Կիրահի, 23 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, Աթէնքի կեդրոնական «Աքրոփոլ» ընդարձակ թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի քաղաքական ելոյթը, ներկայութեամբ յոյն պետական, քաղաքական, զինուորական, դիւանագիտական, նահանգապետական եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչներու։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Աթէնքի մարզպետարանի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ։
Սրահի մուտքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտական կազմերը պատուի առին բոլոր պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Յունաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, կրթութեան փոխնախարար Ակելոս Սիրիղոս, Ատտիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս, երեսփոխանական թեկնածուներ, Ն. Քաքլամանիս, Օ. Քեֆալոեաննի, Ի. Մելաս, Տ. Մարքոփուլոս, Ի. Պալաֆաս, Ն. Միլլիս, Տ. Սթրաթուլիս, Ք. Պողտանոս, Լ. Աթանասիատիս, Ե. Մալթապես, Ս. Օհաննէսեան, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչը, Կիպրոսի դեսպան Ք. Քենեվեզոս, Ատտիկէի շրջանային կառավարման քարտուղար Ղ. Զաֆիրոփուլոս, Աթէնքի փոխքաղաքապետ Է. Քոլլաթոս, Փիրէայի քաղաքապետ Ե. Մորալիս, Վուլայի փոխքաղաքապետ Ո. Գարայեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի զինեալ ուժերու ընդ. հրամանատարի, ցամաքային, օդային եւ ծովային ուժերու, նաեւ ոստիկանութեան պետերու ներկայացուցիչ զօրավարներ, պոնտական, ասորական եւ հայ-յունական բարեկամութեան լիկայի ներկայացուցիչներ։ Նկատի ունենալով Մայիսին մէջ Յունաստանի երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը ու անոր հետեւանքով երկրի խորհրդարանի լուծարումը, այս անգամ խորհրդարանին կողմէ պաշտօնական ներկայացուցիչ ներկայ չեղաւ ու խօսք չառաւ ելոյթին։
Հայկական կողմէն ներկայ էին Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան՝ ներկայացնելով վեր. Վիգէն Չոլագեանը, Գոքինիոյ եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւներ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Հ.Հ. դեսպանատան դիւանագէտներ Աննա Մկրտչեան եւ Աննա Ալեքսանեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմէն Տէրեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչները։
Յունաստանի եւ Հայաստանի ոգերգներու ուկնդրութենէն ետք, օրուան նախագահ ընկ. Արման Գրիգորեան հրաւիրեց վայրկեանի մը յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի 44-օրեսյ պատերազմի զոհուած հայորդիներուն։ Յաջորդաբար, ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եւ քաղաքական անժխտելիութեան իրականութեան։ Ընկերոջ խօսքը պիտի տրուի առանձնաբար։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Յունաստանի կրթութեան փոխնախարար Ակելոս Սիրիղոս, որ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ շեշտեց, թէ պէտք չէ թոյլ տալ Թուրքիոյ ժխտելու իր կատարած ոճրագործութեան փաստը։ Փոխնախարարի խօսքը պիտի տրուի առանձին։
Յաջորդ խօսողն էր Ատտիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս, որ նշեց, թէ հայերու միասնական պայքարի ուժը ամբողջ աշխարհի վրայ վառ կը պահէ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ օրինակ կը դառնայ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանուած ժողովուրդներու ճանաչման պայքարին։
Յունաստանի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի խօսքը ներկայացուց խորհրդական Աննա Մկրտչեան։ Դեսպանի խօսքը կու տանք առանձին։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան ուղերձը կարդաց ընկ. Երուանդ Մանուկեան, որու խօսքը եւս պիտի տրուի առանձին։
Խոր ապրումով եւ յուզիչ արտայայտութիւններով հանրածանօթ յոյն դերասան Խարիս Ռոմաս արտասանեց Սիամանթոյի «Պարը» զգայացունց բանաստեղծութիւնը, թարգմանութեամբ Յակոբ Ճէլալեանի։
Օրուան բանախօսն էր Պեղոպոնեզի համալսարանի քաղաքական գիտութեանց եւ միջազգային կապերու դասախօս, Միջերկրական եւ իսլամական գիտութեանց կեդրոնի տնօրէն, փրոֆեսոր Սոթիրիս Ռուսոս, որ բովանդակալից եւ համապարփակ խօսքերով ներկայացուց Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած 20-րդ դարու քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու պատմական ենթահողը, ապա շեշտը դրաւ հայ-յունական ընդլանուած ու ամուր գործակցութեան մը հրամայականին, դիմագրաւելու համար ներկայ թրքական նորօսմանական նկրտումները տարածաշրջանէն ներս։ Փրոֆեսորին խօսքը պիտի հրատարակենք առանձին։
Յայտագիրի ամբողջ տեւողութեան, բեմին վրայ մէջընդմէջ ներկայացուեցան պատմական նկարագրումներու տեսանիւթեր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, որոնք ներկայացուց Ալիս Ֆուրուճեան։
Քայլարշաւ եւ դափնեպսակներուզետեղում Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ
Ելոյթի աւարտէն ետք, ժողովրդային թափորը քալեց Աթէնքի կեդրոնական ճամբաներէն, հասնելու համար Սինտաղմա հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարանի շէնքին առջեւ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն առաջնորդող դրօշակներով, թմբկահարներու տպաւորիչ կշռոյթով եւ երկու մասնաճիւղերու սկաուտական լրիւ կազմերու շարքերով, պաշտօնական հիւրերը եւ ժողովուրդը ուղղուեցան դէպի Անծանօթ զինուորի յուշադամբանը, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ։
Տեղւոյն վրայ, յունական բանակի ցամաքային, օդային եւ ծովային խառն ջոկատ մը, ինչպէս նաեւ օդային ուժերու նուագախումբը պատուի առին պաշտօնական անձնաւորութիւնները։
Ծաղկեպսակներ զետեղեցին՝ Յունաստանի նախագահի ներկայացուցիչ սպան, հայ համայնքի անունով ընկ. Կիւլա Գարապաճաքեան, Համապոնտական միութեան կողմէ Եորղոս Վարիթիմիատիս, Աթէնքի փոխքաղաքապետ Էւղենիոս Քոլլաթոս, Ատտիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս, Հ.Հ. դեսպանին կողմէ Աննա Մկրտչեան, Յունաստանի զինեալ ուժերուն կողմէ փոխծովակալ Խրիսթոս Քեփարնաքոս, Փասօք կուսակցութեան կողմէ Նիքոս Միլոս, Սիրիզա կուսակցութեան կողմէ Եաննիս Պալաֆաս եւ վարչապետի ու կառավարութեան կողմէ փոխնախարար Ակելոս Սիրիղոս։
Նուագախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգները, մինչ զինուորական ջոկատը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու կազմերը պատուի առին։ Նոյն պահուն յոյն եւ օտար հաւաքուած մեծ բազմութիւնը, ներկայ հայ ժողովուրդի կողքին, յարգանքով հետեւեցաւ արարողութեան եւ իր տուրքը տուաւ խորհրդաւոր ելոյթին։
Աւարտին, նուագախումբի հնչիւններուն տակ, փոխնախարարը անցաւ ջոկատին առջեւէն եւ ձեռնուեցաւ պաշտօնական կարգի հիւրերուն հետ։
Ապա, սկաուտական շարքերու տողանցքով ամբողջացաւ դափնեպսակներու զետեղման յուզիչ արարողութիւնը։
* * *
Նոյն օրը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ տեղական մարզպետութիւններու համակազմակերպութեամբ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչումներ Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ, որոնց պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ։