(ԱԶԱՏ ՕՐ) Եգիպտոսի մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Հայ Մշակութային «Յուսաբեր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 30 Հոկտեմբերին «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտական-հայկական մշակութային երեկոյ մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան ուտի նշանաւոր զոյգ «Տինա եւ Ղասան»։ Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայաստանը, անոր բնութեան գեղեցկութիւնն ու արժէքները ներկայացնող տեսաերիզ մը։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան դեսպաններ, պետական անձնաւորութիւններ, Եգիպտոսի բանակի բանբեր գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Սամիր, տեղեկատուութեան նախկին նախարար, Մարդու իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ, դեսպան Մոհամետ Ֆայեք, եգիպտական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ պաշտօնական հիւրեր։
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը այն եգիպտացի բանակայիններուն, որոնք վերջերս զոհ գացին ահաբեկչական յարձակումներու։
Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արմէն Մելքոնեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եգիպտացիներուն եւ հայերուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններուն ու ամուր կապերուն, որոնք ոչ միայն դարաւոր անցեալ ունին, այլ նաեւ՝ զարգացման մեծ հեռանկարներ։ Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան բարեբեր արդիւնքներուն մասին, որոնք շօշափելի են զանազան բնագաւառներու մէջ։
Դեսպան Արմէն Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ երկու երկիրներու արդի յարաբերութիւնները խարսխուած են ամուր հիմքերու վրայ, որոնց խթանիչ ուժը եգիպտահայ գաղութին եւ եգիպտացիներուն միջեւ ողջունելի ու սերտ բարեկամութիւնն է։
«Շատ քաջալերելի եւ ողջունելի լուր էր այն, որ Եգիպտոսի համալսարանը որոշած է Հայկական ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերաբանալ իր յարկին տակ, որովհետեւ հոն կարելի է հայութեան քաղաքական եւ մշակութային կեանքին վերաբերող բազում ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ այսպիսով աւելի եւս սերտացնելով երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Այս կեդրոնը 2007 թուականէն ի վեր արդիւնաւէտ կերպով կը գործէր, սակայն Ապրիլ 2013-ին անոր աշխատանքները սառեցուեցան տարօրինակ պայմաններու մէջ։ Իսկ ներկայիս այդ կեդրոնին վերաբացման որոշումը ցուցանիշ է կառավարութեան եւ եգիպտացիներուն կողմէ եգիպտահայութեան ու Հայաստանի հետ յարաբերութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մեծ հետաքրքրութեան եւ անոնց կարեւորութեան», ըսաւ դեսպանը։