Nearly all congressional candidates nationwide who supported Armenian-American issues were victorious during the Nov. 4 elections. The outcome was similarly positive for other candidates running in state and local races. Consequently, the Armenian National Committee of America (ANCA) announced that more than 95 percent of its endorsed candidates had been successful.
Although both Republicans and Democrats have traditionally supported Armenian-American issues, there are some dark clouds looming over Armenian lobbying efforts in Washington due to major changes in the new Congress, which take effect in January 2015, during the critical Centennial of the Armenian Genocide.
Several key pro-Armenian Democratic Senators will lose their leadership positions as a result of the new Republican majority. For example, Sen. Robert Menendez (D-N.J.), rated A+ on Armenian issues by the ANCA, will no longer chair the Foreign Relations Committee. He will be replaced by Sen. Robert Corker (R-Tenn.), rated D+ by the ANCA, one of five Republican Senators who voted against the Armenian Genocide Resolution in the Foreign Relations Committee last April. In addition, Senate Majority Leader Harry Reid (D-Nev.), rated A by the ANCA, will become Minority Leader and will be replaced by Sen. Mitch McConnell (R-Ky.), rated C+ and endorsed for reelection by the ANCA. McConnell has voted positively on some Armenian issues.
The picture is not any brighter on the House side, in terms of the position of its top leadership on Armenian-American issues. Speaker John Boehner (R-Ohio), who saw a major surge in his party’s majority, had announced during a recent visit to Ankara that the House of Representatives will not deal with the Armenian Genocide issue. No wonder the ANCA gave him a C rating. A glimmer of hope is House Majority Leader Kevin McCarthy (R-Calif.), rated B- and endorsed by the ANCA for reelection, who has maintained close contacts with his Armenian constituents. Fortunately, Cong. Ed Royce (R-Calif.), rated A+ and endorsed by the ANCA, will still chair the important Foreign Affairs Committee.
It is not surprising that the Turkish media has been gloating over the congressional election results. “Republicans favor Turkey on Armenian issue,” was one of the headlines in Sabah, a Turkish newspaper. Reporter Ragip Soylu wrote, “Some changes within the Senate will help Turkey’s distasteful experience with Congress.”
The “removal” of Menendez from the chairmanship of the Foreign Relations Committee, he said, “will help Turkey’s uncomfortable and weak position in the Senate.” The reporter went on to call the continued Republican control of the House “more good news for Turkey as House Speaker John Boehner has already promised to not bring up the Armenian issue to the executive agenda of the chamber. ‘Congress won’t get involved in this issue. We don’t write history, we are not historians,’ he reportedly said during his visit to Ankara in April 2014.”
In another Sabah article, Ilnur Cevik confidently wrote that “Turkey’s fortunes are not so bad,” in the face of “the likely problems posed by the advent of the 100th year since the 1915 incidents regarding the Armenians during Ottoman times.” Cevik described Republicans as less “combative” on the Armenian issue as Democrats, “who are dying to appease the Armenian lobby in the U.S. and thus would be more receptive to a tough-worded motion regarding Armenians, especially in 2015 when the 100th year of the events during World War I when Armenians living under Ottoman rule were killed and the Armenians called this controversially a genocide.”
Another Turkish publication, “World Bulletin,” cheerfully headlined its report: “Republican Victory in U.S. Congress Benefits Turkey.” The article pointed out that “a Democrat-led Senate’s Foreign Relations Committee would have been a nightmare for Turkish-American relations, as it would have come out with bills on Armenian claims of genocide during the 1915 incidents in eastern Turkey.”
Soner Cagaptay, the director of the Turkish Research Program at the Washington Institute for Near East Policy, confirmed the pro-Turkish orientation of the new Senate, as “it has been Republicans in the Senate who have blocked bills on genocide claims against Turkey.” Another Turkish analyst, Kadir Ustun, observed that the chance of passing a congressional resolution on the Armenian Genocide “is now lower than ever, as the Republicans are in control of Congress.”
It is now incumbent upon Armenian Americans who have strong ties with Republican congressional leaders to convince them to uphold Armenian initiatives, while exposing Turkey’s support for ISIS terrorists who threaten U.S. national interests in the Middle East.
Harut Sassounian
Harut Sassounian is the publisher of The California Courier, a weekly newspaper based in Glendale, Calif. He is the president of the United Armenian Fund, a coalition of the seven largest Armenian-American organizations. He has been decorated by the president and prime minister of the Republic of Armenia, and the heads of the Armenian Apostolic and Catholic churches. He is also the recipient of the Ellis Island Medal of Honor.
Քոնկրեսի Հանրապետական Մեծամասնութիւնը Պիտի Խոչընդոտէ Հայկական Շահերը
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրեթէ բոլոր թեկնածուները, որոնք աջակցած են հայ-ամերիկեան հարցերուն, յաղթանակ տարած են Նոյեմբեր 4ին կայացած ընտրութիւններուն: Արդիւնքը նոյնքան դրական եղաւ առաջադրուած միւս թեկնածուներուն համար՝ նահանգային եւ տեղական մրցապայքարներուն մէջ: Հետեւաբար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ իր աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն աւելի քան 95 տոկոսը յաջողութեան հասած է:
Թէեւ ե՛ւ հանրապետականները, ե՛ւ դեմոկրատները աւանդաբար կ՛աջակցին հայ-ամերիկեան հարցերուն, սակայն որոշ մութ ամպեր կուտակուած են հայկական լոպիական ջանքերուն վրայ Ուաշինկթընի նոր Քոնկրեսին մէջ տեղ գտած մեծ փոփոխութիւններուն պատճառով, որ կը գործէ 2015 թուականի Յունուարէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի վճռական տարուան ընթացքին:
Քանի մը գլխաւոր հայամէտ դեմոկրատ ծերակուտականներ կը կորսնցնեն իրենց ղեկավար պաշտօնները՝ նոր հանրապետական մեծամասնութեան պատճառով: Օրինակ՝ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզը, որ հայկական հարցերով A+ կը գնահատուի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, այլեւս պիտի չնախագահէ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին: Զայն կը փոխարինէ հանրապետական Ռապըրթ Քորկըրը (D+), մէկը այն հինգ հանրապետական ծերակուտականներէն, որոնք անցեալ Ապրիլին դէմ քուէարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ: Բացի այդ, ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդ Հերրի Ռիտը (A) կը դառնայ փոքրամասնութեան առաջնորդ: Զայն կը փոխարինէ ծերակուտական Միչ ՄըքՔանըլը (C+), որ աջակցութիւն ստացած է Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ վերընտրուելու համար: Ծերակուտական ՄըքՔանըլը դրական քուէարկած է որոշ հայկական հարցերու վերաբերեալ:
Պատկերը աւելի պայծառ չէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ՝ հայ-ամերիկեան հարցերու վերաբերեալ անոր բարձրագոյն ղեկավարութեան դիրքորոշման առումով: Հանրապետական նախագահ Ճան Պէյնըր, որ կտրուկ աճ ստացած է իր կուսակցութեան մեծամասնութեան համար, Անգարա կատարած իր վերջին այցին ընթացքին յայտարարած էր, որ Ներկայացուցիչներու տունը չի զբաղիր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: Զարմանալի չէ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը անոր C գնահատական տուած էր: Յոյսի շող մըն է Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթին (B-), որ ստացած է Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վերընտրուելու համար եւ սերտ կապեր կը պահպանէ իր հայ ընտրողներուն հետ: Բարեբախտաբար, քոնկրեսական Էտ Ռոյսը (A+), որ նոյնպէս կը վայելէ Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը, դեռ կը նախագահէ Արտաքին յարաբերութիւններու կարեւոր յանձնաժողովին:
