ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ 3ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ — ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ


«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» – Հոկտեմբեր 14ին, Եւրոպահայութեան 3րդ համագումարի առաջին օրուան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Պրիւսէլի նորանորոգ Հայ Տան մէջ, համախմբուած էին Հայաստանէն եւ Արցախէն պետական անձնաւորութիւններ, Սփիւռքի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Յովիկ Աբրահամեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ֆրանսայի Հայոց Առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ Հայաստանի ու Արցախի պետական բարձարաստիճան ստուար պատուիրակութիւն մը։ Հայաստանի ընդդիմադիր ճակատէն ներկայ էին ՀՅԴ-էն՝ Վահան Յովհաննիսեան եւ Կիրօ Մանոյեան։

Անսպասելի եւ յոյժ ուրախալի էր երիտասարդ սերունդի ներկայութիւնը, որ այս համագումարին կու տար այժմէական հնչողութիւն։ Ցանկալի պիտի ըլլար անոնց աւելի աշխոյժ մասնակցութիւնը, արծարծուած նիւթերու քննարկութեան։

Առաջին պահէն քիչ մը տարօրինակ, անհաւատալի մթնոլորտի տպաւորութիւնը ստեղծուած էր, երբ քով քովի սեղանի շուրջ համախմբուած էին Հայաստանեան պետական դէմքեր եւ ՀՅԴ ընդդիմադիր դէմքեր, առաւել՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ու Մայր Աթոռի ներկայացուցիչը, քննարկելու Մեծ Եղեռնի 100րդ տարելիցին նախօրէին՝ Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան առընչուած հարցեր։ Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն իսկական հաշտութեան պատկեր մը չէր, բայց գործակցութեան եզր մը գտնուած էր։ Վերջապէս զգալի էր որ այս համագումարի կազմակերպումը կարելի եղած էր Սփիւռքի մէջ ՀՅԴ կուսակցութեան եւ Հայաստանի հանրապետութեան բարձրագոյն մակարդակի համաձայնութեամբ։ Յատկապէս վերջին շրջանին Սերժ Սարգսեանի Ռուսական մաքսային միութեան միանալու յայտարարութենէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները ի տես Եւրոպական Միութեան մեծ յուսախաբութեան, պէտք ունէին տեղւոյն հայ կազմակերպութիւններու ներուժին, վերահաստատելու համար երկխօսութիւնը։

Իսկ, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը իր կարգին յենլով Հայաստանի իշխանութիւններուն, կարողացած էր բաւական ճոխ ծրագիր մը կազմել, հայաստանեան եւ արցախեան պատուիրակութիւն հրաւիրել ու Երեքշաբթի օրուան համագումարը կայացնել Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանին մէջ իսկ, օժանդակութեամբ՝ Եւրոպայի Ժողովրդային Կուսակցութեան։

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց եւրոպահայ ազգային ներուժի կազմակերպման եւ արդիւնաբեր աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան՝ ՀՅԴ Բիւրոյէն, Նորվան Արք. Զաքարեան, Յովիկ Աբրահամեան, Բակօ Սահակեան եւ հուսկ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ յայտարարեց՝ “Հաւաքական արժէքներ, հաւաքական շահեր, հին դարերէն սկսեալ մեզի կապած են Եւրոպայի։ Հետեւաբար նման հաւաքներ Եւրոպայի մէջ ես կը նկատեմ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Հայ Դատի զօրացման նախապայմաններ”: Ան նշեց որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի պայքարի նպատակը մէկ է, թէեւ գործելակերպի մէջ կրնայ տարբերութիւններ ըլլան։ Երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր խորհրդածութիւնները.

“Ա.- Յիսնամեակէն յետոյ Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատի աշխատանքները երեք ուղղութիւն ստացան։ Հայ Դատի այժմէականացում, քաղաքականացում եւ միջազգայնացում։ Այս երեք բառերը սոսկ լոզունգներ չեղան։ Անցնող տասնամեակներու ընթացքին մեր կուսակցութիւնները, մեր Հայ Դատի մարմինները սքանչելի գործ կատարեցին այդ ուղղութեամբ եւ այսօր կարեւոր իրագործութիւններ կատարուած են։ Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը միջազգային օրակարգի հարց կը կազմէ, քաղաքական ծիրէն ներս մուտք գործած է, փաստօրէն դարձած է այժմէական քաղաքական եւ միջազգային հարց։ Ես կը խորհիմ, որ ժամանակն է, որպէսզի մենք իբրեւ ազգ, պետութիւն, Հայ Դատի մարմիններ, առանց անտեսելու ճանաչման հարցը, յատուկ շեշտ դնենք հատուցման վրայ։ Հատուցում եւ Ճանաչում զիրար կ՚ամբողջացնեն։

Բ.- Մենք որպէս ազգ պիտի գիտնանք՝ ե՛րբ միաձայն պիտի խօսինք եւ ե՛րբ բազմաձայն։ Մէկը միւսին չի հակասեր, մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէ, ներդաշնակութիւն կ՚ուզենք ստեղծել մեր կեցուածքին մէջ։ Իւրաքանչիւրը կրնայ իր շեշտը ունենալ, բայց մենք միաձայն պէտք է ըլլանք։

Գ.- Մենք կը գտնուինք հարիւրամեակի սեմին։ Հարիւրամեակը միայն ձեռնարկներու ամբողջութիւն մը պէտք չէ ըլլայ։ Մենք հարիւր տարի մոմ վառեցինք, հարիւր տարի հոգեհանգիստ ըրինք։ Բնականաբար պիտի շարունակենք։ Սակայն վա՜յ մեզի, երբ հարիւր տարիներ յետոյ նոյն ընթացքը շարունակենք։ Տարբեր մօտեցում, տարբեր ոճ, տարբեր ռազմավարութիւն, տարբեր մարտավարութիւն պէտք է որդեգրենք։

Ա՛յս է մարտահրաւէրը հարիւրամեակին։ Յուսախաբ չդարձնենք մեր նոր սերունդը, այլ նոր ոճ տանք մեր պահանջատիրութեան”, ըսաւ Վեհափառը՝ եզրակացնելով, թէ մեր դատը պէտք է ներկայացուի հիմնական երեք շրջագիծերու մէջ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Միջազգային Դատական Ատեանին եւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանին մօտ։

Պէտք է ըսել որ Արամ Ա. Կաթողիկոս այս համագումարին ամենէն մագնիսական ներկայութիւնն էր։ Թէ՛ իր վերլուծական համոզիչ միտքերով, թէ՛ իր ճարտասանութեամբ եւ թէ՛ իր նախապատրաստուած ու մշակուած խօսքով։

Բացման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն յուշանուէրներուն յանձնումը, առանց որոնց օժանդակութեան անկարելի պիտի ըլլար լիովին համագումարը կատարել։ Յուշանուէրներ ստացան Րաֆֆի Ասլանեան, Գաբրիէլ Չեմպերճի, Ներսէս Օհանեան, Սուրէն Օհանեան, Պրայան Ֆերա, Անտրէ Կիւմիւրճեան եւ Ալեքօ Պեզիկեան։
Համաժողովը շարունակուեցաւ զեկուցաբերներու ունկնդրումով եւ զրոյցներով։ Պետօ Տեմիրճեան վարեց առաջին հանդիպումը։ Խօսք առաւ Եւրոպայի Հայերու Միութեան Ֆորումի նախագահ Աշոտ Գրիգորեան (Սլովենիայէն), որ ներկայացուց իր կազմակերպութեան տարած աշխատանքները, յատկապէս Սլովենիոյ իշխանութեանց մօտ։ Օրուան օրակարգէն շեղելով, յիշեց նաեւ «սպիտակ ջարդ»ը՝ արտագաղթը, որ կը մտահոգէ հայութիւնը։ Բնականաբար անոր խօսքերը նեղեցին Հայաստանի պետական դէմքերը։ Յովիկ Աբրահամեան, բեմ բարձրացաւ գանգատելու եւ բանախօսը հրաւիրեց Հայաստանի Խորհրդարան, նման նիւթեր հո՛ն քննարկելու եւ միասնաբար լուծումներ գտնելու, սակայն ո՛չ՝ Պրիւսէլի մէջ, ուր հաւաքին նպատակը այլ է։

Մասնաւոր հետաքրքրութիւն ստեղծեց Գերմանիոյ Պոխում համալսարանի Սփիւռքներու եւ Ցեղասպանութեանց ուսմանց հիմնարկի վարիչ Միհրան Տապաղի ելոյթը։ Փրոֆ. Տապաղ խօսեցաւ Ցեղասպանութեանց յիշողութեան քաղաքականութեան մասին։ Ան դիտել տուաւ, թէ պէտք է ստեղծել նոր խօսք, նոր յղացք, յատկապէս ազգայնական, ազգայնապաշտ հեռանկարներէ հեռու։ Ազգայնականութիւնը կը ստեղծէ գործելակերպի մէջ դահիճի եւ զոհի նոյնաչափ յարաբերութիւններ, հակազդեցութիւններու շղթայ մը, որոնք կը բանին որակային նոյն հարթակին վրայ։ Նշեց, թէ հարկ է, որ հայ մտաւորականը եւ հայ գիտնականը ունենան իրենց մտածելու վայրը։ Ան զգուշացուց, ըսելով թէ “Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմաբաններու ճիրաններէն պէտք է ազատենք եւ դարձնենք մտքի առարկայ։ Քաջալերենք հայ գիտնականները, որպէսզի ծանօթանան այդ յղացքին եւ ծառայեն անոր”։ Զգուշացուց հարիւրամեակի առթիւ «փառահեղ թաղում պատրաստելէ», թելադրեց արարողական ձեռնարկներէն անդին անցնիլ եւ քաղաքական նոր հարթակի վրայ զետեղել հարցը։
Կէսօրէ ետք եւս աշխատանքները շարունակուեցան, ազդեցութեան (lobby) գօտիներու ուսումնասիրութեամբ։

Հոկտ. 14ի երեկոյթը վերջ գտաւ ճաշով մը, որուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը, իբր փակման խօսք ըսաւ, որ ժողովուրդն է հիմքը։ Եկեղեցին քար է, անարժէք՝ առանց ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեան։ Նոյնպէս բոլոր ասպարէզներու մէջ, ժողովուրդին է ուժի աղբիւրը, մեկնակէտն ու վախճանը։

(Վերջ Ա մասի)