Յի­շա­տա­կի բա­ցա­ռիկ ե­րե­կոներ՝ նո­ւի­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան

Հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2021-ին, Ա­թէն­քի «­Փար­նա­սոս» շքեղ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ ե­լոյթ մը նո­ւի­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան։ ­Յատ­կա­պէս ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը յար­գող այդ օ­րը հաս­տա­տո­ւած է ­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քի­նի կող­մէ 1948-ին «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րի հաս­տատ­ման եւ ըն­դուն­ման ծան­րակ­շիռ թո­ւա­կա­նի հի­ման վրայ։

­Հա­կա­ռակ որ ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր հայ եւ պոն­տոս­ցի քա­ղա­քա­կան միա­ւոր­նե­րուն կող­մէ, այս տա­րո­ւան նշու­մը նո­ւի­րո­ւած էր աշ­խար­հի վրայ այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կա­տա­րո­ւե­ցան 20-րդ ­դա­րուն ըն­թաց­քին եւ ի­րենց ա­մօ­թա­լի հետ­քը թո­ղած են մարդ­կու­թեան վրայ, յատ­կա­պէս մարդ­կա­յին ան­տար­բե­րու­թեան եւ ա­նոնց ոճ­րա­գործ­նե­րը ան­պա­տիժ ձգե­լուն պատ­ճա­ռով։

Ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղան Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօս­ներ եւ կո­կիկ թի­ւով հա­սա­րա­կու­թիւն մը, ո­րոնք ե­կած էին պա­տո­ւե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը։

Ե­լոյ­թի յայ­տա­գի­րը կ­՚ընդգր­կէր չորս տար­բեր զե­կու­զա­բեր­ներ, ո­րոնք ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցին իւ­րա­քան­չիւր ո­ճի­րի քա­ղա­քա­կան, պատ­մա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին ար­ձա­գան­գի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Այս­պէս, Ա­սո­րի­նե­րու կրած տա­ռա­պանք­նե­րուն մա­սին խօ­սե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ա­սո­րի­նե­րու նա­խա­գահ ­Քի­րիա­քոս ­Պա­ցա­րաս, Գն­չու­նե­րու (­Ռո­մա) ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին զե­կու­ցեց փրոֆ. Եան­նիս Եոր­ղիու, Եզ­տի­նե­րու ջար­դե­րուն մա­սին իր խօս­քը առ­ցանց ուղ­ղեց ­Ռուս­տամ ­Մահ­մու­տեան եւ ­Ռո­ւան­տա­յի ­Թու­ցի ցե­ղի ա­հա­ւոր ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին իր անձ­նա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց լրագ­րող ­Սո­թի­րիս ­Տա­նե­զիս։ Կ­լոր սե­ղա­նի զրոյ­ցը հա­մադ­րեց փրոֆ. ­Վա­սի­լիոս ­Մէյ­խա­նե­ծի­տիս։

Ե­լոյ­թի սկիզ­բին կար­դա­ցո­ւե­ցան ող­ջոյ­նի խօս­քեր եւ ու­ղերձ­ներ, ո­րոնք ղրկո­ւած են ­Յու­նաս­տա­նի խորհրդա­րա­նի եւ հել­լէն քա­ղա­քա­կան ու ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ, ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով կազ­մա­կեր­պող­նե­րուն եւ յի­շա­տա­կի տուրք մա­տու­ցե­լով բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։

­Յա­ջոր­դա­բար, ­Հա­մա­պոն­տա­կան ­Միու­թեան ա­նու­նով խօսք ա­ռաւ ա­նոր նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տիս, որ ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան ե­լոյ­թի խոր­հուր­դը, մատ­նան­շե­լով, թէ ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­մօ­թի խա­րան մնալ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի յի­շո­ղու­թեան եւ պա­տի­ւին վրայ։ Ան նաեւ յայտ­նեց, որ 9 ­Դեկ­տեմ­բե­րը, որ­պէս ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րու մի­ջազ­գա­յին օր, կու գայ մեզ բո­լո­րին յի­շեց­նե­լու մարդ­կու­թեան գե­րա­գոյն պարտ­քը՝ կան­խել ա­մէն տե­սա­կի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ հա­տու­ցում պա­հան­ջել տա­կա­ւին ի­րենց ար­դա­րու­թիւ­նը փնտռող չա­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով խօսք ուղ­ղեց ըն­կե­րու­հի ­Լո­ռի ­Պա­րա­զեան, որ հան­գա­մա­նօ­րէն նշեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­պա­տիժ մնա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կո­ւի ­Թուր­քիոյ կող­մէ, մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ, հայ­կա­կան պատ­մա­կան կո­թող­նե­րու բնաջն­ջու­մով եւ հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հա­րու­մով, իսկ ա­նոր ցե­ղա­կից եղ­բայ­րը՝ Ատր­պէյ­ճա­նը, իր ռազ­մա­կան եւ ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճիր­նե­րով կը յար­ձա­կի Ար­ցա­խի վրայ, կը գրա­ւէ հա­յոց օ­ճախ­նե­րը եւ մէկ առ մէկ կը ջնջէ հետ­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեայ պատ­մու­թեան։ Ըն­կե­րու­հին նաեւ մաս­նա­ւոր նշում­ներ կա­տա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի կա­տա­րած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն մա­սին ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ բնակ­չու­թեան վրայ, ո­րոնք կը կա­տա­րո­ւին մեծ ցե­ղաս­պան՝ ­Թուր­քիոյ ան­մի­ջա­կան ռազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ։

­Յա­ջոր­դա­բար, ա­սո­րի­նե­րու մա­սին իր զե­կու­ցու­մը կա­տա­րեց ­Քի­րիա­քոս ­Պա­ցա­րաս, որ նշեց Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ սկսած եւ մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կո­ւող ա­սո­րի­նե­րու զան­գո­ւած­նե­րու ջար­դե­րը եւ ա­նոնց կրած ող­բեր­գու­թիւ­նը։ ­Խօ­սո­ղը ներ­կա­յա­ցուց նաեւ պատ­մա­կան փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­րո­շում­նե­րուն նման, կ­՚ար­ձա­նագ­րեն օ­րո­ւան թրքա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ար­ձա­կո­ւած հրա­հանգ­նե­րը՝ ամ­բող­ջու­թեամբ կո­տո­րե­լու ա­սո­րա­կան տար­րը։

Գն­չու­նե­րու (­Ռո­մա) զան­գո­ւա­ծա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին իր զե­կոյ­ցը ներ­կա­յա­ցուց հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆէ­սոր Եան­նիս Եոր­ղիու, որ յայտ­նեց թէ այդ զան­գո­ւած­նե­րը ու­նին ի­րենց ցե­ղա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րը, ո­րոնք թի­րախ դար­ձան յատ­կա­պէս նա­ցի­նե­րու կող­մէ։ Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ռո­մա­նե­րու կրած տա­ռա­պանք­նե­րը անն­կա­րագ­րե­լի ե­ղած են, ո­րոնց հա­մար ալ բա­րո­յա­կան եւ այլ տե­սա­կի հա­տու­ցում­նե­րը տա­կա­ւին կը մնան ա­նի­րա­գոր­ծե­լի։

­Յա­տուկ տե­սա­կա­պով իր խօս­քը ուղ­ղեց Եզ­տի­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր ­Ռուս­տամ ­Մահմու­տեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ Եզ­տի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան, նշե­լով, թէ սոյն ժո­ղո­վուր­դը եւս ճա­շա­կած է թրքա­կան ցե­ղե­րու ցե­ղաս­պա­նա­կան մո­լուց­քը, ան­թիւ զո­հեր տա­լով պատ­մու­թեան զա­նա­զան հանգ­րո­ւան­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ­Թուր­քիոյ նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան շրջա­նին։

­Վեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ յոյն հան­րա­ծա­նօթ լրագ­րող եւ հե­ռա­տե­սի­լի վրայ պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րող ­Սո­թի­րիս ­Տա­նե­զիս։ Ան այ­ցե­լած էր ­Ռո­ւան­տա եւ մօ­տէն ար­ձա­նագ­րած էր ­Ռո­ւան­տա­յի ­Թու­ցի ցե­ղի վկա­յու­թիւն­նե­րը այն ա­հա­ւոր ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ 20-րդ ­դա­րու վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եւ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ մարդ­կա­յին ան­տար­բե­րու­թեան ու ա­մօ­թի մե­ծա­գոյն բի­ծը թո­ղած ըլ­լալ հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան սեւ է­ջե­րուն մէջ։ ­Բո­լոր խօ­սող­նե­րու զե­կոյց­նե­րու ա­ւար­տին, հա­մադ­րո­ղը ա­ռի­թը տուաւ ներ­կա­նե­րուն ի­րենց հար­ցում­նե­րով կամ տե­սա­կէտ­նե­րով ար­ձա­գան­գելու ներ­կա­յա­ցո­ւած խօս­քե­րուն եւ ստա­նալու յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ պատ­մա­կան այս մեծ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք յատ­կան­շե­ցին մարդ­կա­յին նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը։ Ե­լոյ­թը զար­դա­րո­ւե­ցաւ նաեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յու­զիչ բա­ժի­նով մը. ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ պոն­տա­կան ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եր­գի նմուշ մը, որ կը խօ­սի պոն­տոս­ցի­նե­րու ջար­դե­րուն մա­սին, իսկ յու­նա­հայ ծա­նօթ տու­տու­կա­հար ­Վար­դան Ա­բո­վեան՝ տու­տու­կի մեղ­մա­նուշ կա­տա­րո­ղու­թեամբ եւ կի­թա­ռի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ նո­ւա­գեց «­Տը­լէ եա­ման» եր­գը։ Ե­լոյ­թը բա­ցա­ռիկ էր իր կար­գին, որ ա­ռի­թը տո­ւաւ ներ­կա­նե­րուն ա­ւե­լի մօ­տէն ի­մա­նա­լու մարդ­կա­յին այլ ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու, ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ կա­տա­րո­ւած մեծ ո­ճիր­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ­Հա­յոց եւ ­Պոն­տա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ, տա­կա­ւին ի­րենց ար­դար հա­տու­ցու­մը կը պա­հան­ջեն։

Հինգ­շաբ­թի՝ 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2021-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00-ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Պոս­տոս­ցի­նե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան, «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան եւ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին օ­րուան ձեռ­նար­կը, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, տեղ­ւոյս ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քի ­Պոս­տոս­ցի­նե­րու, ­Կիպ­րա­ցի­նե­րու եւ Հ­րէա­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն։

­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Յ.Դ. «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ընկ. Ան­նա-­Մա­րիա Ա­լեք­սա­նեան, որ կա­րե­ւո­րու­թեամբ վեր ա­ռաւ օ­րո­ւան ի­մաս­տը եւ միու­թեան կող­մէ իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց ներ­կա­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։ ­Յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռին՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Յ.Դ. «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ա­նու­նով՝ ընկ. Ար­փի­նէ ­Մո­սի­նեան, հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով՝ ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեան, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով՝ ընկ. ­Տիգ­րան ­Սարգ­սեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Պոս­տոս­ցի­նե­րու Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ա­նու­նով՝ ­Քոս­թան­թի­նոս ­Խա­ծի­մի­խա­յի­լի­տիս։ ­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին նաեւ տե­սաե­րիզ մը ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան եւ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան կա­պակ­ցու­թեամբ։

www.azator.gr