(ԱԶԱՏ ՕՐ) Յատկանշական է Լեհաստանի մէջ 2014 տարուայ հայանպաստ քաղաքական գործունէութիւններու աշխուժութիւնը: 2014 թուի 12 Մարտին կազմուեցաւ Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, Հայ դատի աշխատանքներուն նուիրուած անձերէ, այս ժամանակաշրջանին անոր հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ իր գործունէութեամբ ու ծրագիրներով հայ ժողովուրդին բարեկամ` Լեհաստանի ժողովուրդին ու անոր հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը մօտէն ծանօթացնելու մեր հայկական հիմնահարցերուն, աւելի հաղորդ դարձնելու մեր ժողովուրդի ազգային արդար դատին, հայոց ցեղասպանութեան ու մեր պահանջատիրութեան շուրջ, արժանավայել կերպով հետապնդելու հայ ազգային տագնապներու, մարտահրաւէրներու ու պահանջներու հոլովոյթը, իր գործօն ներկայութեամբ դառնալու Հայ դատի ազգանուէր մեծ ցանցին մէկ մասնիկը, հաւատարիմ պաշտպանը մեր ազգային շահերուն, որ իր ներդրումը պիտի ունենայ միասնական աշխատանքներուն յաջող իրագործման:
Պետական մակարդակով քաղաքական գործունէութիւններէն կարելի է յիշել Լեհաստանի հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխան ու Լեհաստան-Հայաստան խորհրդարանական խումբի ղեկավար ծագումով հայ` Լուգաշ Աբգարովիչի ու Լեհաստանի Հանրապետութեան ազգային փոքրամասնութիւններու միացեալ յանձնաժողովի հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ ծագումով հայ` Էտուարտ Միէր-Ենդժէյովիչի, Սեպտեմբեր 2014 թուին Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 5րդ համաժողովի իրենց մասնակցութիւնը ու համաժողովի առընթեր պաշտօնական հանդիպումները: Պատուիրակութիւնը քննարկումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար՝ Էտուարտ Նալպանտեանի, Արցախ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Քննարկումներու ընթացքին նկատի առնուեցան Լեհաստան-Հայաստան միջխորհրդարանական կապերը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը, փոխադարձ այցելութիւններու, համագործակցութեան զարգացումը, Լեհաստան-Արցախ կապերու ընդլայնումն ու ամրապնդումը, քննարկուեցան նաեւ Ատրպէյճան – Արցախ հակամարտութեան ու տարածաշրջանի գործընթացներու վերաբերող հարցեր:
Իսկ տեղական մակարդակով, Եւրոպայի հնադարեան համալսարաններէն մէկը համարուող` Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի պատմութեան ֆաքուլթեթի` ազգագրութեան եւ մշակութային ազգաբանութեան ինստուտի վարիչ Լեհաստանի գիտութիւններու Ակադեմիայի արեւելեան Եւրոպայի փոքրամասնութիւններու ամպիոնի վարիչ, լեհ պատմաբան ու լեհահայութեան մասնագէտ՝ փրօֆ. Անտժէյ Ժիէնպայի կազմակերպութեամբ եւ համագործութեամբ նոյն համալսարանի թանգարանի տնօրէն, լեհ պատմաբան, լեհերէն լեզուով լեհահայոց պատմութեան ու մշակոյթի գիրքերու ու մենագրութիւններու հեղինակ ու լեհերէն լեզուով «Լեհահայեր» ուսումնասիրութիւններու զոյգ հատորներու (հրատարակուած 2010 ու 2013 թուականներուն) խմբագիր` փրօֆ. Քշիշթոֆ Սթօբքայի միացեալ ջանքերու կազմակերպութեամբ կը բացուի «Խօսինք Հայաստանի մասին» հանրային գիտական քննարկումներու շարք մը, ուր 6 յունիս 2014 թուին Քրաքով քաղաքի լեհական Եակելոնեան համալսարանի Collegium Maius գրադարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սումկայիթ և Խոջալի» վերնագրով հերթական առաջին նիստը: Առաջին քննարկումի որոշուած թուականէն շաբաթներ առաջ, Լեհաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան կողմէն գործադրուեցան աննախադէպ քաղաքական ճնշումներ, խոչընդոտներ ու զանազան հակադարձութիւններ, ուղղարկուեցան գրաւոր բողոքագիրներ` կազմակերպիչներուն եւ լեհական արտաքին գործոց նախարարութեան, այն պատճառաբանութեամբ, թէ ազէրիական կողմը իբրեւ արդար ու իրաւացի կողմ իրեն վերապահուած է նման վերնագիրներու բանավէճեր, քննարկումներ կազմակերպելու ու ղեկավարելու իրաւունքը, ամբաստանելով նաեւ վերոյիշեալ գիտական հաստատութիւնն ու անոր կազմակերպիչները, որոնք ըստ ազերիական ամբաստանութիւններուն դրդուած են հայկական կողմերէ եւ միակողմանի ու անարդար մօտեցումով կը վերաբերին այս վիճելի հարցին ու կը պաշտպանեն հայկական անիրաւ ու կասկածելի վարկածները, փորձելով արգելակել պատմական իրականութիւններու բացայայտումը, տապալելու նման քննարկում մը, խափանելու հայանպաստ գիտական ձեռնարկի մը իրագործումը, խանգարելով նոյնիսկ փրօֆ. Ա. Ժիէնպայի բջիջային հեռաձայնը, ու զայն փոխակերպելով ազերէնի:
Ի հեճուկս ազերիական բոլոր տեսակի ճնշումներուն «Սումկայիթ և Խոջալի» վերնագրով քննարկումը լեհերէն լեզ- ւով ներկայացուց Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ժրաջան անդամներէն ծագումով հայ՝ Արմէն Արդվիխը, որ 2010 թուականին գերազանցութեամբ աւարտած է Վարշավայի համալսարանի իրաւաբանութեան եւ կառավարման ֆաքուլթեթը: Ազատ շուկայի օրինագէտի իր մասնագիտութեամբ ու Վարշավայի մէջ միջազգային դրամատունի հաստատութեան մը մէջ ամէնօրեայ իր աշխատանքի կողքին, Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութեան հիմնադրամով 2009 թուականէն հրատարակուող լեհերէն-հայերէն «Աւետիս» եռամսեայ պարբերականի գլխաւոր խմբագիրն է: Արմէն Արդվիխը հանքամանօրէն ներկայացուց իր քննարկումը Սումկայիթ քաղաքի մէջ 1988 թուականի փետրուարի 27 էն 29-ի ժամանակահատուածին մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէն ու պետական մակարդակով կազմակերպուած ու իրականացուած հայ խաղաղ ազգաբնակչութեան դէմ ջարդերն ու զանգուածային տեղահանութիւնը, ապա անդրադարձաւ Սումկայիթի բռնարարքներուն ու սպանութիւններուն որ տեղի ունեցան հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ: Արմէն Ա. բացայայտեց նաեւ Հայ – Ազրպէյճանական հակամարտութիւնը միջազգային բեմահարթակին վրայ:
«Խօսինք Հայաստանի մասին»
«Խօսինք Հայաստանի մասին» հանրային քննարկումներու շարքի երկրորդ հերթական հանրային նիստը տեղի ունեցաւ «Հարաւային Կովկասի, Ուքրաինայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը» վերնագրով, Ուրբաթ 12 Դեկտեմբեր 2014 թուի ժամը 17:00-ին Քրաքովի լեհական Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի նոյն գրադարանի դահլիճին մէջ, Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Էտկար Ղազարեանի եւ բազմաթիւ հայագէտներու, համալսարանի դասախօսներու ու ուսանողներու ներկայութեամբ:
Նիստը կը ղեկավարէր լեհական դիւանագիտութեան արտաքին գործերու նախարարութեան արեւելեան Եւրոպայի վարչութեան փոխտնօրէն, ՄԱԿ-ի Ժնեւի գրասենեակի Լեհաստանի մշտական պատգամաւորութեան դեսպանի տեղակալ (1998 թուին), ՄԱԿի Ընդհանուր խնդիրներու վարչութեան փոխտնօրէն (2002 թուին), ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ Լեհաստանի դեսպան 2004 – 2009 թուի ընթացքին դոկտ. Թոմաշ Քնոթէն, իսկ անգլերէն լեզուով հիմնական բանախօսներն էին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար` Կիրօ Մանոյեանն ու քաղաքագէտ, լրագրող, Ռուսիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական պատգամաւորութեան խորհրդական Արսէն Մելիք-Շահնազարովը, որ հեղինակ է նաեւ ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ գիրքերու (ինչպէս՝ «Լեռնային Ղարաբաղ. Փաստերն ընդդէմ սուտի» 2009թ., «Լեռնային Ղարաբաղ, Ատելութեան ժամանակակրթութիւն» 2011 թ.):
Զոյգ փորձագէտները քննարկումի նիւթին քաջածանօթ ու արդարախոհ մօտեցումով ներկայացուցին օր-ւայ վերնագրի իսկական խորհուրդը ու անոր զարգացման քաղաքական ուղիները:
Յատկանշական է յիշել, որ Վարշավայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան եւ անոր յարակից մշակութային կեդրոնի կողմէ «Սումգայիթ եւ Խոջալի» թեմայով յունիսեան առաջին նիստի նախօրեակին արտայայտուած համապատասխան քննադատութիւններուն ու բողոքներուն ու ապագայի հերթական նիստերու մասնակցելու ազերիական կողմի կամքին համաձայն ու հակառակ ատրպէյճանական կողմին ուղղարկուած քննարկումի մասնակցելու հրաւէրին, ու մասնակցող թեկնածուներու անունները հայթայթելու կազմակերպիչներու կանխօրոք խնդրանքին ատրպէյճանական կողմը մինչեւ երկրորդ նիստի թուականը չներկայացուց իր փորձագէտներու անուններու թեկնածութիւնը: Ուստի բացայայտ է նման գիտական ձեռնարկ մը խափանելու ազերիական դիտումնաւոր ու չարախոհ մտադրութիւնը:
Յստակ է նաեւ որ, ատրպէյճանական հակահայ քարոզչամեքենան սանձարձակ կ՛արշաւէ ամէն ուղղութեամբ, նոյնիսկ թափանցած է արեւելեան Եւրոպայի մէջ, սակայն ինչպէս զանազան երկիրներու մէջ, հոս` ուր ութըհարիւր ամեայ հայ պատմական ու մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ` հայկական առաջին սփիւռքներէն համարուող Լեհաստանի մէջ ալ այդ հակաարշաւը կ՛առաջնորդուի քարանձաւային մտածելակերպով ու միշտ լռեցնելու, չեզոքացնելու գործելաոճով, որ դժբախտաբար անհարիր է մտաւորական լուրջ մօտեցումով շրջանակներու համար: Նման կառոյցներու համար բաւական խորթ է հասկնալ ու անընդունելի է խավիարի, գորգերու եւ այլ նուէրներով արգելակելու, խափանելու ազերիկան ընդունուած ու փտած կաշառակերութեան քաղաքակրութութիւնը:
Իսկ մենք համոզուած ենք որ հայկական հարցերու ու մանաւանդ հայոց ցեղասպանութեան թեմաներով նման գիտական քննարկումներ, հանրային հանդիպումներ աշխարհի զանազան գիտական ոլորտներու մէջ թէ այլուր կը նպաստեն հայ դատի լուսաբանման ու նպատակաուղղուած հայանպաստ քարոզչական ներդրումի, նման ծրագիրներ կ՛ամրապնդեն ու կը բարձրացնեն միջազգային խղճի ձայնը, երեւան հանելու պատմական իրողութիւններն ու աւելի լսելի դարձնելու մեր նահատակներու կտակը ու հայ ժողովուրդի արդար դատի պահանջատիրութիւնը:
Դոկտ. Արա Սայեղ – յատուկ «ԱԶԱՏ ՕՐ»ին