Զարմանալի չէ, որ թրքական լրատուամիջոցները կը յոխորտան Քոնկրեսի ընտրութիւններու արդիւնքներուն համար: «Հանրապետականները Հայկական Հարցին մէջ կը նախընտրեն Թուրքիան», այսպիսին էր թրքական «Սապահ» թերթի խորագիրներէն մէկը: Լրագրող Ռաճիփ Սոյլուն գրած է. «Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած որոշ փոփոխութիւններ կ՛օգնեն Թուրքիոյ անախորժ փորձառութեան Քոնկրեսին հետ»: Ծերակուտական Մենենտեզի «հեռացումը» արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն «Ծերակոյտին մէջ կ՛օգնէ Թուրքիոյ անյարմար եւ թոյլ դիրքին»: Լրագրողը կը շարունակէ՝ Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանրապետականներու մեծամասնութեան վերահսկողութիւնը անուանելով «եւս մէկ լաւ լուր Թուրքիոյ համար, քանի որ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճան Պէյնըր արդէն խոստացած է Հայկական Հարցը չբերել օրակարգ»: «Քոնկրեսը չի զբաղիր այս հարցով: Մենք պատմութիւն չենք գրեր, մենք պատմաբաններ չենք», ըսած է ան Անգարա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, 2014ի Ապրիլին:
«Սապահ» թերթի մէկ այլ յօդուածին մէջ Իլնուր Չեւիք մեծամտօրէն գրած է. «Թուրքիոյ ճակատագիրը այնքան ալ վատ չէ, ի դէմս հաւանական խնդիրներու՝ Օսմանեան ժամանակաշրջանին հայերու հետ կապուած 1915ի իրադարձութիւններու 100ամեակին առթիւ»: Չեւիք հանրապետականները կը ներկայացնէ որպէս ոչ այնքան «կռուարար» Հայկական հարցին վերաբերեալ, որքան՝ դեմոկրատները, «որոնք ամէն ջանք կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին գոհացնելու համար, հետեւաբար աւելի ընկալելի պիտի ըլլար հայերու վերաբերեալ կարծր ձեւակերպումները, յատկապէս 2015 թուականին, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու 100ամեակն է, երբ օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայերը սպաննուեցան, եւ այս վիճայարոյց հարցը հայերը կ՛անուանեն ցեղասպանութիւն»:
Մէկ այլ թրքական պարբերական՝ «Ուըրլտ Պուլըթըն»ը, իր յօդուածը հրճուանքով վերնագրած է. «Հանրապետականներու Յաղթանակը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Նպաստաւոր Է Թուրքիոյ Համար»: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ «դեմոկրատի գլխաւորութեամբ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը մղձաւանջ պիտի ըլլար թուրք եւ ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար, քանի որ անիկա հանդէս կու գար օրինագիծերով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջներով արեւելեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ»: Ուաշինկթընի Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան հիմնարկի թրքական հետազօտական ծրագիրներու տնօրէն Սոներ Չաքափթայ հաստատեց նոր Ծերակոյտին թրքամէտ կողմնորոշումը, քանի որ «հանրապետականներն են, որոնք կանխած են Թուրքիոյ դէմ ցեղասպանութեան պահանջներով օրինագիծերը»: Մէկ այլ թուրք վերլուծաբան՝ Քատիր Ուսթուն, նկատած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւի ընդունման հնարաւորութիւնը «երբեք այսքան քիչ չէ եղած, քանի որ Քոնկրեսը հանրապետականներու վերահսկողութեան տակ է»:
Այժմ Քոնկրեսի հանրապետական ղեկավարներու հետ սերտ կապեր ունեցող ամերիկահայերու պարտքն է՝ համոզել զանոնք պահպանելու հայկական նախաձեռնութիւնները, միաժամանակ բացայայտելով Թուրքիոյ աջակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն, որոնք կը սպառնան Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն, Միջին Արեւելքի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը