«ՀԱՅ ԴԱՏՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 29 Ապրիլին տեղի ունեցաւ «Հայ Դատն ու Հայ Երիտասարդը» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ 15 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։

Բացման խօսքով յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան նախ ողջունեց մասնակիցները, ապա մէջբերեց Եէրինկի հետեւեալ խօսքը.«Արդարութիւնը մէկ ձեռքով բռնած է կշիռք, միւսով՝ սուր: Կշիռքով կը կշռէ իրաւունքը, սուրով կը պաշտպանէ եւ կը հաստատէ զայն: Սուրը առանց կշիռքի մերկ բռնութիւն է, իսկ կշիռքը առանց սուրի՝ իրաւունքի անզօրութիւն»:Ապա ան անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ըսաւ, որ1915-ին Թուրքիոյ գործած մեծագոյն ոճիրը հայ ազգին հայրենահանումն էր, ինչ որ արեւմտահայ ժողովուրդը դարձուց անարմատ, գաղթական՝ մեռնելու եւ հուսկ ձուլուելու դատապարտուած: Հետեւաբար ան շեշտեց, որ հերթական Ապրիլ 24ը առիթ պէտք է ըլլայ ոչ թէ միայն ոգեկոչելու նահատակներուն յիշատակը, այլեւ մասնաւորաբար յիշելու Հայրենահանման պատմական չարիքը։ Այսօր, եթէ մենք մոռնանք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը, ուրիշներ ալ կը մոռնան, իսկ Արեւմտահայաստանը՝ մեր պատմական հայրենիքը, կը դառնայ Աթլանթիտ ովկիանոսի յատակը կորած քաղաքին նման։Գահուէճեան դիտել տուաւ, որ Հայ ժողովուրդին համար Հայ Դատը լոկ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցերը չեն, այլեւ Ամբողջական հայութեամբ Ամբողջական Հայաստանի տեսլականին իրականացումը։ Ապա եզրափակելով յայտնեց, որ խորհրդաժողովի կազմակերպման նպատակն է իրազեկ դարձնել երիտասարդութիւնը Հայ Դատին, անոր յանձնախումբերուն աշխատանքին, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ քննարկել անոնց յաղթահարման մէջ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը։

Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին հետեւեալ միութիւններուն ներկայացուցիչները՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան, ՀՄԸՄ-ի, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան, Քրիստափոր ուսանողական եւ Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութիւններու, Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Համազգայինի, Հայ Կաթողիկէ Միութեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Ք. Ջ. Երիտասարդաց Միութեան, ինչպէս նաեւ «Գանձասար»ի թղթակիցներ։ 

Խորհրդաժողովը կ’ընդգրկէր հետեւեալ չորս զեկոյցները՝

ա֊Հայ Դատ. «Սահմանում, Պահանջատիրութիւն, Գրասենեակներ եւ Անոնց Գործունէութիւնը»:Զեկուցաբեր՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

բ֊«Հայ Դատն ու Միջազգային Օրէնքը»:Զեկուցաբեր՝ իրաւաբան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ, Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Իրաւական կեդրոնի տնօրէն խորհուրդի անդամ՝ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան:

գ֊ «ԶԼՄ-ներուն Դերը Հայ Դատի Աշխատանքներուն Մէջ»:Զեկուցաբեր՝ ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռային ընկերութեան լրատուական եւ հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու նախկին տնօրէն՝ Գեղամ Մանուկեան:

դ֊«Հալէպահայ Միութիւններու Դերակատարութիւնը Հայ Դատի Աշխատանքներուն մէջ»:Զեկուցաբեր՝ հրապակագիր, Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի «Հայ Դատ» նիւթի դասախօս՝ Աւօ Գաթրճեան։ 

Ապա հալէպահայ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները ներկայացուցին զեկոյցներ Հայ Դատին գծով իրենց տարած աշխատանքին մասին։Խօսուեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ միութիւններուն, երիտասարդութեան եւ լրատուամիջոցներու դերին շուրջ։

Տեղի ունեցան քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ։ 

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով։