ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ, 23 ապրիլին այցելեց Պքերքէ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ծիրին մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին` ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի եւ մարոնիներու պատրիարքի տեղակալ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսին:
Խաչքարը Պքերքէի շրջափակին մէջ զետեղուած էր 2015 թուականին` հովանաւորութեամբ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին:
Գերապայծառ Ասատուրեանի եւ Սայեահ եպիսկոպոսի կողմէ հայերէն ու արաբերէն աղօթքներէ ետք, Գէորգ եպս. Ասատուրեան արտասանեց սրտի խօսք մը` անդրադառնալով նահատակութեան, նահատակները յիշելու, անոնց յիշատակը յարգելու եւ Պքերքէի ներկայացուցած կարեւորութեան, որմէ ետք Սայեահ եպիսկոպոսը իր կարգին արտասանեց սրտի խօսք մը` յայտնելով. «Հայ ժողովուրդին յատկութիւններէն մէկը այն է, որ չի մոռնար իր պատմութիւնը»:
«Դուք Լիբանանի համար յաւելեալ արժէք էք: Մենք կը հպարտանանք ձեզմով: Մեզ կը միացնէ նոյն երթն ու ճակատագիրը», ըսաւ մարոնիներու պատրիարքի տեղակալը:
Ճօ Զուլիքեան ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անունով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Մարոնի եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի յարաբերութիւնները 18-րդ դարէն ի վեր են` նշելով. «Օսմանեան իշխանութիւններու ստեղծած եւ աւելի քան 200 հազար անմեղ զոհեր պատճառած մեծ սովին ընթացքին միասնաբար տառապեցանք ու հացի պատառը կիսեցինք, եւ այսպէս նոյն երթն ու ճակատագիրը ունեցանք պատերազմի եւ խաղաղութեան, վերիվայրումներու եւ կայունութեան ընթացքին»:
«Ժողովուրդները կենդանի կը մնան ու կը յարատեւեն իրենց նահատակներուն շնորհիւ, եւ մենք Լիբանանի ժայռերուն նման ամուր մեր հաւատքով պայքարեցանք ու նահատակուեցանք, ինչպէս նաեւ ամուր կերպով կառչեցանք Լիբանանի հողին` հաւատալով անոր փայլուն ապագային», ըսաւ ան:
Զուլիքեան մատնանշեց 1920 թուականին Մեծն Լիբանանի պետութեան ստեղծման ու օսմանեան բռնագրաւումէն ազատագրութեան մէջ Պքերքէի վճռորոշ դերակատարութիւնը եւ իր խօսքը եզրափակեց` նշելով, որ հայ ժողովուրդը պիտի չյուսահատի եւ պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առթիւ նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ, որ անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պայքարին` ըսաւ. «Կը հպարտանանք ձեզմով եւ կը հիանանք ձեր գործերուն վրայ: Դուք երբեք չէք մոռնար ձեր անցեալը եւ կ՛ապրիք ձեր նահատակներուն հետ»:
Հայ դատի մարմինը Ռայի պատրիարքին ներկայացուց Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքները եւ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան: Ռայի պատրիարքը հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց նշեալ հարցին նկատմամբ եւ մարմինի անդամներէն ստացաւ հարկ եղած լուսաբանութիւնները:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ մարոնիներու պատրիարքին ներկայացուց Հայաստան-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ հոլովոյթներն ու թուրք-ազրպէյճանական նախապայմանները:
Հայ դատի մարմինը մատնանշեց այն իրողութիւնը, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքի միջազգային ընտանիքը մնաց լուռ: Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց ստեղծուած կացութեան նկատմամբ` աւելցնելով. «Ուժեղը միշտ կը ճնշէ տկարին»: