(Սեպտեմբեր 13) Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը կը պահէ իր հետեւողականութիւնը: Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի օրէնսդիր խորհուրդի 10 սեպտեմբերի որոշումը այդ հետեւողականութեան կարեւոր ցուցանիշ կարելի է նկատել:
Հայ դատի յանձնախումբերու ճշդած նահանգային եւ քաղաքային մակարդակի վրայ կեդրոնացուած աշխատանքի արդիւնքներու երեւումը ստացած է արագ կշռոյթ: Քալիֆորնիոյ նահանգին ճանաչումէն հազիւ ամիս մը ետք Նիւ Սաութ Ուէյլզը հանդէս կու գար Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող յայտարարութեամբ: Միջազգային հանրային կարծիքի ճիշդ կողմնորոշման միտող, ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը չէզոքացնող շատ կարեւոր քայլ է Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին կայացուցած որոշումը: Այստեղ չէ աշխատած անարդար հաւասարեցման սկզբունքը, այստեղ Անգարայի եւ Պաքուի միացեալ մեքենան չէ կրցած սպառել իր արտադրութիւնը: Այստեղ աշխատած է հայկական գործօնը, տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբը եւ աշխատած է ճիշդ ու առարկայական գնահատական տալու մօտեցումը:
Հայկական գործօնը սակայն չէ բաւարարուած այս օրերուն իր ներուժը կեդրոնացնելով աւստրալիական նահանգներուն վրայ: Մինչ ժողովրդավարութեան ծննդավայրին մէջ Հայ դատը ժխտողականութեան քրէականացման առումով կարեւոր յաղթանակ կ՛արձանագրէր, Հարաւային Ամերիկայի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներէն Պուէնոս Այրեսի մէջ կը մերժուէր այն նախագիծը, որ կ՛առաջադրէր «Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն» անունով հրապարակ կոչել: Այստեղ ալ բարեբախտաբար չեն աշխատած փեթրոտոլարի սկզբունքը, ազրպէյճանական լոպիի աշխատանքները, մարդկային իրաւունքները անտեսելու եւ տեղւոյն հայ համայնքին արժանապատուութիւնը խոցելու մարտավարական խաղերը: Փոխարէնը, աշխատած են Պուէնոս Այրեսի Հայ դատի զգօնութիւնը, արագ եւ արհեստավարժ գործելաոճը, ազրպէյճանական նկրտումները բացայայտելու մեքանիզմը, բողոքելու եւ այդ բողոքի հիմնաւորումները ընդունելի դարձնելու քաղաքական աշխատանքը: Արդիւնքը` ծրագիրին մերժումը, յետ համաձայնութեան:
Նշենք, որ այս երկրորդ անգամն է, որ հակառակորդի դաւադրութիւնը բացայայտելով արժանթինահայ գործօնը կը յաջողի տապալել երկու մեծ ծրագիր. առաջինը առաջադրուած Անգարայի կողմէ եւ երկրորդը` Պաքուի:
Անտեղի չ՛ըլլար հաւանաբար այստեղ նշելը պարզապէս, որ ի տարբերութիւն եւ ի հակասութիւն Պաքուի, Ստեփանակերտը ցուցաբերելով բարի կամեցողութիւն եւ յանձնառութիւն ժընեւեան հռչակագիրներու դրոյթներուն, Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի Ստեփանակերտի գրասենեակին կը յանձնէր Արցախի Հանրապետութեան սահմանը հատած ազրպէյճանցի անչափահասը: Իսկ այս ժեսթը` Մամիկոն Խոջոյեանի կամ Կարէն Պետրոսեանի օրինակներուն դիմաց: Եւ պէտք չէ զարմանալ, որ նոյնիսկ նման երեւոյթներու պարագային միջազգային ընտանիքի կամ միջնորդական առաքելութեան կապուած մշտադիտարկումներու տեղեկագիրները շարունակեն անարդար հաւասարեցման մօտեցումներ ցուցաբերել ա՛յս մարզին մէջ նոյնիսկ:
Բազմաշառաւիղութեամբ (բազմավեքթոր) յատկանշուող Հայ դատի աշխատանքները թափ հաւաքած կ՛արդիւնաւորուին արդէն իսկ 100-ամեակի փուլին: Աթէնքի մէջ ժխտողականութեան քրէականացում, ամերիկեան ցամաքամասին մէջ թէ Աւստրալիոյ տարածքին նահանգներու ճանաչում Արցախի Հանրապետութեան, Անգարայի եւ Պաքուի ծրագիրներու տապալում Հարաւային Ամերիկայի մէջ եւ յաղթարշաւի այլ իրագործումներու նախադրեալներու երեւում:
Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումի իւրայատուկ պարագայ է նաեւ պասքերու խորհրդարանին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը: Թէեւ միջազգային ճանաչում չունեցող երկրամասէ է կատարուածը, այսուհանդերձ Ստեփանակերտի կողմէ առնուած քայլի արդիւնք պէտք է նկատել այս մէկը եւ իբրեւ այդպիսին ճանաչումի գործընթացին նպաստ բերող քարոզչաքաղաքական գործողութիւն ընդունիլ:
Հայկական գործօնը այս կարեւոր ժամանակաշրջանին կը գործէ սթափ, օփերաթիւ եւ արդիւնաւէտ: Եւ հայկական գործօնի արդիւնաւէտութիւն ըսելով պէտք է հասկնալ պետական եւ սփիւռքեան համակարգաւորումի արգասիքը: