«Հայ Դատ Հետապնդել` Կը Նշանակէ Հաւատալ Եւ Հետեւողական Ըլլալ», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթ. Արմէն Մազլումեան

Եգիպտոսի Հանրային Կարծիքը Այնպիսի Մակարդակի Պէտք Է Հասցնել, Որ Յառաջիկայ Խորհրդարանէն Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Մեր Զոհերու Յիշատակին Յուշակոթողի Կանգնեցումը

Հաւանաբար տարիներ առաջ դժուար էր երեւակայել, որ արաբական աշխարհին մէջ մամուլին եւ լրատուական միջոցներուն ճամբով Հայոց ցեղասպանութեան մասին այս տարողութեամբ անդրադարձ կը կատարուի, մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու կողմէ ո՛չ միայն կը խօսուի Հայ դատին մասին, այլ Թուրքիայէն կը պահանջուի արդարութիւն տնօրինել եւ 99 տարիէ ի վեր իր դատը հետապնդող ու իրաւունքները պահանջող հայ ազգին նկատմամբ իրաւացի ըլլալ: Յատկապէս այս տարի այս բոլորը ցայտուն կերպով երեւցան Եգիպտոսի մէջ, ուր տարիներէ ի վեր հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ տարուած աշխատանքին արդիւնաւորումը շատ ցցուն եւ դրական կերպով դրսեւորուեցաւ 99-ամեակին առիթով:

Եգիպտական բեմին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ ապագայի ակնկալիքներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Հայ դատի Եգիպտոսի յանձնախումբի ներկայացուցիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամ տոքթ. Արմէն Մազլումեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».-Այս տարի, յաչս աշխարհին, Եգիպտոսի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչուեցաւ տարբեր բնոյթով ու տարողութեամբ. արդեօք այս բոլորին խմորումները նախապէս կայի՞ն:

ԱՐՄԷՆ ՄԱԶԼՈՒՄԵԱՆ.-Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին Հայ դատի աշխատանքը նոր հանգրուան թեւակոխեց Եգիպտոսի մէջ: Առաջին հանգրուանի աշխատանքը կատարուեցաւ նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի օրով, երբ տակաւին Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները մեղրալուսինի մէջ էին: Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած տնտեսական ներդրումները այնքան շռայլ էին, որ բոլորը ափ ի բերան, լորձնաշուրթն կը սպասէին արաբական աշխարհի մերօրեայ «փրկարար» խալիֆային: Նախատեսուած էր Եգիպտոս կատարուած տնտեսական ներդրումները հասցնել տասը միլիառ տոլարի` կառուցելով 500 գործարան, ստեղծելու համար աւելի քան 50,000 աշխատատեղ: Եգիպտական թերթերը ողողուած էին թրքամէտ յօդուածներով եւ սիրաբանական սիւնակներով… Վարչապետ Էրտողանի Եգիպտոս այցելութիւնը ատիկա կը փաստէր: Շատ սակաւաթիւ էին այն ձայները, որոնք օրին պատասխանատուներն ու հանրութիւնը զգուշացուցին անախորժ ապագայէ մը` հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, որ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան մէջ բազմաթիւ են այն էջերը, ուր արձանագրուած են արաբական աշխարհին մէջ թուրքին կողմէ գործուած ոճիրներն ու աւերները:

Հակառակ այս դժուար պայմաններուն եւ ոչ բարենպաստ մթնոլորտին, Հայ դատի աշխատանքներու համար ծրագիր մշակած էինք` համոզուած ըլլալով, որ յարատեւ եւ հետեւողական աշխատանքը անպայման օր մը պիտի արդիւնաւորուի: Արդարեւ, հակառակ տիրող թրքանպաստ մթնոլորտին, եգիպտական մամուլի էջերը հետզհետէ սկսան անդրադառնալ Հայկական հարցին եւ հրապարակել մեզի վերաբերող նիւթեր, եգիպտական պետական եւ սեփական պատկերասփիւռի կայաններ եւս սկսան տեղ տալ հայկական ձայնին: Շօշափուած հիմնական նիւթերն էին հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները, Եգիպտոսի մէջ հայկական ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը. լուսարձակի տակ կ՛առնուէր հայ համայնքին եւ հայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը արդի Եգիպտոսի պատմութեան մէջ, եւ բնականաբար կային Հայոց ցեղասպանութեան կապուած նիւթեր:

«Ա.».-Հետաքրքրական եւ ուշագրաւ էր, որ այս տարի եգիպտական մամուլը տարբեր յօդուածներով, ակնարկներով եւ տեղեկագրութիւններով լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ մէկը ըրին նաեւ հիմնական օրաթերթերը: Անդրադառնանք այս երեւոյթին, այս իմաստով Հայ դատի մարմինի աշխատանքին:

Ա. Մ.- Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին եւ այս առիթով կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն եգիպտական մամուլը անդրադարձաւ լայնօրէն` տրամադրելով ամբողջական էջեր, նկարներով օժտուած, հրապարակելով փաստաթուղթեր, կատարելով հարցազրոյցներ` հայ թէ տեղացի անձնաւորութիւններու հետ: Յատկանշական էր «Ուաթան» օրաթերթին կողմէ հրապարակուած իւրայատուկ փաստաթուղթ մը` յայտնաբերուած պատմաբան Մոհամետ Ռեֆաթ Իմամի կողմէ, որ կը վկայէ, թէ 1915 թուականին Թուրքիոյ կողմէ տեղահանութեան ենթարկուած հայերը հասած են Փոր Սայիտ, եւ կայք հաստատած` այնտեղ աւելի քան 4 տարիներ, եւ հակառակ անոր որ այդ հանգրուանին եգիպտացիները տնտեսական մեծ տագնապի մէջ էին, դրամահաւաք կազմակերպած են հայերուն օժանդակելու նպատակով: 99 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այդ եգիպտական փաստաթուղթը վկայ է հայութեան նկատմամբ գործադրուած ահաւոր ոճիրին:

Պատկերասփիւռի կայաններուն մեծամասնութիւնը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 99¬ամեակին` ցուցադրելով վաւերագրական ժապաւէններ, հրաւիրելով մասնագէտներ եւ պատասխանատուներ, որոնք անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, իրողութիւններուն, էրտողանի վերջին յայտարարութիւններուն եւ այլն: Բոլոր կայանները նշեցին, որ էրտողանին ցաւակցական յայտարարութիւնները կը նշանակեն Ցեղասպանութեան շարունակութիւն եւ բացարձակապէս անբաւարար են:

Մամուլի էջերով թէ պատկերասփիւռի կայաններով մանրամասն կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ հայութեան կրած չարչարանքներուն, ենթարկուած ցեղասպանութեան, վերապրողներու պատմութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան, որ դատապարտելի է:

Պէտք է անպայման նշել, թէ մեր տարած աշխատանքներուն արդիւնքներէն եղաւ եգիպտական կուսակցութեան մը յայտարարութիւնը, որ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պահանջեց անոր ճանաչումը, որպէսզի նման ողբերգութիւններ չկրկնուին քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ: Կը յուսանք, որ այս քայլը խրախուսէ ուրիշ եգիպտական կուսակցութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ` յառաջիկայ ամիսներուն կազմուելիք խորհրդարանը մղելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման:

Այս առիթով արտասանած մեր խօսքերուն մէջ կոչ ուղղեցինք` Եգիպտոսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշակոթող մը կանգնեցնելու, որովհետեւ նման քայլ մը կը բացայայտէ 1915-էն ի վեր Եգիպտոսի պետութեան եւ եգիպտացի ժողովուրդին ցուցաբերած բարեկամական ոգին եւ զգացումները` հանդէպ հայ գաղթականութեան, որոնք հաստատուեցան Եգիպտոսի ափերուն, ինչպէս նաեւ կը փաստէ Եգիպտոսի կեցուածքը` որպէս արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներու կողքին կանգնող պետութիւն:

«Ա.».- Ըստ ձեզի, այս բոլորը որքանո՞վ կը ծառայեն եգիպտական հանրային կարծիքը Հայոց հիմնահարցին ծանօթացնելու եւ յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ ծայր առած թրքական հակահայ պայքարը եւ պատմութեան խեղաթիւրման արշաւը սանձելու:

Ա. Մ.-Այս բոլոր կատարուածները ոմանք կը վերագրեն եգիպտական-թրքական յարաբերութիւններու վատթարացման, որ սկիզբ առաւ այն ատեն, երբ Թուրքիա սկսաւ միջամտել Եգիպտոսի ներքին քաղաքական կեանքին եւ սկսաւ իրագործել իրեն վստահուած յատուկ քաղաքականութիւնը` արաբական աշխարհին մէջ: Բարեբախտաբար «Արաբական գարուն» կոչուած եւ տարածաշրջանին համար նախատեսուած սատանայական ծրագիրը մերկացաւ եւ բացայայտուեցաւ Եգիպտոսի հողին վրայ` շնորհիւ Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ պատասխանատու մարմիններուն արթնութեան ու գիտակցութեան: Դիմակները վերցուեցան, եւ Թուրքիոյ իսկական դէմքը բացայայտուեցաւ բոլորին համար: Ոմանք այն կարծիքը ունին, թէ հակաթուրք արշաւն ու հայանպաստ յայտարարութիւններու եւ կեցուածքներու դրդապատճառները էրտողանի եւ Թուրքիոյ կեցուածքներն էին: Որոշ չափով ճիշդ է այս մէկը, սակայն պէտք չէ ստորագնահատել գաղութին մէջ տարիներէ ի վեր տարուող երկարաշունչ աշխատանքը, որ սատարեց եգիպտական հանրային կարծիքը Հայոց հիմնահարցին ծանօթացնելու, արաբական աշխարհին մէջ հասարակական կարծիք ձեւաւորելու: Այս մնայուն աշխատանքին շնորհիւ հասանք այս հանգրուանին, երբ այլեւս հայոց մասին եւ մանաւանդ Ցեղասպանութեան շուրջ տեղեկութիւնները կը ներկայացուին ճշգրտութեամբ: Տարիներու ընթացքին հրապարակուած փաստացի տեղեկութիւնները, այս մասին արաբական ամսաթերթերը, գիրքերն ու գրքոյկները, թարգմանութիւնները, դասախօսական երեկոները եւ սեմինարները, եգիպտացի լրագրողներու Հայաստան այցելութիւնները իրենց անմիջական դերակատարութիւնը ունեցան եւ արդիւնք տուին ճիշդ պահուն: Պատկերացուցէք պահ մը, որ այդ նախապատրաստական աշխատանքը տարուած չըլլար մինչեւ օրս, եւ հողը հերկուած չըլլար, բնականաբար ցանքը այսքան առատ եւ հարուստ պիտի չըլլար:

Հոս պէտք է յիշատակեմ եւ գնահատեմ նաեւ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանին զօրակցական եւ ՀԲԸՄ-ի լուրջ աշխատանքը, որ կատարուած է տարիներու ընթացքին` արաբական հասարակութիւնը հայկական հարցերուն մասին լուսաբանելու իմաստով, ինչպէս նաեւ Գահիրէի Ազգային իշխանութեան նիւթական սատարումը` զանազան ծրագիրները իրագործելու համար:

Արդարեւ, ամէն առիթի հայերս եւ եգիպտացի մտաւորականութիւնը առիթ չենք փախցներ շեշտելու եւ յստակեցնելու, թէ Հայ դատին առնչութեամբ այս մօտեցումը արդիւնք չէ եւ չի կրնար ըլլալ Եգիպտոս-Թուրքիա յարաբերութիւններու խզման, այլ պէտք է հիմնուած ըլլայ պատմական փաստերու, իրողութիւններու, մարդկային ուխտերու եւ անիրաւուած ժողովուրդի մը իրաւունքները պաշտպանելու սկզբունքներու հիման վրայ:

«Ա.».-Եգիպտական «Ազատ եգիպտացիներ» ազդեցիկ քաղաքական կուսակցութեան կեդրոնին մէջ 24 ապրիլին տեղի ունեցաւ սեմինար` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման` «Մենք կը յիշենք 1915 թուականը» խորագիրով, անոր ընթացքին եգիպտացի մտաւորականներու կողքին խօսք առիք նաեւ դուք: Արտասանուած խօսքերուն մէջ ի՞նչ բանի անդրադարձ կատարուեցաւ, ձեր ելոյթին մէջ ի՞նչ բանի վրայ դրիք շեշտը:

Ա. Մ.- Սեմինարին հիմնական բանախօսներն էին` կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Մահմուտ Ալալին, ցեղասպանագէտ Մոհամետ Ռեֆաթ Իմամը, միջազգային իրաւունքի փրոֆեսէօր Այման Սալաման: Մ. Իմամ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նախորդող ժամանակաշրջանին մասին, անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ոճիրին, որուն հիմնական դրդապատճառը համաթուրանականութեան հաստատման նպատակով հայութիւնը բնաջնջելն էր: Կարեւոր էր Այման Սալամանի խօսքը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ 1915-ին հայութեան դէմ կատարուածը ամբողջական կերպով կ՛ամբողջացնէ դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատելու բոլոր պայմանները, այս առնչութեամբ ճշդուած 5 տուեալներուն լիուլի կը համընկնի: Ան շեշտեց, որ ներկայի Թուրքիան` իբրեւ իր պապերուն իրաւական յաջորդը, պէտք է ամբողջութեամբ ստանձնէ օսմանեան շրջանին իր նախնիներուն գործած ոճիրին պատասխանատուութիւնը:

Խօսքին մէջ նշեցի, որ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին մարդկային յիշողութեան մէջ տակաւին ամրագրուած է Հիթլերի այն խօսքը, թէ` «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերու ջարդը…», եւ որուն սխալ ըլլալուն ապացոյցն ենք մենք եւ մեր Դատին զօրակիցները այսօր:

Շեշտեցի, որ 99 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան:

Պատմական փաստուած եղելութիւններն ու ծանօթ դէպքերը զանց առնելով` կեդրոնացայ այդ ցաւալի դէպքերու հերքումին, ուրացման եւ հայոց արդար իրաւունքներու բարոյական թէ նիւթական հատուցումէն խուսափելու երեւոյթներուն վրայ: Յիշեցի, որ փոխանակ հաշտուելու իր անցեալին հետ, Թուրքիա` օսմանեան պետութեան օրինական ժառանգորդը, կը դիմէ պատմական իրողութիւններու աղաւաղման արշաւի` փորձելով կասկածի ենթարկել ու շրջել փաստուած ճշմարտութիւնները եւ փոխադարձաբար տարածել անհիմն յերիւրանքներ, թէ` հայերն են, որոնք յարձակած ու սպաննած են թուրքերը:

Դիտել տուի, որ ուրացումն ու հերքումը ոչինչի կը նպաստեն, այլ անոնք կը խորացնեն վէրքը եւ յաւելեալ ատելութիւն կը սերմանեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ, որոնք դարերով միասնաբար ապրած ու գործակցած են` կերտելով ամբողջ շրջանի պատմութիւնը:

Անդրադառնալով Էրտողանի վերջին յայտարարութեան` դիտել տուի, թէ անիկա ոչ մէկ ձեւով կ՛ամոքէ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած մեծ ոճիրներու կորուստներն ու վնասները, որոնց հետեւանքները տակաւին զգալի ու առկայ են` մարդկային թէ հողային իմաստով: Արդարեւ, սպին մխրճուած ու խորացած է, ուրացումը կը շարունակուի եւ դար մը առաջ ծայր առած արիւնահեղութիւնը տակաւին կը հոսի ու փոխանակ գէթ հաստատելու եւ խոստովանելու պատահած դէպքերու իրողութիւնը եւ համայն մարդկութեան պարզելու պատահած օրհասական դէպքերու սարսափելի իրողութիւնը` Թուրքիա հայութեան դէմ կատարուածը կը սահմանափակէ Ա. Համաշխարհային պատերազմին հարկադրած դառն պայմաններու բերումով հայերու հեռացմամբ դէպի արաբական երկիրներ, որոնցմէ եւ` դէպի Եգիպտոս: Հոս կը բաւէ յիշեցնել աշխարհին, թէ հեռացման ոճիրն իսկ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներէն մէկը կը համարուի:

Խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առի վերջին տարիներուն թուրք մտաւորականներու, պատմագէտներու եւ հետազօտողներու կողմէ թրքական շրջանակներուն մէջ կատարուած որոշ փոփոխութիւնները` աւելցնելով, որ հարցը կը պահանջէ թուրք ղեկավարներու կողմէ նախաձեռնութեան ոգի, որոշ գիտակցութիւն, քաղաքական ու քաղաքակրթական հասունութիւն` առնելու յանդուգն քայլ մը` ճանչնալու եւ ընդունելու գործուած սխալը եւ ձեռնարկելու հայ ժողովուրդի բարոյական ու նիւթական հատուցման:

Հաստատեցի, որ ա՛յս է, որ կը սպասենք մարդկային խիղճէն ու միջազգային ընկերութենէն ու յատկապէս` եգիպտական ասպնջական պետութենէն, դիտել տալով, որ «Ազատ եգիպտացիներու» կուսակցութեան ղեկավարներու աշխուժ գործունէութիւնը կարեւոր քայլ մըն է այս ճանաչման ուղղութեամբ, զոր կը սպասենք Եգիպտոսէն` մարդկային խիղճի արշալոյսէն, քաղաքակրթական Եգիպտոսէն, ուրիշը հանդուրժող այս երկրէն: Այն Եգիպտոսէն, որ հիւրընկալեց մեզ շատ հին ժամանակներէն ու դարձանք անոր ազգային, մշակութային ու քաղաքական կառոյցին մէկ մասնիկը: Կոչ ուղղեցի Եգիպտոսի յառաջիկայ խորհրդարանին` որդեգրելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումի օրինագիծ մը եւ յուշակոթող մը կանգնեցնելու հայոց նահատակներու յիշատակին, եգիպտական հողին վրայ:

Աւարտին Եգիպտոսի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեցի «Ազատ եգիպտացիներ» կուսակցութեան` իր այդ յառաջատար ու ջատագով նախաձեռնութեան համար:

«Ա.».- Կը կարծէ՞ք, որ այսօր սկսած է ձեւաւորուիլ մթնոլորտ մը, որուն ընդմէջէն կարելի է ակնկալել, որ Եգիպտոս պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ա. Մ.-Եգիպտոս իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ, եւ շատ մը երկիրներ կը հետեւին անոր վարած քաղաքականութեան: Եգիպտոս մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ հանրային կարծիքին ղեկը տեղափոխելու աջ կամ ձախ: Իմ կարծիքովս, Եգիպտոսի հանրային կարծիքը պէտք հասցնել այնպիսի մակարդակի, որ կարողանայ յառաջիկային կազմուելիք խորհրդարանին վրայ ճնշում բանեցնել` ի նպաստ հայկական հիմնահարցերու եւ, ինչո՞ւ չէ, պահանջելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին յուշակոթողի կանգնեցումը: Հայութիւնը` իբրեւ լիիրաւ քաղաքացի այս երկրին, պէտք է ունենայ իր ներկայացուցիչը խորհրդարանին մէջ: Հայը իր բնաւորութեամբ աշխատասէր, հաւատարիմ տարր եղած է հոն, ուր որ հաստատուած է, եւ ինչպէս անցեալին, այսօր ալ դերակատարութիւն ունենալու առիթ պէտք է ստեղծենք, օգտակար հանդիսանալով Եգիպտոսի մշակութային թէ քաղաքական տարբեր ոլորտներուն: Արտերկրի մէջ ունինք ուժեղ լոպիներ, ունինք պետութիւն, որ կը պատրաստուի մտնել Եւրասիական մաքսային միութիւն` դառնալով դարպաս դէպի միջինասիական երկիրներ, ունինք ռազմավարական յարաբերութիւններ Ռուսիոյ հետ եւ այլն: Այս բոլորը նկատի առնելով` կրնանք հաստատել, որ Հայաստանն ու հայութիւնը կրնան որոշ հետաքրքրող ազդակ դառնալ Եգիպտոսի եւ արաբական երկիրներուն համար, երեւոյթ մը, որ պէտք է նկատի առնենք ու առաւելագոյնս օգտագործենք:

Նշեմ նաեւ, որ վերջերս մամուլը նոյնիսկ սկսած է անդրադառնալ ղարաբաղեան հարցին` որպէս արդար պահանջ, ժողովուրդի մը ազատ ապրելու ցանկութեան իրաւունք, բացառելով ազրպէյճանական սուտ քարոզարշաւի փորձերը, այս հարցը կրօնական բնոյթով գունաւորելու ջանքերը:

Կը շեշտեմ, որ պէտք է միշտ ցանել (ծրագրել), ոռոգել (անընդհատ աշխատիլ), խնամել (հետեւողական ըլլալ), գուրգուրալ (հաւատալ), որպէսզի ճշգրիտ ու յարմարագոյն պահուն հնձել ու տարուած աշխատանքին արդիւնաւորումը տեսնել, առանց հետեւողական եւ մնայուն աշխատանքի, կարելի չէ ակնկալուած ու պէտք եղած արդիւնքին հասնիլ:

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
ԱԶԴԱԿ