Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովը նուիրուած՝ Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2024-ին, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ միջմիութենական խորհրդաժողով մը «Արցախն ու 21-րդ դարու Ցեղասպանութիւնը» խորագրով։

ԱՄԺՏ «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս ի մի եկած էին՝ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան(ՍԵՄ-ի), Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհ. Միութեան, Հայ Կաթողիկէ Միութեան, Հայ Աւետարանական Քրիստոնեայ Ջանիցի, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, Համազգայինի, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհ. Վարիչ Մարմինի, «Գանձասար» շաբաթաթերթի եւ Ռատիօ Երազի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութենէն, ՍՕԽ-էն ու այլ միութիւններէ ունկնդիրներ։

Բեմավար Սարին Գրիգորեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան
յոտնկայս յարգելու նահատակներու յիշատակը եւ Արցախի օրհներգով բանալու խորհրդաժողովը։

Կազմակերպիչ Մարմինին կողմէ Գէորգ Մանուկեան բացման խօսքով ըսաւ, թէ որքան ալ երկար տեւէ ազգի ու հայրենիքի փրկութեան երթը, որքան դժուար ըլլայ ու խոչընդոտներու բախի, պէտք է շարունակուի մինչեւ յաղթանակ։ Պայքարին մէջ կը յաղթանակէ ան, որ կը յարատեւէ մինչեւ վերջ։

Խորհրդաժողովին zoom հարթակով յաջորդաբար միացան 3 զեկուցաբերներ։
Առաջինը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանն էր, որ ներկայացուց «Հայաստանը եւ Արցախահայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներն ու Վտանգները» նիւթը։

Պատգամաւորը անդրադարձաւ հայկական պետականութեան դերին հայրենիքի տարածքներու, ազգային արժէքներու պահպանման ու պահանջատիրութեան մէջ։ Ապա պարզաբանեց արցախահայութեան մարտահրաւէրները, ընդդիմութեան մօտեցումները եւ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» համաժողովրդային շարժումին պահանջները՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան, սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման եւ թշնամիին թափանցումներուն դէմ ուժեղ վահան կազմելու առաջնային կարեւորութեան։

Երկրորդ զեկուցաբերն էր լիբանանահայ միջազգայնագէտ Եղիա Թաշճեան, որ ներկայացուց «Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրութիւնն ու Անոր Հետեւանքները» նիւթը։
Ան քարտէզներով պարզաբանեց Զանգեզուրի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի աշխարհագրական կարեւոր դիրքը, հիւսիս-հարաւ ճանապարհի կարեւորութիւնը Հայաստանի համար, Ատրպէյճանի Զանգեզուրի միջանցք պահանջելու հեռակայ նպատակները եւ Հայաստանը շրջապատող երկիրներու քաղաքական մօտեցումներն ու երբեմն սպառնալիքները։ Ապա անդրադարձաւ Հայաստանի կռուախնձոր դառնալու իրողութեան, որպէս Արեւելքն ու Արեւմուտքը կամրջող կարեւոր երկիր, լուսարձակի տակ առնելով Ատրպէճանի եւ Թուրքիոյ ախորժակներն ու Հայաստանի արեւելումները։

Կարճ դադարէ մը ետք, խորհրդաժողովին միացաւ երրորդ զեկուցաբերը՝ միջազգային օրէնքներու մասնագէտ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանը Լոս Անճելըսէն։

Ան ներկայացուց արցախահայութեան իրաւունքներու վերատիրացման միջազգային օրէնքի հիմքերը եւ անդրադարձաւ հիմնական երեք իրաւունքներու՝ պատերազմին հետեւանքով փախստական դարձած ժողովուրդներու իրաւունքներուն, բնիկ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին եւ արցախահայութեան, իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տեղահանուած ժողովուրդ, իրաւունքներուն։ Զեկուցաբերը այս բոլորը ներկայացուց մարդկային եւ իրաւական տեսանկիւններէ։

Չորրորդ զեկուցաբերն էր՝ իրաւաբան, լրագրող Մարիա Գաբրիէլեան, որ ներկայացուց «Արցախի Կորուստին Հետեւանքները Հայ Իրականութեան Մէջ» նիւթը։

Գաբրիէլեան ներկայացուց 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին արցախահայութեան եւ մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան դրսեւորումներուն, անդրադարձաւ 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ յայտարարութեան ու դիտել տուաւ որ մեր ազգը տակաւին հսկայ ներուժ ունի, որ պէտք է ի սպաս դնէ արցախահայութեան օժանդակելու, Արցախի վերադարձը ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը ամրագրելու, առանց վհատելու, այլ ուժերու գերլարումով եւ համբերատար պայքարով։

Խորհրդաժողովի վերջին օրակարգով «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան զրոյց մը վարեց ներկաներուն հետ՝ «Հայրենիքի Իրադարձութիւններն ու Հալէպահայ Միութիւններու Դերը Մատղաշ Սերունդի Ազգային Դաստիարակութեան Մէջ» նիւթով։

Պօղիկեան պարզաբանեց ազգային դաստիարակութիւն հասկացութիւնը՝ կարեւոր համարելով սերունդներու իմացական, հոգեւոր եւ ֆիզիքական զարգացման հետ միատեղ զիրենք ազգային արժէքներուն աղերսելը, մշակոյթին, լեզուին ու գրականութեան, եկեղեցւոյ եւ հայոց պատմութեան գիտակ դարձնելը, անոնց քննական մտածողութիւնը հասունցնելը եւ վերջապէս երիտասարդ տարրը վարժեցնելը քաղաքական իրադարձութիւններու արժեւորումը կատարել գիտելիքներու, վերլուծական միտքի եւ ազգային գիտակցութեան պրիսմակէն։

Ապա ներկաներուն հետ զրուցեց միութիւններու դերին շուրջ՝ ազգային դաստիարակութեան ու յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական եւ հասարակական տարբեր իրադարձութիւններու պարզաբանման մէջ։

Միութիւններու ներկայացուցիչները եւ ունկնդիրները արծարծեցին դժուարութիւններ եւ ներկայացուցին առաջարկներ։

Տեղին է յիշել, որ իւրաքանչիւր զեկոյցի աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանուելու։ Աւարտին խորհրդաժողովի մասնակիցներուն տրամադրուեցան երկու գիրքեր՝ «Հայկական Հարցը Օսմանեան Պետութեան Մէջ 1878֊1923», դոկտ. Հուրի Ազէզեան եւ «Արդար Հատուցում» գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը։

Համազասպ Շաքարեան
Արփի Արապանեան
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ – Գանձասար (kantsasar.com)