ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
(Յուլիս 3, ԱՍՊԱՐԷԶ) Խաժակ Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ եւ յաճախած է Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը ու տարի մը Հայկազեան քոլեճ յաճախելէ ետք եկած է Սան Ֆրանսիսքօ՝ շարունակելու համար իր ուսումը: Սան Ֆրանսիսքոյի USF համալսարանը աւարտելէ ետք, ան նետուած է գործի ասպարէզ՝ հիմնելով առեւտրական հաստատութիւն մը, ու շարունակած է գործունէութիւնը 35-40 տարիներ՝ յաջողութիւններով ու դժուարութիւններով:
Լիբանանի մէջ, իր պատանեկան շրջանին, ապրած է լիբանանեան կեանքի ամենակենսունակ տարիները. փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ գայլիկ եւ ապա մտած է սկաուտական շարքերը. անիկա եղած է իր կեանքի ապագայ ձեւաւորման հիմնական միջավայրը: Երիտասարդական առաջին տարիներուն անդամագրուած է «Զաւարեան» ուսանողական միութեան՝ ունենալով դաշնակցական անուանի դաստիարակներ, որոնց շունչով մտերմացած է ՀՅԴի գաղափարաբանութեան՝ գաղափարաբանութիւն մը, որ իր ընկերային, հանրային կեանքի ուղին եղած է մինչեւ այսօր:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Եր՞բ եւ ինչպէ՞ս հիմնուած է Հայ Դատի յանձնախումբը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:
ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հայ Դատի Սան Ֆրանսիսքոյի յանձնախումբը նախաձեռնութիւնն էր մեր կոմիտէութեան, որուն գործունէութիւնը մեծ զարկ ստացաւ 1970ական թուականներուն սկիզբը՝ հետեւելով մեր շրջանային եւ գերագոյն մարմիններու ցուցմունքներուն: Սան Ֆրանսիսքօ ուսանողական տարիներս զուգադիպած են գաղափարակից ընկերներու հոյլի մը կեանքին, ու միասնաբար, մեր ուսանողական կեանքի կողքին, մասնակից եղած ենք գաղութի սկզբնական տարիներու կազմաւորման, 1961-1970 տարիներուն՝ խմբուելով «Ն. Աղբալեան» նորաստեղծ երիտասարդական կոմիտէութեան շուրջ, եւ յետագային, միանալով երէցներու «Սարդարապատ» կոմիտէութեան՝ ունեցանք մեր այսօրուան «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ընդհանրապէս ի՞նչ եղած է ձեր գործունէութեան դաշտը Սան Ֆրանսիսքոյի շրջակայքէն ներս:
ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Խանդավառ եւ իտէալապաշտ ընկերներով, այս կոմիտէն մասնակից եղաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շինութեան, նախաձեռնեց շաբաթօրեայ դպրոցի մը, Համազգային Հայ Մշակութային ու Կրթական Միութեան «Ն. Աղբալեան» մասճիւղի հիմնադրութեան, ՀՄԸՄի մասնաճիւղի հիմնադրութեան ու զանազան աշխատանքներով նպաստեց գաղութի զարգացման եւ բարգաւաճման: Իմ անձնական գործունէութեան դաշտը եղած են վերոյիշեալ գրեթէ բոլոր մարզերը, բայց մասնաւորաբար՝ մեր ամէնօրեայ դպրոցին՝ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի հիմնադրութեան ծրագիրը եւ վերջին 30 եւ առաւել տարիներուն անմիջական, գործօն եւ հետեւողական աշխատանքներս՝ մեր կոմիտէութեան Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ, որ առաջին եւ ամենաաշխոյժ Հայ Դատի յանձնախումբերէն մէկն էր Արեւմտեան շրջանին մէջ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ համագործակցութիւն կայ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համաամերիկեան ու մանաւանդ համահայկական Հայ Դատի յանձնախումբերուն միջեւ:
ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Մեր Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն գործակցած է Հայ Դատի շրջանային մարմինին հետ, ինչպէս նաեւ՝ Ուաշիկթընի գրասենեակին հետ, որուն օգնական գործադիր տնօրէնուհին մեր յանձնախումբէն Էլիզապէթ æուլճեանն է: Մեր շրջանը մասնաւորապէս կարեւոր է իր 16 քոնկրեսականներով, որոնցմէ ոմանք կարեւոր պաշտօն ունին, ինչպէս՝ Նենսի Փելոսին եւ երկու ծերակուտականներ՝ Պաքսըրը եւ Ֆայնսթայնը, որոնց հետ տարիներու ընթացքին լաւ կապեր պահած ենք եւ կը շարունակենք պահել:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Կիրակի Յունիս 1, 2014ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ի նպաստ թելեթոնին, հանգանակուեցաւ աւելի քան 2 միլիոն տոլար. ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս հանգանակութիւնը՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական անկիւնէն դիտուած:
ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Յունիս 1, 2014ի Հայ Դատի թելեթոնը յաջողութիւն էր գոյացած գումարով, բայց նաեւ՝ ժողովրդական մասնակցութեան թիւով: Մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն գիտակից մասնակցութիւնը ինծի համար շատ յատկանշական էր, մանաւանդ՝ երիտասարդ կամաւորներու խանդավառ մասնակցութիւնը:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- «Ասպարէզ»ի յօդուածագիրներէն Ռազմիկ Շիրինեան կ՛ըսէ. «Մօտ ապագային անհաւանական չէ ռուս-թրքական համաձայնութիւն մը, որ անգամ մը եւս ծրագրէ արմատախիլ ընել հայը իր հողէն»: Կը կարծէ՞ք, թէ նման համաձայնութիւն մը կարելի է:
ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Այս հարցին դժուար է պատասխանել: Մեր փոքր «կիսանկախ» հայրենիքը բարդ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի թէ՛ իր շրջապատի պայմաններով եւ թէ ներքին կառավարման որակով: Համաշխարհային եւ շրջանային քաղաքական միջավայրերը այնքա՛ն անկայուն եւ փոփոխական են, կապուած՝ գերպետութիւններու շահերուն, որ՝ այո՛, Հայաստանն ու մանաւանդ Արցախը կրնան վտանգուիլ, ինչպէս վտանգուած եւ կորուստներու էին մատնուած անցեալին:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Վերջերս Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց յայտարարած է. «Ներկայ դրութեամբ, Թուրքիա չի կրնար անդամակցիլ Եւրոմիութեան»: Ի՞նչ կը խորհիք այդ մասին:
ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Եւրոխորհրդարանի նախագահի յայտարարութիւնը կրնայ ճիշդ ըլլալ Թուրքիոյ ներկայ դրութեամբ: Բայց, Թուրքիան ալ փոփոխութիւններու ընթացքի մէջ է, եւ այս ընթացքով եթէ շարունակեն բարեկարգութիւնները, ապա թերեւս կարենան արժանի ըլլալ Եւրոմիութեան անդամակցելու:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ կը մտածէք Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեանի Թուրքիոյ նախագահին ուղարկած հրաւէրին մասին, որ վերջինս ներկայ ըլլայ Ապրիլ 24, 2015ին Ծիծեռնակաբերդի համալիրի ձեռնարկին եւ խոնարհի 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին: Ի՞նչ ըսելիք ունիք այս մասին:
ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հայաստանի նախագահի հրաւէրը Թուրքիոյ նախագահին, որ 2015ին Հայաստան գալով՝ խոնարհի նահատակներու յիշատակին առ ի յարգանք, կը կարծեմ լաւ նախաձեռնութիւն մըն էր՝ գնդակը Թուրքիոյ կողմը նետելով: Բայց կը կասկածիմ, որ դրական պատասխան մը պիտի ստանայ: Պետութիւն մը, որ կը դրժէ Ցեղասպանութեան իր պատասխանատուութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի գայ Հայաստան եւ խոնարհի զոհերու յիշատակին: Այս առնուած քայլով կարծեմ մեր նախագա՛հն է, որ լաւ պիտի զգայ իր նախաձեռնութենէն:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Վերջերս «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ ելոյթ ունենալով՝ Թուրքիոյ նախագահ Կիւլ ըսած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի նկատմամբ «անկեղծ մօտեցում ունի», ապա շարունակելով՝ ըսած է. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման յոյսեր տակաւին կան»: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին:
ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Կիւլի յայտարարութիւնը ողջունելի է, բայց գործնական քայլերն են կարեւորը. միայն լօզունգներով մեր առկախ հարցերը չեն լուծուիր։ Ես ալ, ինչպէս շատեր, կ՛ուզեմ գործնական, իրապաշտ լուծումներ փնտռել ու գտնել մեր անլոյծ հարցերուն, որպէսզի յաւիտենական թշնամիներ չմնանք ու ապրինք ազատ ու անվտանգ, իւրաքանչիւրը՝ իր ընտրած կեանքով: