«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» – Ժամանակին, նախքան Հայաստանի անկախացումը, կը խօսուէր Հայկական հարցին մասին, նկատի ունենալով Ցեղասպանութիւնը եւ անոր յարակից պահանջները։ Ներկայիս վիճակը բարդացած է, կան՝ հայկական հարցեր։ Ցեղասպանութեան կողքին, Արցախի հանրապետութեան ճանաչում, Հայաստանի շրջափակում եւ տնտեսական զարգացում, Մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական արժէքներու եւրոպական չափանիշներու պատշաճեցում, որոնք աւելի շեշտուած կերպով հարց դարձան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Սեպտեմբեր 3ին, Մոսկուայէն՝ Հայաստանի ռուսական մաքսային գօտիին միանալու որոշումին մասին կատարած յայտարարութեամբ։ Այս էր օրակարգը Հոկտեմբեր 15ին Եւրոպահայութեան 3րդ համագումարի Բ. օրուան։ Եւրոպական Խորհրդարանի բեմէն արծարծուեցան հայութիւնը յուզող հարցերը, որոնք Եւրոպացի եւ հայ պատասխանատուներու ու մասնագէտներու կողմէ, երկու ժողովական նիստերու ընթացքին քննարկուեցան, պաշտօնական անձնաւորութիւններու բացման խօսքերէն եւ նախնական յայտարարութիւններէն ետք։ Այս հաւաքը հիւրընկալուած էր Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան (EPP) կողմէ։
Եւրոպահայոց 3րդ համագումարի Բ. օրուան քննարկումներուն ներկայ էին նախորդ օրուան պաշտօնական հիւրերը առաւել՝ Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Ժոզէֆ Տօլ, Եւրոպական Խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս։ Ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի մօտ (Վիեննա) ՀՀ ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեան, Պելճիքայի մէջ ԼՂՀ-ի մնայուն ներկայացուցիչ Վարդան Բարսեղեան, Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ-ի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ՕԹԱՆ-ի մօտ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Պահլաւունի, ինչպէս նաեւ եւրոպացի եւ օտար մասնակիցներ, յատկապէս՝ ազէրի երիտասարդ ուսանողներու խումբ մը, որ կէսօրէ վերջուան նիստին հարցումներու բաժնին մէջ աշխոյժ եւ տպաւորիչ մասնակցութիւն ունեցան, յատկապէս հայամէտ Ճէֆրի Ռապըրթսընի հարցապնդումով։
Նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան բացաւ ժողովը, շնորհակալութեան խօսք ուղղելով Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան եւ յատկապէս Ժոզէֆ Տօլին, որ խորհրդաժողովը երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ։ Կարապետեան բացատրեց, թէ երէկ Պրիւսէլի Հայ Տան մէջ սկսած խորհրդաժողովը այսօր կը շարունակէ իր աշխատանքները Եւրոպայի ժողովրդավարութեան սրտին՝ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ։ Ընդգծեց Հայաստանի եւ Արցախի պետական ու Սփիւռքի կրօնական ու ազգային կեանքի ներկայացուցիչներու յատկանշական մասնակցութիւնը խորհրդաժողովի երկու նիստերուն։ Համոզում յայտնեց, թէ քննարկումներու ընթացքին դասախօսներ ու ներկաներ իրազեկ պիտի դառնան հայութիւնը յուզող կարեւոր հարցերու մասին։
Ողջոյնի խօսքեր յղեց նաեւ Ժ. Տօլ, որ յիշեց Եւրոպայի տարածքին հայկական սփիւռքի ներկայութիւնը, յայտնեց որ անոր ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ, որպէսզի Հայաստանը իր զարգացումով ու յառաջդիմութեամբ օրինակելի երկիր դառնայ տարածաշրջանէն ներս։ Աւելցուց որ Հայաստանը հասած է խաչմերուկ մը եւ պէտք է որոշէ՝ թէ ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է յառաջանայ։ “Հայաստանը եւրոպական կոչում ունի իմ կարծիքով”, ըսաւ Տօլ՝ աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ, որ Հայաստան պիտի ընտրէ եւրոպական ուղին, որ խոստմնալից է իրեն համար։
Եւրոպական Խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս ալ, պնդեց Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան վրայ։ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, շեշտեց թէ Հայաստան Եւրոպական Միութեան հետ իր երկխօսութիւնը, որ էական նշանակութիւն ունի, պիտի շարունակէ։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան շրջանին մէջ Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան մասին խօսեցաւ. ժխտական քաղաքականութիւն, բարի դրացիական յարաբերութիւններու բացակայութիւն, Ցեղասպանութեան ժխտում… ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան եզրակացուց, որ երբ խումբ մը երեսփոխաններ եկած են շրջանը այցելելու, ի տես Արցախի արձանագրած ժողովրդավարական յաջողութիւններուն, յայտնած են այն կարծիքը թէ Եւրոպան կը վերջանայ Արցախի սահմանին։ Իսկ ըստ Բակօ Սահակեանի “ո՛չ, Եւրոպան կը սկսի Արցախով»։
Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած Հայոց եկեղեցիները հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջը։ Վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ “Հայ դատը սկսած է տարբեր մօտեցում, շեշտաւորում ու առաջնահերթութիւն ստանալ վերջին տարիներու ընթացքին”։ Ան յիշատակեց Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսին եւ Ֆրանսայի Խորհրդարանին մօտեցումները, ինչպէս նաեւ հետզհետէ բազմացող թուրք մտաւորականներու արտայայտութիւնները՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս բոլորի լոյսին տակ Վեհափառը ըսաւ, թէ “ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցումներ հարկ է որդեգրել, նոր զարգացումներու լոյսին տակ”։
Վեհափառը անդրադարձաւ միջազգային օրէնքին պարզած թէ՛ դժուարութիւններուն եւ թէ՛ կարելիութիւններուն։ Այս ծիրէն ներս ըսաւ, թէ 1948ին Ցեղասպանութիւնը որպէս օրէնքի սահմանում մուտք գործեց միջազգային օրէնքէն ներս, թէ ամբողջ ազգ մը ոչնչացնելու Օսմանեան Թուրքիոյ ծրագիրը միջազգային օրէնքի տուեալներով կը նկատուի Ցեղասպանութիւն։ Մեկնելով այս իրողութենէն եզրակացուց, թէ “Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ եւ հետեւաբար ցեղասպանը պէտք է պատժուի եւ հատուցում տայ Ցեղասպանութեան զոհերու յաջորդներուն”։
Խօսելով միջազգային օրէնքի տուեալներուն մասին, Վեհափառը շեշտեց հատուցման առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը. “Հայ ժողովուրդը հսկայ կալուածներ, նիւթական, մշակութային ու հոգեւոր հսկայ հարստութիւն թողած է Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ։ Անոնք Թուրքիոյ սահմանումով «լքուած» կալուածներ չեն կրնար նկատուիլ։ Մէկ ու կէս միլիոն Հայեր ջարդուեցան, իսկ մնացեալ Հայերը պարտադրաբար աքսորուեցան՝ իրենց ետին ձգելով իրենց ինչքերը։ Հետեւաբար այդ կալուածներու եւ ինչքերու իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է միջազգային օրէնքներու տուեալներու լոյսին տակ”, ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Ան յատկապէս անդրադարձաւ Հայոց եկեղեցիներուն ու ըսաւ. “Յստակ տուեալներու համաձայն շուրջ 2000 եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր ունեցած է հայ ժողովուրդը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ։ Անոնցմէ ոմանք քանդուած են, ուրիշներ մզկիթի, ախոռի, ճաշարանի, թանգարանի եւ այլ հանրային վայրերու վերածուած։ Միթէ Թուրքիան կրնա՞յ ուրանալ, որ այսօր այլապէս գործածուող եկեղեցիները հայ ժողովուրդի պատկանող եկեղեցիներ եղած են”։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը հարց տուաւ. “Ինչո՞ւ Թուրքիոյ վարչապետը լուռ կը մնայ, երբ իրեն ուղղած մեր նամակին մէջ այս մասին անդրադարձանք։ Ինչո՞ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լուռ կը մնայ երկու Վեհափառ Հայրապետներու միացեալ կոչին՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, հատուցում տալու Հայ ժողովուրդին ու վերադարձնելու Հայոց եկեղեցիները”։
Նիստերը
Եւրոպական Խորհրդարանի դահլիճէն ներս կայացած նիստերու ընթացքին քննարկուեցան երկու հիմնական օրակարգեր։
Առաջինը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը», ուր իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան փրոֆէսէօրներ Եաիր Օրոն (Իսրայէլէն), Թէոֆանիս Մալքիտիս (Յունաստանէն), Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստանէն), Անրի Թերիօ (ԱՄՆ-էն)։ Յատկնշական էր Վլատիմիր Վարդանեանի զեկուցումը, ուր ան ներկայացուց միջազգային զանազան ատեաններու առջեւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատական գործ յարուցելու իրաւական հիմքերը, խոչընտդոտները, կարելիութիւններն ու նպատակայարմարութիւնը։ Հետաքրքրական էր նաեւ հրեայ պատմագէտ, ցեղասպանագէտ Եաիր Օրոնի զեկուցումը, որ Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գլխաւոր շարժիչն է: Ան շեշտը դրաւ բարոյական արժանիքին վրայ, զոր իւրաքանչիւր մարդու բարոյական պարտականութիւնն է ճանչնալը, այլապէս՝ ամէն ինչ սակարկութեան նիւթ կը դառնայ։
Երկրորդը՝ «Հարաւային Կովկասի հեռանկարներ»ն էր, ուր իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան Եւրանեսթի Մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու փոխնախագահ Գնութ Ֆլէքնշթայն, Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբի փոխնախագահ, Պուլկարիոյ եւրօերեսփոխան Անտրէյ Գովաչեւ, Կիպրոսի Լետրա գոլէճի նախագահ Իոնիս Խարալամպիտիս, ՄԱԿ-ի ներքին արդարադատութեան խորհուրդի անդամ, Մեծն Բրիտանիոյ իրաւաբան եւ արքայական պալատի խորհրդական Ճէֆրի Ռապըրթսըն, Մինսքի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պերնար Ֆասիէ, Եւրանեսթի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան։
Երկրորդ նիստին հետաքրքրական էր Պերնար Ֆասիէի զեկուցումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման եւ պատերազմական դրութեան խաղաղ աւարտին առընչութեամբ, նկատի ունենալով, որ ան Ֆրանսայի բանագնացն էր Մինսքի խումբին մէջ։ Ֆասիէ կոչ ուղղեց երկու նախագահներուն՝ իրենց ժողովուրդները պատրաստելու խաղաղութեան։
Այս խմբակին մէջ երկրորդ հետաքրքրական անձնաւորութիւնը Ճէֆրի Ռապըրթսընն էր, որ առանց այլեւայլի պահանջեց ԼՂՀ-ի անկախութեան ճանաչումը։
(Շար. 2 եւ Վերջ)