ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ իր խոր գնահատանքը արտայայտեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի Թուրքիոյ վերաբերեալ «յանդուգն ու արդարացի» յայտարարութեան համար:
«Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ խօսած է բարի դրացիական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութեան մասին: Ես կը զարմանամ, երբ ատիկա կ՛ըսէ Էրտողանը: Իսկ ո՞ր երկիրն է, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել Կիպրոսը, ո՞ր երկիրը ներխուժած է Սուրիա, ո՞ր երկիրը կը խախտէ Իրաքի գերիշխանութիւնը, ո՞ր երկիրը կ՛ոտնահարէ Յունաստանի գերիշխանութեան իրաւունքները, ո՞ր երկիրը միջամտած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Թուրքիան մէկ նպատակ ունի` Կիպրոսը դարձնել իր հոգատարութեան տակ եղող երկիր», նշած էր Կիպրոսի նախագահը:
«Սահմռկեցուցիչ է, որ Թուրքիոյ նախագահը բարի դրացիական յարաբերութիւններու մասին կը քարոզէ, երբ իր երկիրը կը շարունակէ բռնագրաւել Կիպրոսի հիւսիսը, ներխուժած է հիւսիսային Սուրիա եւ Իրաք, եւ ուղղակի մասնակցութիւն ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան վրայ առանց դրդապատճառի յարձակումին:
«Կ՛ողջունենք նախագահ Անասթասիատեսը իր պայծառատեսութեան եւ բարոյական տոկունութեան համար», նամակը եզրափակելով նշեց Հայ դատի մարմինը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կողմէ Արցախի տագնապի մարդասիրական հետեւանքներուն վերաբերեալ բանաձեւին մասին լուրը: ԵԽԽՎ-ն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յիշեցուցած էր Եւրոպական խորհուրդին անդամակցելով տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու իրենց պարտաւորութիւնը` աւելցնելով, որ «2020-ի վեցշաբաթեայ պատերազմը կը հանդիսանայ այդ պարտաւորութիւններու խախտում եւ պէտք է արձագանգ ստանայ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ: ԵԽԽՎ-ն այլ հարցերու կողքին նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէր հայ գերիներու ճակատագիրին եւ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութեան նկատմամբ: