաստով, ինչպէս եւ հիմնական միտքը տարածել՝ թէ հարիւրամեակը վերջ մը չէ, այլ նոր սկիզբ՝ յաջորդող տարիներուն համար։

Ան անդրադարձաւ նաեւ հատուցման եւ իրաւունքներու հարցերը բարձրացնելու ճիգերուն եւ նշեց, թէ հատուցման երեք շրջանակ կայ։ Մէկը տարածքային-հողային պահանջն է, որուն իրաւատէրը անառարկելիօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Կիրօ Մանոյեան զգուշացուց, թէ այս հարցին խոչընդոտ կը հանդիսանան Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, այնքան ատեն որ անոնք ջնջուած չեն։

Երկրորդ հարցը եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածներուն կը վերաբերի։ Այդ իրաւունքները հետապնդելու հարց կայ Թուրքիոյ մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներն ալ կալուածներու իրաւունքներ ունին Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կաթոլիկ եւ աւետարանչական համայնքները։

Երրորդը կը վերաբերի անհատական իրաւունքներու հետապնդման հարցին։ Այս երեք կէտերը նոյնչափ կարեւոր են, որպէսզի բոլորը հասկնան, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ոչինչ կը վերջանայ, այլ իրաւական հատուցման հարցը պէտք է բարձրացնել։

«Թուրք-ադրբեջանական լոպպիի աշխատանքները»

14 Հոկտեմբերի կէսօրէ ետք կայացած առաջին նիստի նիւթն էր թուրք եւ ադրբեջանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, որ ներկայացուեցաւ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանի եւ Պելճիքայի մէջ «Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ»ու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Քամպեքի կողմէ, զրուցավարութեամբ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակէն Պետօ Տեմիրճեանին։

Զեկուցումներն ու զրոյցը կայացաւ եւրոպական կառոյցներու մօտ ադրբեջանական եւ թուրք լոպպիներու կատարած աշխատանքին շուրջ, ուր յաճախակի են «վճարուած գրպաններու» կամ յարափոփոխ մօտեցումներով օտար քաղաքագէտներու կեցուածքները:

Օտար շրջանակներու մօտ անհրաժեշտ թափանցման մարտահրաւէրը բացատրելով, դիտել տրուեցաւ թէ պէտք է համախմբել այն բոլոր ուժերը որ կը գիտակցին հայկական հարցերու վերաբերող իրավիճակի ճշմարտութեան, առողջ ու արդիւնաբեր գործակցութիւններ ապահովելով: «Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ամենէն աշխուժ կազմակերպութիւնն է, որ եւրոպական կառոյցներուն մօտ յառաջ կը տանի հայութեան ու Հայաստանի շահերը» հաստատեց Քամպեք, աւելցնելով թէ արդիւնաբեր համագործակցութիւն կայ նաեւ դեսպանութեան հետ: Ան համոզում յայտնեց թէ եւրոպական լայն շրջանակները կը գիտակցին հայութեան արդար պահանջքներուն, բոլոր բնագաւառներէն ներս:

Իր կարգին Հրաչ Վարժապետեան Հայոց ցեղասպանութեան Ֆրանսայի մէջ ժխտման օրինագիծի մասին խօսեցաւ, բացատրելով դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ տիրող մթնոլորտը: Ան դիտել տուաւ թէ թուրք եւ ադրբեջանական շրջանակները միացած ուժերով կը պայքարին հայութեան դէմ, ապատեղեկատուութիւն տարածելով եւ ճնշումներ բանեցնելով:

Քննարկումները ընդգրկեցին նաեւ հայ նոր սերունդին, անոր դաստիարակութեան, ինչպէս եւ հայկական մամուլի վերապահուած մասին զրոյցներ:

«Արեւելեան եւ արեւտեան Եւրոպայի հայ գաղութներու համագործակցութեան հնարաւորութիւններ եւ հարթակի ստեղծում

Եւրոպայի հայ գաղութներու իրավիճակին նուիրուած օրակարգը ներկայացուցին Յունահայոց Ազգայն Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանը եւ Չեխիայի «Օրեր» ամսագրի խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը, զրուցավարութեամբ Պետօ Տեմիրճեանի: Տուեալ նիւթը երկար ուսումնասիրութիւններու արդիւնք էր: Երկու զեկուցաբերները ներկայացուցին ամիսներու վրայ երկարած իրենց աշխատանքի արդիւնքը, ուր ներառնուած էր արեւմտեան Եւրոպայի 14 երկիրներու հայ գաղութներու իրավիճակը (Արա Մանկոյեանի զեկոյց) եւ արեւելեան Եւրոպայի 16 երկիրներու հայ գաղութներու մասին (Յակոբ Ասատրեանի զեկոյցը):

Այս օրակարգին համար ալ նպատակայրմար նկատուեցաւ յատուկ խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը։

Եւրոպայի սրտին մէջ հնչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման եւ Արցախի ճանաչման պահանջները

Երկրորդ օրը, Հոկտեմբեր 15-ին, համագումարը տեղափոխուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարան եւ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութեան (ԵԺԿ) հովանաւորութեան ներքեւ. Եւրոպայի խորհրդարանականներու եւ միջազգային օրէնքի, պատմութեան, քաղաքագէտներու եւ ցեղասպանագէտներու մասնակցութեամբ ան շարունակեց իր աշխատանքը։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան «Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութիւն» քաղաքական խումբի (համագումարի հովանաւոր) նախագահ պրն. Ժոզէֆ Տոլը, եւրոերեսփոխան եւ Եւրոխորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ տիկին. Էլենի Թէոխարուսը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Բակո Սահակեանը, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ պրն. Յովիկ Աբրահամեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Իր ողջոյնի խօսքէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական եկեղեցական կալուածներու վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը»

Ապա, քննուեցաւ առաջին օրակարգը «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային Օրէնքը» թեման, որու ընթացքին ականաւոր մասնագէտներ ներկայացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հատուցումներու հարցը։ Այս զրոյցին ելոյթ ունեցան Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստան), Հենրի Թերիօ (ԱՄՆ), Եաիր Օրոն (Իսրայէլ), Թէոֆանիս Մալքիտիս (Յունաստան) եւ Քիրսթեն Մէյրսխարթ (Հոլանտա)։ Զրուցավարներն էին եւրոերեսփոխան Ֆրանք Էնկել (Լիւքսեմպուրկ, «ԵԺԿ», Եւրոխորհրդարանի մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ) եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Յանձնախումբերու համակարգող)։

«Հարաւային Կովկասի հեռանկարները»

Երկրորդ օրակարգն էր «Հարաւային Կովկասի հեռանկարներ» նիւթը, ուր իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան Եւրոնեսթի մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնախումբի փոխ-նախագահ եւրոերեսփոխան Քնութ Ֆլեքենշթայն (Գերմանիա, Սոցիալ դեմոկրատներու խմբակցութիւն), Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբի փոխ-նախագահ, պուլկար եւրոերեսփոխան Անտրէյ Քովաչեւ (ԵԺԿ խմբակցութիւն), Կիպրոսի Լետրա գոլեճի նախագահ դոկտ. Իոանիս Խարալամպիտիս, ՄԱԿի ներքին արդարադատութեան խորհուրդի անդամ, Մեծն Բրիտանիոյ իրաւաբան եւ արքայական պալատի խորհրդատու Ճէօֆրէյ Ռոպերթսըն, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պերնար Ֆասիէ, եւ Եւրոնեսթի փոխ-նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան։ Զրուցավարն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեանը։

Քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը եւ հեռանկարները։ Եւրոերեսփոխանները զարմանք յայտնեցին Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի անակնկալ որոշումին համար։ Մասնակիցներ իրենց հարցումներով եւ տեսակէտներով հիասթափութիւն յայտնեցին Եւրոմիութեան ոչ-բաւարար աշխատանքի մասին։ Բոլորն ալ համաձայն էին, որ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւնները պէտք է շարունակել խորացնել։
Ռոպերթսըն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հազիւ շաբաթ մը առաջ Արցախ կատարած իր այցելութեան, նշելով թէ կարելիութիւնը ունեցաւ տեղւոյն վրայ տեսնելու տիրող իրավիճակը: Ան աւելցուց թէ խաղաղութիւն չկայ առանց արդարութեան եւ յատկանշականօրէն յորդորեց. «Լուծեցէք տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման երկընտրանքը, որպէս հիմք ընդունելով մարդկային իրաւուքներու տեսանկիւնը: Մարդիկ իրաւունք ունին ապրելու ազատ, առանց հալածանքներու»:

Պերնար Ֆասիէ իր կարգին, խօսեցաւ Մինսկի խումբէն ներս իր ունեցած փորձառութեան մասին, նշելով թէ տարածաշրջանի երկիրները խնդիրներ ունին եւ հակամարտութիւնները լուրջ խոչընդոտ են շրջանի երկիրներու զարգացման համար։

Ան ըսաւ նաեւ թէ շատեր քննադատեցին Մինսկի խումբի համանախագահներու գործունէութիւնը եւ եռանախագահ երկիրները, ըսելով թէ անբաւարար ջանքեր գործադրեցին, բայց այս մէկը արդար չէ, ճիշդ չէ, պէտք չէ մոռնալ որ իրենց գործունէութեան պատճառով է, որ հակամարտութեան շիկացում չէ եղած:

Համագումարի փակման խօսքը արտասանեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեանը։

Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ / Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան
16-17 Հոկտեմբեր 2013