OCTOBER 2014: ARTSAKH – NAGORNO KARABAKH MONTH IN EUROPE

After the Third Conference of European Armenians held in October 2013 in the premises of the European Parliament, during which Bako Sahakyan, President of Nagorno Karabakh Republic, greeted the audience from the European Parliament podium, the European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) is announcing the month of October 2014 as “Artsakh month”. The EAFJD, in cooperation with the Armenian National Committees of Belgium, Netherlands, France and Germany, as well as with the representative offices of Artsakh, is planning to implement different activities and projections.

Within the entire month of October, book presentations, exhibitions of paintings and drawings and other works as well as film projections will be organised at the presence of intellectuals and artists form Armenia, Artsakh and other countries. The EAFJD in cooperation with some Armenian National Committees n Europe, on the occasion of the 20th anniversary of the ceasefire, wishes to draw the attention of international community and political circles on the fact that the Republic of Artsakh now is an accomplished and functioning state that shall be considered by parties suggesting solution to the Nagorno Karabakh conflict.

We will keep the public informed on the detailed programme through a separate press release by the end of July.

European Armenian Federation for Justice and Democracy,

Brussels

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2014.- ԱՐՑԱԽԻ ԱՄԻՍ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ

2013 թուականի հոկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած եւրոպահայութեան երրորդ համագումարէն ետք, որուն ընթացքին լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն ողջոյնի իր խօսքն ուղղեց, այս տարի՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը հոկտեմբեր 2014-ը կը յայտարարէ «Արցախի ամիս», Պելճիքայի, Հոլանտայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցչութեանց հետ գործակցելով, իրականացնելու համար տարբեր ձեռնարկներ եւ ցուցադրութիւններ:

Հայաստանէն, Արցախէն եւ այլ վայրերէ արուեստագէտներու, մտաւորականներու ներկայութեամբ, ամբողջ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան գիրքի ներկայացումներ, նկարչական եւ այլ ստեղծագործական ցուցադրութիւներ, ֆիլմի ներկայացումներ: Ղարաբաղեան զինադադարի քսանամեակին առիթով, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը շրջանային յանձնախումբերուն հետ, միջազգային հանրութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութեանը կ’ուզէ յանձնել, որ Արցախի հանրապետութիւնը այսօր կայացած ու ստեղծագործող պետութիւն մըն է, որուն հետ պարտին հաշուի նստիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումներ առաջարկող կողմերը:

Յուլիսի վերջ, համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութեամբ, հասարակութեան տեղեակ պիտի պահենք ծրագրի մանրամասնութեանց մասին:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ
Պրիւքսել