Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազերիական պատերազմին մանրամասնութիւններուն, անոր ետին թաքնուած նպատակներուն, պատերազմին ընթացքին եւ լուսաբանումներուն մասին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան առաջին օրէն իսկ հարցազրոյցներ ունեցաւ արաբական եւ հայկական շարք մը լսատեսողական լրատուամիջոցներու եւ գրաւոր մամուլին հետ:
Տեղեկատուական մարզին մէջ գործող լրատուամիջոցներն են հետեւեալները.
«Մայատին», «Պլումպըրկ Արապիա», «Ալ Եաում Ալ Սուրիա», «Ալ Հուրրա», «Ինտիփենտընթ Արապիա», «Ռոհանի Թի. Վի.», «Էճիփշըն Թեն Թի. Վի.», «Ժազիրա», «Էճիփթ-Հատաս էլ եաում» պատկերասփիւռի կայաններուն, եւ «Սաութէլ Մատա», «Սաութ քըլ Լըպնան», ռատիոկայաններուն, «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան, «Լեպանոն Տիպէյթ» կայքին, ինչպէս նաեւ «Զաթ Մասր» եգիպտական եւ «Նիտա Ուաթան» լիբանանեան օրաթերթերուն հետ:
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը պատերազմին յաջորդ օրն իսկ հրապարակեց հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը:
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ազրպէյճան երէկ Արցախի դէմ սանձազերծեց պատերազմ մը` ռմբակոծելով Արցախի Հանրապետութեան հետ շփման գիծը, իր ամբողջ երկայնքով, հասնելով նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտ:
Հայկական բանակը դիմակայեց յարձակումին եւ կրցաւ վերադարձնել այն դիրքերէն մէկը, որ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած էր, ինչպէս նաեւ մարդկային մեծ վնասներ պատճառեց նախայարձակ կողմին շարքերուն` քանդելով նաեւ անոնց զինամթերքները:
Արցախի մէջ արձանագրուած այս զարգացումներուն լոյսին տակ արեւմտեան եւ արաբական լրատուամիջոցներ կատարեցին անդրադարձներ, որոնց մասին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը կարեւոր կը նկատէ կատարել հետեւեալ յստակացումները.
-
- Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած բռնարարքները, յատկապէս` սահմանագիծին մօտակայ գիւղերուն եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ քաղաքայիններուն ռմբակոծումը:
- Այս յարձակումները կը յաջորդեն Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հետ սահմանագիծին վրայ կատարուած մեծաթիւ խախտումներուն, որոնք հրադադարէն ետք գործուած են: Այդ բռնարարքները 2016-ին նաեւ վերածուեցան ընդարձակ պատերազմի մը, որուն նպատակն էր Հայաստանը պատերազմի մէջ ներքաշել` վերջ տալով Արցախի հարցին խաղաղ լուծում բերելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին բանակցութիւններուն:
- Հայաստանը կտրականապէս կը մերժէ պատերազմի սկզբունքը եւ տագնապը բռնի ուժով լուծելու միտումները: Հայաստան կը զօրակցի բոլոր այն ջանքերուն, որոնք հայ-ազերիական տագնապին խաղաղ լուծումներ կը բերեն, եւ այս մասին բազմիցս յայտարարած է ու` վերահաստատումներ կատարած:
- Հայոց դէմ թրքական պատմական թշնամութիւնը, որուն պատճառով Հայոց ցեղասպանութիւնը գործուած է 1915-1923 թուականներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանի ցուցաբերուած զօրակցութիւնը եւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ Հայաստանի դէմ պատերազմին պարագային Թուրքիա պիտի զօրակցի իր դաշնակից Ազրպէյճանին, Արցախի դէմ շղթայազերծուած այս պատերազմը պիտի վերածեն վտանգաւոր ու երկարատեւ պատերազմի մը, որ կը սպառնայ Հարաւային Կովկասի ապահովական կայունութեան:
- Թուրքիոյ կողմէ չորս հազար վարձկաններու զինուորագրումն ու բացայայտօրէն զանոնք Ազրպէյճան փոխադրելը` Հայաստանի դէմ պատերազմին մասնակցելու նպատակով, վտանգաւոր նախընթաց մըն է եւ կը մղէ հարցականներու` թրքական յետին նպատակներու մասին: Այս քայլը միջազգային օրէնքի յստակ խախտում է եւ մեզ կը մղէ վճռականօրէն պահանջելու միջազգային ընտանիքէն եւ աշխարհի մէջ որոշում ունեցող երկիրներէն անմիջապէս միջամտել` կասեցնելու համար այս ոտնձգութիւնները, հեռացնելու համար վարձկանները եւ պատժելու Թուրքիան եւ անոր դաշնակից Ազրպէյճանը:
- Վերջապէս, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ արաբական լրատուամիջոցներուն ճշգրիտ լուրերու վրայ հիմնուելու, վստահելի աղբիւրներ օգտագործելու` պահելու համար իր աշխատանքին հանդէպ հաւաստիութիւնը, որովհետեւ Թուրքիա կազմակերպուած ձեւով ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ Արեւմուտքի եւ արաբական աշխարհին հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
28 Սեպտեմբեր 2020
Հարցազրոյցներուն ընթացքին արծարծուած նիւթերուն մասին Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրօնական տագնապ չէ, այլ` ազգային ինքնորոշման եւ մարդկային իրաւունքներու պայքար: «Այսինքն կարելի չէ ըսել, որ տագնապը քրիստոնեայ Հայաստանի եւ իսլամ Թուրքիոյ միջեւ է», հաստատեց ան:
Ան հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը 1923-ին Ստալինի հրահանգով բռնակցուած է Ազրպէյճանին` գոհ պահելու համար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, որ այդ փուլին ընթացքին արդի Թուրքիոյ հիմնադրութեամբ կը զբաղէր:
«Օրին Խորհրդային Միութեան եւ Աթաթուրքի մէջ համաձայնագիրով մը Լեռնային Ղարաբաղը, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանը բռնակցուեցան Ազրպէյճանին, միակ տարբերութեամբ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ապրէր 140 հազար հայութիւն, այսինքն` կը կազմէր Ղարաբաղի բնակչութեան 85 առ հարիւրը, իսկ մնացեալը` ազերի եւ ռուս փոքրամասնութիւններ: 1988-ին հայերը պահանջեցին անջատուիլ Ազրպէյճանէն եւ միանալ Հայաստանին` մայր հայրենիքին: Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկեցաւ պատերազմը, որ սկսաւ 1988-ին եւ աւարտեցաւ 1994-ին հայոց յաղթանակով: Զինադուլի հաստատումէն ետք զինուորական գործողութիւնները կանգ առին, սակայն տագնապը մնաց անլոյծ եւ վստահուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որպէսզի բանակցութիւններու ընդմէջէն կարելի ըլլայ խաղաղ լուծում մը ապահովել այդ տագնապին:
Վերջին տարիներուն, յատկապէս 2016-ին Ազրպէյճան խախտեց զինադուլը եւ յարձակումներ գործեց Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ: Ան աւելի ուշ խախտեց նաեւ Հայաստանին հետ սահմանը` ռմբակոծելով հայկական հողերը: Ազրպէյճան թշնամական իր պահուածքով երէկ (27 սեպտեմբերին) ռմբակոծեց Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծը իր ամբողջ երկայնքով, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զօրակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Թուրքիա Ազրպէյճանի դաշնակիցն է եւ անիկա Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները կը նկատէ թուրանական ցեղի ժողովուրդներ, որոնք առնչուած են իրենց արեան կապակցութեամբ եւ խօսած լեզուով` թրքերէնով: «Իսկ Արեւմտահայաստանը Թուրքիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն միջեւ «արգելք» կը հանդիսանար փանթուրանական անոնց երազի իրականացման համար, եւ այդ պատճառով ալ Թուրքիա պէտք էր վերացնէր Հայաստանը քարտէսին վրայէն, որպէսզի կարենար փանթուրանական իր ծրագիրը յաջողցնել` սկսելով Պուլկարիայէն եւ հասնելով մինչեւ Հնդկաստան եւ Ճափոն:
Այս էր Օսմանեան կայսրութեան նպատակը եւ այս է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երազը: Էրտողան այսօր ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ թուրք սուլթան մը, որուն նպատակն է Օսմանեան կայսրութեան երազը իրականացնել: Սակայն Հայաստանը գոյութիւն ունի եւ կը մնայ: Անշուշտ շրջանին մէջ կան նաեւ աշխարհաքաղաքական ռազմավարական շահեր, ուժանիւթի շահեր, Թուրքիոյ համար կարեւոր է Ազրպէյճանի նաւթը, որ Հայաստանէն չ՛անցնիր, այլ Կովկասէն` Պաքու-Ճէյհան նաւթատարով, եւ Թուրքիա այդ նաւթը կը վաճառէ Եւրոպային: Թուրքիա այսօր վատ յարաբերութիւններ ունի Սուրիոյ հետ, Թուրքիա դէպի Սուրիա ահաբեկչութիւն կ՛արտածէ, Թուրքիա քանդած է Սուրիան եւ սպաննած սուրիացիները` սահմանէն վարձկաններ ուղարկելով, Իրաքի մէջ քիւրտերու հարցով դարձեալ թրքական գործօն կարելի է շօշափել, Լիպիոյ մէջ ցեղասպանութիւն կազմակերպելով, իսկ Միջերկրականի մէջ Թուրքիա խնդիր ունի Յունաստանի հետ: Շրջանին մէջ կան դաշինքներ, կան բնական հարստութեան շուրջ հարցեր, կան նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի ուշադրութիւնը գրաւելու փորձեր: Հետեւաբար Թուրքիա զինուորական եւ բարոյական իմաստով եւ ամէն տեսակի զինուորական եւ գումակային օժանդակութիւն տրամադրելով` կը զօրակցի Ազրպէյճանին», ընդգծեց Վ. Եագուպեան:
Ան ընդգծեց, որ կայ յստակ մէկ իրականութիւն, որ Հայաստան եւ Արցախ կը մերժեն պատերազմը եւ կ՛ուզեն տագնապին խաղաղ լուծում ապահովել:
«Թուրքիա եւ Ազրպէյճան Հայաստանի եւ հայութեան դէմ իրենց ատելութեան մոլուցքէն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ իրենց աշխարհաքաղաքական եւ ուժանիւթի շահերէն մեկնելով է, որ պատերազմ սանձազերծած են, որպէսզի այս անգամ Արցախի մէջ ցեղային մաքրագործում կատարեն», ըսաւ ան:
Վ. Եագուպեան դիտել տուաւ, որ այս պատերազմը պիտի ըլլայ երկարատեւ եւ ան քանդիչ պիտի ըլլայ բոլորին համար: «Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմը երկարատեւ ըլլալու պարագային, անիկա պիտի նեղացնէ Ռուսիան, որ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է, ինչպէս նաեւ պիտի նեղացնէ Իրանը, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմին ընթացքին չէզոք կեցուածք ունեցած է, եւ այդ կեցուածքը ի նպաստ Հայաստանի եղած է: Այս մէկը եւս կը փաստէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրօնական չէ, այլ` շահերու տագնապ: Իրանի համար լուրջ խնդիր է իրանեան Ազրպէյճանի եւ ներկայ Ազրպէյճանի միացումը, հետեւաբար այս մէկը կրօնական տագնապ չէ, այլ` ցեղային, որ պատմութեան մէջ իր արմատները ունի: Այդ արմատները դրսեւորուած են 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեամբ, նաեւ գոյութիւն ունի թուրք-ազերիական թշնամանքը հայոց դէմ` Լեռնային Ղարաբաղի պատճառով», ընդգծեց ան:
Վ. Եագուպեան ակնարկեց նաեւ Ազրպէյճան հասած շուրջ 2 հազար վարձկաններու, որոնք Արցախի դէմ բռնկած պատերազմին մասնակցելու նպատակով փոխադրուած էին Ազրպէյճան: «Դժբախտաբար այդ վարձկանները արաբներ են, սուրիացիներ` Աֆրինէն եւ հիւսիսային Սուրիայէն, որոնք Ազրպէյճան հասած են անհաւատներուն` հայոց դէմ պատերազմելու տրամաբանութեամբ, հակառակ անոր որ Սուրիա առաջին երկիրն էր, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը հիւրընկալեց իր հողերուն վրայ եւ արաբական իսլամական ցեղախումբերն էին, որոնք Տէր Զօրի անապատին մէջ փրկեցին հայերը եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարելով` պաշտպանեցին զանոնք:
«Այս պատերազմը շահերու պատերազմ է, եւ պէտք է հաստատել, որ Թուրքիա նման քայլի չի դիմեր առանց Միացեալ Նահանգներու հաւանութեան, որ իր կարգին կը պաշտպանէ այդ շրջանին մէջ Ազրպէյճանի ռազմավարական դաշնակից Իսրայէլի շահերը», ըսաւ Վ. Եագուպեան:
Տարբեր երկիրներու մէջ կատարուող ցոյցերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ անոնք սփիւռքահայութեան կողմէ կատարուած բողոքի ցոյցեր են, որոնք կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, եւրոպական երկիրներու եւ Լիբանանի մէջ` պահանջելով արեւմտեան երկիրներէն, յատկապէս` Մ. Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն, ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ` կասեցնելու համար Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը:
«Բողոքի այս ցոյցերը յաջողեցան ձեւով մը Արեւմուտքի մէջ հանրային կարծիք ձեւաւորել` Արցախի մէջ գործուող ազրպէյճանական բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ արարքներուն եւ հայոց դէմ անոր թշնամանքին, որ սկսած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեամբ եւ փաստօրէն կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այս օրերուն: Այս իմաստով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը սպառնաց Ազրպէյճանի` հաստատելով, որ Ֆրանսա պիտի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, եթէ Թուրքիա շարունակէ օժանդակել Ազրպէյճանին` Արցախի դէմ մղած անոր պատերազմին մէջ:
Արցախի պաշտպանութեան պայքարին մասնակցող լիբանանահայ կամաւորներուն մասին հարցումներուն պատասխանելով` Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ կան շարք մը լիբանանահայեր, որոնք իրենց ընտանիքներով որոշ ժամանակէ ի վեր փոխադրուած են Հայաստան, յատկապէս` 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք: Այս ընտանիքներուն զաւակները, որոնք ըլլայ Հայաստանի մէջ կամ Լիբանանի` Հայաստանի քաղաքացիներ են, ունին հայաստանեան անցագիր, ուղղուեցան Հայաստան եւ ապա Արցախ` պաշտպանելու համար իրենց հայրենիքը:
«Կ՚ուզեմ շեշտել հայաստանեան քաղաքացիութիւն ունենալու կարեւորութիւնը, որովհետեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով միայն հայաստանեան քաղաքացիութիւն կրող անհատներ կրնային Հայաստան այցելել, իսկ Արցախի առաջնագիծ կրնայ հասնիլ միայն հայկական ինքնութիւն կրող քաղաքացին: Հետեւաբար Հայաստան ուղղուած բոլոր կամաւորները ունէին հայաստանեան քաղաքացիութիւն: Լիբանանահայութիւնը կամ հայկական որեւէ այլ գաղութ կամաւորագրումի ոչ մէկ արշաւ կատարեց, բայց եւ այնպէս, այն հայ երիտասարդները, որոնք հայկական քաղաքացիութիւն ունին, ուղղուեցան Արցախ եւ նուիրուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան ու հայութեան գոյապայքարին: Իր հայրենիքին համար կռուող հայը վարձկան չէ, այլ` հայրենիքը պաշտպանելու բնական ընթացքի մէջ գտնուող քաղաքացի», հաստատեց ան:
9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած եռակողմ համաձայնագիրէն ետք հարցազրոյցներուն ընթացքին Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բողոքի եւ մերժումի հսկայ ալիք մը բարձրացած է` Հայաստանի պարտութիւնը յուշող այս համաձայնագիրը զայրոյթ պատճառած է հայութեան, որ կը զգայ նաեւ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները դաւաճանած են իրեն` Արցախը յանձնելով Ազրպէյճանին:
«Հայաստանի մէջ ժողովրդային ցոյցերը կ՛ապացուցեն ցասումը, եւ անոնք կանգ պիտի չառնեն մինչեւ Փաշինեանի հրաժարականը: Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը պահանջէ վարչապետին հրաժարականը, սակայն անոր նպատակը իշխանութեան ստանձնումը չէ: Իշխանատենչութիւն գոյութիւն չունի, այլ` կացութիւնը փրկելու եւ հակակշռելու փորձ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ հրադադարի նպատակով ստորագրուած համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած», ընդգծեց ան:
«ԱԶԴԱԿ»