Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին. Երկօրեայ Սեմինար` «Հայ Դատի Նոր Մարտահրաւէրներ Եւ Փոխանցման Արդի Միջոցներ» Խորագիրով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի կազմակերպութեամբ շաբաթ, 16 եւ կիրակի, 17 նոյեմբերին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի նոր մարտահրաւէրներ եւ փոխանցման արդի միջոցներ» խորագրեալ սեմինարը, որուն հրաւիրուած էին մասնակցելու լիբանանահայ աւելի քան 25 վարժարաններու տնօրէններն ու բարձր դասարաններու հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական, ուսանողական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները` վարիչներ, խմբապետներ, վարչական պատասխանատուներ: Դաստիարակներու յատուկ այս սեմինարին, Հայ դատի մարմինին անունով բացման խօսքը փոխանցեց Աքասիա Փոլատեան, որ կարեւոր նկատեց հայ սերունդին դաստիարակութեան առաքելութիւնը ստանձնած ուսուցիչներու եւ միութենական դաստիարակներու դերը` նկատել տալով, որ վաղը անոնց դաստիարակած սերունդէն դուրս պիտի գան Հայ դատը լուծող հայ քաղաքական գործիչները, անձնուրաց ազատամարտիկները եւ յանձնառու հայ ծնողքը:

Ապա տեղի ունեցաւ սեմինարին առիթով պատրաստուած եւ մասնակիցներուն տրամադրուած խտասալիկի բովանդակութեան ներկայացումը. խտասալիկը կ՛ընդգրկէ պատմական, աշխարհագրական, ժամանակագրական, իրաւական, քաղաքական, վաւերագրական, աղբիւրագիտական, հաղորդակցական եւ այլ տեսակի գիտելիքներ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի տարբեր մարզերուն մասին` ընդհանուր առմամբ աւելի քան հազար ելեկտրոնային վաւերաթուղթ եւ սկզբնաղբիւր:

Սեմինարի առաջին նիւթը` «Հայ դատի ներքին եւ արտաքին քարոզչութեան հոլովոյթները», ներկայացուց Արմէն Ապտալեան: Ան նշեց, որ լիբանանահայ պատանիին կամ երիտասարդին համար հարթուած պէտք է ըլլայ անոր ինքնութեան խնդիրը. ան նաեւ պէտք է զինուած ըլլայ գիտելիքով` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի մասին քարոզչական յաջող աշխատանք մը տանելու համար Լիբանանի տեղական շրջանակին մէջ եւ ի հարկին` թուրք խօսակիցին հետ: Ան կարեւոր նկատեց ճշգրիտ տեղեկութեամբ եւ քաղաքական բովանդակութեամբ քարոզչութիւնը սահմանազատել լոզունգային` ամբոխային քարոզչութենէն: Սեմինարի երկրորդ նիւթը` «Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթը դասաւանդելու ձեւերը», ներկայացուց Վերա Եագուպեան: Ան անհրաժեշտ նկատեց աշակերտին կամ ուսանողին փոխանցել մարդկային իրաւանց, միջազգային որոշ համաձայնագիրներու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ եւ նման ենթահողի մը վրայ կառուցել «Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթի դասաւանդումը` ներառելով տեղեկութիւններ ցեղասպանութիւնը նախորդող կացութեան եւ զայն յաջորդած հանգրուաններուն մասին, ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութեան ժխտումը ժամանակակից հանգրուանին:

Կիրակի, 16 նոյեմբերին սեմինարը շարունակուեցաւ երրորդ նիւթով` «Նոր սերունդը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ», զոր ներկայացուց Վիգէն Աւագեան: Ան շեշտեց, թէ նոր սերունդը պէտք է ներգրաւել 100-ամեակի ոգեկոչման աշխատանքներուն մէջ` օգտագործելով նոր միջոցներ երիտասարդները յանձնառութեան գիտակցութեամբ օժտելու: Աւագեան նկատել տուաւ, որ այն միջոցները, որոնք ազդու եղած են Ցեղասպանութեան յաջորդած առաջին եւ երկրորդ յիսնամեակներուն, կրնան համահունչ չըլլալ երրորդ յիսնամեակի մարտահրաւէրներուն, հետեւաբար անհրաժեշտ է, երիտասարդութեան մասնակցութեամբ, մշակել նոր ծրագիրներ: Սեմինարի վերջին նիւթը` «Հայ դատի ուսուցումը դաստիարակութեան ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով», ներկայացուց Յակոբ Եագուպեան: Հայ դատի ուսուցումը բաժնելով պաշտօնական` դպրոցական եւ անպաշտօն` արտադպրոցական դաստիարակութեան մարզերու վրայ, Եագուպեան նշեց, որ երկու պարագային ալ դաստիարակութիւնը պէտք է խարսխուի քննական միտքի զարգացման մեթոտին վրայ: Պարզելով քննական մտածողութեան լծակից կարողութիւններու ցանկը` ան դաստիարակի դերը սահմանեց հիմնականօրէն իբրեւ հարցադրող: Ճաշի դադարէն ետք, սեմինարի վերջին բաժինով, տեղի ունեցան աշխատանոցներ: Խմբակներու բաժնուած մասնակիցները, Յ. Եագուպեանի ցուցմունքներուն հիման վրայ, մշակեցին դասընթացքի ծրագիրներ` քննական մտածողութեան հիմամբ Հայ դատի տարբեր նիւթեր դասաւանդելու դասարանային եւ արտադասարանային, միութենական միջավայրի մէջ:

Հայ դատի մարմինը, իր փակման խօսքին մէջ, կատարելով արծարծուած միտքերու ամփոփումը, ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեսական գիտելիքներու, հմտութիւններու եւ աւանդման միջոցներու համախոհական համակարգի մը մշակման: