Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու հանդէպ Երիտթուրքերու քաղաքականութեան անդրադարձող նոր գիրքի հրատարակում

Հանրութեան ներկայացուեցաւ Ֆուաթ Տունտարի «Արդի Թուրքիոյ «քոտ»ը» գիրքի յունարէն թարգմանութիւնը

Երկուշաբթի 24 Նոյեմբերի երեկոյեան, Աթէնքի մէջ Պոլսեցիներու միութեան մշակութային կեդրոնէն ներս, երեկոյ մը տեղի ունեցաւ նուիրուած թուրք գրագէտ Ֆուաթ Տունտարի «Արդի Թուրքիոյ քոտը» գիրքին, որ գիտական քննարկում մըն է Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ 1913-1922 ժամանակաշրջանին ցեղասպանութիւն ծրագրած եւ իրագործած՝ Երիտթուրքերու «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան:

Գիրքը կը վերլուծէ Երիտթուրքերու ղեկավար քատրերու հոգեբանական իրավիճակը, Գերմանիոյ ռազմատենչ գաղափարախօսութեան եւ գաղափարական հոսանքներու խոր ազդեցութիւնը օսմանեան քաղաքականութեան վրայ:
Ֆուաթ Տունտարի գիրքը յունարէնի թարգմանած է Պոլսեցիներու միութեան նախագահ, փրոֆ. Նիքոս Ուզունօղլու որ ծանօթ է իր բեղուն աշխատանքով եւ նման նախաձեռնութիւններով:
Երեկոն համադրեց Լիանա Միսթաքիտու, որ ներկայ եղող գրասէր հանդիսականներուն ներկայացուց զրոյցի մասնակիցները:
Խօսքերով հանդէս եկան հելլէն խորհրդարանի երեսփոխան, լրագրող Լիանա Քանելի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան եւ Պոլսեցիներու միութեան նախագահ Նիքոս Ուզունօղլու:

Երեսփոխան Լիանա Քանելի յատկանշականօրէն ըսաւ թէ Թուրքիա փոքրամասնութիւններուն հանդէպ բնաջնջման քաղաքականութիւնը իրագործեց «եւրոպական արհեստագիտութեամբ, բայց արեւելեան ծրագիր մը գործադրելով»: Ան անդրադարձաւ իրադարձութիւններու տեսական ենթահողին, ներկայացնելով փոքրամասնական ազգերուն դէմ ի գործ դրուած օսմանեան Թուրքիոյ ամբողջ մեքանիզմը:

Ընկ. Արաքսի Աբէլեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւն յայտնեց փրոֆ. Ուզունօղլուին, Ֆուաթ Տունտարի գիրքի յունարէնի թարգմանութեան կապակցութեամբ, որ հայերու եւ յոյներու պատմութեան էջերու կարեւոր բացայայտումներ կը կատարէ: Ան խօսեցաւ թուրք իրերայաջորդ սերունդներուն մասին, որ պատմութեան խեղաթիւրուած տարբերակները կÿիմանան միայն, գնահատելով ճշմարտութիւնը մէջտեղ բերելու Ֆուաթ Տունտարի նախանձախնդրութիւնը:
Տունտարի գիրքը թրքերէնով լոյս տեսաւ 2008ին, գիտական եւ հետազօտական երկար աշխատանքէ ետք: Գրագէտը սպառիչ տեղեկութիւններ կուտայ Օսմանեան կառավարութեան եւ յատկապէս Թալէաթի եւ նահանգապետներուն ու թուրք քաղաքապետներուն միջեւ փոխանակուած հեռագիրներուն, լոյս սփռելով Փոքր Ասիոյ մէջ թրքական գործընթացին, որ ջարդերով, բոկրոմներով եւ ամէն տեսակի բռնութիւններով՝ փոքրամասնութիւններու ոչնչացման իր ծրագիրը գործադրեց: Մանրամասն կը ներկայացուին հրեաներու, քիւրտերու, յոյներու եւ հայերու դէմ որդեգրուած քայլերը, ալպանացիներու, պոսնիացիներու եւ ղրխզ ժողովուրդներու տեղափոխումները Փոքր Ասիոյ մէջ, հայութեան աքսորը դէպի Տէր Զօր՝ քարտէսներով եւ վիճակագրական ցուցատախտակներով:
Հայ Դատի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ թէ Ֆուաթ Տունտարի գիրքը կուգայ աւելնալու վերջին 15-20 տարիներուն մէջ թուրք պատմագէտ եւ մտաւորականներու այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը մերժեն ընդունիլ իրենց ճնշուած կերպով պարտադրուող պետական պատմութեան վարկածը եւ կը յանդգնին քննական աչքով դիտելու Օսմանեան կայսրութեան ակնման օրերը:

Նիքոս Ուզունօղլու անդրադարձաւ գիրքի իւրայատկութեան եւ անոր միջոցաւ բացուող Երիտթուրքերու ղեկավարութեան նպատակներու եւ գործելաոճի ծալքերն ու կծիկները բացայայտող էջերուն: Ան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ իր պրպտումներու արդիւնքներու մասին, որ յանգեցան Ֆուաթ Տունտարի գիրքի յայտնաբերման ու յունարէնով հրատարակելու նախաձեռնութեան: Ան բացատրեց թէ Ֆուաթ Տունտար ծնած է 1971ին Թուրքիա, ու իր ուսումը ստացած է Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: Դասաւանդած է Միշիկընի համալսարանի մէջ, հեղինակ է երկու գիրքերու եւ բազմաթիւ յօդուածներու:
Ներկաները գոհացումով եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան գիրքի մասին երեք զեկուցաբերներու վերլուծումներուն: