ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Ցոլեր Թալաթինեան եւ Պետօ Տեմիրճեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական կցորդ Սիտնի Քելիի եւ քաղաքական խորհրդատու Անի Ժըրտիի հետ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը արտայայտեց 29 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրման համար` նշելով, որ ատիկա Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի 35 տարուան շարունակական պայքարին արդիւնքն էր:
Պատուիրակութիւնը նաեւ ցաւ յայտնեց, որ Ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը վերջերս երկու առիթներով արգելակումի ենթարկուեցաւ` յոյս յայտնելով, որ շուտով ծերակուտականներուն առիթը կը տրուի բանաձեւի որդեգրման վերաբերեալ իրենց թեր կամ դէմ կեցուածքը քուէարկութեան ճամբով արտայայտելու եւ Ծերակոյտը կը հետեւի Ներկայացուցիչներու տան օրինակին:
Պատուիրակութեան անդամները նշեցին, որ այն պնդումը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը պիտի վնասէ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, ճիշդ չէ կամ լաւագոյն պարագային չափազանցութիւն մըն է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ 11 երկիրներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները շարունակուած են:
Շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը հետեւի իր նախորդներէն Ռանըլտ Ռիկընի օրինակին եւ 24 ապրիլի նախագահական տարեկան իր ուղերձի ընթացքին կ՛օգտագործէ ցեղասպանութիւն եզրը:
Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը դեսպանատան քաղաքական կցորդին յանձնեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին ուղղուած նամակ մը, որուն մէջ մարմինը դեսպանէն կը խնդրէ իր գնահատականը փոխանցել Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին ու անոր ներկայացուցիչներուն: